ՇԻՇԼԻԻ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԿԱԶՄԸ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ ԴԷՊԻ ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԻՒՆ
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի կազմը կը շարունակէ կայուն յաջողութիւն արձանագրել Թուրքիոյ լիկին մէջ։ Թուրքիոյ Ֆութպոլի դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքի Սամսունի փուլի արդիւնքներով շիշլիցիները դարձեալ յաջողեցան առաջին հորիզոնականը զբաղեցնել։ Լիկի 10-րդ փուլէն վերջ շիշլիցիները հաւաքած են 28 նիշ եւ առաջին դիրքի վրայ են։
Այս օրերուն արդէն Քոճաէլիի մէջ տեղի կ՚ունենայ մրցաշարքի երրորդ փուլը, որ եզրափակիչն է։ Նախընթաց օր, շիշլիցիները առաջին հանդիպումը ունեցան Անգարայի «Քարթալսփոր» ակումբին հետ՝ առաւելութեան հասնելով 10-3 արդիւնքով։ Վաղը պիտի եզրափակուին Քոճաէլիի մրցումները եւ Շիշլի լրջօրէն կը յաւակնի ախոյենութեան։
Այն խումբը, որ այս մրցաշարքը ախոյեան պիտի աւարտէ, 2022-2023 շրջանին Թուրքիան պիտի ներկայացնէ ՈՒԷՖԱ-ի ֆութսալի ախոյեաններու լիկին մէջ։