ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՂՔ ՄԸ ՉԷ

Հարուստներու եւ աղքատներու պայքարը՝ թէեւ վերջին տասնամեակներուն աւելի սաստկացած, սակայն դարերու վրայ երկարող պայքար մըն է, որովհետեւ մի՛շտ ալ հարուստը ուզած է իր հարստութեամբ իշխել եւ իր «իշխանութեան» տակ առնել աղքատը, իսկ աղքատը իր կարգին մի՛շտ ատած է հարուստը՝ պահանջեալ հարկին քծնելով՝ ի նպաստ իր շահերուն:

Երկու հազարամեակ առաջ նոյնիսկ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին ուղարկած իր երկրորդ նամակի վերջին տողերուն մէջ կը գրէր. «Պատուիրէ՛ այս աշխարհի հարուստներուն, որ չհպարտանան եւ չապաւինին իրենց սնոտի հարստութեան» (Ա. Տիմ. 6.17):

Կասկածէ վեր է, որ այսօրուան մարդը ամէ՛ն բան ընել յանձն կ՚առնէ՝ հարստութեան տիրանալու համար՝ նոյնիսկ անոնք, որոնք հոգիով ու սիրով ապաշխարած կ՚երեւին եւ լաւապէս գիտեն, որ պարանը ասեղի ծակէն շա՜տ աւելի դիւրին պիտի անցնի՝ քան իրենք՝ Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել:

Այսօր փորձեցէք նման նիւթեր արծարծել զանազան շրջանակներու մէջ. նո՛յն բանը պիտի լսէք. «դրամը կարեւոր չէ… հիմնականը մարդ առողջ ըլլայ», «ամէն բան ժամանակաւոր է, այսօր կայ վաղը չկայ… մեր հետ պիտի տանի՞նք»։ Այս բոլորը ըսելով հանդերձ, ջանք չեն խնայեր տիրանալու այդ ժամանակաւորին ու անկարեւորին:

Յաճախ կը տեսնենք, որ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս ինք եւս խիստ արտայայտութիւններ կ՚ունենայ հարուստներուն նկատմամբ եւ այս մէկը յաճախ մտածել կու տայ այն հարցումին մասին, թէ հարստութիւնը մե՞ղք է, Աստուծոյ ճշմարիտ հետեւորդը պէտք է աղքա՞տ ըլլայ: Եթէ Քրիստոս իրապէս դէմ էր հարստութեան, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ այսօր եկեղեցին հարուստ կառոյց մըն է եւ կարեւորութիւն կու տայ հարուստներուն, որոնք եկեղեցական հանդիսութիւններուն առաջին շարքերը կը գրաւեն:

Կ՚ուզենք յստակ ըլլայ, որ ո՛չ եկեղեցին եւ ոչ ալ քրիստոնէութիւնը դէմ է հարստութեան։ Երբ տէրը կը յորդորէ բարեգործութիւն կատարել, օգնել եղբօր եւ կարօտեալին, շա՛տ լաւ գիտէ, որ այդ բոլորը գումարի կը կարօտի։ Աստուածաշունչէն կը գիտնանք, որ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներէն Յուդան էր գանձապահը, ինչ որ ինքնաբերաբար ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս Քրիստոս եւս գիտէր դրամին կարեւորութիւնը. օրինակ՝ հինգ հազարի կերակրման ժամանակ նախքան հրաշագործութիւնը հարց կու տայ, թէ ինչքա՞ն հաց ունինք։ Ան լաւապէս կը գիտակցէր, որ նման ամբոխ մը կերակրելը մեծ գումար կը պահանջէ, սակայն հրաշագործութեան ճամբով կ՚ուզէ մարդուն սորվեցնել, որ դրամի ապաւինելէ առաջ պէտք է ապաւինիլ Աստուծոյ:

Այսօր մեր եկեղեցւոյ խորաններէն դժուար թէ ժխտական բան մը լսէք հարուստներու մասին. այն հարուստները, որոնք կ՚ապահովեն եկեղեցւոյ ընթացքը՝ մանաւանդ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պարագային, որ ցաւ ի սիրտ ինքնաբաւ կառոյց մը չէ կրցած ըլլալ միւս օտար եկեղեցիներուն նման։ Աւելին, մեր հայկական իրականութեան մէջ հարուստները եղած են օրհնեալներ, որովհետեւ սփիւռքի, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ այսօր անոնց շնորհիւ է, որ կառուցուած են եւ կը շարունակուին կառուցուիլ դպրոցներ, եկեղեցիներ ու հաստատութիւններ, սակայն հարուստ ալ կայ՝ հարուստ ալ…:

Այսօր մեր մէջ գոյութիւն ունին հարուստներ, որոնք իրենց գումարը յանձն կ՚առնեն ծախսել պարզապէս անուն շահելու եւ մարդոց մէջ հպարտանալու համար՝ մինչ ուրիշներ «ձախը չի գիտնայ աջը ինչ կ՚ընէ»ի տրամաբանութեամբ գաղտնի ձեւով կը կատարեն այդ բոլորը։ Աստուածաշունչը յաճախ կը խօսի առաջին տեսակի հարուստներուն մասին, որոնք ո՛չ թէ բարեգործութեան, այլ ինքնասիրութեան ու սեփական եսի շոյանքին համար յանձն կ՚առնեն ընել այդ բոլորը:

Յաճախ այն կարծիքը կ՚ունենանք, թէ Աստուածաշունչի մէջ յիշուած մարգարէները, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի առաքեալները աղքատ մարդիկ էին։ Հին Կտակարանի մարգարէներէն ոմանք եղած են թագաւորներ. կասկածէ վեր է, որ Սողոմոն Իմաստուն մեծ հարստութեան տէր մարդ մըն էր, սակայն նաեւ Աստուծոյ ընտրեալն էր:

Հարստութիւնը քննադատելի կ՚ըլլայ այն ատեն, երբ միջոցէն կը վերածուի նպատակի, որովհետեւ դրամը որպէս միջոց գործածողը գիտէ, որ այդ գնայունը կ՚օգնէ մնայուն ապահովելու՝ մինչ նպատակ դարձնողը անիմաստ կը բարձրանայ նիւթապէս՝ օր մը «հող էիր հո՛ղ դառնաս»ին հետեւելու համար:

Յաճախ կը կարծուի, որ քրիստոնէութեան կրօնը երանի՜ կու տայ աղքատներուն։ Առակաց գիրքը կ՚ըսէ. «Աղքատին ողորմութիւն տուողը Աստուծոյ տուած կ՚ըլլայ, եւ Աստուած պիտի հատուցէ»։ Եթէ աղքատ ըլլալու պայման մը ըլլար, ինքնաբերաբար ողորմութեան մասին խօսք պիտի չըլլար եւ Աստուած պիտի չհատուցէր ողորմութիւն տուողը եւ այս նրբութեան մէջ է Աստուծոյ կողմէ սիրելի կամ «ատելի» հարուստ մը ըլլալու տարբերութիւնը:

Թող մեր հարուստ բարերարները չմտածեն, որ ասեղի ծակէն պիտի չանցնին, այլ թող իրենց հարստութիւնը ի սպաս դնեն հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար, որովհետեւ ամէ՛ն ժամանակէ աւելի մենք այսօր կարիքն ունինք հայ հարուստներուն՝ ծաղկեցնելու եւ հզօրացնելու համար մեր հայրենիքը, որպէսզի կարենայ իր կայուն դիրքը ապահովել աշխարհի անհասկնալի այս խաղին մէջ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -8-

Օր մը Անթիլիաս կը ժամանէ երկա՜ր տարիներ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ապրած եկեղեցական մը, որուն մեծ հարստութեան տէր ըլլալը ծանօթ է բոլորին. տէր՝ մի քանի միլիոն տոլարի:

Առիթով մը կը խնդրէ, որ մեքենայովս զինք տանիմ վանքին ամենէն մօտիկ խանութներէն մէկը. կ՚երթանք:

Եկեղեցականը կ՚ուզէ փոքր նուէր մը առնել վանքի քարտուղարուհիներէն մէկուն՝ նկատի ունենալով վերջինիս կատարած աշխատանքները սրբազանին ճամբորդական թուղթերուն գծով: Եկեղեցականը կը վերցնէ չորս տոլար արժող քաղցրաւենիք մը եւ կը պատրաստուի դուրս գալ. պահ մը ետք վերցուցածը դարձեալ տեղը դնելով ուրիշ մը կը վերցնէ եւ կ՚ըսէ. «Այս մէկը կէս տոլար աւելի պակաս է»։ Փաստօրէն ճի՛շդ է ժողովուրդին այն խօսքը, թէ հարուստը ագահութեամբ կը հարստանայ:

***

Մի քանի շաբաթ առաջ Հայաստանի եկեղեցիներէն մէկուն դիմաց տեսայ տարեց մուրացկան մը, որ անցնող գացողէն ողորմութիւն կը խնդրէր: Նկատի ունենալով տարիքը եւ քաջատեղեակ ըլլալով Հայաստանի տնտեսական դժուարութիւններուն՝ ուզեցի շատ փոքր գումար մը տալ. գումար, որ գոնէ երկու օրուան հացի համար կը բաւէր։

Մօտեցայ եւ «բարեւ տատի ճա՛ն» ըսելով կամացուկ մը գումարը ափին մէջ դրի։ Նայեցաւ գումարին եւ սրտնեղած՝ «էս ինչ ա՛, մի՛ քիչ աւելի փող տայիր» ըսաւ։ Փաստօրէն այս դարու մուրացկանները տարբեր են։ Ունին որոշ չափանիշ, որովհետեւ յաճախ մուրացողը կրնայ աւելի հարուստ ըլլալ՝ քան ողորմութիւն տուողը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2022