Ուրբաթ 31, Յունուար 2025
ԳԱՆԱՏԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Գանատա որոշեց Հայաստանի մէջ բանալ դեսպանատուն մը։ Այս կապակցութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ճոլի, որու խօսքով՝ այս քայլը թոյլ պիտի տայ աւելի ամուր կապեր հաստատել երկու երկիրներու միջեւ ու մեծցնել աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարութեան ի նպաստ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան արձագանգեց այս իրադարձութեան՝ ողջունելով Երեւանի մէջ հաստատուելիք դեսպան մը ունենալու Գանատայի որոշումը։ Ըստ Միրզոյեանի, սա նոր փուլ մըն է՝ հայ-գանատական յարաբերութիւններու տեսակէտէ, որոնք աստիճանաբար կը զարգանան։ Դեսպանատան բացումը պիտի ամրապնդէ երկկողմանի համագործակցութիւնը, որ ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած է։
Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022