ԱՐԴԷՆ ԻՍԿ ՄԷԿ ՏԱՐԻ

Հպարտութիւնը ունիմ արդէն իսկ մէկ տարի միտքերս մրոտելու դարաւոր ա՛յն թերթին մէջ, ուր ստեղծագործած են Օտեաններ, Զօհրապներ, Զապէլ Եսայեաններ, Ռուբէն Զարդարեաններ եւ բազմաթի՛ւ ուրիշներ, որոնց անունը հպարտութեամբ ցայսօր կը յիշենք՝ որպէս հայ գրականութեան տիտաններ:

Հպարտութիւն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որ դարաւոր իր անցեալին ընթացքին տեսած է բազմահազար թերթերու ծնունդն ու մահը. տեսած կորսուիլը իրմէ առաջ եղողներուն, տեսած է կորսըւիլը տակաւին նոր ծնունդ առնողներուն, սակայն ինք շարունակած է ուղին՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն:

Հպարտութիւն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որովհետեւ ո՛չ թէ բախտի բերումով, այլ հազար ու մէկ զոհողութիւններով է, որ հասած է մեզի, անոր հանդէպ յաճախ անտարբեր եւ անարդար կը գտնուի հանրութիւնը, որ մի՛շտ ալ պատճառը եղած է հազարաւոր թերթերու կորուստին:

Հպարտութիւն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որովհետեւ իր գոյութիւնը կրցած է ապահովել այնտե՛ղ, ուր աշխարհի շատ մը հայեր ապրիլն իսկ անհնար ու վտանգաւոր կը կարծեն: Հպարտութիւն՝ որովհետեւ դար մը տեւողութիւնը նոյնիսկ չէ յաջողած զինք օտարացնել:

Այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-ին պէտք է նայիլ ո՛չ թէ որպէս դժուարութեամբ իր երթը ապահովել փորձող օրաթերթ, այլ պէտք է նայիլ նախանձով, որ առիթը ունեցած է վայելելու, տեսնելու եւ բեմ հանդիսանալու բոլո՛ր անոնց, որոնց նկարներն ու անունները մենք միայն կրնանք տեսնել այսօր. ինչպէ՞ս կարելի է չհպարտանալ յիշելով, որ Երուանդ Օտեան իր գրութիւններէն մէկուն մէջ կը յիշէ, թէ ամէ՛ն օր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատերուն կը քսուիմ. պատկերացուցէք խմբագրատուն, ուր մուտք գործած են բազմատասնեակ հսկաներ, իրենց անտիպ գործերով, հրապարակախօսութիւններով ու յօդուածներով եւ իրենց անունը անմահացուցած թէ՛ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ թէ՛ հայ գրականութեան պատմութեան էջերուն մէջ:

Այսօր հերթական 308-րդ յօդուածս է, որ կը գրեմ ԺԱՄԱՆԱԿ- ին մէջ. մի քանի օրեր առաջ Լիբանանէն հայրենիք ժամանած խմբագիր մը զարմանքով հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կը համարձակիս յաճախ խիզախ վերնագիր դնել յօդուածներուդ. տարուան մը փորձը բաւարար է հասկնալու ԺԱՄԱՆԱԿ-ին միտքի եւ խօսքի ազատութեան հանդէպ ունեցած ըմբռնումները, ինչ որ անփոխարինելի իրողութիւն մըն է գրողի համար: Կաշկանդուած ու բանտուած խօսքը մի՛շտ ալ կեղծ ու անհարազատ պատկեր մը կը ներկայացնէ իր մէջ. ամենէն յանդուգն նախադասութիւնները նոյնիսկ ցայսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կողմէ այլափոխութեան ենթար-կըւած չեն եւ մնացած են այնպէս՝ ինչպէս որ են եւ տարօրինակ չէ լիբանանահայ խմբագիրին զարմանքը, որովհետեւ նման ըմբռնում խմբագիրի մը կողմէ կը պահանջէ կամքի զօրութիւն եւ լայնախոհութիւն:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ 308 յօդուածներու կողքին գրած եմ 308 հատ «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր»՝ փաստելու համար, թէ հայ ժողովուրդը իր մտաւորականութեամբ այնքա՛ն հարուստ է, որ կարելի է ամէ՛ն օր գտնել ու ներկայացնել անոնցմէ մէկուն կեանքը եւ կրնաք վստահ ըլլալ, որ այս շարքը կարելի էր շարունակել ամբողջ երեք կամ չորս տարի, որովհետեւ նոյն օրուան մէջ կարելի է գտնել մէկէ աւելի ծնեալ կամ մեռեալ հսկաներ: «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր»ը կարեւոր էր, որովհետեւ ունինք բազմաթի՜ւ հանճարներ, որոնք մոռացութեան տրուած են այսօր. այս բաժինին մէջ յաճախ ներկայացուցած ենք անձեր, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած են հայ ազգին, հայ գրականութեան ու հայ մշակոյթին, սակայն բախտի անողոք մէկ կատակով մոռացութեան տրուած են այսօր: Ցաւ ի սիրտ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերը նոյնիսկ լեցուն են մոռցուած հեղինակներով, որոնք անցեալին ունեցած են որոշ փայլք ու խօսք թէ՛ հանրութեան եւ թէ մամուլի էջերուն մէջ: Մէկ տարուան շրջանէ մը ետք պիտի դադրեցնենք «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր» բաժինը՝ յաջորդող թիւերուն մէջ օգտաշատ ու տարբեր այլ յաւելումներ ընելու նպատակով:

Այս առաջին ամեակի առիթով կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք իրենց յուսադրիչ նամակներով, ինչպէս նաեւ յաճախ քննադատութիւններով պատճառ դարձան, որպէսզի աւելի նուիրումով ու սիրով շարունակենք մեր աշխատանքը: Շնորհակալութիւն խմբագրական կազմի բոլոր աշխատողներուն, որոնք այս կամ այն ձեւով իրենց բաժինը բերին ամբողջ տարուան մը աշխատանքին: Շնորհակալութիւն սրբագրողին, որ առանց տրտնջելու սրբագրեց մեր տեղի-անտեղի սխալներն ու վրիպումները: Շնորհակալութիւն խմբագիրին՝ իր ազատամտութեան ու եղբայրական վերաբերմունքին: Վերջապէս շնորհակալութիւն բոլո՛ր անոնց, որոնք ջանք չխնայեցին, որպէսզի ԺԱՄԱՆԱԿ շարունակէ իր երթը, շարունակելով մնալ ամենէն հինն ու փորձառուն՝ մամուլի ոլորտէն ներս:

Աննահանջ երթ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -1-

Կեանքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ կարճ պատմուածքներու ամբողջութիւն մը, որ իր լաւ եւ վատ դրուագներով կու գայ կազմելու մեր կեանքի պատմութիւնը: Այդ լաւ ու վատ դրուագներն են, որ միանալով իրենց ելեւէջներով մեր ժամանակաւոր կեանքի ընթացքը կ՚իմաստաւորեն:  Ամէ՛ն մարդ իր կեանքին մէջ ունի պատմութիւն, ունի դրուագ. այս կարճ պատումներով պիտի փորձեմ ներկայացնել յաճախ ծիծաղաշարժ եւ յաճախ յուզիչ կեանքի դրուագներ, որոնք անբաժան մասը կը մնան իմ կեանքիս: Կեանքի դրուագները գրելը անհրաժեշտ կը նկատեմ, որովհետեւ ժամանակի ընթացքին անոնք ենթակայ են մոռացութեան:

*

Ամէն տարի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գրատունը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տօնին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ սեղան մը դնելով գիրքերու վաճառք կը կազմակերպէ: Թէեւ միշտ կարելի է Անթիլիասէն գիրք գնել, սակայն այդ օր գիրքերու վաճառքը տարբեր համ եւ նշանակութիւն մը կ՚ունենայ:

Գրատան պատասխանատուն՝ Օր. Սիւզին սեղանին վրայ զգուշութեամբ շարած է զանազան գիրքեր՝ ներառեալ Սուրբ Գիրք, Նարեկ, Սաղմոսագիրք եւ այլն:

Ողորմած հայրս, հակառակ ընթերցասէր չըլլալուն, սկսաւ շրջիլ սեղանին շուրջ եւ զննել գիրքերը, հաւանաբար հետաքրքրական բան մը գտնելու յոյսով: Գիրքի մը դիմաց երկար մնաց. նախ քննեց կողքը, ապա փորձեց ներսի էջերէն «բան մը հասկնալ» ու շատ հպարտ ու ինքնավստահ շարժումով մը գիրքը տեղը դրաւ ու շարունակեց զննումը:

Երբ տուն վերադարձանք, յայտնեց, որ այսօր շա՜տ հպարտացած է. սեղանին վրայ տեսած է գիրք մը, որուն վրայ գրուած է «Ժամագիրք». թէ՛ եկեղեցական եւ թէ գրական կեանքէ հեռու ըլլալով «Ժամագիրք»ը ժամացոյց կարծելով ըսաւ.

- Ուրկէ՜ ուր մարդիկը ժամը գիտնալու համար գիրք պատրաստած են. անցեալին ժամացոյց չկայ. հաւանաբար մարդիկ ժամագիրքի միջոցով գիտցած են ժամը քանի է. բայց տարօրինակ չէ՞. գրութիւնով ուրկէ՞ պիտի գիտնաս ժամին քանի ըլլալը... «ուալլա պրաւօ...»:

***

Յաճախ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի տարբերութիւնները ակամայ ծիծաղելի, միաժամանակ շփոթահար պահ մը կրնան ստեղծել արեւմտահայուն եւ արեւելահայուն միջեւ:

Բարեկամ մը յոգնած կը ժամանէ դուրսի երկիրէ. զինք կը դիմաւորէ արեւելահայ ծանօթ մը: Ճամբու երկարութենէն յոգնած արեւմտահայը հարց կու տայ. «Քանի՞ վայրկեանէն կը հասնինք»:

Արեւմտահայը կը սկսի մտածել, թէ այս մարդը ինչո՞ւ համար ճամբու երկարութիւնը կ՚ուզէ վայրկեաններով գիտնալ եւ ո՛չ «րոպէ»ով: Իր շփոթը չմատնելու համար կը սկսի 25-ը բազմապատկել 60-ով եւ հետեւեալ եզրակացութեան կը հասնի.

- Մօտաւորապէս 1500 վայրկեանէն տուն հասած կ՚ըլլանք:

Այս անգամ նոյն շփոթը կը ստեղծուի արեւմտահայուն մօտ, թէ ինչո՞ւ համար այսքան հեռո՜ւ տեղ կ՚երթան:

Լռութիւն կը տիրէ եւ որոշ ժամանակ ետք կը հասնին սպասուած վայրը. արեւմտահայը ժամացոյցը կը ստուգէ. ճանապարհորդութիւնը տեւած է 25 վայրկեան:

Հիմա եկուր արեւմտահայուն բացատրէ, որ հոս վայրկեանը րոպէ է, իսկ արեւելահայուն րոպէն՝ վայրկեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2022