Թ. ԱԼՃԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ

Փոք­րա­մաս­նա­կան վա­գըֆ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Տքթ. Թո­րոս Ալ­ճան ե­րէկ կա­տա­րեց գրա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն մը՝ խստօ­րէն դա­տա­պար­տե­լով Կար­սի Գորշ գայ­լե­րու միու­թեան ա­տե­նա­պետ Թոլ­կա Ա­տը­կիւ­զէ­լի կող­մէ հա­յե­րու դէմ ար­տա­սա­նուած ա­նար­գա­կան նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը պա­րու­նա­կէին նաեւ սպառ­նա­լիք­ներ։ Թո­րոս Ալ­ճա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը նշուի, թէ թէեւ Ա­տը­կիւ­զէլ իր կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն մէկ մա­սը ա­ւե­լի ետք հեր­քած է, սա­կայն իր խօս­քե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը պա­րու­նա­կեն ա­տե­լու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան տար­րեր՝ յոյս յայտ­նե­լով որ իր այս մօ­տե­ցու­մը ու­նի անձ­նա­կան բնոյթ եւ չի վե­րա­բե­րիր իր ներ­կա­յա­ցու­ցած կազ­մա­կեր­պու­թեան։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015