ՀԱՒԱՏՔԻ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Այնպէս ինչպէս հազարաւոր տարիներ առաջ, նոյնպէս այսօր մարդոցմէ դրամ շորթելու լաւագոյն ձեւը հաւատքն ու կրօնքն է, որովհետեւ մարդիկ մի՛շտ ալ պատրաստ եղած են իրենց ինչքէն բաժին հանել՝ երբ պահանջքը կրօնական է:
Շորթել կ՚ըսենք, որովհետեւ նկատի չունինք բարերարութիւնն ու բարեգործութիւնը, ո՛չ ալ կատարուած ուխտի մը դիմաց Աստուծոյ տունին կատարուած պարգեւատրումը. շորթելը այն է, երբ ոմանք մարդոց կրօնական հաւատալիքները շահագործելով կը փորձեն գումարներ վաստակիլ եւ Աստուծոյ անունով հարստութիւններ դիզել:
Ինչքան ալ քիչ խօսուի անոնց մասին, գրեթէ ամէ՛ն տեղ են այդպիսիները. ոմանք բուժելու խոստումով, ուրիշներ փափաքներ ի կատար ածելու, իսկ ուրիշներ չարէն ազատելու եւ մարդիկը «փրկել»ով դէպի Աստուծոյ Արքայութիւն «առաջնորդել»ու խոստումով:
Այնպէս ինչպէս աշխարհը, նոյնպէս ալ հաւատքի կեդրոնները՝ եկեղեցիէն սկսեալ մինչեւ ոչ-օրինական աղօթատեղիներ, դրամի շուրջ է որ կը դառնան, ու յանկարծ Քրիստոսի քարոզիչները մոռնալով Մատթէոսի Աւետարանին մէջ Յիսուս Քրիստոսի տուած «ձրի՛ առէք՝ եւ ձրի՛ տուք» պատուէրը, կատարուած աղօթքի, մկրտութեան, պսակադրութեան եւ նոյնիսկ թաղելու համար գումար կը պահանջեն:
Մինչեւ օրս եկեղեցւոյ խորաններէն լսած եմ տարբեր պատգամներ ու նիւթեր, սակայն «ձրի՛ առէք՝ եւ ձրի՛ տուք»ին մասին երբեք ակնարկ չեմ նկատած, որովհետեւ վերջապէս ամէ՛ն մարդ կը սիրէ առնել ձրի, սակայն տալ գումարով, այլապէս ո՜ւր մնաց առեւտուրը:
Ձրիաբար ժողովուրդին ծառայելու կոչուածներ այսօր Տիրոջ պատուիրանին հակառակ, գումարով կը կատարեն այդ բոլորը, ինչ որ ծառայողէ աւելի պաշտօնեայի եւ աշխատողի տպաւորութիւն կը սկսի գործել մարդոց վրայ:
Վերջերս կը կարդայի ափրիկեան երկիրներէն Քոնկոյի մասին. երկիր՝ ուր աղքատ ժողովուրդը առաւելագոյնը օրական կրնայ վաստակիլ 1 տոլար, երկիր՝ ուր ծայր աստիճան աղքատութիւն է ցայսօր: Այդ երկիրին մէջ կայ «Քրիստոնեայ» քարոզիչ մը, որ տեղի ժողովուրդին կողմէ կ՚ընդունուի որպէս մարգարէ, այն համոզումով որ ան ունի կարողութիւն եւ շնորք ամէ՛ն տեսակ հիւանդութիւններ բուժելու (անշուշտ «Քրիստոս»ի անունով):
Աստուածաշնորհ այս քարոզիչին հաւաքները տեղի կ՚ունենան մարզադաշտի մէջ՝ աւելի քան տասնեակ հազարաւոր անձերու ներկայութեամբ, որոնք կու գան հաւատքի կուրութեամբ իրենց ունեցած-չունեցածը դնելու քարոզիչին քսակը՝ առողջանալու եւ ամէն տեսակ հիւանդութիւններէ ձերբազատելու նպատակով. 55 ամեայ քարոզիչը՝ Տոմինիք Խոնտէ իր «հաւատացեալ»ներուն ամէ՛ն անգամ կ՚առաջարկէ յատուկ օշարակ մը, որ ըստ քարոզիչին, մինչեւ իսկ մի քանի առիթով մեռելը կենդանացուցած է:
Բուժումի միջոցը նոյնն է. յատուկ պատրաստուած օշարակէն խմէ: Քոնկոյի աղքատ քաղաքացիներ առողջանալու երազնաքով քարոզիչէն կը գնեն 14 տոլարի ծախուող «հրաշք» օշարակները, որոնց արտադրութեան համար քարոզիչը ներկայիս գործարան հիմնելու միտք ունի:
«Ձրի՛ առէք՝ եւ ձրի՛ տուք»ին հաւատարիմ ըլլալու կոչուած քարոզիչը փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, այսօր տէր է աւելի քան 5 միլիոն տոլարի հարստութեան եւ կը համարուի Քոնկոյի մեծահարուստներէն մին:
Մեղադրել քարոզի՞չը, թէ այն հաւատացեալները, որոնք իրենց չունեցած հարստութիւնը կու տան քարոզիչին՝ իրենց հաւատքին իրականացումը տեսնելու համար:
Հաւանաբար անհաւատալի թուի, սակայն Լիբանանի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ նոյնիսկ տեսած եմ գիներու ցանկ մը՝ հետեւեալ բովանդակութեամբ.-
Պսակադրութիւն մէկ քահանայ՝ 50.000 լ.ո.
Պսակադրութիւն երկու քահանայ՝ 100.000 լ.ո.
Պսակադրութիւն եպիսկոպոս՝ 150.000 լ.ո.
Ցաւ ի սիրտ, այսօր եկեղեցին սկսած է դառնալ առեւտուրի կեդրոն, ուր աղօթքն ու օրհնութիւնը կը ծախուին։ Խորքէն ուսումնասիրեցէք մեր ծխական եկեղեցիներուն կեանքը. այդտեղ նկատի կ՚առնուի մոմի համար կատարուած վճարումները, նուիրատութիւններու քանակը, բանկալին կողմէ ծախուած փոքր գիրքերուն գումարները, պատարագի ընթացքին շրջող ափսէին մէջ դրուած գումարը եւ գրեթէ ամէ՛ն բան՝ որ տեղ գտած չէ Յիսուս Քրիստոսի քարոզութիւններուն մէջ:
Նոյնիսկ կան եկեղեցիներ, որոնք առնելիք գումարին համաձայն կ՚որոշեն պսակադրութեան ժամանակ քանի ջահ լուսաւորել, արարողութիւնը քանի հոգիով երգել եւ այլն:
Վերջերս ամերիկեան լրատուական կազմակերպութիւն մը կը յայտարէր ցանկը ա՛յն քարոզիչներուն, որոնք իրենց հսկայական հարստութեանց կողքին ունին անձնական ուղղաթիռներ. անոնցմէ մին մինչեւ իսկ կը յայտարարէր, որ այս բարգաւաճումը տեղի կ՚ունենայ Աստուծոյ հրամանով... Էշու վրայ նստած Տէրը իր քարոզիչներուն կ՚առաջարկէ սեփական ուղղաթիռ ունենալ՝ ի փառս Աստուծոյ եւ Քրիստոնեայ համայնքին:
Հայ եկեղեցւոյ մէջ (գիտնալովս) տակաւին սեփական ուղղաթիռներ ունեցողներ չկան, սակայն պակաս չեն մեծահարուստ եկեղեցականները, որոնք մեր շրջանակներէն դուրս՝ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու մէջ եկեղեցական ըլլալու կողքին տէր են խանութներու եւ առեւտրական կեդրոններու:
Ինչեւէ, պէտք չէ մոռնալ, որ այդ բոլորը կը կատարուին ի փառս Աստուծոյ...:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳԷՈՐԳ ՉՄՇԿԵԱՆ
(1934-2004)
Մեր թուականէն 88 տարիներ առաջ՝ 14 յուլիս 1934-ին Տաւուշի մարզի Բերդ գիւղին մէջ ծնած է թատերագիր եւ Գրողներու միութեան անդամ Ժիրայր Անանեան:
Անանեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ընդունուած Երեւանի Միքայէլ Նալպանտեանի անուան միջնակարգ դպրոց, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1952 թուականին: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք ընդունուած է «Խաչատուր Աբովեան» մանկավարժական կաճառի պատմական եւ բանասիրական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1958 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք որպէս խմբագիր աշխատած է Հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի կոմիտէութենէն ներս, ապա ստանձնած է աւագ խմբագիրի, ինչպէս նաեւ գրականութեան եւ արուեստի բաժինի վարիչի պաշտօնը:
Անանեան ուսանողական տարիներէն սկսած է գրել թատրերգութիւններ. անոր առաջին թատրերգութիւնը՝ «Տիպլոմի համար» խորագրով առաջին անգամ ներկայացուած է «Խաչատուր Աբովեան» մանկավարժական կաճառի բեմին վրայ:
Անանեանի ամենէն սիրուած թատրերգութիւնը եղած է «Թաքսի, թաքսի» ներկայացումը, որ ծանօթ է նաեւ «Սէրը ճամպրուկի մէջ» խորագրով։ Յիշեալ թատրերգութիւնը ներկայացուած է Արտաշատի Ամօ Խարազեանի, Ստեփանակերտի Մաքսիմ Կորքիի անուան թատրոնի, Ստեփան Շահումեանի, Յակոբ Պարոնեանի, Ալեքսանտր Շիրվանզատէի, ինչպէս նաեւ ալ թատերաբեմերու վրայ: Նոյն ներկայացումը բեմադրուած է Խորհրդային Միութեան պետական թատրոնի բեմին վրայ, արժանանալով աւելի քան 100 կրկնութեան:
Անանեանի թատրոնները մեծաւ մասամբ կատակերգութիւններ են. անոնցմէ յայտնի են «Անծանօթ ամուսիններ», «Իմ տունը քո տունը չէ», «Ես եմ, եկել եմ», «Իրարանցում», «Կարուսել» եւ այլ ներկայացումներ:
Շնորհիւ իր տաղանդին, Անանեան 1980 թուականին եղած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ:
Թատերագիրը մահացած է 24 Ապրիլ 2004 թուականին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ