ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ… ԵՒ ՄԱՍԱՄԲՔ ՆՈՐԻՆ
Արդէն իսկ մի քանի օրեր ետք հագուստէն կախուած աւելորդ կտորի մը պէս կտրուելով մի քանի շրջաններ եւս կը բաժնուին մեր սահմաններէն, որուն դիմաց բազմահազար երիտասարդներ, որպէս բողոք եւ ընդվզում իրենց տրտունջը կը ներկայացնեն Հայաստանի զանազան սրճարաններուն մէջ զուարճանալով: Անոնցմէ շատեր իրենց դժգոհանքի ալիքը սաստկացնելով մինչեւ իսկ հանգիստի համար կը մեկնին եւրոպական երկիրներ, իրենց բողոքի ցոյցը շարունակելու եւրոպական ցանկալի ծովեզերքներուն վրայ, այն ակնկալութեամբ որ ի տես իրենց անտարբերութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը զղջայ ու ապաշխարէ եւ մէկէն ի մէկ վազ անցնի սահմանները կտրատելու իր այնքա՜ն ճարտար հմտութենէն:
Այս հարցով մտահոգուող կիներ կը փութան վարսայարդարներէն ժամադրութիւն վերցնել. շատեր նեղութենէն իրենց եղունգներուն ու մազերուն գոյները փոխել յանձն կ՚առնեն, իսկ աւելի վշտացածներ իրենց յետոյքները, կուրծքերն ու շուրթերը մեծցնելու որոշում կը կայացնեն:
Զարմանալիօրէն Արցախէն նոր տարածքներ հակառակորդին յանձնելու լուրը կ՚ազդէ նաեւ գիշերային ակումբներու մէջ աշխատող բոզերուն, որոնք կը սկսին իրենց պարը քիչ մը աւելի տխուր դէմքով ներկայացնել՝ առ ի զօրակցութիւն Արցախին, իսկ հայրենասէր երիտասարդներ կ՚երթան իրենց մնայուն տեղերը գրաւելու հոն՝ ուր հայութեան կողքին խաչ կը բարձրացուի նաեւ հայ մշակոյթը՝ աններելի դատապարտեալի հանգամանքով:
Այս բոլոր մտահոգող եղելութիւններուն վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը լրջօրէն կը խոկայ Արցախը ազատագրելու մասին՝ որպէս լուծում գտնելով պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերու բարձրացումը, նոր, ժամանակակից ու թանկարժէք մեքենաներու գնումը, արդէն իսկ չքաւոր ժողովուրդը աւելիով տուգանելու արդիական ձեւերու որդեգրումը։ Վերջապէս ազգի մը փրկութեան համար անհրաժեշտ են այս բոլորը, որովհետեւ լաւ աշխատավարձը լաւ նախարար կը ստեղծէ, լաւ նախարարը՝ լաւ պետութիւն եւ այսպիսով մինչեւ իսկ պատմական Հայաստանը բերելու ակնկալիքը կրնանք ունենալ:
Չըլլա՜յ երբեք մտահոգուիք իրենց տուներէն դուրս եղողներուն մասին. անոնք մե՜ծ ակնկալութեամբ կու գան Երեւան, ուր որպէս եղբայրսիրութիւն երեւանցին բարի գալուստի փոխարէն տան վարձքերը կը բարձրացնէ՝ իր ամէն ինչը կորսնցուցած հայէն չունեցած փոքր մէկ մասն ալ ի՛նք առնելու ակնկալութեամբ. Իրենց տունն ու տեղը ձգելու առ ի գնահատանք պետութիւնը իրենց կը շնորհէ Հայաստանի Հանրապետութեան անպատսպարի եւ անտունի աստիճան:
Ի տես այս բոլորին, Հայաստանի Հպարտ քաղաքացին առ ի զօրակցութիւն անտուններուն, կը շարունակէ ծափահարել Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնն ու Վարչապետը, որոնք ի տես Արցախի կործանման, կը խօսին բացի Արցախէն ու անտուններէն ամէ՛ն բանի մասին:
Բարեբախտաբար, մշակոյթի աշխարհը եւս լուռ չէ այս անարդարութեանց դիմաց. առ ի զօրակցութիւն անտուններուն եւ բողո՛ք Արցախի կտրատման, օգոստոս 16-ին նորաձեւութեան «Fashion Show» մը տեղի կ՚ունենայ, որուն կը յաջորդէ կազմակերպիչներուն համաձայն անփոխարինելի «after party» մը. ուրիշ բողոքի ցոյց մը տեղի կ՚ունենայ շաբաթներ ետք, «Coca Cola Music Fest» անուան տակ, որուն յայտարարութեան մէջ կը կարդանք. «անմոռանալի էներգետիկա, խենթացնող մթնոլորտ». իսկ կարելի բա՞ն է մոռնալ օգոստոս 21-ին տեղի ունենալիք «Pool Party»ին, ուր երիտասարդներ ոգելից ըմպելիքով, պարով ու լողով պիտի յիշատակեն բոլոր նահատակները եւ զօրակցին Արցախին:
Հայ թատրոնը եւս անմասն չի մնար բողոքի ցոյցերէն. ի զօրակցութիւն Արցախին այս ամիս հայկական թատրոններէն ներս կը ներկայացուին «Տանը մնացի», «Սեւ, դառը շոկոլատ», «Փնտրւում է տղամարդ», «Սէրը տարիք չի հարցնում», «Չորս պատճառ ամուսնութեան համար» եւ այլ ներկայացումներ, որոնց ցուցադրութեամբ վստահ ենք, որ հայրենասիրութիւնը մասամբ պիտի հզօրանայ հանդիսատեսին մէջ եւ ազդուած այդ բոլորէն դուրս գայ Արցախը ազատագրելու:
Ի տես այս քաոսային բողոքի ցոյցերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը խոստանայ 5,000 դրամով բարձրացնել աշխատավարձերը. յանկարծ այդ կարծիքը չունենաք, որ ժողովուրդը «մեզի դրամը պէ՛տք չէ, Հայրենիքն է պէտք» ըսէ... քա՛ւ լիցի. այդ ո՞ւր լսուած է 5,000 դրամի դիմաց հայրենիքը չծախել:
Այս բոլորէն ետք դո՛ւք ըսէք. ո՞ր ազգը կրնայ ծունկի բերել հայ ժողովուրդը՝ երբ նման երիտասարդութեամբ ու հոգեբանութեամբ անոնք կը զօրակցին թէ՛ Արցախին եւ թէ անոր անտուն մնացած հայորդիներուն: Անհոգ ու անտարբեր, ճաշարաններու եւ գիշերային ակումբներու մէջ անփոյթ կերպով զուարճացող երիտասարդութեան ո՞ր թշնամին կրնայ յաղթահարել:
Նժդեհները, Դրօներն ու Անդրանիկները հիմա հպարտանալու ինչքա՜ն առիթ ունին, որ իրենց յաջորդած է նման «գիտակից» սերունդ մը, պարզապէս ժամանակները փոխուած են. եթէ երեսուն տարիներ առաջ կեանքի գնով ու արեամբ հայրենիք կը փրկուէր, այսօր այդ բոլորը կը կատարուի վերը նշուած ձեւով...
Ազգ մը կարելի չէ ոչնչացնել, եթէ ազգը ի՛նք ինքնիրեն հոգեպէս չոչնչացնէ. վերոյիշեալ սերունդին ապաւինելով տակաւին ի՜նչ «յաղթանակներ» պիտի ունենանք:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -14-
Երկու օրեր առաջ Քուէյթէն Հայաստան ժամանած մտերիմ բարեկամի մը հետ դեղարան գացինք. դեղատան պաշտօնեայ աղջիկը շատ սիրով ընդունեց մեզ եւ սկսաւ զանազան նիւթերու մասին խօսիլ: Այդտեղ հասկցայ, որ հայաստանեան բառարաններուն մէջ սփիւռքահայ կը նշանակէ մեծահարուստ մարդ, որովհետեւ կայ այն կարծիքը, որ Հայաստանէն դուրս ապրողը հարուստ է անպատճա՛ռ:
Դեղատան պաշտօնեան հայաստանեան աւանդական յանկերգը կը սկսի. «էստեղ ի՞նչ էք անում... Է՜հ Հայաստանը ձեզի համար լաւ երկիր է, դուք դուրսէն դրամով կու գաք... հոս մենք է որ կը չարչարուինք»:
Դժբախտաբար մեր Հայաստանի հայրենակիցները չեն կրնար պատկերացնել, որ այսօր Սուրիոյ, Լիբանանի եւ սփիւռքի տարբեր վայրերու մէջ ինչքա՜ն դժուարին եւ անմարդկային պայմաններու մէջ ապրող հայորդիներ ունինք. իրենց զաւակներուն կրթաթոշակը, տան վարձքը վճարելու անկարող հայեր ունինք: Հայաստանցի մեր հայրենակիցներուն մօտ կայ ա՛յն կարծիքը, որ սփիւռքի մէջ դրամի ծառեր կան... փողոցները ցանուած:
***
Կարծելովս 2014 թուականն էր. առիթով մը բարեկամներու հետ գացինք այցելելու սրբազանի մը, որ երկար տարիներ դուրս ապրելէ ետք վերադարձած էր Լիբանան: Բարեկամներ զիս ներկայացուցին որպէս լրագրող ու գրող: Սրբազան հայրը խանդավառուած ներս գնաց ու բերաւ թուղթի վրայ գրուած բանաստեղծութիւն մը եւ ըսաւ.
-Ծանօթներէս մէկը գրած է. որ խնդրեմ կրնա՞ս անկեղծ կարծիքդ ըսել:
Կարդացի. մանկական ոճով գրուած բանաստեղծութիւն մըն է. գրողը փորձած էր վերջին վանկերը «բռնեցնել»՝ առանց անոր երաժշտականութեան կամ տաղաչափութեան կարեւորութիւն տալու: Սրբազանին խնդրանքին ընդառաջելով անկեղծ կարծիքս ըսի. մանկական ոճով գրուած բանաստեղծութիւն մը, որ կը խօսի էշին կռնակին մասին: Անկեղծ արտայայտուեցայ:
Օրեր ետք բարեկամէ մը գիտցայ, որ այդ բանաստեղծութիւնը գրողը սրբազանն էր փաստօրէն...
Յաճախ քաղաքավարութեան վնասները կրելով պէտք է հաւանութիւն տալ նոյնիսկ անիմաստ բաներու՝ «գլուխդ ողջ պահել»ու համար:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ