ՈՐՊԷՍ ԱՊՐՈՂ ՎԿԱՅ

Երբեւէ անկարող ու խեղճ վիճակի մէջ տարեց մը տեսա՞ծ էք, որ թէեւ այսօր անկարող, սակայն անցեալին ունեցած է յամառ ուժ մը՝ դիմադրելու եւ ընդդիմանալու բոլոր այն դժուարութիւններուն դէմ, որ կեանքը ակամայ պարզած է իր դէմ: Երբեւէ տեսա՞ծ էք հազար ու մէկ դժուարութիւններով, հակառակ խորտակող փոթորիկներուն վերջապէս նաւահանգիստ հասած ծերունի մը, որ այլեւս նաւարկելու ո՛չ տեղ եւ ոչ ժամանակ ունի: Այդ ծերունիէն տարբեր չէ վիճակը հայ մամուլին, որ հակառակ աշխարհի խոտորեցնող հնարքներուն, հրաշքով յաջողած է վերապրիլ... անապատին մէջ ողջ մնացող, սակայն օտար ափերուն մէջ ամէ՛ն օր մեռնող մեր հայութեան նման:

Աշխարհի վրայ ամենէն սարսափելին այն է, երբ մարդ իր թշնամիին ճիրաններէն ազատելով, իր հարազատներուն դաշոյնով հոգի կու տայ. այդ վիճակին մատնուեցաւ մեր հայութիւնը, այդ վիճակին մէջ է այսօր նաեւ հայկական մամուլը, որ ամէն տեսակ բռնութեան դիմադրելէ ետք, չկրցաւ դիմադրել անտարբերութեան եւ ապերախտութեան դէմ, որ ի գործ դրուեցաւ եւ ցայսօր ի գործ կը դրուի հայութեանս կողմէ:

Մեր թուականէն 109 տարիներ առաջ՝ 1913 թուականին Դանիէլ Վարուժան տառերու գիւտին յոբելենական հանդիսութեան ժամանակ ունեցած ելոյթին ընթացքին կ՚ըսէ. «Լացաւ այդ մամուլը լուսաւոր արցունքներով, որոնք շիթ առ շիթ թափեցան հայ սրտին, հայ հողին վրայ ու երեւան բերին ամէն քանդումէ վերջ նո՛ր վերածնունդը, ամէն առկայծումէ վերջ՝ նոր հրդեհում». լացաւ՝ որովհետեւ ինկաւ մահուան գիրկը՝ սակայն ամէն գնով պայքարեցաւ. ժողովուրդը գիտցա՛ւ մամուլին արժէքը, այդ իսկ պատճառով ուր որ ալ գնաց՝ Լիբանան, Սուրիա, Ամերիկա, Ֆրանսա թէ այլուր, եկեղեցւոյ եւ դպրոցին կողքին հիմնեց հայկական մամուլը. անոնք նոր վերածնունդ բերին, որովհետեւ նոյնիսկ այն ժամանակ որ չի՛ կար ղեկավարութիւն, չի՛ կար առաջնորդ, մամուլը այդտեղ էր՝ իր տիրական ներկայութեամբ: Երբ ժողովուրդը մխիթարող չի՛ կար, այդտե՛ղ էր մամուլը:

Անցեալին ունէինք դպրոցի երես չտեսած, սակայն գիտակից սերունդ մը, իսկ այսօր՝ համալսարանաւարտ անգիտակից երիտասարդութիւն մը. անցեալի մեր նախահայրերը համալսարանի աշակերտներ չէին, սակայն աշակերտներն էին մամուլին, որ միտքը լուսաւորելու շա՜տ շատ աւելի կարողութիւն ունի, քան ներկայ կրթական ծրագիրներն ու աւելորդաբանութիւնները:

Այսօրուան ընկճուած մամուլը, անցեալին քաջ ռահվիրայ մըն էր, որ զօրքերէ աւելի վախ ու սարսափ կը պատճառէր եւ անոր փաստը ա՛յն է, որ հայ ժողովուրդի դժբախտ ճակատագիրը գրելէ առաջ, մեր մտաւորականութիւնը փորձեցին հեռացնել ու արմատախիլ ընել, որովհետեւ գիտէին, որ առանց մտաւորականութեան ապրող հաւաքականութիւն մը վերջ ի վերջոյ դատապարտուած է ոչնչացման... այդ ճամբուն վրան ենք այսօր մենք:

Մենք ազգովի չենք գիտեր նաեւ, թէ ինչ ըսել է մտաւորական. շատեր կը կարծեն, որ մտաւորական է այն՝ որ սիրուն սիրային բանաստեղծութիւն մը ունի. ան՝ որ հրատարակուած գիրք մը ունի՝ ինչի մասին եւ ի՛նչ չափի ուզէ ըլլայ. շատեր թերթի մէջ յօդուած ստորագրելով մտաւորական ըլլալ կը կարծեն... մտաւորականութիւնը շա՜տ հեռու է այդ բոլորէն:

Այնքա՜ն մեծ եղած է ազդեցութիւնը մամուլին, որ պետութիւններ ժողովուրդին հոգեկան վիճակը, մտածողութիւնն ու մինչեւ իսկ ըմբոստութեան նշոյլները փորձած են գտնել մամուլի մէջ. փոքր կասկածի մը դիմաց մահուան դատապարտած են թերթը, հալածած են խմբագիրը, յօդուածագիրը, որովհետեւ գիտակցած են, որ մամուլը թուղթէ եւ տառերէ բաղկացած բան մը չէ...:

Մեր թուականէն 110 տարիներ առաջ՝ 22 դեկտեմբեր 1912-ին, Բ. դուռի ներքին գործերու նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը, իսկ 899 թուակիր յայտարարութեամբ կը ծանուցէ.- «Ա. զօրաբանակի փոխ-հրամանատարութիւնը կը ծանուցէ թէ՝ «Առաջամարտ» թերթի առջի օրուան թիւին մէջ «Հայերը օրէնքին գործադրութենէն յուսահատած են» խորագրով հրատարակուած յօդուածը տարրերու միջեւ երկպառակութիւն ձգելու եւ միտքերը յուզելու բնաւորութիւն ունեցող յօդուած մը նկատուած ըլլալով, այդ թերթը անպայման կերպով դադարացման դատապարտուած է: Ուստի կը փութանք հաղորդել ձեզ թէ ձեր թերթը դադրեցուած է անպայման կերպով»:

«Առաջամարտ», որ իր վերջին շաբաթ, 22 դեկտեմբեր 1912-ի թիւին մէջ յառաջիկայ 1913 տարուան ծրագիրները կը կազմէ... կը դատապարտուի «մահուանե» (մահը կը չակերտենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ գաղափարը կարելի չէ՛ սպաննել):

Մէկ յօդուածի մը պատճառով ամբողջ թերթը կը դադարեցուի. խմբագիրին կամ յօդուածագիրին ի՞նչ կը պատահի... պատմութիւնը բան մը չ՚ըսեր:

Այս բոլորը աչքի առջեւ ունենալով, գիտցէ՛ք նաեւ որ ձեր ձեռքերուն մէջ գտնուող այս ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը եւս անմասն չէ մնացած այս բոլորէն, եւ հակառակ ամէ՛ն տեսակի դժուարութիւններուն, հալածանքներուն ու հսկողութեան, կրցած է աւելի քան հարիւր տարի իր գոյութիւնը ապահովել:

Աշխարհի վրայ այսօր գրեթէ ցեղասպանութեան ականատես մնացած չէ. անոնք բոլորը մեկնած են անդենական կեանք, սակայն ԺԱՄԱՆԱԿ կը շարունակէ մնալ ու ապրիլ, որպէս աւելի՛ քան հարիւր տարուայ պատմութեան վկայ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԱՐԴԱՆ ՄՈՒՍԱԽԱՆԵԱՆ
(1919-2001)

Մեր թուականէն 103 տարիներ առաջ՝ 18 յունիս 1919-ին Երեւանի մէջ ծնած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր իրաւաբան եւ իրաւաբանութեան գիտութիւններու թեկնածու Վարդան Մուսախանեան:

Մուսախանեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի մէջ. դպորցը վերջացնելէ ետք մեկնած է բանակ եւ մասնակցած՝ 1941-1945 թուականներու Հայրենական մեծ պատերազմին, սակայն վիրաւորուելու պատճառով վերադարձած է Երեւան: Բանակէն վերդառնալէ ետք Մուսախանեան ընդունուած է Երեւանի Պետական համլսարանի իրաւաբանութեան կաճառ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1946 թուականին:

Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք նախ որպէս դասախօս եւ ապա որպէս տնօրէն պաշտօնի անցած է Իրաւաբանական հեռակայ կաճառի Երեւանի մասնաճիւղէն ներս. 19 դեկտեմբեր 1959 թուականին նշանակուած է Երեւանի Պետական համալսարանի իրաւաբանական կաճառի պետութեան եւ իրաւունքի պատմութեան ու տեսութեան ամպիոնի վարիչ, որուն յաջորդած են նոյն համալսարանէն ներս բազմաթիւ պաշտօններ:

Մուսախանեան հեղինակ է աւելի քան քսան գիտական աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ յօդուածներու: Հայկական սովետական հանրագիտարանին մէջ հրատարակուած են իրաւաբանին յօդուածները՝ գրուած պետութեան եւ իրաւունքի հարցերուն շուրջ: Անոր յայտնի գործերէն են «Սոցիալիստական պետութեան ձեւերը», «Իրաւունքը, իրաւագիտակցութիւնը եւ բարոյականութիւնը սոցիալիստական համակարգում», «Սովետական իրաւունքի էութիւնը» եւ այլ աշխատութիւններ:

Գերագոյն խորհուրդի որոշումով Վարդան Մուսախանեան շնորհիւ իր ծառայութիւններուն՝ պարգեւատրուած է «Հայրենական մեծ պատերազմի II ասիճան», ինչպէս նաեւ «Աշխատանքի վեթերան» շքանշաններով: Բանասէրը եղած է առաջիններէն, որ արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր իրաւաբան կոչումին:

Մուսախանեան մահացած է 29 սեպտեմբեր 2001 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 18, 2022