ԵԿԱՅ ՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՅ

Իմ սիրտը կը բաբախէ տասնեակ քիլօմեթրեր անդին: Երեւանէն լսելի չեն բաբախները: Անոնք հոն են՝ հեռու հեռաւոր դրախտավայրին մէջ: Ուղեղս, սիրտս ու հոգիս մշտապէս տունն են: Տուն, որու դուռը ես կողպեցի հեռաւոր 2010 թուականին: Թափթփածութեան պատճառով մոռցայ ինծի հետ վերցնել ամենակարեւորները, թէպէտ բնոյթով կոկիկ անձ մըն եմ:

Ամենակարեւորը մնաց եւ ամէն առիթով զիս կը կանչէ տուն: Չի ձգեր ուրիշ տեղ հանգչիմ, լիցքաթափուիմ: Կարծեմ քիչ մը խանդոտ է: Չ՚ուզեր զիս ուրիշի հետ կիսել: Առիթը չձգելով, իմ սրտի իւրաքանչիւր բաբախումը կը վերագրէ իրեն: Կ՚ամբարէ սիրոյ կաթիլները: Այո, խենթի պէս սիրահարած եմ, կը սիրեմ զայն: Իրմէ հեռու կ՚ըլլամ շնչահեղձ:

Նախապէս որոշած էի այցելել իրեն: Քանի մը օր, շաբաթ մը փարիլ իր կուրծքին: Վերջապէս հանգչիլ: Զմայլիլ իւր չքնաղագեղ գեղեցկութեամբ: Սփոփել իր տակաւին թարմ, չսպիացած վէրքերը: Ամուր գրկել, խոստովանիլ իմ անսահման սէրը եւ զօրակցութիւնը: Ըսել, թէ որքան դժուար է ապրիլ իրմէ հեռու...

Իսկ հանգիստի երկրորդ հատուածը պիտի վայելէինք ծովափին: Աղի ջուրն ու ծովի աւազը օգտակար է թէ՛ մեծիկներու, թէ փոքրիկներու համար: Աւելի շատ փոքրիկները գոհացնելու, հաճելի ակնթարթներ պարգեւելու համար որոշած էինք մեկնիլ մեր հարեւան միակ քրիստոնեայ երկիրը՝ Վրաստան: Սակայն, անսպասելի աստուածահաճոյ գաղափար մը վերջակէտ դրաւ նախապէս ծրագրաւորած արձակուրդին: Հանգստեան օրերը պիտի անցընէինք երեւանեան կիզիչ արեւուն տակ՝ անկապ ու անիմաստ: Քիչ մը տխրեցայ: Միեւնոյն ժամանակ ուրախութեամբ փառք տուի Տիրոջը, մեզ՝ անարժաններս այսքան շատ սիրելու համար:

Ես գոցեցի արձակուրդի նիւթը, այլեւս տունի մէջ չէինք արծարծեր այդ էջը: Մենք մոռցանք ու համակերպեցանք, սակայն ոչ երբեք մեր երկնային Հայրը: Ոչ մէկ ծնող կ՚ուզէ կոտրել իւր զաւակի սիրտը կամ անկատար թողնել վերջինիս բարի փափաքը: Կրկին հիացայ աստուածային անսահման սիրով, ինչպէս նաեւ ամչցայ, տխրեցայ, որ նոյնութեամբ տակաւին չեմ կրնար պատասխանել իմ երկնային Հօրը: Տէրը անարժանս միշտ կը յիշէ ու կը պարգեւատրէ: Ան միշտ ողորմած է մեր նկատմամբ:

Անցեալ չորեքշաբթի էր: Իմ մտքի մէջ կը խորհէի բարձրաձայն. «Եթէ այս ամառ չերթամ, տարի մը վերջ հազիւ կրնամ այցելել իրեն: Սակայն տարի մը չեմ կրնար սպասել: Պիտի խենթանամ կարօտէն: Այդ անասելի կարօտը սկսած է կրծել իմ հոգին: Օրէ օր կը մաշիմ: Բաց աստի, տարի մը չէ, երկու տարի ինչպէս հեռու մնամ...»:

Խոկումի պահուն պայծառացաւ իմ միտքը. «Իսկ ո՞վ ըսաւ, թէ չենք կրնար մեկնիլ»: Քիչ մը ծանրութեթեւ ընելէ վերջ, համոզուեցայ, որ մեր նիւթական վիճակը թոյլ կու տայ մեզի փարատելու կարօտը: Աստուծոյ կամօք ու ողորմածութեամբ պիտի հասնիմ քեզի: Կը բաւէ այս բոլորը քննարկել Արիի հետ ու գալ նոյն յայտարարի:

Երեկոյեան ընթրիքէն վերջ հրաւիրեցի ընտանեկան ժողով, խորհրդակցութիւն: Հրաւիրուած էր նաեւ Զաւէնիկը՝ առաջին անգամ, շուտով հինգ տարեկան պիտի դառնայ: Դանիէլն ալ ազատ ունկնդիր էր. կը նստէր մեր քովը, իր բազկաթոռի մէջ ու կը ճօճուէր:

Իմ կարօտը քանի մը բառով պատմելէ վերջ Արին դիւրութեամբ համաձայնեցաւ: Զաւէնիկը ուրախութենէն սկսաւ թռչկոտելու: Բոլորս գոհ ու երջանիկ էինք:

Սպասէ սիրելի՜ս: Շուտով պիտի գանք:

Գաւաթ մը լիքէօրով նշեցինք մեր ուրախութիւնը: Արին նոյնպէս շատ ոգեւորուած էր: Վերջին անգամ պատերազմէն առաջ այցելած էր երկիր դրախտավայր:

Շաբաթ առաւօտեան ճամբայ ինկանք: Ուղղութիւնը Ստեփանակերտ: Դէպի տուն վեցժամեայ ճանապարհը ինծի համար անցաւ ակնթարթի պէս՝ ինչպէս միշտ: Այս անգամ Արին նոյնպէս ճանապարհը շատ հանգիստ անցուց: Արցախը վայելելու համար երեք օրը շատ քիչ է, սակայն, փառք Աստուծոյ, կարեւորը այցելութիւնն է: Ի սկզբանէ բաւարարուեցանք: Բաց աստի, Երեւանի մէջ ունէինք անյետաձգելի գործեր, որոնք անհրաժեշտ էր աւարտին հասցնել ժամ առաջ: Թէ ոչ քանի մը օրով եւս կրնայինք երկարացնել մեր արձակուրդը:

Արցախիս սահմանը հատելէ վերջ քունը փախաւ մեր աչքերէն: Մեր տրամադրութիւնը ժամանակաւորապէս փոխուեցաւ: Գլուխս ցաւիլ սկսաւ: Պատճառը անյատակ տխրութիւնն էր ու մեր առջեւ բացուող կենդանի քրքրուած քարտէսը: Արին նոյնպէս շատ տխրեցաւ: Այս հողերը հայերէն կը շնչեն, միակ մխիթարանքը այս է: Ամէն բան անցողիկ է, ներկան է անմխիթար:

Ունեցանք երեք անմոռանալի, յիշարժան ու յագեցած օրեր: Այցելեցինք մեր ընկերներուն ու բարեկամներուն: Ամէն բան հրաշալի էր: Թէկուզ վիրաւոր, Արցախը կ՚ապրի, կը շնչէ, կը ծաղկի ու կը բարգաւաճի: Օրէ օր հայութեան երկրորդ մայրաքաղաքը ա՛լ աւելի կը գեղեցկանայ: Կը բացուին նոր ու գեղեցիկ, ժամանակակից սրճարաններ ու ճաշարաններ, խանութներ, զուարճանքի կեդրոններ: Կը բարելաւուի քաղաքի արտաքին տեսքը:

Այս բոլորի կողքին աշխոյժ քաղաքին կը հետեւի տխրութեան ուրուականը: Կարծես ամէն բան հրաշալի է, սակայն անտեսանելի վիշտն ու թախիծը կը հետապնդէ իւրաքանչիւրը: Այստեղ ամէն ժպիտի տակ քօղարկուած է անյատակ անորոշութիւն, հիասթափութիւն ու ցաւ:

Մայրաքաղաքի մէջ ճեմելու ատեն պահ մը կը մոռնաս տեղի ունեցածը, սակայն գլուխդ վեր բարձրացնելուն պէս, պատառոտած սարերը կը սկսին լալ, բարձրաձայնել իրենց վիշտը: Շրջափակումի մէջ յայտնուած մայրաքաղաքը կը շարունակէ ապրիլ ու ապրեցնել, անտեսելով ամէն տեսակ վտանգ:

Երեք օրը անցաւ, վերադարձանք: Այս անգամ Արցախը ինձմէ աւելի շատ բան առաւ, պահեց տեղ մը ու պահանջեց շուտափոյթ վերադարձ: Քեզմէ հեռու ապրիլը այլեւս անտանելի է: Վերադարձի ճանապարհին արդէն սկսայ կարօտնալ: Ինչպէ՞ս պիտի դիմանամ...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022