ԵՄ-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Սպի­տակ Ռու­սիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Մինսք։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին տե­ղի ու­նե­ցած էր ԵՄ-ի ան­դամ եւ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րուն գա­գա­թա­ժո­ղո­վը Ռի­կա­յի մէջ։ Այս առ­թիւ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ա­պա­գա­յին տե­սա­կէ­տէ ըն­դու­նուած էին կա­րե­ւոր ո­րո­շում­ներ։ Ար­դա­րեւ, Եւ­րո­միու­թիւ­նը պատ­րաս­տա­կամ գտնուած է Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մաս­նա­կից վեց պե­տու­թիւն­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ տա­նիլ ըստ ի­րենց ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն։ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ծրագ­րին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը յատ­կանշա­կան կը հա­մա­րուի նաեւ Ռու­սաս­տա­նի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ան­նա­խըն­թա­ցօ­րէն լա­րուած առ­կայ մթնո­լոր­տին մէջ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս Ուք­րայ­նոյ զար­գա­ցում­նե­րուն բե­րու­մով Եւ­րո­միու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ սոյն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­յուն ըն­թաց­քին։

Հա­յաս­տան ներգ­րա­ւուած ըլ­լա­լով Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մէջ՝ գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ կը տա­նի միշտ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն ո­րո­նե­լով Ռու­սաս­տա­նի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի մի­ջեւ։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015