ԿԻՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ԷԻՆ
Անցեալին տարբեր էր ամէ՛ն բան՝ մինչեւ իսկ տարբեր էր հայ կինը, որուն մասին երաժշտահանը հպարտութեամբ կը կոչէր. «ամէ՛ն մի կին մի ֆիտայի տնաշէն...». պատմութեան մէջ հայ կնոջ դերը տարբե՛ր է միւս ազգերու կիներէն, որոնք համեմատած հայ կնոջ, ունեցած են աւելի բարեբաստիկ կեանք մը:
Բոլոր ազգերէ աւելի մե՛նք կը կարեւորենք կնոջ դերն ու ներկայութիւնը մեր հաւաքական կեանքէն ներս, որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայ կնոջ շնորհիւ է, որ մեր ազգը յաջողեցաւ ապահովել իր գոյութիւնը. վկայ անապատի հողերուն վրայ իր զաւակին հայոց լեզուն սորվեցնող մայրը. վկա՛յ Սիլվա Կապուտիկեանի «թէ մօրդ անգամ մտքիցդ հանես, քո մայր լեզուն չմոռանա՛ս»ը, վկայ Քեռի Բարսեղի ֆիտայական խումբին մէջ կռուած Շուշանիկը, Խանիկը, Սօսէ Մայրիկը, Եսթերը եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Պատմութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մոռնալ Ռոզա Սարգիսեանը, որ 24 տարեկան հասակին բազմաթիւ շքանշաններ իր կուրծքը կը զարդարէր. անձ՝ որ բանտարկուած, չարչարանքներու ենթարկուած էր, սակայն ո՛չ մէկ երկվարկեան մտածած էր իր հայրենիքը դաւաճանել:
Վերոյիշեալ անձերը պատմութեան էջերուն մէջ իրենց անունը անմահացուցած հայ կիներէն մի քանին է պարզապէս, որոնք թրծուած են հայու անդրդուելի արժանապատուութեամբ. հայ կնոջ անձնուէր զոհողութիւններուն շնորհիւ ցեղասպանութենէն ետք սփիւռքի մէջ յարութիւն առաւ հայրենասէր սերունդներ:
Տարիներ առաջ Ֆրանսայի մէջ ապրող խումբ մը կիներ, փոխանակ իրենց անձերը պճնանքի ու զարդարանքի նուիրելու՝ Լուիզա Ասլանեանի առաջնորդութեամբ կը հիմնեն «Հայ կանանց միութիւն»ը, որ ունեցած է իր ծրագիր-կանոնագիրը, որոնց առանցքը եղած է մանուկներու հայեցի դաստիարակութիւնը՝ կազմակերպելով հայերէն լեզուի դասընթացքներ, մինչեւ իսկ դպրոցներ հիմնելու գաղափարը, գերիներու եւ գաղթականներու օգնութեան հարցը, տնտեսապէս տկար մանուկներու ուսումն ու խնամքը եւ բոլո՛ր այն բաները, որոնք անհրաժեշտ են ազգ մը կանգուն պահելու համար. Միութիւն, որ իր հիմնադրութենէն ամիսներ ետք ունեցած է 11 մասնաճիւղ՝ ընդհանուր 637 կամաւոր կիներով, որոնք ամէն գնով պատրաստ էին իրենց ներդրումը ունենալ ազգն ու գաղութը ծաղկեցնելու գործին մէջ:
Երբ տակաւին աշխարհը նոր կը սկսէր գիտակցիլ կնոջ դերին ու կարեւորութեան, Պոլսոյ մէջ արդէն իսկ լոյս կը տեսնէր «Հայ Կին» պարբերականը, որ կու գար փաստելու, որ կինը իր մտածումներով, իր յոյզերով, իր զգացումներով ու կարողութիւններով աւելի նուազ արժէք մը չէ քան տղամարդը:
Սակայն ժամանակը ամէն բանի կողքին փոխեց նաեւ կինը, փոխեց անոր հետաքրքրութիւններն ու մտահոգութիւնները եւ հայեցի սերունդ մը դաստիարակելու նուիրուածներուն յաջորդող սերունդները կամաց-կամաց իրենց նախնիներուն հակառակ սկսան կորսուիլ եւ ձուլուիլ. հայերէն սորվեցնող Անահիտներուն, Մարիներուն թոռնիկները սկսան հայերէն չխօսիլ եւ կամաց կամաց արժեթափուելով հասանք հոն՝ ուր որ ենք այսօր:
Փարիզի մէջ հրատարակուած «Հայ Կին» պարբերականի խմբագրութիւնը իր առաջին թիւին մէջ կը գրէր, թէ Ֆրանսայի մէջ կան բազմաթի՜ւ կիներ, որոնք ֆրանսերէն լեզուն չեն գիտեր եւ հետեւաբար հայերէն լեզուով հրատարակուած պարբերական մը կու գայ իրենց այդ ծարաւը յագեցնելու։ Ֆրանսերէն չգիտցող այդ կիներուն յաջորդող սերունդները այսօր հայերէն չե՛ն գիտեր... ո՜ւր էինք եւ ո՛ւր հասանք: Ինչպէս միշտ չկրցանք պահել միջինը եւ աւանդութեան համաձայն մէկ ծայրայեղութենէն անցանք միւսը:
Եթէ հայոց ցեղասպանութիւնը այսօր կատարուած ըլլար, վստա՛հ եղէք որ չէր կրնար ծնունդ առնել սերունդ մը՝ որ հայ կնոջ շնորհիւ ծնունդ առաւ աւելի քան հարիւր տարի առաջ՝ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ սփիւռքի տարածքին, որովհետեւ անցեալի կինը գիտէր զանազանել հաւաքականն ու անհատականը, մինչ այսօր լոկ անհատական բաժինն է, որ շեշտուած կ՚երեւի ո՛չ միայն կիներուն, այլ ընդհանրապէս ամբողջ մարդկութեան մօտ:
Լաւապէս ուսումնասիրեցէք յօդուածին կցուած նկարը, ուր Ֆրանսայի մէջ խումբ մը կիներ հաւաքուած են ո՛չ թէ բամբասելու, այլ ազգի հոգերն ու մարտահրաւէրները թեթեւցնելու եւ իրենց ազդեցիկ ներդրումը ունենալու: Նման կիներու պակասն է, որ տկարացուց մեզ եւ որբի մը տարբեր փոթորիկներէ տարբերեցանք:
Այս բոլորին դժբախտութեանց դիմաց յաճախ կինը կը մեղադրենք պարզ այն պատճառով, որ մանուկի մը վրայ առաջին ու հիմնական ազդեցութիւնը մայրնը կը գործէ. եթէ փոխանցուածին մէջ ըլլայ հայրենասիրութիւն, կասկածէ վեր է որ այդ զաւակը այսպէս կամ այնպէս նոյնիսկ օտարութեան մէջ հասակ կ՚առնէ հայրենասիրութեամբ. վկայ բոլո՛ր անոնք՝ որոնք օտարութեան մէջ ծնած ու հասակ առած ըլլալով կը շարունակեն մայրենի լեզուով խօսիլ ու արտայայտուիլ. մօր գիրկը առաջի՛ն դպրոցն է եւ հոն փոխանցուած դասերը ցմահ անջնջելի կը մնան եւ այս է որ մեզ կը մտահոգէ, որովհետեւ ո՛չ հայրենասէր անհատէ մը հայրենասէր անհատ սպասելը անբարեյոյս է պարզապէս եւ բնական է, որ օտարացած հայէն օտարացած սերունդներ ծնունդ առնեն:
Ապագան կը մտահոգէ մեզ, որովհետեւ անյայտ ապագան աւելի անյոյս է քան ներկան եւ այդ շղթան վերջ պիտի չունենայ եւ վատին պիտի յաջորդէ վատագոյնը:
Շատեր լաւատեսութիւն պիտի յորդորեն. մենք լաւատես ըլլալու պատճառ տակաւին չկրցանք գտնել:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -15-
Յունաստան կը գտնուինք. օր մը բարեկամներով որոշեցինք գիշերային ակումբ երթալ. հասնելէ ետք պարզուեցաւ, որ այդքան ալ «մաքուր» տեղ մը չէ. բան մը հագուելու մոռցած աղջիկներ սկսան կամաց կամաց մօտենալ եւ խնդրել, որպէսզի իրենց խմիչք մը հիւրասիրենք. փաստօրէն իրենց գործը յաճախորդներուն մօտենալ եւ խմիչք խնդրել էր՝ որուն հիման վրայ գումար կ՚աշխատէին:
Ինծի մօտեցաւ գեղեցկուհի մը եւ սկսաւ անգլերէն խօսիլ: Անունս հարցուց. մի՛շտ ալ խուսափած եմ օտարներու անունս ըսել, որովհետեւ մի՛շտ ալ դժուարութեամբ արտասանած են. յայտնեցի, որ անունս գիտնալու կարիքը չունի, դժուար է արտասանել:
Կէս ժամ ետք դարձեալ անունս հարցուց. փորձեցի համոզել, որ նոյնիսկ եթէ ըսեմ չի՛ կրնար ըսել. այս անգամ պնդեց: Պնդումներուն վրայ անունս ըսի՝ Հրայր, վստահ ըլլալով որ պիտի չկարենայ արտասանել. անունիս դիմաց զարմացած բացագանչեց... այս անգամ հայերէնով.
-Ախպեր, դու հա՞յ ես...
***
Ամավերջի քննութեան ժամանակն էր. մեր հայերէն լեզուի ուսուցիչը յառաջացած տարիքին պատճառով յաճախ կը մոռնայ այդ օրուան իր ընելիքը. ուսուցիչը հազիւ դասարան մտած բախտս փորձելու համար ըսի. «քննութիւնը յանձնած ենք, այսօր նիշերը պիտի արձանագրէք ձեր մօտ». ինքնավստահ ձեւով «տղա՛ս գիտեմ» մը ըսաւ... ամավերջի քննութենէն ազատած էինք:
Առանց քննութիւն ըրած ըլլալու յանձն առի բոլորին նիշերը կարդալ՝ որպէսզի ուսուցիչը իր մօտ արձանագրէ: Դպրեվանքի մէջ նիշերը 20-ի վրայ էր. որպէսզի չզգացուի, սկսայ նիշերը որպէս 19 եւ 20 ըսել: Մեր դասընկերներէն Գէորգին բաժին ինկաւ 19-ը... նիշ՝ որ երազին մէջ պիտի չկարենար տեսնել, սակայն ըմբոստացաւ. պէտք էր զինք 20 առնողներու շարքին մէջ դնէի: Այս «ապերախտ»ութեան դիմաց ջղայնացած հայերէն լեզուի ուսուցիչը համոզեցի, որ Գէորգ նախապէս առ ի գնահատանք երկու նիշ ունէր եւ հետեւաբար պէտք էր ստանար 21... 20-ի վրայ:
Այդ տարի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, վիճակացոյցին մէջ Գէորգ 21 ստացաւ մայրենի լեզուէն...:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ