ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՕՐՀՆԵՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԼԻՍԷՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային լիսէներու այս տարուայ շրջանաւարտներուն հետ։ Շաբաթավերջին համալսարանի մտից քննութիւններուն ընդառաջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս տարուայ ընթացաւարտ դասարանի սաներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ եկեղեցւոյ մէջ նախ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որու ընթացքին ան խօսեցաւ քարոզ մը։ Նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն առջեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ կրթութիւնը վերջ ու սահման չունի։ Արդարեւ, կեանքի ամբողջ ընթացքը իրականութեան մէջ կրթութիւն մըն է, նաեւ քննութիւն մը։ Ան բացատրեց, որ յաջողութիւն ունենալու նախապայմանը աշխատանքն է։ Գիտութիւնը ի զօրու է մարդը փոխելու եւ իւրաքանչիւրս կեանքի ողջ տեւողութեան պէտք է բարեփոխուինք։ Հուսկ, Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընդգծեց կըր-թութիւնը եւ ուսումը՝ սեփական կեանքը ձեւաւորելու ճանապարհին։
Արարողութեան աւարտին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն։