«ՓՈԹՈՐԻԿ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ»
«Փոթորիկ Կովկասի մէջ» գիրքը 2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մասին հայ, թուրք, ռուս եւ միջազգային փորձագէտներու յօդուածներու ժողովածոյ մըն է։ 2021-ին այս գիրքը հրատարակած է Մոսկուայի Ռազմավարութեան եւ թեքնոլոժիներու վերլուծութեան կեդրոնը՝ քաղաքագէտ Ռուսլան Փուխովի խմբագրումով։
Գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է օրերս՝ «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ, հրատարակած է «New Mag» հրատարակչութիւնը:
Այս ուշագրաւ աշխատութիւնը կը քննէ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան հիմնական պատճառները, ընթացքն ու հետեւանքները՝ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն տեսակէտէ: Հետազօտութեան հեղինակները կը վերլուծեն բոլոր այն երեւոյթները, որոնք ազդած են պատերազմի արդիւնքին վրայ։ Մասնաւորապէս քննութեան նիւթ դարձած են Հարաւային Կովկասի առանցքային խաղացողներուն եւ Ռուսաստանի ու Թուրքիոյ քաղաքական բարդ յարաբերութիւնները:
Գիրքին մէջ փորձագէտները կը վերլուծեն, թէ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի համար որքանո՞վ կարեւոր էին պատերազմի օրերուն անոնց տապալած միջնորդական ջանքերը եւ Մոսկուայի համար ի՞նչ կը նշանակէ միջնորդական դերը չկորսնցնելը, երբ կորսուած է աւելին։ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան որոշումները գիրքին մէջ կը բացատրուին մարտական գործողութիւններու վրայ յետահայեացքով մը եւ քաղաքագիտական արժէքաւոր վերլուծութեամբ։ Անջատ անդրադարձ մը կայ Հայաստանի ղեկավարութեան քայլերուն, որոնք անկատար էին եւ որոնց վերաբերեալ հարցերը տակաւին կը հնչեն։
Գիրքին խմբագիրը՝ ռուսական «Սպառազինութիւններու արտահանում» ամսագրի հրատարակիչ, Մոսկուայի Ռազմավարութեան ու թեքնոլոժիներու վերլուծութեան կեդրոնի տնօրէն, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան առընթեր հասարակական խորհուրդի անդամ Ռուսլան Փուխով հաւաքածոյին մէջ իր յօդուածը խորագրած է ըստ հետեւեալի. «Ռուսաստանը՝ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին մէջ գլխաւոր պարտուա՞ծ կողմ»: Յատկանշական այս վերլուծութեան արեւմտահայերէնը կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
2020-ի սեպտեմբերի 27-էն մինչեւ նոյեմբերի 10-ը, 44 օր տեւած Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմը աւարտեցաւ հայկական կողմի ծանր, եթէ չըսենք՝ ջախջախիչ պարտութեամբ։ Պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի իշխանութիւնները փաստացիօրէն ստիպուած եղան անձնատուր ըլլալ Ատրպէյճանին՝ Ռուսաստանի երաշխիքներով։ Որպէս հետեւանք՝ յանձնուեցան ո՛չ միայն Լեռնային Ղարաբաղի՝ աւելի քան 26 տարի Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքները, այլեւ էական հատուած մը կորսուեցաւ բուն Լեռնային Ղարաբաղէն՝ Սովետական շրջանի ինքնավարութեան սահմաններէն, ներառեալ Արցախի նշանակութեամբ երկրորդ Շուշի քաղաքը։
Պատերազմին հետեւանքով հայկական կողմին վերահսկողութեան տակ մնացած Լեռնային Ղարաբաղի մէկ մասը ակնյայտօրէն քիչ կենսունակ է ու կախեալ՝ ատրպէյճանական տարածքէն անցնող հաղորդակցութիւններէն։ Անոր գոյութիւնն ու գոյատեւումը բացառապէս կ՚ապահովեն տարածաշրջան մուտք գործած Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը, որոնց յանձնարարագիրը պաշտօնապէս սահմանափակուած է հնգամեայ ժամկէտով:
Փաստօրէն, Մոսկուա ստիպուած եղաւ սպառնալ զինուած միջամտութեամբ, որպէսզի Պաքուն ստիպէ հրադադարի երթալ եւ հայերուն համար գոնէ բան մը փրկել Ղարաբաղի մէջ։ Երեւանը ստիպուած էր երթալ շարք մը ստորնացուցիչ պայմաններու. ինչպէս՝ Ատրպէյճանին դէպի Նախիջեւան երթեւեկի միջանցք տրամադրելու պատրաստակամութիւնը։
Ընդ որում, Ատրպէյճան բացայայտօրէն կը հրճուի իր յաղթանակով՝ բազմաթիւ ակնարկներ ընելով Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կարգավիճակի ժամանակաւոր ըլլալուն վերաբերեալ՝ պահելով հայ ռազմագերիները, անընդհատ սադրանքներով ու ահաբեկելով հայկական կողմը եւ սահմանային «կարգաւորման» ժամանակ սկսելով արդէն տեղ մը ոտնձգութիւն կատարելու բուն Հայաստանի տարածքին դէմ։
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՉԷ
Կարելի՞ է արդեօք համաձայնիլ այն եզրակացութեան հետ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմի աշխարհաքաղաքական հետեւանքները աղէտալի էին ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ Ռուսաստանի համար։ Գործնական առումով Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական արշաւը տապալեց՝ Անդրկովկասի մէջ կարգավիճակի պահպանման եւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաւասարակշռման երկարատեւ կառուցուած ռուսական գիծը:
Կարելի՞ է արդեօք ըսել, որ աւելի լայն առումով այդ պատերազմը յետխորհրդային տարածքը դրաւ Ռուսաստանի՝ իր գերիշխող ազդեցութիւնը պահպանելու փորձերու սահմանագծին։ Կայսրուհի Եէքաթերինա Մեծը ժամանակին ձեւակերպած էր մեծապետական գերիշխանութեան բանաձեւը. «առանց մեր գիտութեան Եւրոպայի մէջ որեւէ թնդանօթ պիտի չկրակուի»: Տուեալ պարագային հրանօթները կրակած են ե՛ւ բոլորովին առանց Ռուսաստանի գիտութեան։
Այն փաստը, որ Պաքու լայնածաւալ պատերազմի գացած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գծով Ռուսաստանի պաշտօնական դաշնակիցին դէմ՝ լիովին անտեսելով հրադադարի վերաբերեալ Մոսկուայի բազմաթիւ կոչերը, բացայայտ մարտահրաւէր դարձած է Ռուսաստանի ղեկավարութեան դէմ։
Մոսկուայի իշխանութիւնը յայտնուած է իրադարձութիւններու եզրադաշտը՝ 44 օրերու ընթացքը դիտելով, թէ ինչպէս Ատրպէյճան փաստացիօրէն կը ջախջախէ Հայաստանը՝ ռուսական «ամբողջարկուած» զինեալ ուժերը։ Ռուսական լրատուամիջոցները ստիպուած էին այս ու այն կողմ երթալ՝ ամէն կերպով ապացուցանելով, որ ՀԱՊԿ-ի պարտաւորութիւնները չեն տարածուիր Լեռնային Ղարաբաղի վրայ, ուստի ՀԱՊԿ-ի առաջնորդ Ռուսաստան այդ պատերազմին մէջ գործ չունի եւ պարտաւոր չէ միջամտել Հայաստանին օգնելու համար։ Բայց, ինչպէս կը սիրէր ըսել Վլատիմիր Լենին, ասիկա «ձեւական առումով ճիշդ էր, բայց, ըստ էութեան՝ ծաղրանք»:
Աւելի քան ակնյայտ է, որ Հայաստան անդամակցած է ՀԱՊԿ-ին եւ պահպանած սերտ պաշտպանական համագործակցութիւնը՝ նախ եւ առաջ այն նոյն նկատառումով, որ Ռուսաստան ՀԱՊԿ-ի կառոյցներուն միջոցով պիտի զսպէ Թուրքիա-Ատրպէյճան միասնութիւնը ռազմական առումով։ Ի վերջոյ պարզ դարձաւ, որ ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի մասնակցութեան գլխաւոր շարժառիթը չ՚աշխատիր, ռուսական ռազմական խնամակալութիւնը թերի է։
Այս իրադարձութիւնները արդեօք կը դառնա՞ն բարոյական եւ քաղաքական կործանում ՀԱՊԿ-ին եւ նախկին Սովետական Միութեան տարածքին վրայ պաշտպանական առաջնորդութեան ամբողջ ռուսական կառուցուածքին համար։ ՀԱՊԿ-ի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս բոլորին պարզ դարձաւ, որ Ռուսաստանի աջակցութիւնը ի պաշտպանութիւն ՀԱՊԿ-ին եւ անոր բացայայտ դաշնակիցներուն, ինքնըստինքեան պիտի չըլլայ, այլ պիտի ըլլայ Մոսկուայի քաղաքական իրավիճակով պայմանաւորուած։ Ակնյայտ են ՀԱՊԿ-ի հեղինակութեան հասցուած վնասները։ Շատեր առանց այդ ալ ՀԱՊԿ-ն կը նկատէին ձեւական պաշտպանական միութիւն, իսկ այժմ դաշինքի անդամներու հաւատքը խարխլուած է Մոսկուայի զօրութեան նկատմամբ:
Երբեմն կ՚ըսուի, որ նոյնինք ՀԱՊԿ-ի կառոյցներու գոյութիւնը Հայաստանը պաշտպանած է՝ իր տարածքին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու գործողութիւններէն։ Սակայն, ինչպէս կ՚երեւի, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն Հայաստանի տարածք ներխուժումը քիչ հաւանական էր՝ տուեալ պարագային միջազգային հանրութեան ակնյայտ բացասական դիրքորոշման պատճառով: Ընդ որում, ինչպէս յայտնի է, Ատրպէյճան չէր կաշկանդուեր բուն Հայաստանի տարածքին մէջ անօդաչու միջոցներով հարուածներ հասցնել հայկական հրթիռային համակարգերուն եւ օփերաթիւ-մարտավարական հրթիռային համալիրներուն եւ սա պատճառ չդարձաւ որեւէ «ՀԱՊԿ-ի միջոցներու կիրարկումի»։
Ի վերջոյ, յատկանշական է, որ Թուրքիոյ հետ դաշինքով Ատրպէյճան այդ պատերազմին սկսած է եւ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին իր տարածքէն աշխոյժ կերպով կիրարկած թրքական օդաչուաւոր կամ անօդաչու օդուժ։ Սա Սովետական Միութեան փլուզումէն ի վեր յետխորհրդային տարածքին արտաքին ռազմական ուժի ուղղակի ռազմական ներխուժման առաջին եւ եզակի դէպքն էր։ Ընդ որում, Մոսկուա, որ աւանդաբար խստօրէն կ՚արձագանգէր նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին Արեւմտեան երկիրներու միջամտութեան որեւէ ստուերի, տուեալ պարագային նախընտրեց չնկատել Թուրքիոյ ուղղակի ռազմական ներխուժումը։ Ռուսաստան պաշտօնապէս չարձագանգեց նաեւ Ատրպէյճանի տարածքին Թուրքիոյ զինեալ ուժերու փաստացի մշտական տեղակայման։
Կրկին հարց կը ծագի. արդեօք սա բեկումնային կէտ չի՞ դառնար ամբողջ նախկին Սովետական Միութիւն-ԱՊՀ-ի տեսակէտէ եւ այդ մէկը արդեօք Արեւմտեան երկիրները չի՞ դրդեր ուժեղացնելու միջամտութիւնը նախկին Սովետական հանրապետութիւններու գործերուն։
Սա արդէն իսկ աշխուժացուցած է հակառուսական բոլոր ուժերը՝ նախկին Սովետական Միութեան եւ նոյնինքն Ատրպէյճանի մէջ, որուն գործիչներուն յայտարարութիւններուն ձայնաստիճանը դարձած է յանդուգն ու յամառ, ինչպէս նաեւ՝ Ատրպէյճանի յետպատերազմեան քաղաքականութեան ոճը նոյնպէս յանդուգն եւ յամառ է:
Ըստ էութեան, ինչո՞ւ հիմա Պաքու պէտք է շարունակէ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն մը վարել կայսերական երեք պետութիւններուն՝ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ ու Իրանի միջեւ, որոնք վերջին երեք դարերուն այս տարածաշրջանի գլխաւոր դերակատարներն էին։ Ազգային գլխաւոր խնդիրը՝ 1994-ին կորսուած տարածքներուն հիմնական մասին վերադարձը, լուծուած է, Թուրքիոյ հետ ուղիղ հաղորդակցութիւնը ապահովուած է եւ Ռուսաստանի հետ երկխօսութեան մէջ արտօնելի է ձայնի այլ աստիճան մը:
Որպէս հետեւանք՝ Անդրկովկասի մէջ Մոսկուայի ընդհանուր ազդեցութիւնը նուազած է եւ, ընդհակառակն, բարձրացած է Անգարայի յաջողակ ու անհանդարտ հեղինակութիւնը, ընդ որում ո՛չ միայն Կովկասի մէջ, այլեւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքախօս հանրապետութիւններէն ներս։ Ռուսերուն յաճախորդն ու դաշնակիցը պարտը-ւած է։ Թուրքերուն դաշնակիցը համոզիչ յաղթանակ մը տարած է։ Արդեօք այդ մէկը առիթ չէ՞ մտածելու, թէ ո՞ր նախագիծն է աւելի հեռանկարային՝ յետխորհրդային ամբողջարկման նախագի՞ծը, թէ փանթուրքական վերածնունդը։
Առօրէական ընկալմամբ՝ արդիականացման ու քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական շինարարութեան թրքական ձեւաչափի հեղինակութիւնը աննախադէպ բարձրութեան հասած է, իսկ Թուրքիոյ յաղթական անօդաչուները դարձած են մահմետական ազգին՝ միջնադարէն ի վեր չտեսնուած ռազմական եւ թեքնոլոժիք յաջողութեան խորհրդանշանը: Ու Աֆղանիստանի մէջ Թալիպանի անսպասելիօրէն արագ յաջողութիւնը, Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները կրկին ստիպած է հայցել ոչ այլ մէկուն՝ քան Մոսկուայի աջակցութիւնը։ Սակայն, երիտթրքական՝ թէկուզ եւ արծաթեայ դարու գայթակղութիւնը միանգամայն կրնայ գերակշռել մեղմօրէն ըսուած՝ անխուսափելի ծախսերու անաչառ հաշուարկին։
Մտահոգութիւն կը յառաջացնէ նաեւ «անջատողականներուն» հետ Ատրպէյճանի յաջող պատերազմին բացայայտ ոգեւորիչ օրինակը, որ նկատուած է նաեւ Քիեւի կողմէ։ Յատկանշական է, որ 2020-ի աշունէն ի վեր Ուքրայնայի նախաձեռնութեամբ ընդհատուած է՝ Տոնպասի մէջ հազիւ սկսած սահմանափակ խաղաղ գործընթացը: Արդէն 2021-ի գարնան գործը հասաւ «ռազմական տագնապի», որ Ռուսաստանը ստիպեց Ուքրայնայի սահմանամերձ տարածքներուն մէջ կուտակել զօրքերու մեծ խմբաւորում մը, որպէսզի սառեցնէ Քիեւի դարձեալ բորբոքած ռազմական աւիւնը։
Ուքրայնա կտրուկ կերպով աշխուժացուցած է համագործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ եւ աւելցուցած թրքական սպառազինութիւններուն գնումները՝ ներառեալ անուանարկուած «Պայրաքթար» հետախուզական-հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը: Կասկած չկայ, որ Ատրպէյճանին իրականացուցած ռազմական բեմագրութիւնը Ուքրայնայի մէջ կը դիտարկեն որպէս օրինակ՝ առաջին իսկ յարմար պահուն յարձակելու համար Տոնպասի վրայ։
Անուանապէս Ռուսաստան դարձաւ գլխաւոր միջնորդն ու Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմի դադրեցման բարեխօսը, սակայն հոս եւս ան ստիպուած էր խաղաղ գործընթացի համահովանաւոր կանչել Թուրքիան՝ ստեղծելով հերթական տհաճ նախադէպը յետխորհրդային տարածքին համար եւ հաւաստելով Անդրկովկասի մէջ թրքական միջամտութեան գործընթացը։ Թեքնիք առումով Ռուսաստան գաղութային կախուածութեան ձեւով իր հովանաւորութեան տակ ստացաւ սառեցուած հակամարտութեամբ տարածաշրջան մը եւս՝ Մերձտնեստրի, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ կողքին, ուր խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կը պահպանուին միայն Ռուսաստանի սուիններով։ Այս հակամարտութիւններուն համար ընդհանուրը այն է, որ ռուսական ռազմական ներկայութիւնը բոլոր պարագաներուն ուղղուած է նախ եւ առաջ այդ տարածքներուն ռազմական զաւթումը կանխելու՝ նախկին Սովետական հանրապետութիւն-մայր երկիրներուն կողմէ, որոնք զանոնք իրենց մասը կը նկատեն:
Սակայն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը արմատական տարբերութիւն մը ունի։ Հակառակ Մերձտնեստրի, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ օրինակներուն, ուր մայր երկիրները՝ ի դէմս Մոլտովայի եւ Վրաստանի, թոյլ են ու հազիւ թէ համարձակին ռազմական փոխվրէժի, Լեռնային Ղարաբաղի գործօնին միջոցով տարածաշրջանը իրը սեպելու յաւակնութիւնը ունի Ատրպէյճան, որ աւելի հզօր եւ ինքնավստահ դարձած է յաղթանակէն ետք: Աւելին, զայն կը հրահրէ Թուրքիան, որ իր մկանները ցոյց կու տայ: Եւ միանգամայն հաւանական է, որ խաղաղ համաձայնագիրներով պայմանաւորուած հնգամեայ շրջանի աւարտին Անգարա եւ Պաքու կրնան փորձել հասնիլ ռուսական զօրքերու հեռացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի գրաւման աւարտին։ Զանոնք անտեսելը, ինչպէս Ռուսաստան, փաստօրէն, կ՚անտեսէ Մոլտովայի եւ Վրաստանի նկրտումները։ Ան չի յաջողիր եւ ասով իսկ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ «խաղաղ կարգաւորման» հետեւանքով մեծաւեր հաւանական հակամարտութեան մը հիմքը կրնայ դրուած ըլլալ։
Եթէ նոյնիսկ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի պատճառով ուղղակի առճակատման չերթան Ռուսաստանի դէմ, ապա ակնյայտ է, որ կարգաւորման եւ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն ներկայութեան ժամանակաւոր կարգավիճակը անոնց լծակ տրամադրած է բազմաթիւ հարցերու մէջ Ռուսաստանի վրայ ճնշում գործադրելու, զայն շորթագործութեան ենթարկելու ու տարատեսակ զիջումներ կորզելու համար։ Այս բոլորին վրայ գումարած՝ ռուսական զօրքերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կտրուած են ռուսական տարածքէն եւ կախուած են Ատրպէյճանի տարածքով հաղորդակցութիւններէ, ըստ էութեան, որոշ չափով ըլլալով Պաքուի պատանդը։
Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մնացած մասը իր ներկայ վիճակով անցած է Ռուսաստանի լիակատար հովանաւորութեան եւ փաստացի հոգածութեան տակ։ Ընդ որում, Ռուսաստանի համար այդ տարածքը գրեթէ աննշան է եւ միայն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ հակամարտութիւններու հնարաւոր աղբիւր։
Յայտնուելով Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման երաշխաւորի եւ հայկական վերահսկողութեան տակ մնացած Արցախի՝ որպէս ուրիշ երկիրով մը շրջապատուած հայկական հողամասի ինքնավարութեան փաստացի պահապանի դերին մէջ՝ Ռուսաստան, ենթադրաբար, պիտի ջանայ ստեղծել փաստերու քաղաքականութիւն՝ ամէն ձեւով առայժմ խուսափելով Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի անյարմար հարցէն։
Բնականաբար, ռուսական վերահսկողութեան տակ հայկական հողամասին (որ շրջապատուած է ուրիշ երկրով մը) փաստացի գոյութիւնը հետզհետէ աւելի պիտի ծանրանայ Ատրպէյճանի համար։
Խնդիրներուն շարքը կ՚աւելցնեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան քաղաքացիութեան ու Հայաստանի հետ այդ երկրամասին հաղորդակցութեան հարցերը։ Բացասական յաւելեալ դեր կը խաղայ Թուրքիոյ ներկայութիւնը, որ մեծ հաւանականութեամբ կը բորբոքէ Ատրպէյճանը՝ առաւել եւս, որ Անգարա կրնայ ինքզինքին արտօնել հանդէս գալու՝ որպէս անպատասխանատու ուժ եւ գործելու լրիւ բացասական տիրոյթով:
Պատերազմին լայնածաւալ աջակցութիւն ցուցաբերելով Ատրպէյճանին՝ Թուրքիա ընդհանուր առմամբ ակնյայտօրէն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապէն աւելի քիչ ստացած է՝ քան կ՚ակնկալէր ու միանգամայն կրնայ հանդէս գալ որպէս վերաքննութեան ջատագով։ Այս բոլորը Ռուսաստանի համար հաւանական մեծ բարդութիւններ են։ Անոնց դիմագրաւումը հաւանաբար կրնայ ըլլալ Անգարային ու Պաքուին նոր զիջումներ կատարելով:
Հնգամեայ ժամկէտի լրանալէն վերջ, ռուսական զօրքերու դուրս բերման նիւթին արծարծումը՝ մանաւանդ Արեւմուտքի երկիրներուն կողմէ, որոնք նոյնպէս կրնան անպատասխանատու սադրիչներու շահաւէտ դիրք մը գրաւել, Ռուսաստանի տեսակէտէ կրնայ ստեղծել քաղաքական առճակատման յաւելեալ հանգրուան մը:
Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին արդիւնքը երկարաժամկէտ կտրուածքով ակնյայտօրէն բարդացուցած է Ռուսաստանի յարաբերութիւնները Հայաստանին հետ: Անշուշտ, հայ հասարակութիւնը խորապէս հիասթափուած էր Մոսկուայի չէզոք դիրքորոշումէն, որ առնուազն կը հակասէր ՀԱՊԿ-ի պարտաւորութիւններու ոգիին: Պատերազմին հետեւանքով Ռուսաստան, հակասական ձեւով ստիպուեցաւ Հայաստանի մէջ աջակցիլ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան, որուն նախապէս կասկածելի կը նկատէր, արեւմտամէտ եւ ոչ-լիովին հաւատարիմ: Փաշինեանի վարչակազմը այժմ Ռուսաստանի համար վերածուած է հայկական կողմէն խաղաղութեան համաձայնութիւններուն հիմնական երաշխաւորը եւ որպէս արդիւնք հնարաւորութիւն ստացած է ո՛չ միայն գոյատեւելու, այլեւ ամրապնդած է իր դիրքերը Մոսկուայի նկատմամբ:
Հայաստանի 2021-ի ընտրութիւնները հաստատեցին, որ հակառակ ռազմական պարտութեան, հայ հասարակութեան մեծամասնութիւնը կ՚աջակցի Փաշինեանի քաղաքականութեան։ Այսպէսով յայտնի դարձաւ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ աւելի ռուսամէտ տարրերուն տկարութիւնը: Այսպիսով, կրնանք ըսել նաեւ, որ բարոյական եւ քաղաքական առումով Ռուսաստանի ազդեցութիւնը տկարացած է հայ հասարակութեան վրայ։ Ըստ երեւոյթին, կանուխ թէ ուշ, սա կը գտնէ իր քաղաքական արտայայտութիւնը:
Ընդ որում, տպաւորութիւն մը կայ, թէ հայ հասարակութիւնը եւ վերնախաւի շրջանակները որեւէ լուրջ եզրակացութիւն չեն կատարած 2020-ի պատերազմական աղէտէն՝ առայժմ հիմնականօրէն գտնուելով անպատասխանատուութեան, անլրջութեան եւ ինքնասիրահար ազգայնամոլութեան (նաեւ Ռուսաստանի դէմ) տարօրինակ խառնիճաղանջ վիճակին մէջ։ Ռուսաստան այլեւս չի կրնար յոյս դնել հայերուն վրայ՝ որպէս Անդրկովկասի լուրջ ռազմական ուժ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան