ՏՈՒՄԻՆ՝ ՓՇԱԼԱՐԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ

2020-ի պատերազմին հետեւանքով հայաթափուած եւ Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած բազմաթիւ գիւղերէն է պատմական Տումին, որ երբեք Ատրպէյճանին չէ պատկանած՝ ինչպէս Հադրութի գիւղերը, որոնք նոյնպէս փշալարերէն անդին են: Տումին Արցախի հինաւուրց բնակավայրերէն է՝ Իշխանագէտի Շնաքար վտակին ափին. Դիզափայտ լերան ստորոտը ծուարած դրախտային բնակավայր մը, որ եղած է Արցախի հարաւային շրջաններու իշխանութեան կեդրոններէն։ Տումիի եւ յարակից շրջաններու հարուստ պատմական յուշարձանները այս առումով վառ ապացոյցներ են։ Տումիի պատմական յուշարձանները, եկեղեցիները, սրբավայրերը եւ հնագոյն կամուրջները նոյնպէս Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ են: Երբեմն կը հասնին լուրեր, թէ այս կամ այն յուշարձանը վնասուած է, գերեզմանները քանդուած են, եկեղեցիները՝ պղծուած…

Տումիի պատմամշակութային ժառանգութիւնը արդէն իսկ վտանգուած էր Խորհրդային տարիներուն եւ Արցախի շարժումէն ետք, երբ գիւղը ամբողջովին հայաբնակ էր:

ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԸ

Տումի գիւղին կեդրոնը կը գտնուի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին, որ կառուցուած է 17-րդ դարուն։ Անոր հարաւային ճակատը՝ մասնաւորապէս շքամուտքը եւ աջ ու ձախ կողմերուն ագուցուած խաչաքանդակ քարերը շքեղ պատկեր մը կը ներկայացնեն: Աջակողմեան քանդակազարդ քարին վրայ զոյգ խաչաքանդակներ կան եւ արձանագրութիւն մը: Խորհրդային տարիներուն զարդաքանդակներն ու արձանագրութիւնը քերուած են, կ՚երեւի միայն «1868 … ՍՐ …» գրութիւնը։ Սա եկեղեցւոյ վերանորոգման թուականն է:

Խորհրդային տարիներուն Տումիի այս հնագոյն եկեղեցին անխղճաբար գործած-ւած է՝ իբրեւ հացահատիկի պահեստ, կատարուած են ձեւափոխութիւններ։ Հարաւէն մուտքը գոցուած է եւ նոր մուտք մը բացուած է արեւելեան ճակատէն՝ խորանէն։ Հիւսիսային պատին վրայ բացուած է անցք մը, որպէսզի հացահատիկը պարպելու նպատակով գործածուի, լայնցուած է արեւմտեան լուսամուտը հարաւային ճակատէն, մուտքէն դէպի աջ բացուած է մեծ լուսամուտ մը։

Յատկանշական է, որ Արցախի առաջին պատերազմի տարիներուն եկեղեցին չէր վնասուած։ 2019 թուականին սկսած էին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները, որոնց կը հսկէին պատմաբաններ, ճարտարապետներ՝ նպատակ ունենալով եկեղեցին վերադարձնել իր պատմական տեսքին: Վերականգնուած էր զանգակատան բոլորաձեւ շէնքը, բացուած էր հին մուտքը, սակայն վերականգնումը աւարտին չէր հասած:

2020 թուականին սկսած է պատերազմը, սակայն ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին եկեղեցին չէ տուժած։ Գիւղը մնացած է սահմանէն անդին եւ այսօր Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ:

ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉԸ

Անյայտ է նաեւ Տումիի Կարմիր եկեղեցի կամ Կարմիր խաչ անունով սրբավայրին ճակատագիրը: Մինչեւ պատերազմը եկեղեցին կիսաքանդ էր: Ան կառուցուած է 11-րդ դարուն (1000 թուականին): Այս մասին կը վկայէ յուշարձանին վրայ տեղադրուած արձանագրութիւնը, որ այժմ կը գտնուի Արցախի պատմա-երկրագիտական թանգարանին մէջ: Կիսաւեր եկեղեցւոյ մէկ պատը կը վկայէ, որ 1000 թուականին կառուցուած էր կրաքարերով՝ հիմնականօրէն մոխրագոյն կրաշաղախով: Ներսը պահպանուած է մէկ խաչքար, իսկ շրջակայքը կան գերեզմանոց եւ Քրիստոսէ առաջ 2-1 հազարամեակներուն թուագրուող դամբարանաբլուրները:

ՂԼԵՆՔԱՐ ԲԵՐԴԸ

Ղլենքար բերդը կը գտնուի Տումի գիւղէն 6-7 քիլօմեթր դէպի արեւմուտք, հիւսիսէն հարաւ թեքած բարձր, անմատչելի ժայռի մը վրայ։ Բերդի մուտքին, հիւսիսային կողմը նկատելի են պարիսպին մնացորդները, սեղանի մեծութեամբ բազմաթիւ յղկուած քարերու կոյտեր, բնակատեղեր եւ պաշտպանական օժանդակ այլ շինութիւններու հետքեր։ Կ՚ենթադրուի, որ ամրոցը ունեցած է գաղտնի դուռ մը, որուն տեղը անյայտ է։ Բերդը կաւէ խողովակներով ջուր ստացած է 800 մեթր ցած գտնուող աղբիւրէն։

Ղլենքար բերդէն հիւսիս կը գտնուի Թաղալ աղբիւրը: Տեղացիներուն վկայութեամբ այս աղբիւրը (որուն ջուրը ունի 4 զանազան աստիճաններ՝ ըստ եղանակի) շատ հին ժամանակ թշնամիներէն քօղարկուած, թաքցուած է եւ յատուկ կաւէ խողովակներով գետնին տակէն բարձրացուած է մինչեւ Գորոզ բերդին մուտքը։ Աղբիւրին անունը կապուած է թաղուած, քօղարկուած աղբիւր մը ըլլալու հանգամանքին հետ։

ԽՏՏՐՈԽՈՒԹ

Խտտրոխութը ընդարձակ հնավայր մըն է, որ կը գտնուի Տումիէն 3 քիլօմեթր դէպի արեւմուտք: Հոս կը գտնուին հին, կործանուած եկեղեցւոյ մը փլատակները, տուներուն հիմնապատերը եւ ընդարձակ գերեզմանատան մը հողմնահարուած տապանաքարերը։ Անոր արեւելեան լանջին վրայ կը գտնուի՝ Վարդապետի աղբիւր յուշարձանը:

ՍՏԵՓՆՈՑԵՆՑ ԽՈՒԹԸ

Ուրիշ պատմական վայր մը՝ Ստեփնոցենց խութը կը գտնուի Տումի գիւղին հիւսիսային մասը, չորս քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ, բլուրի գագաթին, ուր կան հին գիւղատեղիի աւերակներ, գերեզմանաքարեր, ցիր ու ցան խաչքարեր։ Տումեցիները փլած եկեղեցին եւ բլուրը կոչած են Ստեփանոսին անունով։

Մկրտիչի տեփերը հին գիւղատեղի է, ուր ամառանոցներ եղած են: Այս հնավայրը կը գտնուի Ծաւեր անունով անտառի եւ Դիզափայտ լերան ալպեան մարգագետիններուն գօտիին միջեւ, Տումի-Խանձաձոր ճամբուն աջ կողմը։

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆԻ ԿԱՄՈՒՐՋԸ

Տումին հարուստ է նաեւ հնագոյն կամուրջներով, որոնք պահպանուած եւ հասած էին մեր օրերը: Հայկազունի կամուրջը միակամար է՝ կառուցուած Իքեակ գետին վրայ։ Պահպանուած վիմագրութեան համաձայն՝ ան 18-րդ դարու յուշարձան մըն է, որմէ անցնող ճամբան Վարանդա գաւառակը կը կապէ Գտչավանքին եւ Կատարովանքին։ Այսօր կամուրջն ալ, Գտչավանքն ալ, Կատարոն ալ անցած են Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ:

ԵՕԹԸ ԴՈՒՌԵՐՈՎ ՎԱՆՔԸ

Տումիի մէջ կար նաեւ աւերակի վերածուած վանք մը, որ հակառակ աւերակ ըլլալուն, կը կոչուէր Եօթը դուռերով վանք եւ ուխտատեղի էր թէ՛ արցախցիներուն եւ թէ Արցախ այցելած ուխտագնացներուն համար, որոնք կը հաւատային եօթը դուռով վանքին զօրութեան եւ ուխտեր կը կատարէին:

ԱՐՔՈՒՆԱԿԱՆ ԲԱՂՆԻՔԸ

Տումին հին ժամանակ նաեւ արքունական բաղնիք մը ունեցած է: Անոր տեղը Տումիէն դէպի Ճոխտպռվածառի վանքը տանող ճամբուն վրայ էր, Քեֆաձորին անտառափէշ բացատին մէջ, հանքային աղբիւրին մօտ։ Հոս էր Դիզակի իշխանութեան առողջարանը, բաղնիք-բուժարանը։

ԴԻԶԱՓԱՅՏԸ

Տումիի բոլոր յուշարձանները, անկախ իրենց նշանակութենէն, ուխտատեղի եղած են տեղացիներուն եւ այցելուներուն համար, իսկ ամենամեծ ուխտատեղին եղած է Դիզափայտ լեռը, որուն գագաթը բարձրանալը նոյնպէս երազ մնաց հայերուն համար:

Դիզափայտի գագաթին հիմնուած էր Կատարովանքը՝ 4-5-րդ դարերուն: Լեռնագագաթը Արցախի գլխաւոր ու պատմական սրբավայրերէն մէկն է։ Լեռնագագաթէն կ՚երեւին Մուղանի դաշտավայրը, Իրանի սահմանը՝ Արաքսի հովիտը, Զանգեզուրի լեռնաշխարհը, Մռովի կատարները, իսկ աւելի մօտէն՝ հիւսիսային կողմը, Հարոս լեռնաշղթան։ Ըստ աւանդութեան, լերան գագաթին, հինաւուրց Կատարովանքին տեղը՝ 330-ականներուն նահատակուած են մազքթաց Սանեսան արքային զաւակներն ու բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնց դարձի բերած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին թոռը՝ Արցախ աշխարհի առաջին եպիսկոպոս Ս. Գրիգորիսը։ Նորահաւատները փայտերու պէս դիզած եւ այրած են, հոսկէ ալ ծագած է լերան անունը:

Նահատակներուն մասին հիւսուած են նաեւ այլ աւանդազրոյցներ։ Հայաստան ներխուժած արաբները լեռը կոչած են Զիարաթ, որ արաբերէն բառ մըն է եւ կը նշանակէ «այցելավայր»:

Պատմաբան Լէոն կը գրէ, որ Կատարոն եղած է Դիզակ գաւառի առաջնորդանիստը: Պատմական բոլոր աղբիւրներու վկայութեամբ, ժայռը սրբացուած է վաղնջական ժամանակներէն, իսկ ուխտագնացութեան մասին յիշատակութիւնները կը վերաբերին արաբական, թերեւս նաեւ՝ աւելի վաղ ժամանակներու։

Դիզափայտը նշանաւոր է իր լայն բացուածքով անձաւներով, սառնորակ աղբիւրներով, վայրի սննդաբոյսերով։ Այս հանգամանքը զգալիօրէն ազդած է լեռնածերպերու բնական եւ ձեռակերտ ամրոցներու պաշտպանութեան համակարգին վրայ: Լեռներն ու լանջերը ակօսող կիրճերը այնպիսի տպաւորութիւն կը ձգեն, որ կարծես Հադրութի այս հատուածին հողը մեծ դժուարութեամբ կը տրուի մարդուն։ Հողը իսկապէս խրած է բլուրներու, սարերու, անդնդախոր կիրճերու, անտառներու, շատ թեք ձորալանջերու արանքները ինկած քարակուտակ թփակալած տարածքներու մէջ, բայց եւ այնպէս, այդ շրջանի գիւղերուն բնակիչները մեծ դժուարութեամբ մխրճուած են քարքարոտ սարերու եւ խիտ անտառներու մէջ, ուրկէ ապահոված են իրենց հանապազօրեայ հացը:

Դարերու ընթացքին հոս հողազուրկ շինականը զբաղած է դարաւանդային հողագործութեամբ, աճեցուցած է միրգ եւ բանջարեղէն, հացահատիկ ու անասուններու կեր, անտառէն քաղած է բոյսեր, հաւաքած է հատապտուղներ, ընկոյզ եւ բնութեան այլ բարիքներ:

Ուխտաւորները Դիզափայտ կը բարձրանային՝ մանաւանդ Վարդավառի օրերուն: Անոնք լերան գագաթը բնակող սուրբէն կը խնդրէին իղձերու իրականացում եւ մեծ հաւատքով կը սպասէին հրաշքի: Հրաշքը անպայման տեղի կ՚ունենար… Վարդավառեան ուխտավայրերէն Դիզափայտը արդէն երկրորդ տարին է՝ ամայի է:

Այսօր համայն հայութիւնը կը սպասէ ուրիշ հրաշքի մը, որ հայութեան վերադարձուին անոր պատմական այն գիւղերը, սրբավայրերը եւ քրիստոնէական դրոշմով յուշարձանները, որոնք երբեւէ Ատրպէյճանի կազմին մէջ չէին եղած:

ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ

Յայտնի է, որ այսօր Ատրպէյճան հայկական հետքը կը ջնջէ՝ իր տիրապետութեան տակ անցած յուշարձաններուն վրայէն եւ «աղուանական» կը դարձնէ զանոնք: Աղուանականացումը պետական մակարդակով որդեգրուած քաղաքականութիւն մըն է, զոր դատապարտած է միջազգային հանրութիւնը:

27 սեպտեմբեր 2021-ին՝ Արցախի պատերազմի տարելիցին օրը, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) դատապարտեց պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք հայկական մշակութային ժառանգութեան դիտաւորեալ վնասումը եւ աղուանականացումը:

Ատրպէյճանի վերահսկած տարածութեան վրայ մնացած մշակութային կոթողները պաշտպանելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւններ կատարած են Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ այլ բարձրաստիճան անձեր: Արցախի մշակութային ժառանգութեան վիճակն ու փոփոխութիւնները արձանագրելու համար 2021 թուականին հայկական կողմը ձեռնարկած է «Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում» ծրագրին, որ ունի կայքէջ մը, ուր օրական դրութեամբ կ՚արձանագրէ բոլոր փոփոխութիւնները: Այս ծրագիրը արբանեակային լուսանկարներու միջոցով ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ եւ Արցախի մէջ յուշարձաններու ոչնչացման վերաբերեալ ահազանգներ կը հնչեցնէ «Կովկասի ժառանգութեան մշտադիտարկում» հարթակին միջոցաւ:

«Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում» ծրագրին նախաձեռնած են պատմաբաններ Համլետ Պետրոսեան (Երեւանի Պետական համալսարանէն) եւ Աննա Լէյլոյեան-Եկմալեան (Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառէն, INALCO): Խումբին ներգրաւուած են հնագէտներ, ճարտարապետներ, մշակութաբաններ, հայագէտներ, մամուլի եւ համացանցի մասնագէտներ, թարգմանիչներ: Այս նախաձեռնութեան նպատակն է ստեղծել անկախ ակադեմական հարթակ մը, որ պիտի արձանագրէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան վիճակն ու փոփոխութիւնները, պիտի ներկայացնէ եւ մեկնաբանէ մասնագիտական գիտելիքի ու ակադեմական բարեկրթութեան սահմաններուն մէջ:

Երկու հազարի մօտ է թիւը հայկական այն կառոյցներուն, հնավայրերուն, որոնք 2020-ի պատերազմէն ետք անցած են Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ: Անոնց մէջ են նաեւ Հադրութի՝ մօտ 70 յուշարձանները, որոնցմէ միայն 20-ը կը գտնուի Տումի գիւղին մէջ կամ մերձակայքը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2022