ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի եւ տիկնանց կազմի անդամները, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլուն։ Խումբը գլխաւորեց խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Զրոյցի ընթացքին կայանի պատասխանատուները դիտել տուին, որ համավարակի հետեւանքով երկու տարի ակամայ ընդհատուած կայանի գործունէութիւնը այս ամառ կը վերսկսի։ Պաշտօնական բացումը նախատեսուած է 26 յունիսին։

Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ քաղեց Կազդուրման կայանի պիւտճէին մասին, որ կը հաւասարակշռուի համայնքի նուիրատուութիւններով։ Արի Չոլաք եւ գործակից ընկերները այս անգամ բացառապէս խնդրեցին, որպէսզի Նորին Ամենապատուութիւնը բարեխօս ըլլայ համայնքային հաստատութիւններուն եւ անոնք գէթ մինչեւ ի նպաստ կայանին սարքուելիք սիրոյ սեղանը բերեն իրենց աջակցութիւնը այս բարենպատակ հաստատութեան համար, որ մեր համայնքի համեստ խաւերէ ընտանիքներու մանուկները կը հիւրընկալէ ամրան շրջանին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել եւ ընդգծեց նոր սերունդին ի նպաստ գործունէութիւններուն կարեւորութիւնը։ Կազդուրման կայանի պատասխանատուներու նկատառման յանձնելով իր հայրական յորդորները՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անոնց տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքներ։

ՏԵՐԻՔՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ընդունեց նաեւ արմատներով Տերիքէն խումբ մը ազգայիններ։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Ժանէթ Շիրինօղլու, Անդրանիկ Եոնթան եւ Զաքարիա Սապունճու։ Անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ խորհրդակցեցան Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շէնքի սեփականութեան իրաւունքը համայնքին անունով պաշտօնապէս արձանագրելու նիւթին շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց, թէ տարիներ շարունակ յապաղած այս աշխատանքը ի վերջոյ սկսած է։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մօտաւոր անցեալին այցելած էր Տերիքի եկեղեցին։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2022