ԿԱԹՆԱԳՈՅՆ ԹԱԽԻԾ
Իմ թախիծը ունի գոյն՝ կաթնագոյն:
Ան ճերմակ չէ, վերացական է ու անհասկնալի: Կը նմանի անկոչ հիւրի մը. մերթ յայտնուելով ու անհետանալով: Օրեր առաջ յայտնուեցաւ ու տեղաւորուեցաւ իմ ներաշխարհի մէջ: Ինք եկաւ, հերիք չէ, իր հետ բերաւ նաեւ անտարբերութիւնը, ծուլութիւնը, անձկութիւնը: Շաբաթէ մը ի վեր կը պատերազմիմ այս անկոչներուն դէմ: Տակաւին չեմ յաջողած անոնց հախէն գալ. ամէն անգամ յաղթանակը կը ժպտի անոնց:
Տեսակ մը պայքարի թէժ պահուն կը յանձնուիմ: Կարծես գոհ եմ այս անախորժ վիճակէն, որ միայն կը դատարկէ իմ հոգին: Մաքրութիւն ընելու նպատակաւ չէ, պարզապէս պարապութիւն կը ձգէ: Անկոչ ու աներես զգացումները կը տեղաւորուին լայնարձակ տարածութեան մէջ ու ամէն վայրկեան խրախճանքներու մէջ են:
Իմ ականջներուն կը հասնին անոնց զուարճանքի ձայները: Իմ ձեռքերն ու ոտքերը ամուր փակած ծուլութիւնը՝ չի ձգեր, որ քայլ մը անգամ կատարեմ: Սթափութիւնն ու պայքարը թմրած, դիմադրողականութիւնը ինկած, ուժը սպառած… Բոլորս միասին կարծես դադար մը առած ենք ու անկիւնէ մը կը հետեւինք անկոչներու անցուդարձին:
Թուականը չեմ յիշեր, դուռը բախեցին ու առանց հրաւէրի խուժեցին ներս.
-Սպասեցէ՛ք, դուք ո՞վ էք: Ես ձեզի չէի սպասեր: Հիմա յարմար չեմ: Խնդրեմ անմիջապէս հեռացէք իմ բնակարանէն,- ըսի անոնց քաղաքակիրթ ձեւով ու կը փորձէի ազատուիլ անոնցմէ:
-Նստէ՛ տեղդ, ձայն մի՛ հաներ: Հազիւ տեղաւորուեցանք: Պիտի երթանք այն ատեն, երբ մեր սիրտը ուզէ,- այսպէս գոցեցին իմ բերանը:
Ուղեղս, մարմինս, զգօնութիւնս թմրիլ սկսան, շշմեցայ: Կա՛մ թմրեցուցիչ մը սրսկեցին ինծի, կամ գլուխիս աննկատ հարուած մը հասցուցին: Այն օրը, որ եկան տունս, մաքուր էր ու կոկիկ, սակայն աստիճանաբար սկսաւ թափթփիլ:
-Վայրկեան մը: Ինչո՞ւ կը թափէք ամէն բան: Թողէ՛ք, որ հաւաքեմ,- բարկացայ ես:
-Որոշողը դուն չես, այլ մենք ենք,- հեգնանքով պատասխանեցին անոնք ու շարունակեցին,- բաց աստի տնային գործերը քու սրտովդ չեն, խոստովանէ: Քիչ մը դադար առ, ոչ մէկ բանի մասին խորհէ, լիցքաթափուէ,- հեգնանքով ձայնեց յոգնութիւնը, թունոտ հայեացքը ուղղելով անտարբերութեան:
Այսպէս աննկատ տեղաւորուեցան իմ ներաշխարհի մէջ ու անորոշ ժամանակով ձերբակալեցին մտահոգութիւը, ջանասիրութիւնը, իմ մէջ ապրող ամէն տեսակ բարի զգացումները:
Քանզի տունը մարդ չկայ, դուռն ալ բաց է, փոշին եկաւ տեղաւորուեցաւ պատուհաններու գոգերուն, դրան փեղկերուն եւ բոլոր հնարաւոր մակերեսներուն: Մաքրող չկայ: Մաքրուհին՝ տանտիրուհին կը գտնուի թմրութեան, արտասովոր ու նողկալի նիրհի մը մէջ: Եւ ոչ ալ ջանք կը թափէ այդ անհասկնալի վիճակը թօթափելու համար: Կրնայ, սակայն չ՚ըներ: Կրնայ դիմել Աստուծոյ ողորմածութեան, աղաչէ, որպէսզի ազատէ իր անձը այս չարի կապանքներէն, սակայն կը շարունակէ լռել: Կարծես գոհ է իր վիճակէն:
Ո՛չ պարոնայք, չարաչար կը սխալիք՝ գոհ չեմ: Պարզապէս անտարբերութիւնը, ծուլութիւնը յօշոտած են զիս, կը սպասեմ իմ կազդուրման: Կը տեսնեմ, թէ այս պահուն ինչպէս կը ծաղրեմ ինքզինքս, կը խնդամ իմ վրայ, նաեւ քմծիծաղ մը կու տամ՝ աննկատ. «Ժամանակաւոր են: Շուտով պիտի հեռանան: Շուտով պիտի վերադառնամ իմ առօրեային: Դարձեալ իմ ուշադրութիւնը պիտի սեւեռեմ տան մաքրութեան վրայ: Բարկանամ տնեցիներուն իրենց ետեւէն աթոռը չշտկելու համար, սաստեմ Զաւէնիկը ճաշէն ետք անմիջապէս ձեռքերը լուայ, որպէսզի յանկարծ տեղ մը չքսէ՝ չաղտոտէ: Խնդրեմ կերած ատեն գետին բան մը չթափել»:
Հիմա ամէն բան շատ խառն է տունին մէջ: Ճիշդ նոյն վիճակը, ինչ որ մեր աստուածատուր հայրենիքին մէջ է: Իմ տունն ու հայրենիքը մատնուած են թափթփուածութեան: Տունին կոկիկութիւնը, մաքրութիւնը կախեալ է ինձմէ: Գիտեմ՝ ուշ թէ կանուխ պիտի ազատիմ այս անձկութենէն եւ վերադառնամ կեանքի: Նորէն իմ տունէն պիտի բուրէ մաքրութիւն, խոհանոցէն ախորժելի ճաշատեսակներու, խմորեղէններու բոյրեր, նորէն պիտի սպասեմ հաճելի հիւրերու: Երկրի սթափութեան մէջ իմ անձը նոյնպէս կարեւոր է, սակայն որոշողը ես չեմ, ամէն բան միմիայն ինձմէ կախեալ չէ: Այստեղ որոշիչ է միասնականութիւնը: Այստեղ մէկ ձեռքը ծափ չի տար, այստեղ մէկ ծաղիկով գարուն չի գար: Նոյնիսկ եթէ ծափ կու տայ, ապա այդ ձեռքը իմը չէ, ապա այդ ծաղիկը ես չեմ: Նիկոլ Փաշինեան այնպէս քանդեց Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւնները, հայոց պետականութիւնը, որ դժուար թէ գտնուի ծաղիկ մը, որ գարուն բերէ, կամ ձեռք մը, որ մինակը ծափ տայ:
Ահաւասիկ, այսպիսի թափթփած վիճակ կը տիրէ իմ ուղեղի, տան ու երկրի մէջ: Այս վիճակէն անհրաժեշտ է շուտափոյթ ազատիլ: Սառնարանը լեցուն է՝ կաթսաները դատարկ: Ճաշ պատրաստելու ցանկութիւնը նոյնիսկ առաջին անգամ կը գտնուի բանտարկութեան մէջ: Չէ՛, այս հանգիստ մը կամ դադար չէ՛, այս անհասկնալի ու հիւծող ժահր մըն է, զոր կոչած եմ կաթնագոյն թախիծ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան