ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «ՄՇՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆԸ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ Կ՚ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՏԵՂԱԿԱՅՄԱՆ ԵՐԿՐԻՆ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ»

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ներկայ գտնուելու եւ սոյն երեկոն մեզի հետ կիսելու համար։ Աւելի քան 20 տարի առաջ Հայաստանը Իսթանպուլի մէջ հիմնեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) կազմակերպութեան մօտ իր մշտական ներկայացուցչութիւնը՝ կարեւորելով տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան ամրապնդումն ու յառաջխաղացումը։ Այս ամիս նշուող ՍԾՏՀ-ի 30-ամեակի կապակցութեամբ Հայաստան որպէս կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը ՍԾՏՀ նպատակներուն ու սկզբունքներուն եւ շարունակելու է իր աշխոյժ ներդրումը ունենալ տարածաշրջանէ ներս կայուն տնտեսական զարգացման գործին։

ՍԾՏՀ-ի ստեղծումէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխոյժ ներդրում ունեցած է կազմակերպութեան կայացման գործին մէջ՝ մասնակցելով անոր տարբեր մարմիններու աշխատանքներուն եւ նախաձեռնելով զանազան միջոցառումներ։ Վերջին շրջանին որպէս ՍԾՏՀԿ ՏՀՏ աշխատանքային խումբի համակարգող երկիր, Հայաստան կազմակերպած է բարձրաստիճան յարակից միջոցառում՝ ՏՏ ոլորտի համաշխարհային 23-րդ քոնկրէսի (WCIT 2019) շրջանակներէն ներս, իսկ անցեալ տարի՝ մշակութային զբօսաշրջութեան եւ թուային փոխակերպման նուիրուած կարեւոր ձեռնարկ։ ՍԾՏՀ-ի 30-ամեայ յոբելեանի համատեսքին մէջ որպէս կազմակերպութեան ուժանիւթի աշխատանքային խումբի ընթացիկ համակարգող երկիր, մարտ ամիսին կազմակերպութեան քարտուղարութեան հետ միասին իրականացուցինք «Կանաչ ուժանիւթը ՍԾՏՀ տարածաշրջանէն ներս եւ անկէ դուրս» խորագրով ուէպինար, իսկ ամիսներ անց Սեւծովեան ուսումնասիրութիւններու միջազգային կեդրոնի հետ համատեղ Երեւանի մէջ կը կազմակերպենք մշակոյթին եւ զբօսաշրջութեան նուիրուած աշխատաժողով։

Վերականգնելով բազմադարեայ անկախութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը թեւակոխեց իր անկախութեան 30-ամեակը։ Չնայած մեր առջեւ ծառացած բազում մարտահրաւէրներուն՝ հնամեայ մշակոյթի, կրօնի եւ լեզուի վրայ խարսխուած մեր ինքնութեան, ստեղծագործական ձիրքի ու տոկունութեան շնորհիւ, հայ ժողովուրդը մշտապէս ի ցոյց կը դնէ արհաւիրքներէն վերականգնուելու եւ նոր կեանք կառուցելու կարողութիւնը։ Հայաստան այսօր իր շուրջ կը համախմբէ նաեւ սփիւռքը, որ իւրայատուկ կամուրջ կը հանդիսանայ Հայաստանի ու իր բնակութեան երկիրներու միջեւ եւ նեցուկ կը կանգնի մեր ընդհանուր իղձերու կատարման։

Մշտական ներկայացուցչութիւնը իր պաշտօնական գործառոյթներէն զատ խորհրդանշական առաքելութիւն կ՚իրականացնէ ներկայացնելու Հայաստանը տեղակայման երկիր Թուրքիոյ մէջ՝ հաշուի առնելով երկկողմ յարաբերութիւններու առանձնայատկութիւնը։ Այս իւրայատուկ առաքելութիւնը պայմանաւորուած է նաեւ թրքահայ համայնքի առկայութեամբ, որու անդամները ըլլալով Թուրքիոյ հաւատարիմ քաղաքացիներ, կը շարունակեն իրենց կարեւոր ներդրումը բերել այս պետութեան զարգացման՝ միաժամանակ կամրջելով մեր երկու երկիրներու ժողովուրդները։ Այս առումով կ՚ուզեմ յիշատակել տեղի համայնքային բոլոր ակնառու գործիչները՝ ներառեալ նուիրեալ զաւակ, հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչ լուսահոգի Հրանդ Տինքը, որու ողբերգական մահուան 15-րդ տարելիցն էր այս տարի։

Հայաստանէն ժամանած Կոմիտասի անուան ազգային քառեակի եւ տեղացի դաշնակահարներու համատեղ կատարմամբ այսօրուայ դասական համերգը առանձնայատուկ է ոչ միայն այն պատճառով, որ կը հանդիսանայ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան նուիրուած Իսթանպուլի մէջ կայացած եզակի միջոցառում, այլեւ կը մէկտեղէ երկու ժողովուրդներու երաժիշտները։

Այս կապակցութեամբ կ՚ուզեմ երախտիքս յայտնել սոյն միջոցառման կազմակերպչական յանձնախումբին՝ այսօրուայ երեկոյթը իրականութիւն դարձնելու ուղղութեամբ գործադրած ջանքերու համար։ Կ՚ուզենք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել ՍԾՏՀԿ մշտական միջազգային քարտուղարութեան, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պատկան մարմիններուն՝ անցեալ 20 տարիներու ընթացքին մեր ներկայացուցչութեան բնականոն աշխատանքի համար անհրաժեշտ պայմաններ ապահովելու, Իսթանպուլի նահանգապետարանին ու քաղաքապետարաններուն՝ շարունակական համագործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետարանին՝ այս գեղեցիկ սրահը տրամադրելու համար։

Երախտագիտութիւն կը յայտնենք նաեւ համայնքի այն բոլոր կառոյցներուն ու անհատներուն, որոնք տարիներէ ի վեր զօրավիգ եղած են ներկայացուցչութեան։ Վերջապէս այս հանդիսաւոր առիթով կ՚ուզեմ երախտիքս յայտնել իմ գործընկերներուն, նախորդ մշտական ներկայացուցիչներուն, ներկայացուցչութեան աշխատակազմի բոլոր անդամներուն, որոնք անձնուիրաբար աշխատած են, կը շարունակեն աշխատիլ ու վստահ եմ այսուհետ եւս կը գործեն՝ ի նպաստ ներկայացուցչութեան նորանոր ձեռքբերումներու ու յաջողութեան:

Ձեզի կը ցանկանք հաճելի երեկոյ՝ վայելելու իւրայատուկ եւ բարձրորակ դասական երաժշտութիւն։

  

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2022