ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄԻՇՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ։ Այս վերջինը երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան-Տոնֆրիտ զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանէն ներս առկայ անվտանգային միջավայրին շուրջ։ Քննարկուեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով ծագած մարդասիրական խնդիրներու լուծման՝ կողմերը ընդգծեցին հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու շուտափոյթ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Տոնֆրիտ-Պայրամով զրոյցի ընթացքին ալ քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ նիւթեր։ Պայրամով զրուցակիցին ներկայացուց Պաքուի յայտնի դիրքորոշումը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ յառաջընթացի անհրաժեշտութեան մասին՝ ներառեալ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու բացումը, երկու պետութիւններու սահմաններու յստակացումը, ապագայ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ աշխատանքներու սկիզբը։ Ճէյհուն Պայրամով կարեւորեց կողմերու ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը ու պնդեց, որ ի հեճուկս ստանձնած պարտաւորութիւններուն՝ Հայաստան Ատրպէյճանի տարածքէն ամբողջութեամբ դուրս չէ բերած իր զինեալ ուժերը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2022