ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԴԱՒԹԵԱՆ. «ԹԷՔԷԵԱՆ ՄԵԾ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՄԷՋ՝ ՍԻՒՆԱԿՆԵՐՈՎ, ԾԱԾԿԱՆՈՒՆՆԵՐՈՎ, ՈՐՈՆՔ ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼՈՎ ՏԵՍԱՅ, ՈՐ ԶԱՆԱԶԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԵՒ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆ ԱԼ ՕՐՈՒԱՆ ՆԻՒԹԻՆ ՇՈՒՐՋ ԱՆՈՐ ԽՕՍՔԸ ԱՐԺԵՒՈՐԱԾ Է»

Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք՝ հայրենի երիտասարդ հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, տոցենթ, Երեւանի Հիւսիսային համալսարանի դասախօս Վարդուհի Դաւթեան ձեռնարկած է հրատարակել պոլսահայ բանաստեղծ, հրապարակագիր, արձակագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեանի յօդուածներու ամբողջական ժողովածուն՝ երեք հատորի մէջ հաւաքելով, դասակարգելով, ծանօթագրելով Թէքէեանի յօդուածները՝ լոյս տեսած արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ մամուլին մէջ: Արդէն լոյս տեսած է եռհատորեակի առաջին գիրքը՝ «Վահան Թէքէեան. Յօդուածների ժողովածու, 1901-1910, հատոր Ա.» խորագրով: Կողքը զարդարուած է մեծանուն հայ նկարիչ եւ արձանագործ Երուանդ Քոչարի վրձնին պատկանող եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս պահուող «Բանաստեղծը. Վահան Թէքէեան»  կտաւով:

Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը ունեցանք Վարդուհի Դաւթեանին հետ, որ սիրով պատասխանեց մեր հարցումներուն՝ նկատի ունենալով նաեւ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այն թերթերէն է, որուն աշխատակցած է Վահան Թէքէեան, եւ գրողին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ տպագրուած յօդուածներն ալ լոյս պիտի տեսնեն եռհատորեակի Բ. հատորին մէջ:

*

-Վարդուհի՛, ինչպէ՞ս որոշեցիք հաւաքել եւ հրատարակել Թէքէեանի հրապարակագրութիւնը:

-Թէքէեանը մանկութենէս ինծի հարազատ հեղինակ մըն է: Լուսահոգի մեծ մայրս «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութիւնը կ՚արտասանէր աղօթքի պէս: Ան աղօթքներ շատ կը սիրէր եւ այդ ալ որպէս աղօթք կը կարդար: Գիտէր, որ հեղինակը Թէքէեանն է, բայց զայն կ՚ընկալէր իբրեւ աղօթք, կարդացած էր Պէյրութ տպուած երգարանի մը մէջ, որ մեր հայրենադարձուած դրացիները բերած էին այն փակ ժամանակներուն: Մեծ մայրս այնքա՜ն երկիւղածութեամբ կը կարդար այդ քերթուածը եւ մեզի ալ լսել կու տար: Ես այն ժամանակ չէի հասկնար, բայց կը լսէի: Յետոյ համալսարանին մէջ սկսայ ուսումնասիրել սփիւռքահայ գրականութիւն: Աւարտաճառիս նիւթին ընտրութեան ընթացքին առաջարկ եղաւ հետազօտութիւն մը կատարել Թէքէեանի ստեղծագործութիւններուն շուրջ: Իմ աւարտաճառիս նիւթը դարձաւ Թէքէեանը, բայց՝ Թէքէեան-Տէրեան գրական առընչութիւնները:

Հետազօտութիւն կատարելով հասկցայ, որ քերթուածները կարծես թէ ամբողջութեամբ  չեն բացայայտեր Թէքէեան հեղինակը, կը զգայի այդպիսի բան մը, բայց տակաւին ծանօթ չէի այն «հանքին», որուն գլխուն պիտի կանգնէի: Տարիներ առաջ գործի մը բերումով երբ բացի Գահիրէի «Արեւ» թերթը, զարմացայ տեսնելով, թէ ինչքա՜ն բան կայ թաքնուած հոն: Արդէն գիտէի, թէ ան  որքան թերթերու թղթակցած, աշխատակցած է եւ հիմնադիրը եղած է նաեւ որոշ թերթերու, ուրեմն այդ հետքերուն հետեւելով իրապէս գտայ այն անսպառ «հանքը», ու իրապէս կը զգայի, թէ միայն բանաստեղծութիւնները չեն արտացոլեր Թէքէեանի տաղանդը: Հասկցայ, որ եթէ յօդուածներուն ամբողջական ժողովածոն չկազմուի, Թէքէեան կիսատ կը մնայ: Սկիզբը որոշած էի չորս հատորով հրատարակել, բայց մտածեցի, որ նիւթական առումով մեծ ծախս է եւ չէի կրնար ատոր տակ մտնել, բայց երեք հատորը աչքս առած էի: 

ԺԱՄԱՆԱԿ թերթին մէջ («Ժողովուրդի ձայնը-Ժամանակ») Թէքէեանը «Հայր Վարդան» ծածկանունով օրուան նիւթին վերաբերող իր ամէնօրեայ սիւնակը ունեցած է: Այդ մէկը կ՚ընեմ զատ գիրքով, քանի որ այդ սիւնակը բոլորովին այլ հետազօտութեան դուռ կը բանայ: Օրուան նիւթին հետ զանազան ճիւղաւորումներ կան, ամէն մէկ յօդուած ունի իր նախապատմութիւնը, գրելու պատճառները եւ անոնք պէտք է բանալ: Այսինքն միայն յօդուածները թերթերէն, սիւնակներէն արտագրելը չէ, նաեւ պէտք է ծանօթագրել, որ վիթխարի աշխատանք է, երբեմն նիւթի մը ետեւէն կ՚երթաս, չես գտներ, որոշ պարագաներու չեն պահպանուած սկզբնաղբիւրները, այն յօդուածները, որոնց հիման վրայ ան այս կամ այն յօդուածը գրած է:

Ուրեմն, որոշեցի՝ երեք հատորով, դիմեցի «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանին, արդէն առաջին հատորին նիւթերը պատրաստ էին, ան ըսաւ, որ ծանր ժամանակներ են (համաճարակի հետեւանքներ, պատերազմ), բայց ես ալ առաջարկեցի իմ կողմէ ներդրում մը ունենալ, որպէսզի գործը գլուխ ելլէ, եւ շատ ուրախալի է, որ ինքն ալ աջակցեցաւ եւ այդ համագործակցութեան հետեւանքով Ա. հատորը լոյս տեսաւ:

-Ա. գիրքին մէջ տեղ գտած են Թէքէեանի հրապարակագրական առաջին շրջանի նիւթերը: Ի՞նչ աշխատանք նախորդած է յօդուածները հաւաքելուն:

-Գիրքին մէջ ընդգրկուած են Վահան Թէքէեանի 1901-1910 թուականներուն գրած հրապարակագրական բնոյթ ունեցող յօդուածները: Անշուշտ ես ուսումնասիրած եմ նաեւ 1890-ական թուականներու իր գործունէութիւնը, ուր յօդուած չկար, կային քրոնիկներ, գեղարուեստական գործեր, բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, բայց ստոյգ յօդուած, հրապարակագրական ժանրով գործ չտեսայ անոնց մէջ: Թերեւս կայ, ես չգտայ, ատոր համար կ՚ըսեմ, որ շարունակական աշխատանք է եւ անընդհատ պէտք է հետազօտել: Թէքէեանէն բան մը գտնելու պարագային ալ ոչ թէ ինչ որ գտած եմ, անյագուրդ ձեւով ներառած եմ, այլ զտած եմ ինչ որ հրապարակագրութիւն է, այլապէս նիւթերը շատ են եւ շատ կը շեղէի, եթէ ամէն գրութիւն ներգրաւէի:

Ուրեմն, յօդուածներու թուագրումը սկսայ 1901 թուականէն: Այդ շրջանին ան հրատարակած է «Արեւանկար» շարքը եւ այդ շարքին ընդմէջէն դիմանկարներ ստեղծած է. օրինակ՝ Մինաս Չերազի դիմանկարը, այլ մարդոց դիմանկարներ եւ այլն: «Արեւանկար»ի բոլոր դէմքերը ներկայացուցած եմ ոչ թէ քով քովի, այլ՝ ժամանակագրական կարգով, որպէսզի ընթերցողը հասկնայ, թէ ի՛նչ ընթացք եւ աճ ունեցած են Թէքէեանի յօդուածները: Այսինքն եթէ գրած է Մինաս Չերազի մասին, յետոյ, մինչեւ յաջորդ դիմանկարին անցնիլը, ուրիշ ինչ նիւթով որ յօդուածներ գրած է այդ ընթացքին, ինչ թեմաներու որ անդրադարձած է, ամբողջը կ՚երեւի ժամանակագրութեան մէջ, որովհետեւ յօդուածներուն ժամանակագրութիւնը յստակ պահած եմ: Նոյնիսկ ըստ նիւթերու չեմ խմբաւորած, որովհետեւ այս գիրքը տեղ մը նաեւ կենսագրութիւն է: Այդ մեծ մարդուն կենսագրութիւնը շատ աղքատիկ է, այս գիրքին մէջ մենք օրը օրին կը տեսնենք, թէ Թէքէեան ինչո՛վ զբաղած է, ի՛նչ պաշտօններ կատարած է, ինչպէ՛ս արձագանգած է իր պաշտօնավարման այս կամ այն մանրամասնութեան եւ զուգահեռաբար ի՛նչ ըրած է, ի՛նչ նիւթեր զինք հետաքրքրած են, որ անոնց մասին յօդուածներ տպած է եւ այլն:

Հետաքրքրական վրձնահարուածներով Թէքէեան կը ներկայացնէ իր ժամանակի մարդիկը, հասարակական գործիչները, գրողները: Կային մարդիկ, որոնց մասին շատերս տեղեկութիւն չունէինք, կերպով մը հանրագիտարանային նշանակութիւն ունի նաեւ Թէքէեանի այդ շարքը: 

Թէքէեանի գրիչին կը պատկանին նաեւ բազում խմբագրականներ, ընդ որում թէ՛ ստորագրուած, թէ՛ անստորագիր եւ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ինք արդէն այս կամ այն թերթին չէր աշխատակցեր, կը շարունակէր յօդուածներ տալ:

Կրնանք ըսել, որ մշակութային ոչ մէկ նշանակալի իրադարձութիւն վրիպած է Թէքէեանի հայեացքէն եւ ան անմիջապէս յօդուածով մը արձագանգած է: Ուրեմն, իր յօդուածներու հիմնական թեման մշակութային է, գերազանցապէս թատրոնին, նկարչութեան, գրականութեան կը վերաբերի, կ՚արձագանգէ ներկայացումներուն, թատրերգութիւններուն, հրատարակուած գիրքերուն, որոնք կարծես առաջինը ինք կը գնահատէ:

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Թէքէեանի հրապարակագրական լեզուն:

-Նախ, շատ ընկալելի լեզու է եւ ես իմ շուրջիններուս, ուսանողներուս ալ տուած եմ, որ կարդան, որպէսզի հասկնամ, թէ որքան ընկալելի է, եւ անոնք բոլորն ալ ըսած են, որ շատ հասկնալի լեզու է: Նկատած եմ, որ Թէքէեան նորաբանութիւններ կը ստեղծէ, գեղեցիկ բառեր կը յօրինէ իրավիճակին համապատասխան:

-Ինչպէ՞ս ընդունուեցաւ գիրքը:

-Նախ ըսեմ, որ շնորհանդէսին օրը զուգադիպեցաւ բուռն ցոյցերու օրերէն մէկուն եւ շատեր չկրցան գալ, ներկաներն ալ քիչ չէին եւ բարձր գնահատեցին գիրքը՝ գրականագէտներ, մասնագէտներ եւ այլն: Հայաստանեան եւ սփիւռքի թերթերը արձագանգեցին: Գիրքը մինչեւ շնորհանդէսը Լոնտոնի գիրքի փառատօնին ցուցադրուեցաւ հայկական տաղաւարի մէջ: Կը կարծէի, որ դուրսը, սփիւռքահայութիւնը Թէքէեանը աւելի լաւ կ՚ընկալէ, քան՝ հոս, բայց կը տեսնեմ, իմ շրջապատի մարդիկն ալ սկսած են կարդալ, հետաքրքրուիլ, քննարկել յօդուածները, զարմանալ այդ հանճարին կարողութիւններուն վրայ:

-Ինչպէ՞ս տեսաք Թէքէեանը ԺԱՄԱՆԱԿ թերթին մէջ:

-Տեղեակ ըլլալով, որ Վահան Թէքէեան սերտ առընչութիւն ունեցած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ին հետ, բնականաբար, կարեւոր ուսումնասիրութիւն մըն ալ յատկացուցի ԺԱՄԱՆԱԿ-ին, ուսումնասիրելով առայժմ այն, ինչ որ հասանելի է հայաստանեան ընթերցողին: Զուգահեռաբար կը փնտռեմ նաեւ թերթի այն պակաս թիւերը, որոնք տակաւին չեմ գտած: Զարմանալի է, բայց փնտռտուքներուս ընթացքին տեսայ թերթեր, որոնց մէջ խորհրդային գրաքննութիւնը որոշ յօդուածներ մկրատով կտրած է եւ այդ մէկը շատ կը դժուարացնէ ուսումնասիրութիւնը: 

Թէքէեան մեծ ներկայութիւն ունեցած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ՝ սիւնակներով, ծածկանուններով, որոնք բացայայտելով տեսայ, որ զանազան հետաքրքրութիւններ ունեցած է եւ ընթերցողն ալ օրուան նիւթին շուրջ անոր խօսքը արժեւորած է: Ինք հեղինակութիւն էր եւ հակաճառութիւններ, հակադրութիւններ շատ քիչ կան իր խօսքին մէջ: Այսպէս ըսեմ՝ իր խօսքը վերջինն էր: Ի դէպ, ոչ միայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի, այլեւ միւս թերթերուն մէջ Թէքէեանին տեղ յատկացուած է առաջին էջին վրայ, եւ միայն հազուադէպ՝ երկրորդ էջին վրայ:

-Վարդուհի՛, իսկ ե՞րբ կը նախատեսէք տպագրել Բ. հատորը:

-Նիւթերը հաւաքուած են եւ նոր չէ, որ հաւաքած եմ, անոնց վրայ շատոնց կ՚աշխատիմ, իմ յարատեւ աշխատանքս է: ԱՆԱԿ-ի մէջ տպուած յօդուածները: Աւելի ծաւալուն են ծանօթագրութիւնները, մանաւանդ՝ «Ժողովուրդի ձայնը-Ժամանակ»ին առընչուող ծանօթագրութիւնները: Երկրորդ հատորը պիտի ընդգրկէ 1911-1930 թուականներուն գրուած յօդուածները, բնականաբար, «Արեւ»ն ալ մեծ բաժին ունի:

-Իսկ Գ. հատորին մէջ ի՞նչ նախատեսած էք ամփոփել:

-«Արեւ»ի յետագայ տարիները կը շարունակուին Գ. հատորին մէջ, կը հասնի մինչեւ իր կեանքին վերջը: Հոն կը զետեղեմ նաեւ «Ասուպ» ծածկանունով իր սիւնակագրութիւնը (1943 թուական): Այս ալ շատ նման է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Հայր Վարդանի օրուան սիւնակի նիւթերուն, ամէն օր ան քրոնիկ մը գրած է, «Տոմսակ» կը կոչուի եւ շատ հետաքրքրական է:

-Իսկ Թէքէեանէն զատ, գրողական աշխարհին մէջ ուրիշ ի՞նչ հետաքրքրութիւններ ունիք:

-Սփիւռքահայ գրականութիւնը նախ իմ պաշտամունքի գրականութիւնն է, յօդուածներս այդ թեմայով են, Թէքէեանը անշուշտ առանցքն է, բայց աւելի շատ կը սիրեմ գրողական առընչութիւններ ստեղծել ոչ միայն հայ գրողներուն միջեւ, այլեւ՝ հայ եւ օտար: Ի դէպ, օտար որոշ գրողներ ես յայտնաբերած եմ Թէքէեանի գրութիւններուն մէջ, որոնց մասին չէի լսած: Այս առումով ալ կրնամ ըսել, որ Թէքէեանի յօդուածները անսպառ նիւթերու աղբիւրներ են, որոնք մեր առջեւ կը բանան զարմանալի դռներ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2022