ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ՎԱԽՃԱՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Այսպիսով ի յայտ եկաւ չարը, ինչ որ կը նշանակէ «չ-արարած», «ոչ արարած»: Սուրբ Գիրքի մէջ կը կարդանք. «Աստուած ինչ որ ստեղծեց՝ բարի էր»: «Բ-ար» կը նշանակէ բնական արարած, Աստուծոյ արարած, Աստուծոյ կողմէ տրուած բնութիւն, էութիւն: Արարչագործութեան մէջ գոյութիւն չունէր չար: Չար կը նշանակէ անբնական վիճակ, անստեղծ վիճակ: Չարը՝ նախկին անդրանիկ հրեշտակը, սեփական հակառակող կամքի պատճառաւ յայտնուեցաւ անհասկանալի, խեղաթիւրուած ու անբնական վիճակի մը մէջ:
Քանզի նախկին անդրանիկ հրեշտակը կամովին հակառակեցաւ, ներումի ենթակայ չէ: Իսկ Ադամը պարզապէս նենգաբար խաբուեցաւ ու զղջաց, այդ իսկ պատճառաւ ալ ունի ներումի հնարաւորութիւն: Ադամը փրկելու համար այս աշխարհ եկաւ Աստուծոյ Որդին՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը, Որ Հայր Աստուծոյ ու Ս. Հոգիի հետ ստեղծեց մեզ ու ամբողջ տիեզերքը:
Քրիստոս Իր սուրբ յարութեամբ վերականգնեց Ադամի նախաանկումային դրախտային վիճակը, իսկ Իր սուրբ համբարձումով աւարտին հասցուց Ադամի ուսերուն վրայ դրուած խնդիրը, վերստին աստուածաորդեգրութեան արժանանալով: Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, որ այն ինչ որ չկրցաւ ընել երկրային Ադամը, ըրաւ երկնային Ադամը, որն ալ սուրբ համբարձումի միջոցաւ յարուցեալ ու համբարձեալ մարմինը նստեցուց աստուածային աշխարհի մէջ՝ Հայր Աստուծոյ աջ կողմին:
Այժմ անդրադառնանք հայոց առաքելութեան խնդրին:
Մեր ժողովուրդին անունը կը ծագի Հայկ նահապետի անունէն: Ան Նոյ նահապետի ծոռն էր, Հաբեթի թոռը, Թորգոմի որդին: Նախքան այս միտքը շարունակելը՝ յիշենք, որ Աստուած դրախտը տեղադրած էր հայոց աշխարհին մէջ, որու կեդրոնը կը գտնուէր Տիգրիս, Եփրատ, Կուր ու Արաքս գետերու ակունքներու միջեւ:
Լոյսը կը ծագէր բուն արեւելքէն. իսկ ո՞րն էր այդ եւ ո՞ւր կրնանք փնտռել զայն: Եթէ պատկերացնենք, որ դրախտը կը գտնուէր պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ, ապա պարզ կը դառնայ, թէ բուն արեւելքը հայոց սահմաններու արեւելեան եզրն է: Ներկայիս ալ, եթէ յիշենք հնագոյն աւանդապատումները, կը պարզուի, որ արեգակը Վանայ ծովէն կը ծագի՝ ճիշդ հայոց սահմաններու արեւելեան եզրէն: Տեղին է յիշել նաեւ Հայաստանի մասին շումմերներու աւանդազրոյցները, ուր կ՚ըսուի, թէ այդ սուրբերու երկիր մըն է, Աստուծոյ սուրբ օրէնքներու երկիր, եւ այնտեղ կը գտնուի դրախտավայրը:
Եկաւ պահ մը, երբ Աստուած մեղքերու պատճառաւ ջրհեղեղով պատժեց բոլոր մարդկութիւնը: Միայն փրկեց արդար Նոյ նահապետը՝ իր գերդաստանով: Նոյեան տապանը հանգչեցաւ Արարատ լերան գագաթին (Արարատեան լեռներու վրայ), որմէ իջաւ Նոյ նահապետը ու այդ տարածքը կոչուեցաւ Նախիջեւան՝ նախնական իջեւանատեղի, առաջին կանգառ, ուր ան Տիրոջ համար կառուցեց սուրբ սեղան ու կատարեց առաջին գոհաբանական զոհաբերութիւնը՝ մատաղը: Այստեղէն ալ՝ Արարատեան դաշտէն մարդկութիւնը սկսաւ բազմանալ: Բազմութեան պատճառաւ, մարդոց մէկ մասը իջաւ դէպի Սենաարի դաշտ՝ Միջագետք (կը գտնուի այսօրուան Իրաքի տարածքին մէջ), իսկ Նոյը իր որդիներուն, թոռներուն եւ այլոց հետ շարունակեց մնալ Արարատեան երկրին մէջ:
Սենաարի դաշտին մէջ Նոյի թոռ՝ Բելը (Նեմրութ), որ Քամիի որդին էր, հզօրացաւ, ստեղծեց խոշոր բանակ մը եւ ինքզինք համաշխարհային տիրակալ հռչակեց:
Անոր տիրապետութեան մէջ կ՚ապրէր նաեւ Տիտանեան ցեղէն հսկայ Հայկ նահապետը: Ան վերցուց իր երեք հարիւր հարազատները ու յայտարարեց, թէ կը վերադառնայ հայրերու (հարանց) երկիր, ուր կը շարունակէր բնակիլ Նոյը, Սէմը, Թորգոմը, Հաբեթը եւ ուրիշներ:
Փաստօրէն, Հայկ նահապետը չկամեցաւ մասնակից դառնալ Բելի հակաաստուածային չար ծրագիրներուն:
Այստեղ պէտք է նշել, որ ճիշդ այդտեղ սկսաւ կառուցուիլ Բաբելոնի նշանաւոր բարձր աշտարակը: Կը փորձէին զայն կառուցել բարձր, սրպէսզի կրկին ջրհեղեղ ըլլալու պարագային կարենային անոր վրայ ապաստանիլ: Մտաժամանակ գիտէին նաեւ Նոյ նահապետի հետ ծիածանի միջոցաւ Աստուծոյ կնքած ուխտի մասին, թէ Տէրը այլեւս ջրհեղեղով պիտի չպատժէ մարդիկը, սակայն եւ այնպէս, աշտարակը կը կառուցէին թրծած հրակայուն աղիւսներով, միամիտ յոյս ունենալով, թէ կրնան խուսափիլ Աստուծոյ՝ այս անգամ կրակէ պատիժէն:
Զայրոյթով լեցուն Բելը տասն հազար զօրքով սկսաւ հետապնդել Հայկ նահապետը եւ անոր ընկերակիցները, որոնց գրեթէ կէսը կիներ էին: Ճակատամարտի ժամանակ հսկայ Հայկը իր լայնալիճ աղեղէն արձակած եռաթեւ նետով խոցեց ու տապալեց Բելը, որու հետեւանքով ալ Բելի բանակը խուճապի մատնուեցաւ ու պարտուեցաւ: Այսպիսով Հայկ նահապետ չցանկաց մասնակից դառնալ Սենաարի երկրի բնակիչներուն ու Բելի չար ծրագիրներուն: Որոշեց հաւատարիմ մնալ Տիրոջ ու փոքրաթիւ իր գերդաստանով քաջաբար մարտի ելաւ յանուն արդար ու սուրբ գործի, որով իսկ դարձաւ չարայաղթ: Վաստակեց Աստուծոյ քաջարի մարտիկի անուն մը՝ մշտապէս պատրաստ ըլլալով ընդհուպ նահատակութեան: Փաստօրէն՝ Հայկ նահապետ տապալեց ու ջախջախեց համաշխարհային տիրակալը, առաջին համաշխարհայնացած տիրակալութիւնը, Նեռի նախատիպը:
Իսկ հիմա խօսինք հայու կոչումին մասին:
Եթէ մենք հայ ենք, ուրեմն, ըստ Հայկ նահապետի էութեան, հաւատարիմ մնալով անոր վսեմ առաքելութեան, մենք ալ անոր պէս գործեր պիտի ընենք: Մենք ալ անոր պէս հաւատարիմ պէտք է մնանք Աստուծոյ: Մշտապէս մերժենք չարանենգ ծրագիրները ու քաջաբար մարտնչինք ընդդէմ չարին, դառնանք չարայաղթ, ըլլանք Աստուծոյ մարտիկներ՝ նոյնիսկ փոքրաթիւ բանակով:
Սրբազան այս պատմութեան մէջ կարելի է նշմարել հետաքրքրական զուգադիպում. մէկ կողմէն Հայկը ու թիւով երեք հարիւր հոգին, միւս կողմէն 301 թուականը, երբ հայերը աշխարհի մէջ առաջինը հռչակեցին քրիստոնէութիւնը որպէս ազգային ու պետական կրօն:
Ի հեճուկս երկու հզօր հակաքրիստոնէական տիրապետութիւններու, հայոց հսկայ Տրդատ թագաւորը, ըլլալով քաղաքական հմուտ գործիչ ու զօրավար, հռչակեց քրիստոնէութիւնը պետական կրօն, քանզի իր յոյսը դրաւ ճշմարիտ Աստուծոյ հզօրութեան վրայ ու չընկրկեցաւ այս երկու տէրութիւններու երկրային զօրութիւններէն: Այսպիսով Տրդատ թագաւոր կրկնեց Հայկ նահապետի առաքելութիւնը:
Յիշենք նաեւ, որ դեռ եւս 33 թուականին հայոց Աբգար թագաւորը քրիստոնէութիւն ընդունեց, զայն տարածեց հայոց աշխարհին մէջ: Ինչպէս կը վկայեն պատմիչները, վրէժխնդիր եղաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի նահատակութեան համար:
Չմոռնանք նաեւ, որ վասն Յիսուսի առաջին պատերազմը հայ ազգը մղեց 451 թուականին՝ շարունակելով Հայկ նահապետի առաքելութիւնը:
Աստուած մեր ազգը արժանցուց բազում շնորհներու: Այդ իսկ պատճառաւ մեծ պարտաւորութիւններ դրուած են մեր վրայ: Այո, մենք ազգովին անցանք ու կ՚անցնինք մեծագոյն փորձութիւններով, եւ մշտապէս ալ ի մտի պիտի ունենանք, որ չարը գիտէ այս ամէնը եւ մշտապէս պիտի փորձէ վրէժխնդիր ըլլալ մեզմէ, չներելով առաջին Նեռը կործանողին՝ Հայկի, Աբգար ու Տրդատ թագաւորներուն, Վարդանանց քաջերուն չարայաղթութիւնները: Իսկ մենք յուսալով առ Աստուած, անվախօրէն պիտի շարունակենք հետեւիլ չարակործան մեր Հայկ նահապետին: Այս է մեր ազգին առաքելութիւնը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•վերջ
Երեւան