ԱՅՍՕՐ ԿԱՄ՝ ԱՅՍՕՐ ՉԿԱՄ

Մահուան եւ ծնունդի կողքին մեր բոլորս ալ ունինք այլ հասարակաց գիծ մը՝ որ կը կոչուի անորոշութիւն: Այս հասարակաց գիծը շատ աւելի մտահոգեցուցիչ է՝ քան առաջին երկուքը, որովհետեւ անոնք այսպէս կամ այնպէս գոյութիւն մըն են այդտեղ՝ ծնունդը որոշ, իսկ մահը անյստակ թուականներով։ Ծնունդն ու մահը կեանքի առաջին եւ վերջին հանգրուանին կ՚ընկերակցի մարդուն, միշտ անորոշութիւնը կեանքի ամբողջ ընթացքին կը հետեւի մեզի:

Անորոշութեան մէջ է մեր ներկայ պահերը նոյնիսկ, որովհետեւ վայրկեաններ ետք ինչ կրնայ պատահիլ, ո՛չ ոք կրնայ գիտնալ. անորոշութիւն մը պարզապէս, որ կրնայ ամէն վայրկեան խափանել բոլոր այն ծրագիրները, որոնք մարդ արարած կազմած է:

Այս բոլորը առաւելաբար սկսայ մտածել, երբ լսեցի գործատիրոջ մը կազմած տարեկան ծրագիրները մինչեւ 2029 թուական երկարող։ Կեանքի մը մէջ, որ յաջորդ վայրկեանն իսկ անյստակութեան ու անորոշութեան մէջ է, ինչպէ՞ս կազմել ծրագիր մը, որ կրնայ երկարիլ մինչեւ 2029 թուական. այդ բոլորին դիմաց ակամայ մտքովս անցաւ Քրիստոսի «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն» սարսափելի խօսքերը:

Այս յօդուածը գրած ժամանակ, ինչպէս նաեւ ձեր կարդացած ժամանակ գիտէ՞ք քանի հոգիի երազներն ու ծրագիրները կէս մնացին՝ զոհ դարձան անորոշութեան. անոնցմէ քանի՞ն ծրագրած էր որ պիտի մեռնէր այսօր. անոնցմէ քանի՞ն պատրաստուած էր այդ անակնկալին. իսկ մերը որքա՞ն հեռու է մեզմէ. անորոշութիւն է պարզապէս:

Տասնամեակներ առաջ հրապարակագիր, ազգային եւ քաղաքական գործիչ Շաւարշ Միսաքեան կ՚որոշէր հայ մամուլի վերաբերեալ աշխատանք մը սկսիլ, սակայն այդ անորոշութիւնը կը սարսափեցնէր զինք. կ՚ուզէր սկսիլ, սակայն անորոշ էր աւարտին հասնիլն ու չհասնիլը. անորոշութեան մատնած մտածումներուն վրայ հրապարակագիրը «Արածանի» Անդաստան Գրականութեան եւ Պատմութեան հանդէսին 1944 թուականի Ա. թիւին մէջ կը գրէ.- «մեռնիլը կամ ունեցած - չունեցածիդ փոշիացումը տեսնելը նոյնքան սովորական բան մըն է այսօր, որքան ջուրի գաւաթ մը կոտրելը: Երկու վայրկեանէն չկաս, կամ չկան: Իրիկունը տուն դարձած ատեն կը տեսնես, որ բնակարանդ քարակոյտի մը վերածուեր է: Կամ գիշերը ահակոչը կը հնչէ, կը պատրաստուիս նկուղ իջնել, եւ ահա տանիքը վրադ կը փլի: Եւ կամ շնչահեղձ կը տապկուիս մառանին մէջ, քանի մը ժամ «օգնութիւն» աղաղակելով: Ահաւասիկ, մինչ այս տողերը կը մրոտէի ժամը տասուկէսին, ահազանգը նորէն հնչեց...»:

Ո՞վ երբեւէ պիտի հնչեցնէ մեր ահազանգը. պիտի ըլլա՞յ զգուշացնող, թէ ոչ շատ մը բաներ կիսատ ձգած պիտի երթանք հոն՝ որ դարձեալ անորոշ է մեզի համար: Ամերիկացի կին գրող Էմիլի Տիքնսոն (Emily Dickinson) իր մահէն երկվայրկեան մը առաջ ըսած է. «պէտք է երթամ... մառախուղը կը բարձրանայ»։ Մեր մառախուղը երբ պիտի բարձրանայ ո՞վ գիտէ:

Հաւանաբար մեր ետին յօդուած մը կէս պիտի ձգենք՝ որ երբեք իր ճշմարիտ աւարտը պիտի չունենայ. կէս պիտի ձգենք ծրագիրները՝ որուն հաւանաբար առաջին հանգրուանը անգամ չենք տեսած կամ վայելած. կէս պիտի ձգենք սէրը եւ գրեթէ ամէ՛ն ինչ:

Յաջորդ առաւօտ գործի երթալ ծրագրող մարդը յանկարծ յաջորդ օրն իսկ ինքզինք դագաղին մէջ դրուած պիտի գտնէ. յաջորդ շուկայ երթալ ծրագրող մը ուրիշին անորոշ անակնկալին պատճառով եկեղեցի պիտի դիմէ անսպասելի կորուստը սգալու համար. այդ մէկ անորոշութիւնը շա՜տ շատերու առօրեայ ծրագիրները պիտի խանգարէ, սակայն ո՛չ ոք պիտի կարենայ մեղադրել մահացողը, որովհետեւ իրենք եւս ենթակայ են այդ անորոշութեան: Կարճ ժամանակ մը պիտի տեւէ այդ խանգարելը... որովհետեւ անորոշութեան գնացքը որոշ հանգրուաններու պիտի իջեցնէ իր «յաճախորդներ»ը, սակայն երբեք կանգ պիտի չառնէ:

Անցեալ շաբթուան ընթացքին մահացաւ բարեկամներէս մէկուն մայրը. երեկոյեան բարեկամս գացած է մօրը այցելութեան:  Երկար ժամեր նստելէ ետք մայրը ըսած է «գնա՛ տղաս, ժամը ուշ եղաւ, վաղը գործ ունիս. գործէդ ետք դարձեալ եկուր նստի՛նք»: Յաջորդ օրը ո՛չ ընկերս գործի գնաց, ո՛չ ալ առիթը եղաւ դարձեալ մօրը հետ նստելու եւ յաւիտեան պիտի չըլլայ այդ առիթը։ Նախապէս գիտնային այդ անորոշութեան անակնկալը չէ՞ք կարծեր մինչեւ առտու ալ կը նստէին՝ հակառակ քունին յամառութեան ու պնդումներուն:

Հօրս մահէն երկու օրեր առաջ հեռաձայնով խօսեցայ. ո՞վ կրնար գիտնալ, որ վերջին զանգը պիտի ըլլայ այդ մէկը. եթէ գիտնայինք, երբեւէ պիտի ուզէի՞նք գոցել այդ հեռաձայնը... այսպէս, ամէն մէկը իր կեանքին մէջ ունի կէս ձգուած եւ յաւիտեան անավարտ մնալու դատապարտուած կէս մը:

Երբեւէ մտածա՞ծ էք, թէ դուք ինչ բան կէս պիտի ձգէք. աշխարհիկ ծրագիրներու կողքին մարդոց սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ ի՞նչ անաւարտ կէսեր պիտի ձգէք:

Ի՜նչ ահաւոր է գիտնալ գոյութիւնը այն անորոշութեան, որ ո՛չ դրամով, ո՛չ փառքով, ո՛չ ալ մեծ աթոռներու վրայ գտնուող բարեկամներու միջնորդութեամբ կարելի է հեռու պահել:

Այդ անակնկալը ինծի համար հաւանաբար ըլլայ վաղը, գուցէ այսօր եւ կամ տարի մը ետք. ո՛չ ոք գիտէ, սակայն բոլորս ալ գիտենք, որ այդ անակնկալը անպայմանօրէն օր մը պիտի մատուցուի մեզի՝ առանց խտրութեան։ Աշխարհի վրայ հաւանաբար արդարօրէն բոլորին բաժնուած միակ իրողութիւնն է այդ մէկը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՂՈՒԿԱՍ ՉՈՒՊԱՐԵԱՆ
(1923-2009)

Մեր թուականէն 99 տարիներ առաջ՝ 16 յունիս 1923-ին Երեւանի մէջ ծնած է քանդակագործ, ժողովրդական նկարիչ եւ Գեղարուեստի ակադեմիայի անդամ Ղուկաս Չուպարեան:

Ղուկաս Չուպարեան որդին է իրաւաբան, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Գրիգոր Չուպարեանի: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի մէջ, ապա ընդունուած է «Փանոս Թերլեմեզեան» գեղարուեստի ուսումնարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1942 թուականին: Գեղարուեստի ուսումնարանէն շրջնաւարտ ըլլալէ ետք ընդունուած է Երեւանի բազմարուեստեան դպրոցի ճարտարապետական բաժին, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1947 թուականին:

Ուսումը աւարտելէ ետք Չուպարեան զբաղած է ուսուցչութեամբ. որոշ ժամանակ՝ 1950-1955 տարիներուն նկարչութիւն եւ գեղարուեստ դասաւանդած է իր աւարտած «Փանոս Թերլեմեզեան» գեղարուեստի ուսումնարանէն ներս: Ապա ուսուցչութեան պաշտօնով անցած է Երեւանի Մանկավարժական կաճառ, ուր ստացած է իր տոքթորի կոչումը:

Չուպարեան հեղինակ է բազմաթիւ քանդակներու, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն զարդարել Երեւանի փողոցները։ Անոր յայտնի գործերէն են Մարտիրոս Սարեանի, Կոմիտասի, Ալեքսանդր Սպանդարեանի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Մխիթար Գօշի, Եղիշէ Չարենցի եւ այլոց յուշարձանները: Բացի յուշարձաններէն, անոր յայտնի գործերէն են «Տարիները եւ մարդիկ», «Անահիտը», «Ասպետը», «Մոր դիմաքանդակ»ը եւ ուրիշներ:

Չուպարեանի աշխատութիւններէն շատեր մինչեւ օրս կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Մոսկուայի Տրետիակովեան պատկերասրահին, ռուսական տարբեր թանգարաններու եւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ:

Շնորհիւ իր վաստակին, Չուպարեան 2003 թուականին արժանացած է «Մովսէս Խորենաց» շքանշանին. արուեստագէտը արժանացած է նաեւ «Աշխատանքային կարմիր դրօշ», «Պատուոյ նշան» շքաշնաններուն եւ ստացած «Ժողովրդական նկարիչ» կոչումը:

Չուպարեան մահացած է 23 մարտ 2009 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2022