ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻՆ ԴԻՄՈՒՄԸ՝ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԶՈՒԳԱԴԻՊՈՒԹԻՒՆ
Դարերու հոլովոյթին մէջ պատահած է, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետական աթոռները գտնուին Օսմանեան կայսրութեան տարածքէն ներս։ Այսինքն, եղած են շրջաններ, երբ Հայ Եկեղեցւոյ կենսագործունէութիւնը ամբողջութեամբ Օսմանեան պետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուած է։ Այսօր ալ պատմականօրէն հետաքրքրական հանգրուան մըն է։ Իրավիճակը թէեւ այդքան նման չէ, բայց մեր եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներէն երեքը, որոնք ունին տեղական բնոյթ, զանազան նիւթերու կամ պահանջներու բերումով աղերս ունին Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պարագան արդէն պարզ է, իսկ վերջին տարիներուն երբեմնի կալուածներու վերաբերեալ հարցերով պետութեան մօտ աշխատանք կը տանին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը։ Ըստ երեւոյթին, Երուսաղէմը բաւական զուսպ եւ հաւասարակշռուած ձեւով մը կ՚ընէ այդ գործը, իսկ Կիլիկեան Աթոռը՝ ընդհակառակն, բաւական աղմկայարոյց ձեւով իջած է ասպարէզ։ Այդ ոճի տարբերութիւնը հասկնալի է, որովհետեւ Անթիլիաս ակնյայտօրէն կ՚ընդգծէ իր բացած դատին քաղաքական բնոյթը, այսինքն մտադրութիւն ունի հարցը քաղաքականացնելու։
Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձման պահանջով՝ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատը, հասկնալիօրէն, արտասովոր իրադարձութիւն մըն է։ Մինչեւ շատ կարճ ժամանակ առաջ անկարելի էր մտածել այսպիսի քայլի մը շուրջ։ Արդարեւ, ինչպէս յաճախ կ՚ըսուի, Թուրքիան փոխուած է, կ՚ապրի եղափոխութիւններու ժամանակաշրջան մը։ Այդ փոփոխութիւնները կ՚ընձեռեն զանազան նոր հնարաւորութիւններ, որոնք երկրի հայութեան վաղեմի խնդիրներուն առջեւ կ՚ուրուագծեն լուծման հեռանկարներ։ Հիմա, այնպիսի իրավիճակ մը ստեղծուած է, որ միայն Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող հայերով սահմանափակ չի մնար նիւթը եւ սփիւռքահայութեան վերաբերեալ ծալքեր ալ ունենալ կը սկսի։ Անհատներու պարագան տարբեր, եկեղեցապատկան կալուածներու եւ այլ խնդիրներու պարագային կ՚ըլլան հետաքրքրական խմորումներ։ Թուրքիոյ նոր մթնոլորտին մէջ, ակնյայտ է, որ անցեալի բաղդատմամբ շատ աւելի դիւրին է իրաւունքներ հետապնդել, հատուցումներ պահանջել եւայլն։ Բայց եւ այնպէս, մանաւանդ եկեղեցապատկան կալուածներու պարագային այս բոլորը ընելու ժամանակ առաջին հերթին պէտք է հաշուի առնել տեղւոյն համայնքին, թրքահայ համայնքին, այսինքն երկրի քաղաքացիները հանդիսացող հայոց բարոյական իրաւունքները։ Մեր համայնքն է, որ հայկական ամբողջ ժառանգութիւնը, իր ամբողջ հաստատութիւնները կանգուն, կայուն պահելու առաջադրութեամբ դիմացած է ու մաքառած տասնամեակներ շարունակ։ Հիմա որ կը ստեղծուին նոր հորիզոններ, բնականաբար կրնան բոլորը օգտուիլ անոնցմէ, բայց այս բանը ընելու ժամանակ պէտք չէ ստեղծուի այնպիսի մթնոլորտ մը, որու պայմաններուն ներքեւ անտեսուի համայնքը, յափշտակուին անոր իրաւունքները կամ ստեղծուին համապատասխան տպաւորութիւններ։ Եթէ Հայ Եկեղեցիէն կ՚ակնկալուի գործել որպէս մէկ մարմին, ապա այս պարագային առանձնապէս նախանձախնդիր եւ ուշադիր պէտք է ըլլալ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի իրաւունքներուն եւ իրաւասութիւններուն նկատմամբ։ Պոլսոյ Աթոռի շրջանցումով կատարուելիք նախաձեռնութիւնները կրնան յառաջացնել նոր խնդիրներ կամ անիրաւութիւններ։ Բնականաբար, պետութիւնն ալ պէտք է հաշուի առնէ, որ նոր Թուրքիոյ մը կերտման գործընթացին մէջ բարեփոխումները պէտք է ուղղուին առաջին հերթին երկրի քաղաքացիներուն։ Զուտ հայկական հարցի պարագային, պետութիւնը պարզ է, որ իր շահերէն առաջնորդուելով կ՚առնէ զանազան քայլեր, որոնք շատ յաճախ իր տեսանկիւնէն աննպաստ գործընթացներու կասեցման հետամուտ կ՚ըլլան։ Բայց եթէ հայկական հարցին շուրջ պիտի առնուին դրական քայլեր, պիտի կատարուին բարեփոխումներ կամ պիտի վերադարձըւին իրաւունքներ, պարզ է որ այդ բոլորի կիզակէտին պէտք է գտնուին երկրի քաղաքացի հայերը։ Հայկական հարցի թղթածրարին մէջ եթէ նախատեսուած են Սփիւռքի ուղղեալ քայլեր, ապա տրամաբանութեան հիման վրայ կը յառաջանայ այն սպասումը, թէ այդ բոլորը վայելեն երկրի քաղաքացի հայերու հաւանութիւնը։
Փարիզի կլոր սեղանին ընթացքին Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ելոյթէն վերջ օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ այն միտքը, թէ անցեալի հայաբնակ գաւառներուն մէջ մահացածները թէեւ անկարելի է ետ բերել, սակայն կարելի է վերականգնել ամբողջ ճարտարապետական ժառանգութիւնը, այսինքն այդ ամբողջ կորսուածը այսօր ունենալ, վերակառուցել։ Այս մօտեցումը բաւական մտորումներու տեղի կրնայ տալ։ Արդարեւ, այսօր աշխարհի վրայ տարածում գտած է մարդակեդրոն մտածելակերպ մը, որու պայմաններուն ներքեւ Սփիւռքի հայութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ հասնելու՝ 1915-ի դէպքերու որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչման։ Ուստի, հետագայ քայլերն ալ ըստ երեւոյթին պէտք է յառաջ տարուին նման մօտեցումով մը։ Այսինքն, երբեմնի հայաբնակ գաւառներուն ներկայացուցած ամբողջ արժէքը կը պայմանաւորէր բնակչութիւնը։ Ժողովուրդն էր, որ ստեղծած էր այն վիթխարի ժառանգութիւնը, որու կորուստը բնականաբար ցնցում մըն է եւ այդ հոգեբանութիւնով այսօր մտածողներ կան ճարտարապետական ժառանգութիւնը վերականգնելու մասին։ Բայց եւ այնպէս, երբ չկայ մարդը, երբ չկան այդ ժառանգութեան կրողները, երբ ընդհատուած է այդ ժառանգութեան վերարտադրութեան բնականոն ընթացքը, ապա մնացեալ ծրագրերը դժուար թէ կարենան բան մը փոխարինել այսօր։
Հայ ժողովուրդը, որ ծանօթ է իր ստեղծագործութեամբ, այսօրուան իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ արդէն կը գտնէ ճանապարհներու միջոցներ՝ իր ժառանգութեան տեւականացման, ստեղծագործութեան նոր դրսեւորումներուն համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
(շար. 6 եւ վերջ)