ԴԵՍՊԱՆ ԼԱԶԱՐ ՔՈՄԱՆԵՍՔՈՒ. «ԲԱՐՁՐ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ, ՈՐ ԵՂԱԾ Է ՍԾՏՀԿ-Ի ԱՄԵՆԱԱՇԽՈՅԺ ԱՆԴԱՄԸ ԵՒ, Ի ԴԷՊ, ՄԻԱԿ ԱՆԴԱՄ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ՈՒՆԻ ԲԱՑԱՌԱՊԷՍ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՈՒԱԾ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ»

Նախ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել կազմակերպիչներուն Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրման 20-ամեակին նուիրուած մշակութային այս յատուկ ու ողջունելի ձեռնարկին հրաւիրուած ըլլալու համար։ Ուրախ եմ եւ պատիւ ունիմ ձեզի հետ բաժնել այս երեկոյթը, առաւել եւս, երբ տօնակատարութիւնը տեղի կ՚ունենայ ՍԾՏՀԿ-ի 30-ամեակի տարուան մէջ։ Պարտք կը համարեմ ի սկզբանէ յայտարարել, որ Հայաստան այս ամբողջ ընթացքին եղած է մեր կազմակերպութեան ամենաաշխոյժ անդամը։

Իսկապէս, ՍԾՏՀԿ-ն հիմնադրուած է 1992 թուականին որպէս տնտեսական համագործակցութեան միջոցաւ Սեւծովեան տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման հաստատման ուղղեալ նախաձեռնութիւն։ Հպարտ եմ, թէ կրնամ ըսել, որ մեր կազմակերպութիւնը գոյութեան 30 տարիներուն այս առումով շատ բանի հասած է։ ՍԾՏՀԿ ստեղծած է երկխօսութեան եւ փոխըմբռնման մշակոյթ, ինչպէս նաեւ պետական եւ մասնաւոր կառոյցներու միջեւ օգտակար կապեր՝ դառնալով տնտեսական երկխօսութեան, համագործակցութեան եւ համակարգման խթանման համար կարեւոր գործիք Սեւ ծովու ընդարձակ տարածաշրջանէն ներս։ Ցաւօք, տարածաշրջանի առկայ իրավիճակն ու զարգացումները, աւելի ճիշդ՝ Ուքրայնայի պատերազմը կ՚ազդեն բոլորիս վրայ եւ ակնյայտօրէն չեն նպաստեր մեր կազմակերպութեան առջեւ դրուած նպատակներու իրագործման։ Ուստի բոլոր ջանքերը պէտք է գործադրուին այս հակամարտութեան լուծում գտնելու համար. լուծում, որ լիովին կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին, ինչ որ թոյլ կու տայ մեզի վերադառնալ մեր բնականոն աշխատանքին։

Վերադառնալով այսօրուայ ձեռնարկին՝ կը փափաքիմ նշել, որ բարձր կը գնահատենք մեր համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ։ Ինչպէս արդէն ըսի, ան եղած է ՍԾՏՀԿ-ի ամենաաշխոյժ անդամը եւ, ի դէպ, միակ անդամ պետութիւնը, որ ունի բացառապէս ՍԾՏՀԿ-ի մօտ հաւատարմագ-րըւած առաքելութիւն։ Հայաստան պարբերաբար կը մասնակցի կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս իրականացուող աշխատանքներուն։ Այս տարուայ փետրուարին Հայաստան կատարած իմ այցի ընթացքին հնարաւորութիւն ունեցած եմ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ քննարկել ՍԾՏՀԿ-ի գործունէութեան արդիւնաւէտութեան ապագայ բարձրացման, մեր համագործակցութեան խորացման, ՍԾՏՀԿ-ի նախագծահէն հարթութեան ամրապնդման եւ կառոյցի ապաքաղաքականացման հետ կապուած հարցեր։ Երբ կը խօսինք արդիւնաւէտութեան բարձրացման մասին, կը կարծեմ՝ կը համաձայնիք, որ շատ բան կախուած է միջավայրէն։ Արուեստի եւ մշակոյթի բերկրանքը վայելելը, անկասկած, այս բանին մէկ մասն է, եւ, այո, երաժշտութիւնը հաղորդակցութեան հզօր միջոց է, որու շնորհիւ մարդիկ կրնան զգացումներ, միտքեր ու մտադրութիւններ բաժնել, թէեւ անոնց խօսակցական լեզուները կրնան իրարու անհասկնալի ըլլալ։ Հայաստան յայտնի է իր հարուստ երաժշտական մշակոյթով՝ աշխարհին տուած ըլլալով յայտնի յօրինողներ, երաժիշտներ եւ երգիչներ։

Այսօրուայ դասական երաժշտութեան համերգը՝ Հայաստանէն ժամանած «Կոմիտաս» ազգային քառեակի եւ տեղացի դաշնակահարներու կատարմամբ, շատ իւրայատուկ է, որովհետեւ տեղի կ՚ունենայ ՍԾՏՀԿ-ի կեդրոնակայանի տեղակայուած վայրին՝ Իսթանպուլի մէջ ու կը միաւորէ հայ եւ թուրք երաժիշտները։ Եզրափակելով՝ թոյլ տուէք անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնել այսօրուայ համերգի կազմակերպիչներուն եւ աջակիցներուն, շնորհաւորել ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան յոբելեանը եւ ամենայն յաջողութիւն մաղթել անոնց ապագայ գործունէութեան համար։

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2022