ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԵՒ ԷՍԱԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ «ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀ» ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Պէյօղլուի մշակոյթի ճանապարհ» փառատօնը ընթացքի մէջ է՝ բազմակողմանի ծրագրի մը գործադրումով։ Այս ամբողջին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի խոստմնալից երիտասարդներու համերգը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր եւ նախատեսուած էր Ղալաթիոյ պատմական աշտարակի յարած տարածքին վրայ։ Քուլէտիպիի այս բացօթեայ ձեռնարկին մասնակցեցան Պէյօղլուի շրջանի զանազան վարժարաններէն երիտասարդներ։ Ծրագրին ընդգրկուած էին նաեւ Կեդրոնական եւ Էսաեան վարժարանները։ Այս առթիւ Կեդրոնականի սաներէն Արթուն Արծիւեան ծափահարութիւններու արժանացաւ դաշնակի յաջող կատարումներով։ Էսաեանցի տղաքն ալ ուշադրութիւն գրաւեցին իրենց յաջող ելոյթով՝ նոյնպէս արժանանալով ծափահարութիւններու։

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2022