ԿԱՅՈՒՆԱՑՆԵԼ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԸ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Օրուան տեւողութեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեցին Լաւրովը, որ առաւօտեան ժամերուն ալ բանակցութիւններ վարած էր իր հայ պաշտօնակցին՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ։

Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսաստան կ՚ողջունէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Իր խօսքով՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը նպաստէ տարածաշրջանէ ներս ընդհանուր իրավիճակի առողջացման ու կայունացման։ Լաւրով այս համատեսքին մէջ անհրաժեշտ համարեց Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» հարթակի աշխատանքային թափի ապահովումը։ Արդարեւ, սա յաւելեալ խողովակ մըն է տարածաշրջանային երկիրներու եւ անոնց հարեւաններուն միջեւ երկխօսութեան ձեւաւորման եւ բազմակողմանի համագործակցութեան զարգացման համար։

Նոյն կապակցութեամբ Արարատ Միրզոյեանն ալ ողջունեց Թուրքիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնները, թէ պատրաստ են կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ եւ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ, ինչպէս նաեւ բանալ սահմանը։ Բայց եւ այնպէս, Միրզոյեանի խօսքով՝ Թուրքիա-Հայաստան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խնդիրներու միջեւ կապ գտնելու ուղղեալ Անգարայի ղեկավարութեան փորձերը կառուցողական չեն։

Լաւրովի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ կարելի չէ չհասցէագրել եւ քաղաքական կարգաւորում չտալ այս հարցին։ Իր կարգին, Լաւրովն ալ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս իրավիճակի կայունացումը ռուս խաղաղապահներու առաջնահերթութիւններէն է։

Նիկոլ Փաշինեանն ալ Սերկէյ Լաւրովը հիւրընկալելու ժամանակ յայտնեց, որ ներկայիս օրակարգի գլխաւոր հարցը տարածաշրջանային անվտանգութիւնն է, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը։ Վարչապետը զրոյցի ընթացքին մեծապէս կարեւորեց Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Ան յիշեցուց վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած՝ փոխ-վարչապետներու գլխաւորած եռակողմանի աշխատանքային խումբի ժողովը, որու ընթացքին տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումը քննարկման նիւթ դարձաւ։ Վարչապետը յոյս յայտնեց, թէ մօտաւոր ապագային կարելի կ՚ըլլայ յստակ համաձայնութիւններու գալ եւ լուծել ռազմավարական կարեւորութեամբ այդ հարցը՝ ի շահ ամբողջ տարածաշրջանի, յանուն կայունութեան ու խաղաղութեան։ Փաշինեան յիշեցուց նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովին վերջերս տեղի ունեցած ժողովը, ինչպէս նաեւ Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուած եռակողմանի գագաթաժողովը։ Վարչապետը ընդգծեց նաեւ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցը, որ գոյութիւն ունի՝ հակառակ հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան տրամադրութիւններուն։

Լաւրովն ալ Փաշինեանի հետ զրուցելու ընթացքին մատնանշեց, որ տարածաշրջանային հարցերը այժմ առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանի են։ Ռուսական կողմը հետաքրքրուած է, որպէսզի Երեւան-Պաքու յարաբերութիւնները ամբողջութեամբ կարգաւորուին։

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման համատեսքին մէջ վարչապետը ընդգծեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան կարեւոր դերակատարութիւնը։

Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ այս առաւօտ սկսաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Սերկէյ Լաւրով։

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2022