ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
Ապրիլ 24-ը, որ խորհրդանշական թուականն է Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբին, ցոյց կու տայ այն օրը, երբ ձերբակալուեցան արեւմտահայ մտաւորականներն ու աքսորուեցան Այաշի ու Չանքըրըի ճամբարները։ Իրենց անցած այս աքսորի ուղին հարիւր տարի անց իրականացող միջազգային նախագծի մը ներշնչումը կու տայ։ 31 Օգոստոսին պիտի սկսի «Շարժիլ միասնաբար» խորագրեալ նախագիծ մը, որ պիտի հետեւի նահատակ մտաւորականներու անցած ուղիին ու պիտի արձանագրէ վկայութիւններն ու յիշատակները։ Նախագծի կազմակերպիչներն են «DVV International» գերմանական կազմակերպութիւնը, Պատմութեան հիմնարկը եւ Երեւանէն «Հազարաշէն» ազգագրական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը՝ հովանաւորութեամբ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան։
Մասնակիցները Հայտարփաշայէն երկաթուղիով պիտի ուղղուին նախ Այաշ, ապա Տերսիմ, պիտի այցելեն Մուշի Վարդօն եւ Աղրըն՝ հուսկ Վրաստանի վրայով հասնելու համար Հայաստան։ Խումբը Հայաստանի մէջ պիտի այցելէ Կիւմրի, Թալին եւ Էջմիածին, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղացի ժողովուրդին հետ, զրուցելով 1915-ի դէպքերը վերապրածներու սերունդներուն հետ։
Նախագծի համակարգողն է Այշէ Էօքտէմ։ Ան ըսաւ, թէ կը նախատեսեն ծրագիրը աւարտել Սեպտեմբերի վերջաւորութեան, Երեւանի մէջ։ Ան տեղեկացուց, որ նախագծին պիտի մասնակցին Թուրքիայէ եւ Հայաստանէ տասնական համալսարանականներ, Գերմանիայէ, Թուրքիայէ եւ Հայաստանէ նախագծի խմբակներ եւ մէկական գրող Թուրքիայէ եւ Հայաստանէ։
Բանաւոր պատմութեան աշխատանք մը պիտի ըլլայ ըստ էութեան այս մէկը, որու մասին պիտի պատրաստուի նաեւ ճանապարհի ամսագիր մը։ Էօքտէմ տեղեկացուց, որ իրենց համար կարեւոր է այցելել Այաշը, որ նահատակուած մտաւորականներուն առաջին կայանը կը հանդիսանար։
Ան ըսաւ, որ Անգարայի իրենց շփումներու ծիրով տեղի պիտի ունենան ձեռնարկներ, որոնց պիտի մասնակցին նաեւ խորհրդարանականներ։ «Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի անց այսօր խորհրդարանին մէջ կան երեք երեսփոխաններ։ Թէեւ թիւով քիչ են, սակայն այս մէկն ալ կրնանք ընդունիլ պատասխանի ձեւ մը։ Հարիւր տարի անցաւ, սակայն չյաղթեց իթթիհատական մտածելակերպը», ըսաւ ան։
Ան տեղեկացուց, որ Անգարայէն երկաթուղիով պիտի երթան Երզնկայ, ուրկէ ալ պիտի անցնին Տերսիմ, ուր պիտի կատարեն հայկանան ցեղասպանութեան եւ Տերսիմի կոտորածին միջեւ աղերսներ ի յայտ բերող աշխատանքներ։ Պիտի ջանան գտնել հետքերը 1915-ին ալեւիացած, սակայն աւելի ետք, 1938 թուականին Տերսիմի կոտորածի ընթացքին «զազա» ըլլալու պատճառով կոտորուած հայերուն հետքերը։
Էօքտէմ նշեց, թէ յարաբերութեան մէջ պիտի ըլլան իրենց այցելած քաղաքներու վարիչներուն հետ։ Ան յոյս ունի, որ Աղրըի մէջ փողոց մը անուանակոչուի հայերէնով։ Այս նախագծի առթիւ պիտի կազմակերպուի նաեւ շրջուն ցուցահանդէս մը, որու ընթացքին պիտի ցուցադրեն հայոց պատկանող յիշատակներ, առարկաներ։
Այն համալսարանականները, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ այս շահեկան ուխտագնացութեան, կրնան մինչեւ Յուլիսի 1-ը դիմել, Պատմութեան հիմնարկի (Tarih Vakfı) կայքէջէն։