ԽՈԿՈՒՄԻ ԺԱՄ
Ո՞վ է մարդը…
«Ձեռք բեր անարատութիւն, որպէսզի Սուրբ Հոգին բնակի մէջդ: Ըլլալ հաճելի Աստուծոյ՝ ահաւասիկ երանութիւնդ: Ըլլալ անոր հետ միասին՝ ահաւասիկ կոչումդ եւ գործերուդ սկզբունքը: Իւրաքանչիւր քայլ, որ կ՚առնենք այս կեանքի ճանապարհին՝ քայլ մըն է, որ մեզ կը մօտեցնէ մեր վերջին քայլին:
Չէ՞ք գիտեր արդեօք, որ մենք ճիւղերն ենք ճշմարիտ Որթատունկին, որ մեր Տէրն է: Տեսէք, որ մեզմէ ոեւէ մէկը անպտուղ չգտնուի:
Ճշմարտութեան Հայրը մշակելով խաղողի այգին՝ սիրով կը խնամէ անոնք, որոնք կը պտղաբերեն, որպէսզի դառնան ա՛լ աւելի պտղաբեր, իսկ ով չի պտղաբերեր, զանոնք կը կտրէ ու դուրս կը նետէ այգիէն, դէպի անշէջ հուրը: Ուշադի՛ր եղէք ինքզինքնիդ հանդէպ, չըլլայ թէ անպտուղ գտնուելով կտրուիք ու կրակի մէջ նետուիք:
Մեծ է մահուան ժամուն երկիւղը, երբ հոգին կը բաժնուի մարմինէն, քանզի այդ բաժանումի ժամուն իր հոգիին առջեւ կը կենան իր գործերը՝ բարի ու չար, որոնք գործուեցան իր կողմէ՝ օրուգիշեր:
Ահով նայելով իր գործերուն կ՚ըսէ անոնց՝ հեռացէ՛ք, ձգեցէ՛ք զիս դուրս գալ: Իսկ բոլոր գործերը միասնաբար կ՚ըսեն. «Դուն մեզի գործեցիր: Քեզի հետ մենք կու գանք Աստուծոյ դատաստանին»:
Ո՞վ է մարդը, ոչինչ:
Ո՞վ է մարդը, մոխիր մը:
Ո՞վ է մարդը, երազային տեսիլք մը:
Ո՞վ է մարդը, ստուեր մը:
Ահա ապրեցաւ իր կեանքը, ահա ան այլեւս չկայ, ահա ան անշարժ է, անշունչ, լուռ. ահա՛ վախճանեցաւ այս մեծ ու անյաղթելի առիւծը, տանջարարը. հզօր, բարձրահասակ, սարսափելի՝ բոլոր իշխանաւորներուն համար. պառկած է եւ ինչպէս ոչխար հեզ դարձած:
Ան ձգեց մեզ, յայտնուեցաւ ու չգոյացաւ: Ծնաւ այնպէս՝ կարծես ծնած չըլլար: Կը տիրէր շատերու վրայ եւ կարծես՝ ան երբեք չէր ալ եղած...»
Սուրբ Եփրեմ Ասորի, 4-րդ դար
***
«Մերկ եկած ենք աշխարհ, ո՜հ, եթէ միայն այս կեանքէն ալ դուրս ելլէինք մեր մեղքերէն մերկացած» (Սուրբ Բարսեղ Մեծ):
«Հոգին կրնայ հակառակիլ մեղքին, սակայն առանց Աստուծոյ չի կրնար յաղթել կամ արմատախիլ ընել զայն» (Սուրբ Մակար Մեծ):
«Օրինակ մի՛ վերցներ անոնցմէ, որոնք թոյլ են քեզմէ, այլ՝ օրինակ վերցուր անոնցմէ, որոնք քեզմէ կատարեալ են» (Սուրբ Անտոն Անապական):
«Այրե՛ր ու կինե՛ր, մենք ո՛չ փափուկ մարմիններու եւ ոչ ալ պճնուած հագուստներու կարիք ունինք: Մենք կարիք ունինք ներքին զարդերու ու փափկութեան: Կարելի չէ միաժամանակ փափկացնել ու զարդարել թէ՛ հոգին, թէ՛ մարմինը, ինչպէս՝ կարելի չէ ծառայել Աստուծոյ ու ինչքերուն» (Սուրբ Բարսեղ Մաշկեւորցի):
«Պճնասէր չէ այն կինը, որ զարդեր չի կրեր. սակայն ինքզինք բարի գործերով չզարդարողը՝ պիտի պատժուի» (Սուրբ Բարսեղ Մաշկեւորցի):
«Կը պատուիրեմ նաեւ ձեզի՝ կիներ, որ պարկեշտ ու բարեձեւ ըլլաք ամէն բանի մէջ, ինչպէս վայել է քրիստոնեաներուն: Ոսկիէն ու արծաթէն առաւել՝ ամօթխածութեամբ ու պատկառանքով զարդարեցէք ձեր անձերը, ու ոչ ոք օտար ներկերով իր երեսը չգունաւորէ» (Սուրբ Ներսէս Շնորհալի):
«Խոնարհութիւն է անշուք հանդերձը, ինչպէս նաեւ թանկարժէքն ու փառաւորը չկրելը, քանզի մարդիկ փառք կ՚որսան հանդերձէն: Այս մասին գրուած է. «Մի՛ զարդարուիք մերկ ու ամբողջովին պճնուած զգեստներով, որոնց գեղեցկութիւնը ապաշնորհ է» (Երանելի Անանիա Նարեկացի):
«Դիւային երաժշտութիւնները շարժումի մէջ կը նետեն մեր կիրքերը: Եւ մեր անձը կը նետեն աղտեղի երազանքներու մէջ: Իսկ սաղմոսներն ու հոգեւոր երգերը մշտապէս մեր միտքը կը սեւեռեն առաքինի գործերու վրայ, կը պաղեցնեն բարկութեան կրակը եւ կը յանգեցնեն կիրքը» (Սուրբ Եւագր Պոնտացի):
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024