ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. «ՁԵՐ ՄԵՂՔԵՐԸ ԻՐԱՐՈՒ ԽՈՍՏՈՎԱՆԵՑԷ՛Ք»
«Հետեւաբար, ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք եւ իրարու համար աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք» (Յկ 5.6):
Երբ խօսեցաւ երէցներուն խնդրուածներուն միջոցով ցաւերը բժշկելու մասին, նոյն ատեն յայտնեց նաեւ այդ մեղքերուն թողութեան միջոցով՝ հոգիի փրկութեան մասին: Ապա ուղղուելու համար այլ ճանապարհ մըն ալ ցոյց կու տայ՝ մեղքերու խոստովանութիւնը, ինչ որ բոլոր բարիքներուն մայրն է եւ նաւահանգիստ՝ բոլոր մեղքերով ծանրաբեռնուածներուն համար. որ կորսուածները գտնողն է եւ մոլորուածները դարձի բերողը. որ վիրաւորներուն համար սպեղանի է եւ քաղցր դեղ՝ հիւանդներուն. որ յոյս է անյոյսներուն համար եւ մխիթարող՝ բոլոր վշտացածներուն. որ ձեռքին մէջ պահած զէնք է մեղքին դէմ եւ անխնայ խոցող՝ բանսարկուին. որ անօգնական ինկածներուն համար օգնական է եւ գաւազան՝ գլորուածներուն համար. որ սկիզբէն ամէն ինչին գերազանցեց եւ մարդկութեան հասակակից է:
Ուրեմն, այնտեղ՝ աշխարհի սկիզբին ասիկա հաստատուեցաւ, որովհետեւ, երբ պատուիրանազանցութիւը մարդկային կեանք ներխուժեց եւ մեղքերը ի յայտ եկան, ատոր հետ միասին նաեւ Աստուծոյ մարդասիրութիւնը երեւաց, Ադամին քաղցրութեամբ մեղքերու խոստովանութեան կանչելով եւ ըսելով. ո՞ւր ես: Մեղանչելէն ետք Աստուած՝ ամենատես բնութիւնը, այդպէս հարցնելով անոր ի՞նչ կը կամենար ցոյց տալ, եթէ որ զայն խոստովանութեան կանչել, ինչ բանին չհնազանդելով՝ դատապարտուեցաւ: Որովհետեւ, ամէն տեղ մարդոցմէ ով որ իր մեղքերուն մասին ըսաւ եւ խոստովանեցաւ, քաւութիւն գտաւ, իսկ ով որ այդպէս չըրաւ՝ դատապարտուեցաւ:
Նայէ՛ Կայէնին եւ Ղամէքին եւ անոնցմէ սորվէ՛, թէ ինչն է ճշմարիտը, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրն ալ մէկ մեղք գործեցին՝ սպանութիւն, եւ որ յատկապէս Ղամէքինը սաստիկ էր եւ մեծ, որովհետեւ կը կրկնուէր եւ իր առջեւ օրինակ ունէր, իսկ Կայէնինը՝ առաջինն էր եւ առանց օրինակի: Քանի որ Ղամէքը Աստուծոյ դատաստանէն վախցաւ, իր անձը դատապարտեց եւ աւելի մեծ դատապարտութեան տակ մտաւ քան Կայէնը, ու այդ պատճառով խոստովանեցաւ իր կիներուն ու ըսաւ. «Ով կիներ, ես երիտասարդ մարդ մը սպաննեցի, որովհետեւ ան զիս վիրաւորած ու հարուածած էր: Եթէ սպանութեան համար Կայէնէն եօթ անգամ վրէժ կը պահանջուի, ապա Ղամէքէն՝ եօթանասունեօթ անգամ» (Ծն 4.23-24): Այսպէս ըսելով ու խոստովանելով գաղտնի գործած մեղքը՝ իր վրայէն անցուց Աստուծոյ բարկութիւնը: Իսկ Կայէնը այդպէս չըրաւ, այլ՝ խոստովանութեան կանչուեցաւ, սակայն ըմբոստացաւ եւ այդ պատճառով ալ դատապարտուեցաւ, ո՛չ միայն չզղջալուն համար, այլ՝ անպատկառութեան համար, որովհետեւ Աստուած քաղցրութեամբ կը հարցնէր, իսկ ան խստութեամբ եւ անամօթաբար կը պատասխանէր: Այդ պատճառով ալ Տէրը աւելի ատեց անպատկառները, քան յանցաւորները, քանի որ մինչդեռ միայն յանցաւոր էր, կը հարցնէր անոր եւ խոստովանութեան կը կանչէր, ու պատճառներ կը փնտռէր մեղքերու թողութիւն տալու եւ արդարացնելու համար, իսկ երբ անպատկառութիւն ցուցաբերեց՝ պատժեց, եւ անոր զղջումն ու խոստովանութիւնը չընդունուեցաւ:
Կը տեսնե՞ս խոստովանութեան օրինակը, թէ ուրկէ՞ սկզբնաւորուած է եւ ինչքա՞ն զօրութիւն ունի՝ մեղաւորը արդարացնելու եւ դատապարտելու՝ որ իր ժամանակին սիրով չընդունեց զայն: Նոյն կերպով Աստուած կը յորդորէ մարդոց խոստովանութեան՝ ըսել մեղքերու մասին եւ արդարանալ: Դուն ըսէ՛, կ՚ըսէ, քու մեղքերուդ մասին, որպէսզի արդարանաս, եւ մեղքը, որ կը խոստովանուի՝ կը թեթեւնայ, իսկ չխոստովանուած մեղքը աւելի ծանր է: Այս մասին Դաւիթը եւս կ՚ըսէ Սաղմոսին մէջ. «Կը խոստովանիմ մեղքերս, եւ Դուն թողութիւն կու տաս իմ մեղքերուս ամբողջ ամբարշտութեանը» (Սղ 31.5): Ասով, Աստուած անսահման մարդասիրութիւն կը ցուցաբերէ, եւ մեր մեղքերուն ծանրութիւնը, որ լեռներու չափ են, խոստովանութեան միջոցով թեթեւցնել կ՚ուզէ: Հետեւաբար, բնութեան մէջ խօսքէն աւելի թեթեւ ի՞նչ կայ. ծնելու համար ժամանակի եւ ջանքի կարիք չի զգար, այլ՝ չափազանց դիւրութեամբ միտքէն լեզուի վրայ կ՚իյնայ, եւ կը ճառէ, ու սիրտին գաղտնիքները յայտնապէս կը պատմէ այնպէս՝ ինչպէս կը կամենայ:
Այսպիսի թեթեւ բան կը խնդրէ մեղքերու թողութեան համար: Կ՚ըսէ, ըսէ՛ մեղքերուդ մասին, եւ որեւէ այլ ծանր բան չի պահանջեր. ո՛չ սարեր կտրել-անցիկ, կամ օտար երկիր երթալ, կամ ծովերուն վրայով ընթանալ կամ երկինք թռչիլ, որ մեր բնութեան համար անկարելի է: Ուստի, եթէ նման բաներ սահմանէր մեղքերու թողութեան համար, ապա բոլոր անյոյս կը կորսուէինք: Հապա ի՞նչ: Կ՚ըսէ, ըսէ՛ եւ կ՚արդարանաս: Այս մասին Դաւիթը եւս ակնարկեց, թերեւս Աստուծմէ սորվելով, որովհետեւ մեղքերը պատմելու եւ ամբարշտութիւններուն ու անօրէնութիւններուն թողութիւն տալու համար որեւէ այլ բան չաւելցուց, որ աշխատանք եւ ջանք կը պահանջէր, այլ՝ Հոգիին միջոցով յայտնեց մեզի, որ մեղքը, ի՛նչ աստիճանի եւ ինչ չափի ալ ըլլայ, խոստովանելով թողութիւն կը գտնէ, եւ յատկապէս, երբ խոստովանութիւնը ուղիղ միտքով ըլլայ՝ ըստ իրադարձութիւններու բերումին եւ ըստ մեղքերու տեսակին: Ո՛չ թէ ինչ-որ պատճառներով կամ մարդով աչքին երեւնալու համար, եւ ոչ ալ կեղծաւորաբար, այլ՝ ճշմարտութեամբ սեփական անձը ամբաստանելով եւ որպէս օտար մը դատապարտելով, չամչնալով, եթէ նոյնիսկ գործը ամօթաբար ըլլայ, եւ ոչ ալ պատկառելով, ո՛չ ուրիշներուն դէմքով եւ ո՛չ ալ կցկտուր, այլ՝ մեղքին հանդէպ ատելութեամբ, առաւել չափով պէտք է ըսել՝ ինչպէս թշնամիին չարախօսելով: Մեղքերուն մասին ըսել ու խորշիլ, եւ մեղքին հաղորդակից ըլլալէ հեռու փախչիլ ու այնուհետեւ ամէն օր ջանալ ուղիղ վարքով ապրիլ: Արդ, այսպիսի մեղքն է միայն, որ խոստովանութեամբ թողութեան կ՚արժանանայ:
Նման կերպով նաեւ այս, խոստովանութեան բարիքները տեսնելով, կը յորդորէ՝ ըսելով. ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէ՛ք: Եւ տե՛ս, թէ ինչ օրինակ կը բերէ. Ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէ՛ք կ՚ըսէ, ո՛չ թէ հրապարակի վրայ ու փողոցի մէջ եւ ոչ ալ բազմաթիւ վկաներու ներկայութեամբ, այլ՝ իրարու. այսինքն՝ անկիւն մը, հեռու տեսնողներէ եւ լսողներէ, մէկ քահանայի դիմաց, ոչ թէ անմիտ քահանայի, այլ՝ շատ երկիւղած եւ իմաստուն, որ վէրքերուն համար գիտէ հմտօրէն բժշկարար դեղ պատրաստել եւ գիտէ հոգիին ցաւերը բժշկել: Իսկ իրարու ըսելով՝ խոստովանութեան համարձակութիւն կու տայ լսողներուն: Մի՛ կարծեր, կ՚ըսէ, թէ կը պատուիրեմ մեղքերդ հրեշտակին ըսել, որուն սրբութեան առջեւ դուն այդքան մեղաւոր ըլլալով կը վախնաս, թէ մեղքերուդ համար կը պատժուիս անոր կողմէ, այլ կ՚ըսէ, որ քեզի նման մեղաւոր մարդու մը մօտ խոստովանիս մեղքերդ, որ քեզի պէս կարիքներ ունի եւ կրնայ տկարութեամբ չափել նաեւ քուկդ եւ մարդասիրութեամբ ուղղել, քանի որ ինքն ալ կարիք ունի Աստուծոյ մարդասիրութեան, հետեւաբար եւ քեզի հանդէպ ներողամիտ կը գտնուի: Ատոր համար կ՚ըսէ. ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէ՛ք եւ իրարու համար աղօթեցէ՛ք, որպէսզի բժշկուիք:
Խոստովանութենէն յետոյ քահանային կը յորդորէ մեղաւորին ու զղջացողին վրայ աղօթել, որովհետեւ այնտեղի ամօթին մէկ մասը այստեղ՝ քու առջեւդ խոստովանութեամբ կը վճարէ եւ կարեկցանքի արժանի է: Եւ դուն, կ՚ըսէ, պարտաւոր ես լացողներուն հետ լալ եւ սգաւորներուն սգակից ըլլալ, ուստի եւ աղօթքով պարտաւոր ես պարտքը հատուցել: Ատոր համար ալ կ՚ըսէ. իրարու համար աղօթեցէ՛ք, որպէսզի բժշկուիք: Ո՛չ թէ միայն մարմնաւոր մեղքերէն, այլեւ՝ մեղքերու վէրքերուն, որոնք աւելիով կը խոցեն հոգին, քան ցանկացած մարմինի ցաւ:
Որովհետեւ արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ՚օգնէ:
Այսպէս կ՚ըսէ, որպէսզի ոչ ոք չերկմտի, ինչպէս մարդկային սովորութիւնն է թերահաւատ գտնուիլ բարձրագոյն եւ մեծ գործերու հանդէպ. ուստի կ՚ըսէ. իրարու համար աղօթեցէ՛ք, որպէսզի բժշկուիք:
Եւ որպէսզի չըսեն, թէ ո՞վ գիտէ, որ իրապէս օգտակար են մարդկային տկարութեամբ կատարուած աղօթքները եւ մէջ ինկածը կրնա՞յ ուրիշներու մեղքերուն բժշկութիւն տալ, ապա կ՚աւելցնէ. արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ՚օգնէ: Թէեւ ինչպէս կը տեսնէք, մարդ են եւ բնութեան կարիքներու մէջ, սակայն քանի որ քահանայ են եւ արդարներ ու Աստուծոյ կողմէ ընտրուածներ, ապա այդ պատճառով անոնց աղօթքները ազդեցիկ են այսպիսի գործեր կատարելու համար: Եւ ոչ միայն ազդեցիկ, այլ՝ մեծապէս ազդեցիկ: Այդ ըսելով՝ կ՚ուսուցանէ, որ անկարելի բան չկայ, քանի որ այն ամէնը, ինչ հաւատքով խնդրեն Աստուծմէ, իրապէս կը ստանան, իսկ երբ սուրբ սիրտով ու անկեղծ հաւատքով աղօթք կը մատուցեն, շատ ազդեցիկ են՝ իւրաքանչիւր հիւանդի օգնելու, թէ՛ մեղքով հիւանդացածին, որ աւելի մեծ է, եւ թէ՛ ալ մարմնաւոր ցաւերուն:
Սարգիս Շնորհալի Վարդապետ
«Մեկնութիւն Կաթողիկէ եօթ թուղթերուն»
Փունջ մը մտածումներ եկեղեցւոյ հայրերէն խոստովանութեան մասին:
Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետ այսպէս կը գրէ.
«Հիմա խոստովանութեան ժամանակն է: Խոստովանէ՛ արարքներդ եւ ըսածներդ, գիշերուան ու ցերեկուան գործերդ: Խոստովանէ՛, որովհետեւ յարմար առիթն է եւ փրկութեան օրը ընդունէ՛ երկնային գանձը: Երդման արարողութիւններուն մասնակցէ: Ուսուցումներէն մի՛ բացակայիր եւ յիշէ՛ ըսուածները: Այս բոլորը կ՚ըսուին ո՛չ միայն լսելու համար, այլեւ՝ որպէսզի հաւատքի միջոցով հաստատես ըսուածները: Մարդկային բոլոր հոգերը հեռացո՛ւր քեզմէ, որովհետեւ հոգիիդ փրկութեան համար կը վազես: Աշխարհին բոլոր գործերը ձգէ՛: Ձգած գործերդ փոքր են, սակայն Տիրոջ պարգեւածները մեծ են: Ներկայ գործերէդ հրաժարէ՛ եւ հաւատա՛ ապագայի գործերուդ: Այնքան տարիներ ի զուր վատնած ես աշխարհիկ գործերու համար, իսկ հիմա, քառասուն օրեր չե՞ս կրնար զբաղուիլ քու հոգիիդ փրկութեան համար. «Ճանչցէք թէ Ես եմ Աստուածը» (Սղ 46.10), ինչպէս ըսուած է Գիրքին մէջ: Հրաժարէ՛ ծոյլ եւ շատախօս զրոյցներէ: Մի՛ չարախօսեր եւ չարախօսին հաճոյքով մի՛ լսեր: Ընդհակառակը, լաւ է որ միշտ աղօթելու պատրաստ ըլլաս: Յամառ ջանքերովդ ու փորձերովդ ցոյց տուր հոգիիդ յօժարութիւնն ու զօրութիւնը: Մաքրէ՛ հոգիի անօթդ, որպէսզի աւելի շատ եւ շուտ ընդունիս շնորհքը: Որովհետեւ մեղքերու թողութիւնը բոլորին հաւասարապէս տրուած է, սակայն Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը իւրաքանչիւրին կը տրուի՝ իր հաւատքին համեմատ: Եթէ քիչ աշխատիս, քիչ ալ կը ստանաս, իսկ եթէ շատ աշխատիս, վարձքդ ալ շատ կ՚ըլլայ: Դուն քու շահիդ համար կը վազես: Դուն հոգիիդ օգուտին նայէ՛»:
Վարդան Այգեկցի Վարդապետ կը գրէ. «Խոստովանութիւն ըրէք, որովհետեւ Երկինքի դուռը եւ Արքայութեան ճանապարհն է ան»:
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի խոստովանութեան մասին այսպէս կը գրէ. «Նախ յստակ է, որ խոստովանութիւնը անհրաժեշտ է, ինչպէս մկրտութիւնը: Եւ որովհետեւ նախ մկրտութիւնն է, եւ ապա բոլոր մնացած խորհուրդները, նոյնպէս ալ նախ խոստովանութիւնն է, եւ ապա մնացածները՝ ապաշխարութիւն, պահք, աղօթք, եւ այլն: Տակաւին, վարդապետները կ՚ըսեն, թէ խոստովանութիւնը պահած մեղքը թողութեան յոյսով յայտնելն է, որովհետեւ խոստովանութեան նիւթը մեղքն է, գործը՝ խօսքով յայտնելը, իսկ վախճանը՝ թողութեան յոյսը: Այսպիսիով, խոստովանութիւնը երկու մաս է: Մէկը՝ մտաւոր, եւ ասիկա Աստուծոյ դիմաց կ՚ըլլայ, քանի որ միշտ եւ հանապազ պէտք է իր միտքին մէջ իր սեփական մեղքերը Աստուծոյ դիմաց դնել: Իսկ միւսը՝ բանաւոր է, եւ ասիկա պէտք է քահանային յայտնել»:
Յովհաննէս Երզնկացի Վարդապետ կը գրէ.
«Խոստովանութիւնը Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած մեծ բարիք ու պարգեւ, հոգիի կենդանութիւն եւ բժշկութիւն է: Շատեր տգիտութեան հետեւանքով յիմարաբար կորսուած են մեղքերու մէջ եւ զրկած են իրենց անձերը խոստովանութեան շնորհքէն: Բազմաթիւ են անոնք, որոնք առանց խոստովանութեան ու հաղորդութեան կը մնան. ոմանք՝ որովհետեւ չեն գիտեր խոստովանութեան շնորհքն ու բարիքը. ուրիշներ՝ որովհետեւ ընկղմած ու կորսուած են մեղքերու մէջ, չեն ուզեր ազատիլ սատանայի ծառայութենէն»:
Դարձեալ. «Խոստովանութիւնը բժշկութիւն է հոգիներու համար, փախուստ է դժոխքէն, ազատութիւն է սատանայէն եւ յարութիւն է մահէն»:
Դարձեալ. «Ողորմեցէք ձեզի, ո՛վ քրիստոնեաներ, եւ մի՛ մնաք մեղքի մէջ: Մեղաւորը նման է հիւանդի, որ եթէ ծածկէ իր ցաւը եւ չխոստովանի բժիշկին, հիւանդութեան դեղ չի գտներ»:
Դարձեալ. «Խոստովանեցէք, որովհետեւ ատիկա է մեղանչողներուն դեղն ու բժշկութիւնը: Ան որ չխոստովանի եւ մեղքով մեռնի, յետ մահու ոչ մէկ հնար եւ փրկութեան յոյս կայ: Այնքան ժամանակ որ մարմինով կ՚ապրինք այս աշխարհին մէջ, հոս է մեղանչողներուն փրկութեան յոյսը»:
Գէորգ Չէօրեքճեան Կաթողիկոս կը գրէ.
«Ճշմարիտ խոստովանութիւնը այն է, որ մարդ կը ճանչնայ իր վատ արարքը, կ՚որոշէ չընել ու չ՚ըներ. սակայն ասոր համար պէտք է, որ մեր խիղճը կենդանի ըլլայ, պէտք է, որ մենք հաւատանք Յարուցեալ Յիսուսին»:
Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան այսպէս կը գրէ.
«Խոստովանելուն նպատակը մեղքերէն թեթեւնալն է, արդարանալ: Սակայն, պէտք չէ կարծես, թէ խոստովանութիւնը քեզի կրկին անգամ մեղանչելու առիթ կու տայ: Ով որ թողութիւն ստանալու յոյսով կը մեղանչէ, այդպիսին խաբեբայ է. ոչ թէ խոստովանող»:
Դարձեալ. «Եթէ ճշմարտութեամբ՝ անկեղծօրէն չես խոստովանիր, այդպիսով ո՛չ թէ չես թեթեւնար մեղքերէդ, այլ՝ նոր-նոր մեղքեր կ՚աւելցնես»:
Ղպտի Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Հայր Պիշոյ Քամէլ կը գրէ. «Ապաշխարութիւնը չի՛ դադրիր երբ գործած մեղքիդ համար կը զղջաս, ընդհակառակը, ան դրական քայլ մը եւս կը մատնանշէ, այսինքն՝ ապաշխարողը ինչպէ՞ս կը սկսի նոր կեանքը Աստուծոյ հետ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024