ՑԵՂԱՊԱՇՏ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Անուանի դաշնակահար Տիգրան Համասեան, Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբի ուղեկցութեամբ համերգաշարի մը ձեռնարկած է նաեւ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս՝ այցելելով զանազան քաղաքներ։ Կարսի ու Աղթամարի համերգները արդէն իսկ կայացած են, եւ դեռ զինքը ունկնդրելու առիթ պիտի ունենան Տիգրանակերտի, Մուսա լերան եւ հուսկ Պոլսոյ բազմազգ արուեստասէրները։
Արուեստի կողմը անշուշտ մէկ կողմ, սակայն Համասեանի ու Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբի համերգներուն տրուած այլ բնոյթով արձագանգներն ալ հետաքրքրական գրականութիւն մը ստեղծելու ատակ են։ Այսպէս, Կարսի համերգէն ետք տեղւոյն Գորշ գայլերու ակումբին ատենապետը՝ Թոլկա Ատըկիւզէլ Համասեանի համերգը ընդունեց ցեղապաշտական իւրայատուկ յայտարարութիւններով, աջ ու ձախ սփռելով նաեւ սպառնալիքներ։ «1915-ի դէպքերու ժամանակ այս հայերը չէի՞ն որ հարիւր հազարաւոր իսլամ թուրք մեր ազգակիցները ցեղասպանութեան ենթարկեցին եւ սպաննեցին։ Շատ չէ, դեռ քսանըերեք տարի առաջ Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ Խոճալու գիւղէն ներս այս հայերը չէի՞ն որ մեր հարիւրաւոր ցեղակիցները ցեղասպանութեան ենթարկեցին։ Իրենց այս քայլով ի՞նչ նպատակ ունին։ Իրենց ո՞վ նեցուկ կը կանգնի ներսէն։ Ո՞ր ծախուած մամլոյ սպասաւորները միասնաբար կը գործեն ասոնց հետ։ Ամէն ոք իր չափը պիտի գիտնայ եւ ըստայդմ պիտի վարուի այս պահէն ետք։ Ներսէն ու դուրսէն ծախուած դաւաճան ուղեղները կը ջանան մեր համբերութի՞ւնը սպառել։ Թէ ոչ մենք ալ Կարսի պողոտաներուն վրայ հայու որսի սկսինք», խօսեցաւ ան եւ ըսաւ, թէ արդեօք իրենք պիտի կարենայի՞ն հայերու կողմէ նուիրական համարուած տեղ մը համերգ սարքել եւ կամ մեհտերի նուագախումբ քալեցնել։ «Մենք այս բաները թերեւս ցարդ չենք իրագործեր, սակայն այս չի նշանակեր, որ պիտի չընենք եւ այս բոլոր մենք նոթագրած ենք։ Եթէ նման վիճակ մը ստեղծուի, հարկ եղածը պիտի ընենք», ըսաւ Ատըկիւզէլ։
Մինչ այդ ալ Կարսի քաղաքապետ Մուրթազա Քարաչանթա ցեղապաշտական յայտարարութիւններով դիմաւորած էր Համասեանի համերգը։ Ան իր անհանգստութիւնը յայտնած էր, որ կրօնականի նմանող հագուստներով համերգ մը սարքուած է այնտեղ, ինչ որ կասկածներու տեղի տուած է ձեռնարկին անկեղծութեան ուղղութեամբ։ Այս ալ պատճառ դարձած էր, որպէսզի քաղաքապետը կատարէ անիմաստ յայտարարութիւններ։
Կարսի յառաջատար այս դէմքերուն յայտարարութիւնները արձագանգ գտան նաեւ մամլոյ մօտ։ Հետաքրքրական է. արդեօք պիտի գտնուի մէկը, իր պաշտօնին գիտակցութեան տէր դատախազ մը, որ պատասխանատուութեան ենթարկէ ազգային խտրականութիւն սերմանող, ազգամիջեան ատելութիւն յառաջ բերող այս անձերուն յայտարարութիւններուն համար։