ՀԱՅ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ՝ ՕՏԱՐ ԼԵԶՈՒՈՎ ԽՕՍՈՂՆԵՐՍ
Առիթով մը հարց կու տան Ալպերթ Այնըշթայնին, թէ իր կարծիքով ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային Գ. պատերազմը. գիտնականը կը պատասխանէ, թէ «Չեմ գիտեր թէ Գ. Համաշխարհային պատերազմը ինչ զէնքերով պիտի ըլլայ, սակայն գիտեմ, որ Համաշխարհային չորրորդ պատերազմը պիտի ըլլայ քարերով ու գաւազաններով»:
Մեծ գիտնականին խօսքերը հարազատ են՝ բացատրելու հայ ժողովուրդին ներկայ վիճակը: Այսօր մեզի եւս եթէ հարց տան, թէ յաջորդ սերունդը հայերէն պիտի խօսի՞, տատամսումով կրնանք պատասխանել, թէ յաջորդը չե՛նք գիտեր, սակայ այս ընթացքով յաջորդէն ետք եկող սերունդը վստահաբար ո՛չ:
Այս երեւոյթը աւելի յստակ դարձնելու եւ պարզելու համար յիշենք հետեւեալը. մեր թուականէն 83 տարիներ առաջ՝ 23 յունիս 1939 թուականին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս իր քահանաներէն Տ. Ներսէս Քահանայ Պապայեանին ուղղած 450 թուակիր նամակին մէջ հետեւեալը կը գրէ.- «Դիտել կու տանք նոյնպէս, որ հակառակ մեր բազմիցս հրահանգներուն եւ հայ մամուլի մէջ տեւականօրէն մատնանշուած արդար զայրոյթին, կը շարունակուի թուրքերէն քարոզուիլ Ս. Աստուածածնայ մէջ, բան մը, որ ոեւէ կերպով չի բացատրուիր»:
Սրբազան հայրը շարունակելով իր նամակը կ՚ըսէ. «Փոխանակ երկու երեք ծերացած կիներու կամքը կատարելու շատ աւելի արդար է որ կատարուի կամքը ամբողջ հայ ազգին...»:
Եթէ այսօր ուզենք նման նամակ մը գրել, ապա պիտի գրենք, որ «փոխանակ երկու երեք ծերացած կիներու կամքը կատարելով հայերէն քարոզելու, շատ աւելի արդար է կատարուի թուրքերէն քարոզխօսութիւն՝ բոլորին հասկնալի դառնալու համար»:
Թուրքերէն լեզուէն հայերէնի դարձող պատարագն ու քարոզխօսութիւնը այսօր դարձեալ կը վերադառնայ թուրքերէնին, իր հետ բերելով նաեւ ֆրանսերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ այլ լեզուներ՝ հաւատարիմ մնալու Այնըշթայինին այն խօսքին, որ պէտք է վերադառնալ հոն՝ ուր որ էր առաջ:
Այսօր Պոլսոյ խորաններէն թուրքերէն, Ֆրանսայի եկեղեցիներէն ֆրանսերէն, Սուրիոյ՝ մանաւանդ ծայրամասերու եկեղեցիներու մէջ արաբերէն, Միացեալ Նահանգներու մէջ անգլերէն, Եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ գերմաներէն եւ այլ լեզուներով քարոզխօսութիւն կը կատարուի, որովհետեւ ցաւ ի սիրտ, այսօր հայը օտարին լեզուն շա՜տ աւելի պարզ ու հարազատ կը զգայ՝ քան իր սեփական ու մայրենի լեզուն:
Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ծառայութեան մեկնող քահանան իր կոչումէն ու ծառայասիրութենէն աւելի պարտաւոր է իր անգլերէն լեզուի իմացութիւնը զարգացնել, որովհետեւ հայ հաւատացեալը ուրիշներու կողմէ մեծարուած իր լեզուն ձգելով զԱստուած պիտի մեծարէ օտարին լեզուով:
Մէկ տարի առաջ՝ 2021 թուականի Զատիկին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ՀԱՅԿԱԿԱՆ եկեղեցիներէն մին կը յայտարէր, թէ առաւօտեան «Իսթըր»ի պատարագը պիտի կատարուի անգլերէն լեզուով. եւ հաւանաբար խուսափելով յայտարարած՝ թէ հայերէն լեզուով պատարագը պիտի կատարուի երեկոյեան...
Ցաւ ի սիրտ, Պոլիսէն սկսեալ մինչե՛ւ Միացեալ Նահանգներ հայերէնը կը պահուի պարզապէս պահելու սիրոյն՝ մինչեւ գտնուի «խիզախ» մը եւ որոշէ որ այլեւս հայերէնը՝ մանաւանդ գրաբարը անգործածական է մեզի համար:
Հաւանաբար մեր եկեղեցիները եւս յուսահատեցան մոլորեալ հայը հայացնելու փորձին մէջ եւ սկսան իրենք օտարանալ:
Իրականութեան մէջ անոնց մտայնութիւնը չափով մը արդարացի է. ո՞ր մէկը աւելի նախընտրելի է. քարոզել հայերէն եւ անհասկնալի մնալ բոլորին, թէ ոչ քարոզել թուրքերէն եւ հասկնալի դառնալ բոլորին, մանաւանդ որ քարոզին հիմնական նպատակը մարդոց հաւատքը սորվեցնելն է:
Այս մեր ընթացքը կը նմանի այն նաւապետին, որ իր սեփական նաւին մէջ կը սկսի ջուր լեցնել, այն մտածումով որ «քիչ մը ջուրէն բան մը չ՚ըլլար»։ Սակայն ժամանակ մը ետք քիչ-քիչ աւելցուած ջուրը կը վերածուի մեծ քանակութեամբ ջուրի եւ կը խորտակէ նաւը. այսօր մենք եւս մեր հայրենասիրութեան ու ազգային արժէքներու նաւին մէջ այդ ջուրն է, որ կը լեցնենք՝ բան մը չ՚ըլլարի տրամաբանութեամբ, գիտնալով հանդերձ, որ խորտակումը շատ պիտի չուշանայ:
Լիաբանանի «Ազդակ» օրաթերթին հարցազրոյց տուած Օրիորդ մը իր խօսքին մէջ կ՚ըսէր. «այսօր մենք կը նկատենք, որ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտներ որքան լաւ արաբերէն կամ անգլերէն կը խօսին». մենք ալ կը նկատենք այդ մէկը, նկատելով միատեղ, որ այսօր այդ երիտասարդները շա՜տ աւելի յստակ ու հանգիստ անգլերէն, արաբերէն կամ թուրքերէն կը խօսին՝ քան հայերէն:
Անցեալին՝ երբ տակաւին հայ էինք, հպարտութեամբ կը մատնանշուէր անձ մը՝ որ անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուի գիտութիւնը ունի. այսօր կը զարմանանք, երբ լեսենք թէ հայ մը մաքուր հայերէնով կ՚արտայայտուի: Անցեալին օտար լեզուին կարեւորութիւնը շեշտող ընկերութիւնը, այժմ սեփական լեզուի կարեւորութիւնը յիշեցնելու եւ շեշտելու «տերտ»ին ինկած կը փորձէ օտարութենէ փրկել իր որդիները՝ որ օտարինը սեփականացնելով որբութեան ճամբուն մէջ դրած են սեփականը՝ մայրենին:
ԶԱստուած հայ կարծող նախկիններու ժառանգորդները այսօր օտարին լեզուով կը դիմէ իր Տիրոջ:
Այս բոլորին լոյսին տակ յառաջիկայ սերունդը հայերէն լեզուով պատարագ պիտի մատուցէ՞... Յաջորդը կրնանք չգիտնալ, սակայն յաջորդէն ետք եկողը յստակ ու պարզ է կարծեմ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՄԱՅՔ ԱՐԼԷՆ
(1895-1956)
Մեր թուականէն 66 տարիներ առաջ՝ 23 յունիս 1956-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է սփիւռքահայ գրող Մայք Արլէն (բուն անունով՝ Տիգրան Գույումճեան):
Մայք Արլէն ծնած է 16 նոյեմբեր 1895 թուականին, Պուլկարիոյ մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա՝ 1913 թուակնաին մեկնած Լոնտոն՝ ստանալու համար բժշկական կրթութիւն: Ուսումը աւարտելէ եւ որոշ ժամանակ Լոնտոնի մէջ աշխատելէ ետք 1941 թուականին մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Մայք Արլէն իր առաջին վէպը՝ «Կանաչ գլխարկը» առաջին անգամ հրատարակած է 1924 թուականին, որ արժանացած է համաշխարհային ճանաչողութեան։ Վէպը արժանացած է բազմաթիւ հրատարակութիւններու, ինչպէս նաեւ թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու: Յայտնենք, որ Մայք Արլէն ստեղծագործած ու գրած է անգլերէն լեզուով եւ ճանչացողութիւն ձեռք բերած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ. անոր կենսագրութիւնն ու գործերը մինչեւ իսկ տպագրուած են համաշխարհային ճանաչողութիւն ունեցող «Time» շաբաթաթերթին մէջ, որուն առաջին կողքին վրայ եղած է գրող Մայք Արլէնի նկարը:
Մայք Արլէնի միւս յայտնի գործերէն են «Լոնտոնային արկածախնդրութիւն»ը, «Տղամարդիկ երկար չեն սիրում կանանց» եւ «Թռչող հոլանտացին» վէպերը, որ նոյնպէս արժանացած են անգլացի եւ ամերիկացի ընթերցողներու գնահատանքին: Անոր գործերը գնահատած են ամերիկացի յայտնի գրող Սքոթ Ֆիցճերալտ, ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեան եւ այլ անուանի դէմքեր: Մայք Արլէն նոյնիսկ անձնական նամակագրութիւններ ունեցած է հայազգի ռազմական եւ պետական գործիչ Գարեգին Նժդեհի հետ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024