ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2021-2022 տարեշրջանի աւարտին կը տիրէ ոգեւոր մթնոլորտ։ 4-րդ դասարանի սաներու շրջանաւարտութեան հանդէսը, բնականաբար, կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ անոնց տեսակէտէ։ Յայտագրի յաջող գործադրութիւնով սաները արժանացան ծափահարութիւններու՝ մինչ Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչներն ու Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի կրթական մշակները բարեմաղթութիւններ ըրին անոնց ուսման շարունակութեան յաջողութեան համար։
Կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը յատկանշական էր նաեւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներուն տեսակէտէ, որոնց տարեվերջի հանդէսին տօնական տրամադրութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։
Երկու հանդէսներու ընթացքին ալ շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Ձեռնարկներուն ներկայ գտնուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ։
Թրքահայ կեանք
- 02/07/2025