ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ եղանակի առաջին կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ այս շաբաթավերջին վերադարձած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն՝ կատարելագործած ըլլալով բարձրագոյն ուսումը։
Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին զուգադիպեցաւ եղանակի առաջին Ս. Պատարագը, որու ընթացքին քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ըսաւ. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնը կը հայցենք ձեր բոլորին այս տօնակատարութեան ընդմէջէն»։
Արարողութեան ընթացքին Ս. Սեղանին սպասարկեցին Եղիա Սրկ. Չալըշըր, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։
Արարողութիւններու աւարտին ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած Կղզեաց թաղային խորհուրդը կազմակերպեց սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին նշուեցաւ թէ՛ նոր եղանակի բացումը եւ թէ շնորհաւորութիւններ յղուեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024