«ԱՇԽՈՒԺՕՐԷՆ ՊԷՏՔ Է ՔՆՆԱՐԿԵԼ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԸ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹՒՆՆԵՐԷՆ ՏԱՐԱՆՋԱՏԵԼՈՒ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ»

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը Երեւանի համար տարածքային հարց մը չէ։ «Այդ առումով մեզի համար սկզբունքային է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները», յայտնեց Արմէն Գրիգորեան «Արմէնփրէս» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի կառավարութիւնը խաղաղութեան օրակարգը հռչակած է պետական ռազմավարութիւն եւ քաղաքականութիւն։ Սա վկայութիւն մըն է, թէ երկրի ղեկավարութիւնը այդ բանի հնարաւորութիւնը կը տեսնէ։

Հարցազրոյցի մէջ Արմէն Գրիգորեան յիշեցուց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ազգային ժողովի երդիքին տակ արտայայտուած գաղափարը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է տարանջատել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններէն։ «Մենք հիմա աշխուժօրէն պիտի քննարկենք այդ տարբերակը ու պիտի որոշենք, թէ ինչպէս պէտք է ընթանանք», ըսաւ Արմէն Գրիգորեան եւ աւելցուց, որ կայ գաղափար մը, որով կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերջնական լուծման։ «Բայց այս պահուն վաղ է որեւէ նման բանաձեւի մասին խօսիլը», ըսաւ Գրիգորեան եւ աւելցուց, որ մեծ հաշուով այժմու ընթացքը ուղղուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր մը կնքելու։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Գրիգորեան աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան ապահովման միջազգային երաշխիքը գոյութիւն ունի եւ այդ մէկը Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի ներկայութիւնն է։ «Այդ երաշխիքի ապագայ կատարելագործման վրայ պէտք է աշխատիլ, բայց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի ապազինականացումը կարեւոր գաղափար մըն է», նշեց Արմէն Գրիգորեան եւ աւելցուց, որ մարդասիրական հարցերու լուծումը խաղաղութեան պարտադիր ուղեկիցն է։

Անդրադառնալով Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին՝ Արմէն Գրիգորեան յիշեցուց յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ գոյացած համաձայնութիւնները, նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցը։ «Միանշանակ է, որ մենք հաւատարիմ պիտի մնանք այդ համաձայնութիւններուն նկատմամբ՝ մանաւանդ, որ թէ՛ Ռուսաստան, թէ՛ ԱՄՆ, թէ՛ Ֆրանսա, թէ՛ Իրան, թէ՛ Վրաստան եւ թէ Եւրոմիութիւնը կ՚աջակցին կարգաւորման գործընթացին», ըսաւ Գրիգորեան։

Արմէն Գրիգորեան յիշեցուց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նիստը ներկայ ամսուան երկրորդ կէսին նախատեսուած է՝ արդէն Պաքուի առաջարկով, մինչ հայկական կողմը շատ աւելի շուտ պատրաստ էր։ Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման հարցով ալ հայկական կողմը քանիցս արտայայտած է իր պատրաստակամութիւնը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 1, 2022