ԱՂՔԱՏ ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԵՍԱ՞Ծ ԵՍ…
Մեր թուականէն 89 տարի առաջ՝ 1933 թուականին Յունաստանի կառավարութիւնը երեսփոխանական ժողովի մը ընթացքին յառաջ կը բերէ օրինագիծ մը, որով կ՚առաջարկուի արտօնութիւն պահանջել, որպէսզի քննութիւն կատարուի եւ ստուգուի, թէ ուրկէ՛ եւ ի՛նչ միջոցներով հարստացած են քաղաքական դէմքերը, պետական պաշտօնեաները, անոնց կիները, մօտաւոր ազգականներն ու սպաները:
Յունաստանի պարագային 89 տարի առաջ ինչ եզրակացութեան յանգեցան՝ չենք գիտեր, սակայն գիտենք, որ նման օրինագիրծ մը անհրաժեշտ է ուսումնասիրելու համար, թէ տնտեսապէս Հայաստանի նման աղքատ երկրի մը մէջ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ նախարարներ ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ անդորր ու խաղաղ հարուստ կեանք մը կ՚ապրին:
Յայտնի մտածող մը կ՚ըսէ, որ այն պետութիւնը, ուր ժողովուրդին տեղ պետական պաշտօնեաները կը հարստանան՝ այդտեղ թերացում մը կայ, որովհետեւ պետութեան մը նպատակը ժողովուրդը հարստացնել եւ անոր կեանքը բարելաւել պէտք է ըլլայ՝ մինչ կը տեսնենք, որ անո՛նց կեանքն է, որ կը բարելաւուի եւ ո՛չ թէ ժողովուրդինը: Կը տեսնենք, որ անոնց զաւակները կ՚ունենան դիւրակեցիկ կեանք մը՝ լեցուն եւրոպական երկիրներու վայելքներով, ի վիճակի իրենց ուսումը ստանալու ամերիկեան կամ եւրոպական համալսարաններուն մէջ՝ ի հեճուկս զիրենք հարստացնող ժողովուրդին շահերուն:
Նման գողութիւններ եւ անարդարութիւններ աշխարհի տարածքին ամէն տե՛ղ են. պահ մը փորձեցէք ուսումնասիրել ափրիկեան երկիրներու տնտեսական վիճակը։ Յաճախ կը կարծուի, որ Ափրիկէ աղքատներու ցամաքամաս մըն է, որովհետեւ համացանցն ու հեռուստացոյցը այդպէս ուզած են մեզի համոզել, սակայն իրականութեան մէջ այդ երկիրներու ղեկավարները մեծահարուստներ են։ Անոնք հարստութեան տիրացած են հասարակ ժողովուրդը հարստահարելով:
Այսօրուան կառավարութեան վիճակը կը նմանի «բժի՞շկը հիւանդը կ՚ապրեցնէ, թէ ո՛չ հիւանդը՝ բժիշկը» հարցումին, որովհետեւ ժողովուրդը հարստացնելու կոչուածը կը սկսի հարստանալ, ժողովուրդին ճամբայ բանալու կոչուածը կը սկսի յատուկ ծառայութիւններու միջոցով իր ճամբաները բանալ, մեծ հարստութեան տէր դառնալ:
Աւելի յստակացնելու համար այս կողոպուտի չափը, տանք մի քանի օրինակ։ Քանի մը ամիս առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պահանջեց երկու տասնամեակ պետական պաշտօններ զբաղեցուցած եւ Երեւանի քաղաքապետ եղած Գագիկ Բեգլարեանէն, որպէսզի փաստ ներկայացնէ, թէ ինչ միջոցներով ձեռք բերած է 7 միլիոն 373 հազար ամերիկեան տոլարի հարստութիւնը եւ Երեւանի տարբեր շրջաններուն մէջ աւելի քան 33 բնակարաններ, որոնց մեծամասնութիւնը Հայաստանի ամենէն բարձրաշխարհիկ փողոցներէն՝ Հիւսիսային պողոտայի վրայ կը գտնուին: Գագիկ Բեգլարեանի կողքին իր կինն ու զաւակը ունեցած են 27 միլիոն ամերիկեան տոլար, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ տուներ ու խանութներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը այս բոլորը նկատի ունենալով 2021 թուականին ձերբակալեց Գագիկ Բեգլարեանը, որ ձերբակալութենէն օր մը ետք 100 հազար տոլար վճարելով ազատ արձակուեցաւ… Ժողովուրդին միջոցաւ միլիոններու ձեռքբերում եւ նոյն ժողովուրդի գումարով ազատութեան տիրացում… Ի՜նչ հեգնանք:
Մեզմէ ո՞վ համոզուած է արդեօք, թէ Գագիկ Բեգլարեան եւ իր կինն ու զաւակը աւելի քան 34 միլիոն տոլարի հարստութիւնը ձեռք բերած են օրինական ճամբով:
Արցախեան վերջին պատերազմին հայ ժողովուրդը ունեցաւ բազմահազար զոհեր, սակայն ի՜նչ հրաշք, որ անոնց մէջ ո՛չ մէկ նախարարի զաւակ, ո՛չ մէկ պետական պաշտօնեայի հարազատ կար, որովհետեւ հասարակ ժողովուրդի զաւակներուն տրուած է միայն դժուարութեամբ դրամ վաստակիլն ու հայրենիքի համար զոհուիլը՝ մինչ պետական պաշտօնեաներու զաւակները մենաշնորհեալ անձեր ըլլալով միա՛յն հանգիստ կեանք մը ապրելու համար ծնած են:
Կարծես չի բաւեր պետական պաշտօնեաներուն ապրած հանգիստ կեանքը, կը փորձեն իրենք զիրենք խեղճ ու կրակ ներկայացնել։ Երկու ամիս առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքը յայտարարագրով մը ներկայացուց իր ստացուածքը։ Ըստ յայտարարագրին, Նիկոլ Փաշինեանի տղան՝ Աշոտ Փաշինեան դրամատան հաշուին մէջ ունի միա՛յն 1695 դրամ (4.17 տոլար), իսկ աւելին, յայտարարագրին համաձայն, Փաշինեանի կինն ու զաւակները ամէն ամիս վճարելիք պարտքեր ունին:
Յաճախ այն կարծիքը կ՚ունենանք, թէ երկիրի մը ղեկավարը կամ նախարարը աւելի՛ բարձր է՝ քան հասարակ քաղաքացին, սակայն իրականութեան մէջ քաղաքացի՛ն է, որ հասարակ մարդը կը դարձնէ նախարար ու վարչապետ։ Այլ խօսքով, գործատուն, որ այս պարագային նոյնինքն հասարակ ժողովուրդն է, չի՛ կրնար աւելի նուազ կամ պակաս ըլլալ պաշտօնեայէն՝ որուն աշխատավարձը ի՛նք կ՚ապահովէ:
Պէտք է յստակ ըլլայ, որ վարչապետն ու նախարարը ինձմէ ու քեզմէ աւելի բարձր անձ մը չեն, այլ ընդհարակառակն, կոչուած են ծառայելու ինծի եւ քեզի։ Ցաւալի է, որ նման հարստութեանց մէջ ապրողներուն տրուած է որոշել աղքատ ժողովուրդի մը ճակատագիրը։ Հազարաւոր տոլար աշխատավարձ ստացողներն են, որ կ՚որոշեն, թէ հասարակ ժողովուրդը 100-200 տոլարով կրնայ գոյատեւել… Հարուստը աղքատի վիճակէն ի՞նչ կը հասկնայ. ոչի՛նչ եւ այդ ոչինչին պատճառով քաղաքացին կ՚աղքատանայ ու կը խեղճանայ՝ մինչ մեզի հարստացնելու եւ մեր կեանքը բարելաւելու կոչուածները կը բարձրանան առանց սահմաններու:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -9-
Մի քանի օր առաջ երեկոյեան ժամը 9-ին մեքենայիս ետեւէն ոստիկան մը եկաւ եւ սկսաւ բարձրախօսով անարգական ոճով «աջ կայնի» բղաւել։ Առանց ուշադրութիւն դարձնելու շարունակեցի առաջանալ. պահ մը ետք ոստիկանական մեքենաներուն թիւը աւելցաւ եւ իրենց միացան հսկայ սեւ մեքենաներ, որոնց մէջէն մի քանի գլուխներ յայտնուելով սկսան նոյն «աջ կայնի» յայտնի նախադասութիւնը բղաւել:
Պարզուեցաւ, որ Փաշինեանը կ՚անցնի… իր շքախումբով: Իմ ճամբաս ու կեանքս դիւրացնելու կոչուած վարչապետին կեանքը ես կը դիւրացնեմ՝ իր ճամբան բանալով, որպէսզի չըլլայ յանկարծ, որ խճողումի մէջ յայտնուի, որովհետեւ մեզի համար սպասելն ու յոգնիլը արդար ու բնական, սակայն իրեն համար անընդունելի է կարծես:
***
Լիբանանի մէջ որոշ ժամանակ շա՜տ փախստականներ սկսան յայտնուիլ, այդ իսկ պատճառով կառավարութիւնը որոշեց ժամանակ առ ժամանակ փողոցներուն վրայ հսկողութիւն կատարել՝ գտնելու համար բոլոր անոնք, որոնք ապօրինի ձեւով մուտք գործած են երկիր:
Օր մը դրամապանակս տունը ձգելով տունէն դուրս եկայ: Մի քանի փողոց անդին գաղտնի ոստիկան մը փաստաթուղթերս ուզեց. ոչինչ ունէի այդ պահուն ներկայացնելու։ Ձայն տուաւ մեծաւորին եւ փոխանցեց փաստաթուղթ չունենալս եւ վերջինը իր կարգին հրաման տուաւ «փախստական»ի կասկածանքով զինուորական մեքենայ նստեցնել:
Ոճրագործի արտաքինով մի քանի այլ ձերբակալեալներու հետ զիս տարին շրջանի ոստիկանական բաժանմունք, ուր մեզի կը սպասէին ոճրագործի դէմքով մի քանի տասնեակ այլ փախստականներ:
Ժամանակ մը ետք ոստիկանը սկսաւ արաբական անուններ տալ եւ ա՛յն բախտաւորը, որ իր անունը լսեց սկսաւ դուրս գալ ոստիկանատունէն՝ առանց հարցաքննութեան։ Վերջաւորութեան պարզուեցաւ, որ այդ բախտաւորները ունին մեծ պաշտօնի վրայ գտնուող ծանօթներ, որոնք մէկ հեռաձայնով ոճրագործը հրեշտակ ու մարդակեր մարդասէր դարձնելու շնորհքն ու կարողութիւնը ունին:
Մինչ օրս կը յիշեմ այդ բախտաւորներուն ժպիտը՝ ոստիկանութենէն դուրս գալու պահուն. ժպիտ, որ կ՚ըսէր, թէ ի՛նչ ընելդ կարեւոր չէ, ո՛վ ճանչնալդ է կարեւորը արդարանալու համար:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ