ՄՇՏԱՊԷՍ ԱՂՕԹԷ՛
-Հա՛յր, այդքան մարդոց հետ շփուելէ վերջ, երեկոյեան շատ յոգնած կ՚երեւիք։ Իսկ առաւօտեան ձեր դէմքին յոգնածութեան նշոյլ մը անգամ չի մնար։ Այդ ինչպէ՞ս կ՚ընէք։
-Հը՜մ, պարանը չեմ կտրեր (աղօթքը)։
-Երբեմն, երբ հնազանդութիւն կատարելու պատճառաւ երեկոյեան ժամերգութեան չեմ մասնակցիր ու կը զգամ սարսափելի յոգնածութիւն մը, կ՚ըսեմ. «Երկննամ ու պառկած աղօթեմ», սակայն, ի վերջոյ, քունս կը տանի եւ կարգը չեմ կրնար կատարել։
-Ո՛չ թանկագինս, նոյնիսկ, եթէ շատ յոգնած ես, առանց աղօթելու անկողին մի՛ մտներ քնանալու։ «Սուրբ Աստուած»ը, յիսուներորդ սաղմոսը կարդայ, ակնածանքով համբուրէ Քրիստոսի, Աստուածածնի պատկերները, բարձդ խաչակնքէ, այնուհետեւ պառկէ։
Զարթուցիչը արարողութեան սկիզբէն ժամ մը առաջ դիր, որպէսզի ելլես եւ ընթերցես կանոնը։ Անհրաժեշտ է ինքնահարկադրում։ Ըրէ՛, քանզի այդպէս է պէտք, սակայն ըրէ ի սրտէ։ «Աստուած կը սիրէ զուարթառատ տուրքը» (Բ Կորնթ. 9:7)։
-Իսկ երբ ամենեւին ուժ ու ցանկութիւն չկա՞յ։
-Հարկադրէ՛ ինքզինքդ՝ զբաղելու հոգեւոր որեւէ բանով։ Ջանա՛, ամէն օր թէկուզ քիչ մը ժամանակ տրամադրելու հոգեւոր ընթերցանութեան ու աղօթքին։ Ընթերցանութիւնը, աղօթքը, սաղմոսերգութիւնը կենսանիւթեր են, որոնք անհրաժեշտ են հոգւոյն ամէն օր։ Անկարելի է թոյլ տալ, որ օրը անցնի բոլորովին առանց աղօթքի։
Կը յիշեմ, պատերազմի ժամանակ եթէ քանի մը օր յարձակում չէր ըլլար, միեւնոյնն է, թէկուզ քանի մը կրակոց կ՚արձակէինք, որպէսզի թշնամին չկարծէր, թէ քնած ենք ու չփորձէր յանկարծակի յարձակում գործել։
Նոյնն է նաեւ հոգեւոր պատերազմի մէջ։ Երբ, երբեմն կը զգանք տկարութիւն ու չենք կրնար ամբողջ կարգը լրիւ կատարել, գոնէ քիչ մը ծնրադրութիւն ընենք, աղօթենք Տէր ողորմեայով, որպէսզի «չկտրենք պարանները»։ Չընդհատենք հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ հետ։ Թէկուզ քանի մը կրակոց արձակենք, որպէսզի գերի չիյնանք բանսարկուին։ Իսկ երբ ուշքի գանք, կրկին սկսինք մեր սովորական պատերազմին։
Եթէ վանականը կը դադարի հոգեւոր վարժանքներ կատարելէ, ծնրադրութիւն չ՚ըներ, մէկ կողմ կը ձգէ Տէր ողորմեան, ապա շուտով կ՚օտարանայ։ Կրնայ աշխատիլ, իսկ ո՛չ աղօթել։
Կը տեսնեմ վանականներ, որոնք մշտապէս կ՚աշխատին՝ մէկ կողմ ձգելով ընթերցանութիւնն ու աղօթքը։ «Այս ալ ընեմ, այն ալ ընեմ», կ՚ըսեն, աղօթքը մէկ կողմ կը ձգեն եւ ի վերջոյ, կ՚օտարանան, դառնալով աշխարհիկներու։
Տեսած եմ բանուորներ, որոնք կրնան կիզիչ արեւուն տակ քար տաշել կամ ամբողջ օրը փայտ կոտրել, սակայն թէկուզ եռակի վճարեն անոնց՝ կէս ժամ չեն կրնար անցընել եկեղեցիի մէջ։ Կ՚ելլեն փողոց ու կը ծխեն։ Նկատած եմ այդպիսի բան։
Երբ մարդը կը դադրի աղօթելէ՝ կը հեռանայ Աստուծմէ ու կը դառնայ եզան պէս՝ կ՚աշխատի, կ՚ուտէ ու կը քնանայ։ Եւ որքան աւելի կը հեռանայ Աստուծմէ, այնքան աւելի վատը կը դառնայ։ Սիրտը կը պաղի եւ ան այլեւս ընդհանրապէս չի կրնար աղօթել։ Ուշքի գալու համար անհրաժեշտ է, որ սիրտը փափկի, դառնայ ապաշխարութեան եւ ըլլայ գթաշարժ։
ՍՈՒՐԲ ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024