ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ. ԾՈՑԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՆ ՈՒ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐԸ
Երեւանի մէջ, յուլիս 4-ին, տեղի ունեցաւ միօրեայ գիտաժողով մը, որ կարեւոր ու հետաքրքրական օրակարգ մը կ՚ընդգրկէր՝ «Ծոցի արաբական երկիրներն ու հայ համայնքները. Արդի միտումներ եւ հիմնախնդիրներ» խորագիրն ունենալով: Գիտաժողովը կազմակերպած էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան կաճառը՝ կարեւոր համարելով այն դերը, որ Հայաստանի համար ունի Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանը՝ անվտանգային, եւ այդ երկիրներու մէջ հայ համայնքներուն ներկայութեան առումով: Արեւելագիտութեան կաճառը այս գիտաժողովի կազմակերպման համար մատնանշած էր հետեւեալ նախադրեալները.
1. 2011 թուականէն արաբական աշխարհի մէջ տեղի ունեցող կերպափոխման գործընթացներուն հետեւանքով, որոնք ստացած են նաեւ «արաբական գարուն» անուանումը, որոշ արաբական երկիրներ, ինչպէս օրինակ՝ Սուրիան, Իրաքը, մասամբ նաեւ Եգիպտոսը եւ այլն, ստիպուած եղան կեդրոնանալ իրենց ներքին քաղաքական զարգացումներուն վրայ, որուն հետեւանքով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցաւ ուժերու յարաբերակցութեան փոփոխութիւն: Տարածաշրջանային զարգացումներուն մէջ աւելի աշխոյժ դեր ստանձնեցին Ծոցի արաբական պետութիւնները:
2. Ծոցի արաբական զանազան երկիրներու մէջ Հայաստանը ունի բաւական աշխոյժ եւ կենսունակ համայնքներ, որոնց ներսը առկայ իրողութիւններու, հիմնախնդիրներու եւ տարածաշրջանային զարգացումներով պայմանաւորուած հնարաւոր մարտահրաւէրներու վերլուծութիւնն ու քննարկումը շատ կարեւոր են Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան միջավայրի եւ Ծոցի տարածաշրջանի հայ համայնքներու բնականոն զարգացման տեսանկիւնէն:
3. Վերջին տարիներուն Ծոցի կարգ մը արաբական երկիրներ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Քուէյթ), Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պաշտօնեաներու այցելութիւններն ու այդ երկիրներու կարգ մը ոլորտներէն ներս (տնտեսութիւն, կրթութիւն, գիտութիւն, նորարարական տեղեկատուական գիտութիւններ եւ այլն) Հայաստանի համագործակցութեան հնարաւորութիւններու ընդլայնումը, պէտք ունի աւելի թիրախային քննարկման ու յառաջիկայ տարիներուն համար համագործակցութեան տեսլականի մշակման:
Գիտաժողովը նպատակ ունէր դիւանագիտական եւ ակադեմական շրջանակներու ներգրաւմամբ՝ գիտական դիւանագիտութեան հարթակի վրայ քննարկել ներկայ միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումներու առանցքին Ծոցի արաբական երկիրներու դերը, Հայաստան-Ծոցի արաբական երկիրներ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն մէջ հայ համայնքներու զարգացման միտումները, առկայ հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները:
Գիտաժողովի մասնակիցներուն շրջանակը բաւական լայն էր՝ հայրենի, սփիւռքահայ մասնագէտներէ մինչեւ դեսպաններ, Հայաստանի պետական գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ, արեւելագէտներ, քաղաքագէտներ: Գիտաժողովի հիւրերու կարգին էին դիւանագէտ, պատմաբան եւ արեւելագէտ, Թունուսի Հանրապետութեան եւ Մարոքի թագաւորութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեան, Էրպիլի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արշակ Մանուկեան, Հայաստանի եւ Վրաստանի մօտ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պահա Տեսուկի, Հայաստանի մօտ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Ահլամ Ռաշիտ ալ-Սալամի, Հայաստանի մօտ Իրաքի դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Սուհէյլան Մ. Խալիլ ալ-Ճուպուրի, Հայաստանի մօտ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեան եւ այլք:
ԳԵՐՏԷՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՀԵՐԸ
Թունուսի Հանրապետութեան եւ Մարոքի թագաւորութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ տարածաշրջանը, որ ընտրուած է իբրեւ գիտաժողովի նիւթ, բաւական կարեւոր ու առանձնայատուկ է այն առումով, որ հոն կը բախին գերտէրութիւններու շահերը: Ան շեշտեց, որ տարածաշրջանի մէջ քարիւղը եւ կրօնական գործօնը իսկապէս վերածուած են քաղաքական գործօնի, եւ այդ առումով տարածաշրջանը մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ: Դեսպան Փոլատեան, որ արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ դեսպանի պաշտօն վարած է, նշեց, որ մեծ ջանքերու շնորհիւ Հայաստանի անկախութենէն ետք, յաջողած է Արեւելքի արաբական երկիրներուն հետ սկսիլ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու գործընթաց, եւ կարելի է ըսել այսօր արդէն Ծոցի արաբական բոլոր երկիրներուն հետ Հայաստանը ունի դիւանագիտական յարաբերութիւններ՝ բացառութեամբ Սէուտական Արաբիոյ: Ան յոյս յայտնեց, որ մինչեւ այս տարուան վերջը հայ դիւանագէտները կը յաջողին նաեւ այդ երկրին հետ յարաբերութիւններ ստեղծել:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ԱՐԵՒԵԼԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐ
Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժնի ղեկավար Ռուբէն Մելքոնեան նոյնպէս կարեւոր համարեց նման գիտաժողովի մը իրագործումը եւ նշեց, որ իր կարծիքով գիտաժողովին կազմակերպումը նաեւ վկայութիւն մըն է այն բանին, որ Հայաստանը արեւելագիտական գերտէրութիւն է։ «Չեմ գիտեր, թէ Հայաստանը ե՛րբ պիտի դառնայ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական գերտէրութիւն, բայց ան, որ արեւելագիտական գերտէրութիւն է, ես կասկած չունիմ: Մեր գիտական ներուժը նոյն այդ գերտէրութիւնը կերտող ամենակարեւոր հանգամանքն է: Ես կը կարծեմ, որ այս քայլերը եւ ուսումնասիրութիւնները կրնան նպաստել ոչ միայն գիտական խնդիրներու զարգացման, այլեւ ունին գիտակիրառական եւ շատ կարեւոր նշանակութիւն՝ տարածաշրջանին համար», ըսաւ Ռուբէն Մելքոնեան:
ԻՐԱՔԵԱՆ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԻ ՀԵՏ
2021 թուականին Հայաստանը Իրաքի Հանրապետութեան Էրպիլ քաղաքին մէջ բացաւ հիւպատոսութիւն, որուն համար հիմք հանդիսացած են Իրաքեան Քիւրտիստանի գործընկերներուն հետ աշխոյժ շփումները, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը եւ երկու ժողովուրդներու պատմական կապերն ու բարեկամութիւնը: Էրպիլի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արշակ Մանուկեան իր ելոյթին մէջ խօսեցաւ այդ կապերուն մասին, ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութիւն-Իրաքեան Քիւրտիստան յարաբերութիւններու սերտացման հնարաւորութիւններն ու Իրաքեան Քուրտիստանի տարածքի հայերուն եւ քիւրտերուն միջեւ շփումներն ու համակեցութիւնը:
ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի մօտ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար տքթ. Ահլամ Ռաշիտ ալ-Սալամի իր «Հանդուրժողականութիւնը եւ համակեցութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային փոքրամասնութիւններուն միջեւ» խորագրով զեկուցման մէջ ներկայացուց այդ երկրէն ներս ազգային փոքրամասնութիւններու, այդ կարգին նաեւ՝ հայերու նկատմամբ վարուող պետական քաղաքականութեան, փոխգործակցութեան եւ համակեցութեան մասին: Ան ըսաւ, որ իրապէս, հայկական համայնքները մեծ հեղինակութիւն կը վայելեն աշխարհի զանազան կողմերը, իսկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական համայնքը յատուկ տեղ ունի օտարազգի բազմաթիւ համայնքներուն մէջ:
Իր ելոյթին մէջ ան նշեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ հանդուրժողականութեան ու համակեցութեան արժէքներուն՝ ամրապնդելու համար իր դիրքերը որպէս հանդուրժողականութեան համաշխարհային կեդրոն, որ համապատասխան միջավայր կը ստեղծէ աշխարհի զանազան մշակոյթներուն համար, կը դառնայ հայրենիք բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք ներդաշնակութեան մէջ կը բնակին եւ կ՚աշխատին իր հողին վրայ:
Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու հայութեան մասին խօսեցաւ նաեւ «Azad-Hye» հայկական կայքէջը ներկայացնող Հրաչ Քալսահակեան: Անոր զեկոյցը խորագրուած էր «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքը. ներկայ եւ հեռանկարներ»: Ան մատուցանեց պատմականը, ներկան, առկայ իրողութիւնները, աշխարհիկ եւ հոգեւոր կառոյցներու գործունէութիւնը:
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Ծոցի արաբական երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ղեկավար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան իր «Քրիստոնէական ներկայութիւնը Ծոցի արաբական երկիրներու մէջ. պատմական զարգացումներ, առաքելութիւն եւ մարտահրաւէրներ» խորագրով զեկուցման մէջ վեր հանեց այդ տարածաշրջանի քրիստոնէական ներկայութիւնը՝ վաղ շրջանէն մինչեւ մեր օրերը: Ան ընդգծեց իսլամի ներթափանցումէն ետք առկայ առանձնայատկութիւնները, ապա փորթուգալական եւ անգլիական գաղութային շրջաններու իւրայատկութիւնները, ամերիկեան միսիոնարական կազմակերպութիւններու ծառայութիւնները՝ սկսած 1894 թուականէն: Քննարկուեցաւ նաեւ Ծոցի երկիրներուն մէջ առկայ կրօնական հանդուրժողականութիւնն ու համակեցութիւնը՝ անդրադարձ կատարելով նաեւ հայ համայնքներուն:
ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՆՔԸ
Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան կաճառի արաբական երկիրներու բաժնի վարիչ, պատմաբան Լիլիթ Յարութիւնեան իր «Քուէյթի հայ համայնքը. արդի միտումներ եւ մարտահրաւէրներ» խորագրով զեկուցման մէջ քննարկեց Քուէյթի հայ համայնքի կազմաւորման առանձնայատկութիւնները, համայնքի զարգացման հիմնական միտումներն ու առկայ խնդիրները: Ներկայացուց համայնքի հոգեւոր, կրթական եւ աշխարհիկ հիմնական կառոյցները, յատուկ շեշտադրում կատարեց Հայաստան-Քուէյթ յարաբերութիւններու զարգացման առանձնայատկութիւններուն ու հնարաւոր ուղղութիւններուն մասին: Լիլիթ Յարութիւնեան խօսեցաւ նաեւ այն խնդիրներուն մասին, որոնք իրենց բացասական ազդեցութիւնները կը ձգեն տարածաշրջանի հայ համայնքներուն վրայ, համայնքները կը նօսրանան: Քուէյթի հայ համայնքին մէջ, օրինակ, այսօր 4-5 հազար հայութիւն կայ: Հայութեան թիւը նուազած է նաեւ Սուիրոյ մէջ. նախկին շուրջ 100 հազար հայերու փոխարէն այսօր ոչ պաշտօնական տուեալներով 10-20 հազար հայ մնացած է Սուրիա: Լիբանանի մէջ մինչեւ 1975 թուականը կար շուրջ 250 հազար հաշուող հայ համայնք, այսօր անոնց թիւը կը հասնի 50-70 հազարի։ Եգիպտական նախկին հայաշատ համայնքը այսօր նոյնպէս քանի մը հազար հայ ունի:
Հակառակ սակաւաթիւ ըլլալուն եւ այդ երկիրներէն հայութեան արտագաղթի ահագնացող չափերուն, հոն ապրող հայերը աշխոյժ են:
ՀԱՅԵՐՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան կաճառի միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Արաքս Փաշայեանի զեկոյցը կը կրէր «Ինքնութեան կերպափոխումները Ծոցի տարածաշրջանի հայ համայնքներուն մէջ (արդի շրջան)» խորագիրը եւ նուիրուած էր Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին ներքին գաղթի հետեւանքով ձեւաւորուած հայ համայնքներու մէջ ընթացող հայապահպանութեան ուղղուած ջանքերուն։ Բանախօսը նշեց, որ անոնք թէեւ աղերսներ ունին Մերձաւոր Արեւելքի աւանդական սփիւռքին հետ, սակայն Ծոցի տարածաշրջանին մէջ սփիւռքացումը կ՚ընթանայ որոշակիօրէն այլ ճանապարհով՝ իր վրայ կրելով ներքին եւ արտաքին՝ աշխարհաքաղաքական գործընթացներու ազդեցութիւնը։ Մասնաւորապէս՝ 2003 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներխուժումը Իրաք, «արաբական գարնան» դէպքերը, Մերձաւոր Արեւելքի ազգային անվտանգութեան համակարգի փլուզումը, մեծ պետութիւններու մրցակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ, համաշխարհայնացման ներկայ մեծ թափը զգալի ազդեցութիւն ունեցան Ծոցի տարածաշրջանին մէջ հայկական ինքնութեան կերպափոխումներուն վրայ։
Հայկական սփիւռքին մէջ վերջին տասնամեակներուն հայապահպանութեան ուղղուած դժուարութիւններուն զուգահեռ որոշակիօրէն մեծցաւ հետաքրքրութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, որ շահեկան է հայապահպանութեան տեսանկիւնէ: Տեղեկացանք, որ արդի աշխարհի բազմակի ինքնութիւններուն մէջ հայկական ինքնութիւնը կը շարունակէ մնալ տիրապետող Ծոցի հայ համանքներու անդամներուն եւ հայկական ծագում ունեցող մարդոց մեծ մասին համար:
Յատկանշական ելոյթներ եղան նաեւ Ծոցի երկիրներուն մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան, Եգիպտոս-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու առանձնայատկութիւններուն, Չինաստանի համար Ծոցի տարածաշրջանի տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան մասին, ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ 2020 թուականի Արցախի պատերազմի ժամանակահատուածին Հայաստանի եւ հայութեան ընկալման միտումները արաբալեզու ընկերային ցանցերու վրայ նիւթին շուրջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան