ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ «Ն.»ԻՆ

1956-ին Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնէ պոլսահայ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի (1894-1924) «Ամբողջական գործեր» հատորը, որուն մէջ ամփոփուած են բանաստեղծի կենդանութեան ժամանակ լոյս տեսած երկու հատորներու մէջ ընդգրկուած բանաստեղծութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ անոր անտիպ քերթուածները, օրագրութիւնը, նամակներն ու արձակ էջերը: Հատորը լոյս կը տեսնէ Զարիֆեանի քրոջ՝ Սիրան Սեզայի (Սիրան Զարիֆեան Քիւփէլեան) եւ Վահէ Վահեանի խմբագրութեամբ: Գիրքին մէջ են նաեւ Զարիֆեանի սիրային նամակներէն փունջ մը, եւ նաեւ իր նշանածին՝ Ն.-ին յղուած նամակներէն: Ինչպէս գիրքի խմբագիրները կը նշեն, այդ էջերը կը ներկայացնեն փոքր մէկ մասը Ն.-ին ուղղուած այն նամակներուն, որոնք գրուած են 1921 թուականի գարնանասկզբէն մինչեւ աշնանավերջ երկարող շրջանին։ Մնացեալները փճացուած են նամակագիրին կողմէ կամ կորսուած։ Ինչպէս 1921-ի նոյն ամիսներու սահմանին մէջ ինկող օրագրութիւններն ալ ցոյց կու տան, Ն.-ն այն աղջիկն է, որուն հետ նշանուած էր Զարիֆեան։ Այս նամակներուն մէջ գործածուած «Մելիսանտ»ը, մտերմական անուն մըն է՝ բանաստեղծին կողմէ տրուած։ Նշենք նաեւ, որ Զարիֆեանի արխիւին մէջ կը պահպանուի Նոյեմիի լուսանկարը, որուն կռնակին բանաստեղծը անգլերէնով գրած. «Իմ հրեշտակն է»:

ՆԱՄԱԿՆԵՐ Ն.-ԻՆ

Սիրելի Մելիսանտ,

Հիմա արթնցայ։ Առաջին մտածումս սա եղաւ. - ուրեմն, երազ մը չէր։ Յստակ կը տեսնէի, թէ երազ չէր, բայց, կրկին, տարօրինակ կասկած մը իր ցուրտը կը պտտցնէր հոգիիս մէջ, ու չէի կարող չըսել ինքս ինծի, ժպտելով...

-Այո՛, իրա՜ւ է, մեծ բարեկամուհի մը գտայ, գրեթէ դպայ անոր հոգիին, եւ այդ հոգին թուեցաւ ինծի, թէ պզտիկ լիճ մըն էր՝ լուսինով ողողուած։ Ան շատ քաղցր բառեր մրմնջեց ականջիս, ու ես համբուրեցի զինք, ինչպէս մահամերձը կը համբուրէ իր շրթներուն մատուցուած վարդ մը, այն րոպէին իսկ երբ գարնան մը բոլոր յոյսերը կորսնցուցած է ա՛լ...։

Չէ՛, չէի կրնար չըսել այդ բոլորը...։

Եւ սա րոպէին իսկ, նստած նոյն այն բազկաթոռին, ուր իրար սիրեցինք այնքան քնքշօրէն, ու սա սեղանին վրայ հակած, որ վկան եղաւ մեր համբոյրին՝ չեմ կարող չըսել...

-Երա՜զ մըն էր...։

Ըսե՞լ, թէ հոս աչքերուս առջեւ է դեռ այն պզտիկ սանտըրը, զոր մոռցար փախուստիդ միջոցին։

Էհ, իրաւ ալ, սիրելիս, երազ մըն էր այդ բոլորը։ Կըրնա՞ր ուրիշ բան ըլլալ։ Կարելի՞ է։ Ի՞նչ է ուրեմն կեանքը ինքնին...։

*

Հիմա, աւելի գոյն ու ձեւ տալու համար մտածումներուս, պէտք է որ խօսիմ քեզի իմ երդումիս մասին, կը յիշե՞ս։ Վստահ եղիր, պզտիկս, ոչ ոք պիտի գիտնայ։ Գիշերը իր բոլոր խենթութիւններով տարած եմ թաղելու հոգիիս խորքը, ուր տարիներէ ի վեր երկիւղածութեամբ կը պահեմ մէկ քանի գաղտնիք։ Ա՜հ այդ գաղտնիքները, պզտիկ տժգոյն ծաղիկներ՝ որոնցմէ կազմուած է իրական կեանքը...։

Կը յիշե՞ս, թէ երդում ըրի մեռած եղբօրս հոգւոյն վրայ։ Գինով չէի։ Եւ այս երկուքը բաւական են վստահեցնելու քեզ, իմ երդումիս անկեղծութեանը վրայ։ Ահ, եթէ միայն գիտնաս, թէ այդ մեռած եղբօրս յիշատակը որքա՜ն սիրելի է ինծի, ամենաթեթեւ կասկածն իսկ պիտի չունենաս։

Ոչ ոք գիտցաւ, կարծեմ, մեր փախուստը պարասրահէն, բացի Մեսրոպէն, Քէշիշէն եւ Լիւսիէն։ Անոնք նշմարեր էին մեր բացակայութիւնը ու վերադարձիս բացատրութիւն ուզեցին, (որովհետեւ, քեզ մինչեւ տուն ձգելէ յետոյ, վերադարձայ պարասրահ)։ Ըսի թէ շամբայնը անհանգիստ ըրած էր քեզ, եւ թէ՝ մինչեւ ձեր տունը ընկերակցած էի քեզի։ Այդ սուտէն ետք, հարկ էր հնարել ուրիշ մը. որով, ըսի թէ դպրոց գացեր էի եւ հոն անցուցեր մնացած ժամանակը, իմ աշխատասենեակիս մէջ, քերթուած գրելով։ Շամբայնը եւ պարը զանոնք յոգնած տղոց վերածեր էին. պիտի հաւատային՝ եթէ ըսէի թէ սատանան տեսնել գացեր էի...։

Այդպէս, ամէն բան կը մնայ մեր միջեւ։ Պէտք է որ բոլոր կասկածներդ փարատին...։

Ժամը 10-ն է։ Այնքան մռայլ է դուրսը։ Միշտ նոյն ուժգին հովը։ Կը յիշե՞ս երէկ գիշերուան հովը. մեր հոգիներուն նման սադայէլական բան մը ունէր ան ալ։ Երեւակայէ պարտէզը, ուր կեցած էինք միասին, ու հո՜վը, հո՜վը... Դժոխքէն եկած չէ՞ր թուեր ան...։

Երէկ, այս ժամուն, դեռ այնքան անտարբեր էինք իրարու։ Հազիւ կը խօսէինք, գրեթէ վայրագ։ Ճակատագրի սա խաղե՜րը տարօրինակ...։

Կը մտածեմ մեր առաջին պտոյտին՝ փողոցին մէջ։ Տարօրէն քաղցր բան մը կը ծփար արդէն մեր հոգիներուն խորը, բայց դեռ այնքան տարտամ էր։ Յետոյ, մեր երկրորդ փախուստը սրահէն՝ արդէն սկիզբ մը չէ՞ր...: Յանկարծ կը դեդեւիս, գլուխդ կը դնես ուսիս. աստղերուն տակ՝ աչքերուդ մութը կը բարձրանայ նայուածքիս...։

Չեմ ուզեր աւելի երկար գրել։ Կը վախնամ շատ բան ըսելէ։ Պէտք է, որ պատասխանես ինծի. քու նամակդ պիտի արթնցնէ իղձը ըսելու շա՜տ կամ ըսելու ոչի՜նչ։

Յ. Գ. Ի՞նչպէս վերադարձնեմ քեզի սանտրդ...։

2

Երկուշաբթի...

Վաղը պիտի տեսնեմ քեզ։ Ոչ մէկ վաղը ա՛յնքան հեռու թուած է ինծի։

Կը մտածեմ, երբ մինակ մնամ, թէ ի՛նչ պիտի ընենք վաղը Փրինքիբոյի բլուրներուն վրայ, աղուոր շոճիներուն տակ։ Ու տարօրինակ երազներն ու խաղերը սիրոյ կը լեցնեն մտածումս։

Կիրակի Գիշեր, 20 Մարտ 1921

Ժամը 1-ը կ՚անցնի. չեմ կրնար քնանալու երթալ դեռ, հակառակ սաստիկ յոգնած ըլլալուս։

Քիչ առաջ, դպրոցէն դուրս ելայ ու երկար պտոյտ մը ըրի ամայի փողոցներու մէջ։ Երբ ձեր տան առջեւէն կ՚անցնէի, վայրկեան մը կեցայ, եւ իսկոյն գիշերուան հեշտանքը մտաւ հոգիէս ներս... Յանկարծակի եւ ուժգնօրէն զգացի նորէն, ինչպէս վերջերս յաճախ կը զգամ, կեանքը անդիմադրելի յորդում մը մարմնիս վրայ ու սրտիս խորը...։

3

Սիրելի Մելիսանտ,

Այս չէ նամակը զոր խոստացայ քեզի։ Շուտով պիտի գրեմ զայն, բայց որպէսզի չսպասես եւ կասկած չունենաս առողջութեանս մասին, այս տողերը կը գրեմ քեզի։ Քոյրդ կը խաղայ պարտէզին մէջ. կրնամ իրեն հետ ղրկել։

Կատարելապէս վստահ եղիր։ Հրաշալիօրէն լաւ կը զգամ։ Իրաւ է թէ պզտիկ անհանգստութիւն մը ունեցայ, որ նոյնիսկ թեթեւ պաղառութիւն մը չէր։ Գլխու ցաւ մը, ոչինչ բան մը, որ շուտով անցաւ։

Եւ դո՛ւն, ի՞նչ կ՚ընես։ Ի՞նչ ըրիր այն տարօրինակ գիշերէն ի վեր։ Պէտք է նոթագրել այդ գիշերը՝ որպէս երկրորդ «խենդութեան գիշեր» մեր «Բարեկամութեան Պատմութիւն» կամ «Ս... ի Պատմութիւն» գրքին մէջ...։ Արդէ՞ն…։

Կը մտածեմ այն քաղցր հաշտութեան՝ որ մեր հոգիները ըրին թրքական գերեզմանատան մէջ, այդ սեւ եւ անհուն նոճեստանին մէջ։ Ինչքա՜ն աղուոր էիր այդ պահուն։ Ա՜հ, այն դողը եւ քաղցրութիւնը որ մեր հոգիները մղեց ներել իրարու։ Ոչ իսկ բառ մը կամ գգուանք մը մոռցած եմ...։

Յետոյ, քու վախդ վերադառնալու տուն... կ՚ըսէիր, թէ յանդիմանութիւն պիտի լսես մօրմէդ եւ կու լայիր անհուն ու սեւ նոճիներուն տակ։ Լուսինն ալ կու լար քու վրայ, հէ՜ք պզտիկ Մելիսանտ...։

Ու մեր փախո՜ւստը ստուերին մէջէն...: Մեր ապաստանիլը բարեկամներու մօտ, նման երկու թռչուններու՝ որոնք ա՛լ կորսնցուցած են իրենց վախը մարդերէն։

Ինչքան ազնիւ էր Զարեհը...։ Ու Մալվինը՝ որ կարող էր առանց մեծ դժուարութեան ըմբռնել մեզի պատահածը...։ Զարեհը իրական ճենդլմեն մըն է. իսկ կինը՝ ծանօթ չէ՞ արդէն սիրոյ կածաններուն...։

Ու մեր ճաշը։ Այնքան հաճոյքով ըմպեցի գինին։ Կը զարմանայի, որ գէշ կը նկատէին եւ անտանելի համ կը գտնէին. իսկ ես այնքան տանելի կը գտնէի զայն. որովհետեւ, այդ տժգոյն-կարմիր ըմպելին չէր որ կը խմէի գաւաթիս մէջէն, այլ բոլորովին ուրիշ բան...։

Քիչ մը հոգիդ էր...։

Ու ժամե՜րը որ անցուցիք հիւրասրահին մէջ, դո՛ւն, ե՛ս ու Մալվինը. յաճախ դուն եւ ես մինակ՝ երբ Մալվինը կ՚երթար Շիւպերթ նուագելու. քա՜ղցր կին։ Յետոյ քու մելամաղձի նոպադ...։ Որքա՜ն սիրեցի քեզ այդ վիճակիդ մէջ, գթալով հանդերձ։ Որչափ քաղցր էր լուսնին տակ, բազմոցին մէկ անկիւնը, քեզմէ քիչ հեռու, լսել քու լացդ։ Սիրելի Մելիսանտ, կը խոստովանիմ, թէ խորապէս գեղեցկագիտական յոյզը, որ տուիր ինծի այդ պահուն, ոչինչի հետ կարելի է բաղդատել։ Ան կու գար բարձրէն. - ուրկէ՞. քիչ մը լուսինէն եւ շատ մը՝ հոգիէդ։

Պատշգամին վրայ, քու կիսաւարտ բառերդ, վախդ վաղորդայնէն, ամչկոտութիւնդ ու տարօրինակ սարսուռները՝ որ յանկարծ խենթ զեղումով մը կը լեցնէին քեզ...։ Ահ, այդ բոլո՜րը...։

Բայց պէտք չէ՞ որ ըսեմ քեզի, թէ երբեմն տխուր կը զգամ քեզ ճանչցած ըլլալուս համար։ Գիտեմ, թէ նորէն պիտի չհասկնաս զիս եւ պիտի ծառանաս։ Ըսէ՛, սակայն, ի՞նչ պիտի ընենք կամ ի՞նչ պիտի ըլլանք մենք. դուն՝ գողտրիկ Մելիսանտ, ապագայով եւ արեւոտ անակնկալներով լեցուն. ես՝ պզտիկ բանաստեղծ մը, որ լոկ քանի մը երազ ունի այնքան տժգոյն, եւ որ հիւանդ է իր մարմնով եւ հոգւով...։

Կը տեսնես, թէ ի՛նչպէս կանգ կ՚առնեմ հեւասպառ՝ քիչ մը ճամբայ ընելէ յետոյ կամ սիրոյ պզտիկ անմեղ խաղէ մը ետք։ Կը տեսնե՛ս այդ, բայց դեռ չես տեսած սարսափելի հեւասպառումները հոգիիս...։

Կ՚ուզեմ վերջացնել նամակս...։

4

Իմ Հրեշտակս,

Ժամը 10-ը անցաւ, ու դեռ անկողին չեմ մտած, հակառակ խոստումիս։ Չեմ կրնար, Ն., թէեւ գիտես, թէ ես քու կամքիդ հակառակ ոչինչ կ՚ուզեմ ընել։ Բայց, երբեմն, տարօրինակ, գրեթէ տարերային տրտմութիւն մը, որ հոգիիս շատ խորերէն կը բարձրանայ, ա՛յնպէս մը կը հաստատէ իր տիրապետութիւնը վրաս, որ չեմ կրնար չմեղանչել... անքուն մնալ, ծխե՜լ, նոյնիսկ... խմել...

Ներէ՜ ինծի, Ն., ներէ՜, ներէ՜...

Քեզ ճանչնալէս ի վեր, երկրորդ անգամ ըլլալով խմեցի չորեքշաբթի գիշեր. քովս ըլլաս ու տեսնես, թէ ինչպէս կը կարմրիմ՝ երբ այս դառն խոստովանութիւնը գրել կու տամ գրիչիս. բայց անգա՛մ մըն ալ պիտի ներես, չէ՞։ Միտքդ բեր, թէ ինչ հոգեկան վիճակ ունեցեր էի նորէն- թէեւ դուն շատ չտեսար այն իրիկուն իմ հոգիս, աւելի ճիշդը չուզեցի ցոյց տալ ու մեկնեցայ։ Ահ, յուսահատութեան ու դառնութեան այդ ալիքը որ երբեմն կ՚ելլէ մինչեւ կոկորդս ու կը խեղդէ ամէն հաւատք, ամէն կամեցողութիւն։ Ես ըսած եմ քեզի, Ն., թէ կը հաւատամ ճակատագրիս. ասիկա ըսել չէ, թէ չեմ հաւատար Հոգիներու Ուժին. երկուքի՛ն ալ կը հաւատամ. երկուքն ալ կոչուած են մարդկային այս կեանքին մէջ իրենց յաղթանակները եւ պարտութիւնները արձանագրելու։ Իմ հոգիս պիտի յաղթէ՞... իմ ճակատագրիս։ Ահա հարցը։ Ի՛մ հարցս։ Այս հարցը եթէ իմ առջեւս դրուէր ասկէ երկու ամիս ու տասնըմէկ օր առաջ, ես պիտի ծիծաղէի միայն՝ հարցը բերողին միամտութեանը վրայ։ Այդ այն ատենն էր, երբ ես ճակատագիրը միայն կը ճանչնայի իբրեւ գերազանց ուժ, եւ մահը՝ իբրեւ միակ ապաւէն հիւանդ հոգիներու... ինչպէս էր ի՛մը։ Այդ այն ատենն էր, երբ երեք անգամ անձնասպանութիւն փորձելէ եւ ձախողելէ յետոյ, յուսահատութեան գինովութիւնն էր եկեր ինծի, ու խենթութեան քրքիջը դէմքիս՝ սկսեր էի ապրիլ ա՛յն կեանքը, որուն պզտիկ, շատ պզտիկ մէկ մասը միայն ծանօթ է քեզի եւ ամէնուն։ Այդ կեանքով կ՚ուզէի մէկ բան... վե՜րջ տալ կեանքիս, քի՛չ քի՛չ, հաճոյքո՜վ, վայելքո՜վ, գինովութիւնով։ Ճիշդ այնպէս վարուիլ կեանքին հետ, ինչպէս հազուագիւտ ոճրագործները իրենց զոհերուն հետ կը վարուին, ամենանուրբ փափկութիւններով սահեցնելով դանակը անոնց վիզին վրայ...։

Բայց հիմա...

Հիմա դո՛ւն ես եկած, Ն., կեանքիս մէջ...։

5

...

Այլեւս պէտք է որ խոստովանիմ, թէ ձանձրաձած եմ քեզմէ։ Այն մեծ սէրը զոր ունէի քեզի հանդէպ՝ ձիւնի պէս ահա հալած է սրտիս մէջ, չեմ գիտեր ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս։ Եւ անգամ մըն ալ դատարկութիւնն է, որ կը տիրապետէ ինծի։ Հարցը այն չէ անշուշտ, թէ ինչ կրնայ եղած ըլլալ պատճառը այս տարօրինակ երեւոյթին։ Իրողութիւնը ա՛յն է թէ քեզ այլեւս չեմ սիրեր։

Ուրեմն, պէտք է մոռնանք զիրար։ Չեմ կարծեր որ շատ դժուար կ՚ըլլայ ասիկա քեզի համար։ «Foxtrot»ի եւ «Tango»ի յուզումները, որոնք այնքա՜ն շատ տեղ ունին հիմա սրտիդ մէջ, չեմ կարծեր որ տեղ ձգած ըլլան տարբեր յուզումներու համար։ Խիստ հաւանօրէն՝ սփոփանքի հառաչանքով մըն էր որ պիտի կարդաս այս տողերը։ Եւ ուրախ եմ, որ այդպէս պիտի ըլլայ, այլապէս՝ շատ պիտի ցաւէի։ Գալով ինծի՝ վստահ եղիր, թէ աւելի քան դիւրին պիտի ըլլայ այդ։ Այնքան զբաղած եմ հիմա հիւանդութիւնովս եւ «Poesie»ներովս որ հազիւ թէ կարենամ՝ մեծ ճիգերով՝ անունդ միտքս պահել դեռ բաւական մը ատեն։

Այս նամակս առնելուդ պէս, կը հանես մատէդ այն մատանին, զոր քեզի տուեր էի ես, աղուոր գիշեր մը։ Զայն կրնաս նետել կամ ինծի վերադարձնել։ Բայց, չե՛ս կրնար զայն քովդ պահել։ Գիտես, թէ անունս կայ անոր վրայ. իսկ ես կ՚արգիլե՛մ քեզի, ասկէ ետք, իմ անունս առնել բերանդ, ո՛րեւէ առիթով։ Վա՜տ ես, Ն., եթէ այս արգելքիս չհպատակիս։

Կը խնդրեմ, որ վերադարձնես, դարձեալ, իմ բոլոր նամակներս եւ լուսանկարներս։ Կը խոստանամ ես ալ վերադարձնել քուկիններդ։ Իմ հին հասցէիս կրնաս ղրկել։

Կը մաղթեմ, որ կեանքիդ մինչեւ վերջին օրը քալես երջանկութեան ճամբաներէն։ Բարեբախտաբար, այդ ճամբաները շատ են Իզմիրի մէջ -Splendid-ները, թատրոնները, սինէմաները, ազգականները, յոյն բալիգարեաները եւ այլն, եւ այլն։ Երբեք պիտի չկրնայի քեզ այդ ճամբաներէն անցընել հիւանդ եւ տխուր:

ԽՄԲ.- Այս նամակէն քիչ յետոյ պատահած է Իզմիրի աղէտը։ Մելիսանտ վերադարձած է Պոլիս, բայց բանաստեղծը չէ ուզած տեսնել զինք, հակառակ իր մեծ տառապանքին:

(Լուսանկարները՝ «Յուշամատեան» թուային արխիւէն)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022