ԶՐՈՅՑՆԵՐ ԿԱՊԱԴՈՎԿԻՈՅ ԱՇԽԱՐՀԷՆ

«Հովիւ Եդեմի Հայոց» ծածկանունով Կարապետ Քհնյ. Գալֆայեանը «Հայկական զրոյցներ» խորագրով գիրքը հրատարակած է 1944-ին, Լոս Անճելըս: Հատորին նախաթերթիկէն կը տեղեկանանք, որ գիրքին վաճառքէն գոյացած հասոյթը յատկացուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էջմիածին» հանդէսին: Գիրքը կը պարունակէ առակներ, առածներ, մանրավէպեր, զուարճալի ասացուածքներ եւ մանաւանդ՝ իմաստուն խօսքեր: Տարիներու ընթացքին հեղինակը ատոնք հաւաքած է Կապադովկիոյ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն՝ հաւատալով, որ ժողովրդական բանահիւսութիւնը ջինջ հայելին է ժողովուրդի մը ներաշխարհին:

«Յաճախ կեանքի փոթորիկներէն փրթած կայծերն են, որ կը փորձեն շանթել պրկող շղթաները: Կարծես բողոքի բռունցքներ են՝ ցցուած իրեն կապկպող ընկերային ժանգոտ հանգոյցներուն, կրօնական փարիսեցիութեանց, ծռթած նախապաշարումներուն եւ բռնակալ բորբոսած քամահրանքներուն դէմ», կը գրէ Կարապետ Քհնյ. Գալֆայեան՝ նշելով նաեւ, որ իբրեւ գրի առնող ջանացած է պահել զրոյցներու լեզուն եւ ոգին, այնպէս ինչպէս ժողովուրդը կ՚ուզէ ըսել եւ լսել:

Մօտաւորապէս 80 տարի առաջ լոյս տեսած գիրքը օրին տարածուած էր սփիւռքի մէջ՝ մանաւանդ աշխարհի տարածքին սփռուած կեսարացիներու միութիւններուն եւ շրջանակէն ներս գտած էր պայծառ ընդունելութիւն: Այսօր ալ գիրքը կ՚ընթերցուի նոյն հետաքրքրութեամբ եւ կ՚ոգեկոչէ հայոց պատմական Գամիրքը՝ չքնաղ Կապադովկիան եւ անոր ժողովուրդը:

ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՄՈԼԼԱՆ

Կապադովկիոյ մէջ գեղջուկ մը մոլլայէն կը խնդրէ, որ բարեհաճի նամակ մը գրել իր եղբօր, որ կը գտնուի Պաղտատ:

-Բայց, կ՚ըսէ մոլլան, ես Կեսարիայէն մինչեւ Պաղտատ ինչպէ՞ս երթամ, ասքան ցուրտ ձմրան:

-Ա՜, քէլ ղաֆա մոլլա, կը յարէ գիւղացին, դուն չէ, որ Պաղտատ պիտի երթաս, այլ՝ գրած նամակդ…

-Սակա՛յն, սարսա՛խ քէօյլիւ, կը պատասխանէ մոլլան, եւ դուն չե՞ս գիտեր, որ գը-րածս միայն ես կրնամ կարդալ:

ԱԳԱՀԸ

Հարուստ մարդ մը կար, որ դիզեր էր մեծ գանձ, բայց երբեք չէր սիրեր ուրիշին օգնել:

Օր մը այս հարուստը կը հիւանդանայ եւ մահուան անկողնին մէջ կարծես անդենականը կը խորհի: Տնեցիք տեսնելով հիւանդին այս գէշ վիճակը՝ պատուելի մը կը հրաւիրեն իր մօտ, որպէսզի աղօթէ:

Պատուելին ալ, իր կարգին, խորհելով, որ այդ հարուստ աղան թերեւս կտակ մը ունի ընելիք՝ իրեն հետ կ՚առնէ փաստաբան մը եւ պատուելի-փաստաբան կը մտնեն հարուստին ննջարանը:

Հարուստը մահուան շուքէն կ՚արթննայ, աչքերը կը շփէ, մէյ մը պատուելիին կը նայի, մէյ մըն ալ փաստաբանին եւ նշանով կը խնդրէ, որ պատուելին կենայ իր ձախին, փաստաբանն ալ աջին:

Եւ հիմա երկուքին մէջտեղ ինքն ալ ծունկի եկած կ՚աղօթէ:

-Ո՛վ Յիսուս, կ՚ուզեմ, որ հիմա առնես հոգիս: Կը տեսնե՞ս, կ՚ըսէ, ես ալ ճիշդ քեզի նմանեցայ: Դուն խաչիդ վրայ, ես ալ հոս, երկու աւազակներու միջեւ:

ԴՌՆԲԱՑԷՔ

Տէր Մարկոսն ու Տէր Ղուկասը Դռնբացէք կ՚ընեն, բայց աղօթքէն աւելի ոխ ու քէն ունին սրտերնուն մէջ իրարու հանդէպ:

Հիմա, վարագոյրը քաշուած է, Տէր Ղուկասը ներսէն, Տէր Մարկոսն ալ դուրսէն կը սկսին:

-Բաց մեզ Տէր, բաց մեզ, կը պոռայ Տէր Մարկոսը դուրսէն:

Տէր Ղուկասը լուռ է:

-Բա՛ց մեզ, բա՛ց մեզ, կը կրկնէ նորէն: Տէր Ղուկասը դարձեալ լուռ է: Այս անգամ սուր ձայնով կը պոռպոռայ Տէր Մարկոս:

-Բաց մե՜զ… Բաց մե՜զ…

Մեղմ ձայնով մը Տէր Ղուկաս ներսէն.

-Ճաթիս նէ ալ, չպիտի բանամ…

ԹԱՆՈՎ ՊԱՏԱՐԱԳ

Գեղջուկ տէրտէրին մէկը Աստուածածնայ տօնին կը փափաքի պատարագ մատուցանել, բայց կը տեսնէ բաժկին թթուեր է: Կ՚իյնայ գիւղամէջ, վար վեր կը փնտռէ՝ գինի չկայ: Ի՞նչ ընէ: Կ՚որոշէ այս անգամ ալ փոխան գինիի թան գործածել:

Օրեր վերջ, երբ եպիսկոպոս մը կ՚այցելէ իրենց, խօսքի ընթացքին, քահանան թերեւս խղճահարութենէ մղուած կը հարցնէ եպիսկոպոսին.

-Սրբազա՛ն հայր, ծառայ եմ, թանով պատարագ կ՚ըլլա՞յ:

-Ի՞նչ կ՚ըսես, անմի՛տ տէրտէր, կը սաստէ եպիսկոպոսը: Սա մահացու մեղք է, ո՞ւր տեսնուեր է ատանկ բան: Միթէ թանով պատարա՞գ կ՚ըլլայ:

-Սակայն սրբազան, կը կմկմայ տէրտէրը, մենք ըրինք՝ եղաւ:

ՍԱՐՍԱԽ ՓՈՔՐԱՒՈՐԸ

Փախուկին մէկը հրաժեշտ կու տայ աշխարհի ցանկութեանց ու կը մտնէ մենաստան: Կ՚ուզէ հոն ուսանիլ եւ օր մըն ալ վարդապետ ու եպիսկոպոս դառնալ: Վանահայրը, փորձառու մարդ, փորձի համար զինքը կը կարգէ էշերու պահապան:

Օր մը մեր իշապանը կը տեսնէ, որ գայլ մը գաղտագողի մտեր է վանքի պարտէզը եւ իր խնամքին յանձնուած էշերէն մին փարատեր է ու կ՚ուտէ: Հիմա, փոխանակ էշը պաշտպանելու, կը վազէ վանահօր մօտ եւ կը սկսի ճառել գրաբարով:

«Ծառա՛յ եմ, հայր սուրբ: Վանքին ծաղկաստանը, լերան գազանը, մեր մոխրաթաւալը փարատեր, բարբառելով կը ճաշակէ…»:

Վանահօր աչքերը կը դառնան եւ այս անճարակ իշապանին երեսն ի վեր կը պոռայ ու կ՚ըսէ:

-Ծո՛ թերմաշ, կորսուէ սըկէ: Դուն գրաբար չէ՝ ափխազերէն ալ խօսիս բան չես արժեր, քանի որ էշ մըն ալ պահել չես գիտեր:

ԵՐԵՍԻՆ ԳՈՅՆԸ

Եղսա Տուտուն միամիտ կին մըն էր. ունէր աղուորիկ փեսայ մը, զոր շատ կը սիրէր: Օր մը իր տունը հրաւիրեց զայն: Ելաւ տապակին մէջ երկու հաւկիթ եփեց, հրամցուց փեսին: Եւ դիմացը աթոռակի մը վրայ նստաւ ու սկսաւ փեսան դիտել:

Փեսան դեռ պատառը բերնին չդրած Եղսա Տուտուն ինքնագոհ կ՚ըսէ.

-Օ՜խ, տեսա՞ր մը եավրուս, երեսդ գոյն եկաւ:

ԿՆՈՋՄէ ՉՎԱԽՑՈՂԸ

Գիւղի մը մէջ կար այրերու մեծ հաւաքոյթ մը, ուր իրենց գլխաւորը խօսք խորաթա մէջտեղ բերելով՝ ըսաւ.

-Ով որ կին արարածէն կը վախնայ, ոտքի ելլէ:

Ժողովականները բոլորը մէկ կը ցատկեն վեր: Միայն մէկը կը մնայ գետինը գամուած:

Գլխաւորը խօսք ուղղելով անոր՝ կ՚ըսէ.

-Դո՛ւն, բարեկամ, դո՛ւն ինչո՞ւ ոտքի չես ելլեր: Միթէ մեր մէջ ամենէն քաջը դո՞ւն ես, որ կին-մարդէն չես վախնար:

-Ո՛չ, աղա, ո՛չ, կը կմկմայ այդ նստուկը, ոտքի չելայ անոր համար, որ երբ կին-մարդու անունը լսեցի, ծունկիս կապերը արձակուեցան:

ԱՅԴՉԱՓ ԱՂՈՒՈՐԸ

Դամիանիոս երեսունը անցուկ մարդ էր, տանը մէկ հատիկը: Հայրն ու մայրը զինքը կ՚ուզէին ամուսնացնել, բայց ինքը չէր ուզեր: «Կա՛մ ուզածս կը գտնեմ, կա՛մ բնաւ չեմ ամուսնանար»: Այս էր Դամիանիոսի որոշումը: Բայց ի՞նչ էր իր ուզածը, ինչպէ՞ս մէկը պէտք է ըլլար ան՝ ո՛չ ոք գիտէր:

Դամիանիոսի ծնողքը ա՛լ խօսելէ ձանձրացած՝ դիմում կ՚ընեն իրենց թեմի առաջնորդին եւ կը խնդրեն, որ սրբազանը կանչէ իրենց զաւակը եւ խրատէ զայն: Սրբազանը օր մը կը հանդիպի անոր ու կ՚ըսէ.

-Դամիանիո՛ս, զաւակ, Աստուծոյ հրամանը սա է, որ երիտասարդներ ամուսնանան: Միայն մենք վանականներս ենք, որ ինքզինքնիս ներքինացուցեր ենք Աստուծոյ համար: Մե՛ղք ես, օրերդ կ՚անցնին: Պէտք է ամուսնանաս:

-Լա՛ւ, սրբազան, բայց ո՞վ առնեմ:

-Ո՞վ առնես: Լեցո՜ւն աղջիկ, մէկը ընտրէ, ա՛ռ:

-Բայց, սրբազան, կ՚ըսէ, իմ առնելիք աղջիկս պէտք է ըլլայ հարուստ, չինարի հասակով, գանգրահեր, խնձոր երեսով, աչքերը վառ արեւի նման, շրթները նուռ, քիթ ու բերան… սա՛նկ…

-Կեցի՛ր օրհնած, կ՚ընդմիջէ սրբազանը, այդքան աղուորը եթէ գտնեմ, ես ալ կ՚առնեմ:

ԽԵԼՕՔ ԲՈՇԱՆ

Բոշաները, խեղճ դատարկուն մարդիկ, չեն սիրեր մնայուն տուն տեղ ունենալ, մինչեւ իրենց կեանքին վերջը հոս հոն կը դարտկին, մազ կը հիւսեն, բաղդի կը նային, կը խաղան, երբեմն ալ կը գողնան: Օր մը, բոշային մէկը կը մտնէ մարագ մը՝ իր իշուն կտոր մը յարդ գողնալու համար: Աղուոր մը կը լեցնէ պարկը եւ շալկած, մարագի ծակէն դուրս ելլելու ատեն, օձիքը ձեռք կու տայ:

Խեղճ բոշա, ի՛նչ ընէ:

-Ի՞նչ գործ ունիս հոս, կը հարցնեն ձերբակալողները:

-Ներեցէ՛ք պարոններ, կ՚ըսէ բոշան, ճամբայէն անցնելու ատեն խենթ հով մը փչեց ու զիս մարագի ծակէն ներս խոթեց: Յանցաւորը ես չեմ, քամին է:

-Հապա պարկիդ մէջինը ի՞նչ է, կը հարցնեն:

-Ես ալ հիմա ճիշդ այդ կը խորհէի, կը ծամծմէ բոշան:

ՎԱՅԲԵՐԱՆ ԻՊԻՇԸ

Թուրք աղա մը Իպիշ անունով ծառայ մը ունէր: Վայբերան մարդ, այնքան վայբերան, որ զինքը կը կոչէին խայրսէօյլէմէզ (չարխօսիկ):

Իր աղան, բարի ծերուկ մը, կ՚ուզէր ուղղութեան բերել Իպիշը եւ շատ անգամ կը խրատէր, որ վազ անցնի չարխօսիկութենէ, բայց Իպիշը դարպատար մարդ, կը քալէր իր հին ճամբով:

Օրին մէկը աղան փորձեց անպայման իրմէ բարի լուր մը խլել, թէկուզ մեծ խոստումով մը ու ըսաւ.

-Իպի՛շ, զաւակս, այս անգամ երբ յաջողիմ Մէքքէ՝ մարգարէին սուրբ քաղաքը ուխտի երթալ, կը խոստանամ քեզի պատուական ապարօշ մը բերել ի յիշատակ անմոռացութեան՝ միայն թէ բարի խօսք մը կ՚ուզեմ լսել քեզմէ:

-Ուրախ եմ աղա, կ՚ըսէ Իպիշ, բայց եթէ դուն Մէքքէ երթաս ու հոն մեռնիս, ապարօշը ո՞վ պիտի բերէ ինծի:

Իպիշը կեանքին մէջ միայն այս բարի խօսքը խօսեր էր ու անոր մէջ ալ աղային մահը կար:

ԳՐԱԳԷՏ ԿԵՍԱՐԱՑԻՆ

Ընդհանուր պատերազմին բանակի մէջ կեսարացի զինուոր մը կը տեսնէ, որ գրել-կարդալ գիտցողները պաշտօնի գլուխ կ՚անցնին եւ պատերազմի ճակատէն համեմատաբար հեռու կը պահուին։ Ուստի ինքն ալ կ՚ուզէ օրէնքի այդ տրամադրութենէն օգտուիլ, բայց գրել-կարդար չի գիտեր:

Օրին մէկը, երբ դարձեալ բանակին մէջ քննութիւն կը կատարուի, մեր կեսարացին ալ կը խառնուի քննուողներու խումբին եւ թուղթ ու մատիտը ձեռքը կը սկսի բաներ մը ճմրթկել:

Քննիչը ուշադրութիւն կ՚ընէ եւ կը տեսնէ, որ ամէնքը բաներ մը կը գրեն, բայց այս մէկը բան մը գրած չունի:

-Դուն, էֆրատ, կ՚ըսէ քննիչը, ինչո՞ւ չես գրեր եւ եթէ գրել չես գիտեր, ինչո՞ւ խառնուեր ես:

-Այո՛, տէր իմ, ճիշդ է, որ ես գրել-կարդալ չեմ գիտեր, կը պատասխանէ զինուորը, բայց ես ալ կեսարացի եմ…

Այս խօսքը քննիչին այնքա՜ն անոյշ կու գայ, որ զինքը պարենաւորման պաշտօնեայ կը կարգէ։

ԲԵՐԱՆՕՐՀՆէՔ

Կար չկար, գեղջկուհի մը կար: Բարեպաշտ հաւատացեալ էր ան, բայց տգէտ էր եւ սնապաշտ: Միշտ ուշադրութիւն կ՚ընէր, որ պիղծ անասունի մը դունչը չդպի խոհանոցի ամաններուն: Եւ ա՛յս ոչ մաքրութեան համար, այլ կը հաւատար, թէ պղծեալ աման գործածելը մեղք ունի: Այս կինը ունէր չարաճիճի փիսիկ մըն ալ, որ որսորդ էր, աղուոր ջարդ կու տար մուկերուն, միայն թէ շերեփ բերան էր, կ՚երթար, կու գար ամանները կը լիզէր, կը լեզուըրտէր ու կը պղծէր զանոնք: Ուստի, ամէն օր, Աստծուն օր, գեղջկուհին ալ՝ ըստ իր բարեպաշտ սովորութեան, ամանը ձեռքը կու գար գիւղի տէրտէրին, որ օրհնէ ու սրբէ զայն:

-Նորէն ի՞նչ կայ, Եղսա՛, կը հարցնէ տէրտէրը:

-Տէ՛ր հայր, ղուրպանդ ըլլամ, ի՛նչ պիտի ըլլայ, փիսիկը նորէն ամանս մնտռեց, բերեր եմ, որ օրհնես:

Եւ այս ամէն օր: Վերջապէս տէրտէրին համբերութիւնը կը հատնի ու.

-Եղսա՛ պաճի, կ՚ըսէ, ո՛չ կատուն աման լիզելէ ձանձրացաւ, ոչ ալ դուն իմ օրհնութենէս: Բե՛ր, այս անգամ ալ կատուիդ բերանը օրհնեմ, որ ալ ամաններդ չպղծուին:

ԱՄՉԿՈՏ ՏԷՐՏԷՐԸ

Տէրտէրին մէկը իր ծուխերէն մին կակուղ կը գտնէ, կու գայ կ՚երթայ այդ տունը, կ՚ուտէ կը խմէ եւ այս ամէն օր:

Տանտէրն ու տանտիրուհին կը ձանձրանան: Աս մէկ չէ, երկուք չէ: Բայց ի՛նչ ընեն: Վերջապէս տանտիրուհին ճարը կը գտնէ: Կիները այս տեսակ բաներու մէջ հնարամիտ են:

Տէրտէրը սովորութիւն ունէր, տանտիրոջ հրամցուցած կերակուրը ուտելէ վերջ վերջին պատառը կը խնայէր ու կ՚ըսէր.

-Տիրուհի՛, այս մասն ալ վերցո՛ւր, պահէ եւ վաղը դարձեալ կու գամ, կ՚ուտեմ:

Վաղը վաղվաղակի կու գայ, աւելցուքը պահել կու տայ միւս վաղուան եւ այսպէս շարունակ: Օրին մէկը, երբ դարձեալ կ՚ըսէ.

-Վերցո՛ւր եւ այս մասն ալ վաղուան պահէ:

-Տէր հայր, կը կրկնէ տիրուհին, խնդրեմ այդ մասն ալ այս անգամ տարէք երէցկինը թո՛ղ պահէ, վաղը՝ քեզ համար... Գնա՛, եկո՛ւր, կե՛ր անկէ:

ՀՌԵՏՈՐ ՏԷՐՏԷՐԸ

Տէրտէրին մէկը քարոզել շատ կը սիրէր, բայց ի՛նչ կը քարոզէր՝ ինքն ալ չէր գիտեր: Այս բանը ինքն ալ զգալով պատուիրեր էր լուսարարին, որ երբ քարոզի պահուն անհամ բան մը բերնէն փախցնէ, լուսարարը իր փէշէն պէտք է քաշէ:

Օր մը, այս տէրտէրը Սուրբ Գէորգի մասին կը քարոզէ.

-Սուրբ Գէորգը, կ՚ըսէ, մեր ամենէն զօրաւոր սուրբերէն էր: Օր մը անիկա սպաննեց վիշապ օձ մը, որուն պոչը հինգ հարիւր մեթր կար:

Լուսարարը փէշէն կը քաշէ:

-Եթէ հինգ հարիւր չկար, կ՚ըսէ, 200 կար:

Լուսարարը նորէն կը քաշէ:

-Կարծեմ, կ՚ըսէ, հարիւր կար:

Նորէն կը քաշէ: Այս անգամ հռետորը կը սրտնեղի.

-Անպայման քսանհինգ մեթր կար:

Եւ երբ դարձեալ փէշը կը քաշուի, այս անգամ խօսքը լուսարարին ուղղելով.

-Ծօ՛, խայտառակ, կ՚ըսէ, հապա օձը բնա՞ւ պոչ չունէր… 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2022