ՊԱՏԿԵՐԸ ԿԸ ՅՍՏԱԿԱՆԱՅ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ, ուր համախմբուած էին համայնքային կառոյցներու ջախջախիչ մեծամասնութեան ատենապետները կամ լիազօր ներկայացուցիչները։ Նիստը գլխաւորեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գտնուի նաեւ ERVAB-ի գլուխը։ Համայնքային վարիչներուն առընթեր ժողովին հրաւիրուած էին նաեւ իրաւաբան Սելինա Տողան եւ իրաւաբան Էօմեր Քանթիք։

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան համար հրապարակուած նոր կանոնադրութիւնը երէկուան ժողովի օրակարգի միակ նիւթն էր։ Կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ համայնքային վարիչները տարբեր մեկնաբանութիւններ ունեցած էին նոր կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն վերաբերեալ։ Այդ ընկալման տարբերութիւնները նաեւ գործադրութեան հեռանկարներուն տեսակէտէ տարակարծութիւններու ծնունդ տուած էին։ Սա միայն թրքահայ համայնքի պարագային ի զօրու չէր, այլեւ միւս փոքրամասնական համայնքներն ալ կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն բերումով խնդրայարոյց պարագաներ նկատած էին։ Թէեւ փոքրամասնական համայնքներուն միջեւ համակարգուած շփում մը կամ աշխատանք մը չէր եղած, սակայն թէ՛ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան եւ թէ Իսթանպուլի շրջանային տնօրէնութիւններու ներկայացուցիչները ընթացքին շփումներ ունեցած էին բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։ ԹՎՄ-ի երէկուան քննարկումներուն ընթացքին ալ ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ թէ՛ նոր կանոնադրութեան եւ թէ անոր հրապարակումէն վերջ պատկան իշխանութիւններու պատասխանատուներուն հետ կատարուած շփումներու լոյսին տակ։ Կարճ խօսքով, այժմ պատկերը հետզհետէ կը յստականայ եւ համայնքային վարիչները այս փուլին կը սկսին շօշափելի քայլեր առնելով ընտրութեան համար գործնական գետին մը պատրաստել։

Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան ժողովի բացման յայտնեց, որ սա առկախեալ ընտրութիւններու խնդրի յաղթահարման ճանապարհին մեր համայնքի վերջին բախտն է։ Ան համոզուած է, թէ համայնքի ապագային համար այս հնարաւորութիւնը պէտք է արժեւորուի լաւագոյնս։ Ըստ Շիրինօղլուի, մեր հաստատութիւններու ղեկավարութիւնները պէտք է ըլլան բաց ու թափանցիկ։ «Պէտք չէ մոռնանք, որ մեր վաքըֆներուն վրայ կայ մեր ժողովուրդը, մեր համայնքը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ քանի մը վաքըֆներու այժմու ղեկավարութիւնները կը փորձեն ուրիշ խաղեր յառաջ տանիլ՝ ապահովելու համար իրենց վերընտրութիւնը, երաշխաւորելու համար իրենց իշխանութեան վերարտադրութիւնը։ «Այդպիսիներուն բացարձակապէս պէտք չէ հնարաւորութիւն տանք, այլապէս մեր համայնքի ապագան կը վտանգուի», զգուշացուց ատենապետը ու մատնանշեց, որ նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն ի վեր անցած շուրջ մէկուկէս ամսուան ժամանակաշրջանը մեր համայնքին կողմէ այդպէս ալ արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց չէ արժեւորուած։ Ուստի, այս ընթացքը պէտք է փոխել, ինչ որ կարելի պիտի ըլլայ մեր վաքըֆներու պատասխանատուներուն եւ իրաւաբաններու համագործակցութեամբ։ Շիրինօղլու համոզուած է, թէ այս փուլին առաջնահերթ կը համարուին ընտրողներու ցուցակներու հնարաւորինս արագ պատրաստուիլն ու պատկան մարմիններուն ներկայացուիլը։

Ատենապետ Շիրինօղլուի այս ներածական խօսքէն վերջ արտայայտուեցաւ իրաւաբան Սելինա Տողան, որու խօսքով՝ թէեւ պատկան մարմիններուն հետ եղած են որոշ շփումներ, սակայն ակնյայտ է, որ գործադիր իշխանութիւնները այնքան ալ մտադիր չեն ճկունութիւն ցուցաբերելու։ Այդպիսի կամք մը չի նկատուիր։ Յամենայնդէպս, Սելինա Տողան դիտել տուաւ, որ այլեւս նոր կանոնադրութեան համար քաղաքական գնահատականներ տալու փուլը վերջացած է եւ պէտք է աշխատանքի լծուիլ՝ հաշուի առնելով առկայ իրողութիւնները։ Խորհրդակցութեան տեւողութեան Սելինա Տողան ընդգծեց նաեւ, որ եթէ մեր համայնքին մէջ, մեր հաստատութիւններու ղեկավարութիւններուն միջեւ հակասութիւններ յառաջանան, համագործակցութեան կամ ներդաշնակութեան պակասներ խնդրոյ առարկայ դառնան, ապա այդ բոլորէն ծնունդ առնելիք պարապութիւնը ուղղակիօրէն գործադիր իշխանութիւններուն կողմէ պիտի լրացուի։

Ժողովի տեւողութեան արտայայտուեցան զանազան համայնքային վարիչներ, որոնք ընդհանուր առմամբ շեշտը դրին հնարաւորինս ներառական, համընդգրկուն քուէարկութիւն մը կազմակերպելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Իր կարգին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ալ դիտել տուաւ, թէ այս ընտրութեան կազմակերպումը ERVAB-ի ամենամեծ փորձաքարը պիտի ըլլայ։

Ընդհանուր առմամբ, ԹՎՄ երէկ վերահաստատեց նախապէս ստեղծուած ընտրական մարմիններու կազմերը՝ չնչին փոփոխութիւններով։ Պատկան մարմիններուն հետ հաստատուած շփումներուն ժամանակ յայտնի դարձած է, որ իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի համար հասարակաց ընտրական մարմին մը ստեղծելու տեսակէտէ որեւէ խոչընդոտ չկայ։ Այսինքն, եթէ կարելի ըլլայ համայնքէն ներս ընդհանուր համաձայնութեան մը հասնիլ, ապա իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի համար մէկ կամ աւելի համատեղ ընտրական մարմինով մը ընտրութիւն կազմակերպել հնարաւոր պիտի ըլլայ։ Թէեւ իւրաքանչիւր վաքըֆ պարտաւոր է սեփական ընտրական մարմինը ունենալու, որովհետեւ յաչս պետութեան առանձին վարչական միաւոր մըն է, սակայն, ներքին փոխըմբռնումով մը եթէ իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի վաքըֆները նոյն անձերէ բաղկացեալ ընտրական մարմին մը պաշտօնի կոչեն, ապա այդ բանը ընդունելի պիտի ըլլայ պատկան իշխանութիւններուն համար։ Բնականաբար սա լուրջ հնարաւորութիւն մըն է ընտրական գործընթացին առողջ ուղղութիւն մը տալու տեսակէտէ։ Բաց աստի, ընտրողներու ցուցակներու այժմէականացման գործընթացին ժամ առաջ ձեռնարկելը այս պահուն մեր համայնքին տեսակէտէ կը համարուի հրատապ օրակարգ։ Տեսանելի ապագային մեր հաստատութիւններու ղեկավարութիւնները պէտք է ուշադրութիւն կեդրոնացնեն այս խնդրին վրայ։

Երէկուան խորհրդակցութիւններուն ընթացքին յայտնի դարձաւ, որ նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ մեր բոլոր վաքըֆներուն պաշտօնական գրութիւններ հասած են՝ 22 յուլիս 2022 թուակիր։ Թէ՛ այդ գրութեան բովանդակութիւնը եւ թէ ցարդ ծաւալուած ընդհանուր աշխատանքը միտուած են պարզելու մանրամասնութիւնները ընտրացուցակներու կատարելագործման ուղղութեամբ։ Արդարեւ, մինչեւ հիմա կատարուած բոլոր ընտրութիւններուն ընտրացուցակները կը կազմուէին՝ տուեալ հաստատութեան ծառայութիւններէն օգտուելու հիմքով։ Այսինքն, այն անհատները, որոնք կ՚արձանագրուէին որպէս ընտրող՝ կ՚որոշուէին տուեալ վաքըֆի սպասարկութիւններէն օգտուելու հիմունքով։ Այժմ նոր կանոնադրութիւնը այս ուղղութեամբ էական փոփոխութիւն մը կ՚ենթադրէ։ Նոր համակարգին մէջ ընտրողները կ՚արձանագրուին, ընտրացուցակները կը կազմուին՝ ըստ անձնագրային արձանագրութիւններու։ Սա արդէն շատ կարեւոր պարագայ մըն է եւ շատ նուրբ նշանակութիւն կը վերագրէ ընտրացուցակներու կատարելագործման ու արդիականացման նպատակով տարուելիք աշխատանքին։ Իւրաքանչիւր վաքըֆ ընտրութեան ձեռնարկելու համար անհրաժեշտ որոշումը պաշտօնապէս առնելէ, ընտրական մարմինը պաշտօնապէս կազմելէ եւ այդ բոլորը համապատասխանաբար պաշտօնագրերով պատկան իշխանութիւններուն ներկայացնելէ զատ, ընտրացուցակներն ալ պաշտօնապէս պէտք է ներկայացնէ պատկան մարմիններուն։ Այդ բոլորը պէտք է վաւերացուին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան պատկան բաժանմունքներուն կողմէ։ Առաջին փուլին իւրաքանչիւր հաստատութիւն իր մօտ արդէն արձանագրուած ընտրողներու ցուցակը պիտի ներկայացնէ։ Ընթացքին, ըստ ընտրական ժամանակացոյցին, եթէ նոր արձանագրութեան դիմումներ ըլլան, ապա անհրաժեշտ ապացոյցներով այդ արձանագրութիւններն ալ պիտի կատարուին եւ վերջնական ցուցակները դարձեալ պիտի հաստատուին։ Այժմ իւրաքանչիւր հաստատութեան ընտրացուցակի վերջին տարբերակը, ըստ էութեան, հաշուի պիտի առնուի՝ ըստ 2019 թուականի պատրիարքական ընտրութեան համար կատարուած քուէարկութեան մասնակիցներու հիմքով։ Մեր հաստատութիւնները այդ ընտրացուցակները ներկայացնելու ժամանակ անպայման պէտք է տեղեկացնեն տուեալ ընտրողի անուն-մականունը, ծննդեան թուականն ու քաղաքացիութեան համարը։ Մասնաւորապէս՝ քաղաքացիութեան համարի բացակայութեան պարագային որեւէ ընտրողի արձանագրութիւնը հնարաւոր պիտի չըլլայ։ Թէ՛ հին ցուցակներու եւ թէ նոր արձանագրութիւններու լոյսին տակ կատարուելիք հակակշռումներուն զուգահեռ՝ ինքնաբերաբար յայտնի պիտի դառնայ, թէ ո՛ր ընտրողը ո՛ր ընտրաշրջանին մաս պէտք է կազմէ։ Համայնքային վարիչները, որոնք այս վերջին շրջանին դիւանակալներու հետ շփուած են, վերահասու դարձած են նաեւ այս կտրուածքով ալ կարեւոր հանգամանքի մը։ Արդարեւ, պատկան իշխանութիւնները կանոնադրութեան ներհակ չնկատելով՝ կանաչ լոյս կը վառեն ինչպէս հասարակաց ընտրական մարմին ունենալու, այնպէս ալ հասարակաց ընտրացուցակներ ունենալու համար։ Այս բոլորէն վերջ, երէկուան խորհրդակցութիւններուն ընթացքին նպատակայարմար գտնուեցաւ, որ մեր բոլոր հաստատութիւնները վերջնական տեսքի բերեն իրենց ընտրացուցակները եւ այդ բոլորը փոխանցեն ERVAB-ի առցանց շտեմարանին։

Համայնքային վարիչները ժողովի ընթացքին նկատի ունեցան նաեւ ներառական ու կատարելագործուած ընտրական համակարգ մը ձեւաւորելու ճանապարհին համապատասխան թեքնիք ենթագետնի ձեւաւորման կարեւորութիւնը։ Անոնք համոզուած են, թէ բարեացակամ համագործակցութեան շնորհիւ կարելի է ապահովել հնարաւորինս կատարեալ թեքնիք ենթագետին մը, որու հիման վրայ ընտրողներու կամքը կրնայ ցոլանալ քուէարկութեան արդիւնքին։

Ընտրական մարմիններու ձեւաւորման զուգահեռ պէտք է որոշուին քուէարկութեան թուականները, քուէատուփերու տեղադրուելիք վայրերը։ Յառաջիկայ աշխատանքի այս մասը թէեւ ելեկտրոնիկ չափում մը չունի, սակայն, վերջին հաշուով կը դասուի թեքնիք հանգամանքներու շարքին։

 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2022