ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Մինսքի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։ Այս ժողովին ներկայ գըտ-նըւեցան նաեւ Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանն, ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան ընդհանուր քարտուղար Ալէն Տը Ռոյ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս հաւաքոյթի ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին ըսաւ, թէ Մինսքի հանդիպումը լաւ հնարաւորութիւն մըն է՝ ԵՄ-ի հետ քննարկելու համար Երեւանի երկկողմանի օրակարգը, ինչպէս նաեւ՝ Ռիկայի գագաթաժողովէն վերջ անդրադառնալու համար Արեւելեան գործընկերութեան հեռանկարներուն։ Ըստ Նալպանտեանի, Հայաստան ԵՄ-ի հետ ունի համապարփակ գործընկերութիւն ու կը կարեւորէ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը, նաեւ առեւտուրի ու տնտեսական համագործակցութեան խորացումը։ «Ներկայիս մենք Եւրոյանձնաժողովի հետ կ՚աշխատինք շարք մը բնագաւառներէ ներս արդիւնաւէտ ոլորտային համագործակցութիւնը աշխուժացնելու ուղղութեամբ՝ կրթութիւն, գիտութիւն, հետազօտութիւն եւ նորարարութիւն, ինչպէս նաեւ՝ մարդկային շփումներու խթանում եւ առեւտուրի դիւրացման համար բարենը-պաստ պայմաններու ստեղծում։ Մենք կ՚ակնկալենք համաձայնագրեր ստորագրել մասնակցելու համար ԵՄ-ի շարք մը նախաձեռնութիւններուն. օրինակ՝ «Հորիզոն 2020», «Ձեռնարկութիւններու եւ փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններու մրցունակութեան ծրագիրը (COSME)», ըսաւ Եդուարդ Նալպանտեան։
Նալպանտեան մասնաւորապէս մատնանշեց, թէ փոխադրութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է ԵՄ-ի հետ ստորագրելու համար «Ընդհանուր թռիչքներու տարածք» համաձայնագիրը, որ ուղ-ղըւած է «Բաց երկինք»ի քաղաքականութեան միջոցաւ օդագնացութեան շուկայի ազատականացման։
Նալպանտեան ապա շարունակեց. «Մեր ապագայ պայմանագրային յարաբերութիւնները սահմանելու նպատակով՝ ԵՄ-ի մեր գործընկերներուն հետ մենք աշխատեցանք մեր նախկին բանակցութիւններու բովանդակութիւնը արտացոլող նոր իրաւական հիմքի մը շրջանակը ձեւաւորելու ուղղութեամբ՝ նկատի ունենալով մեր պարտաւորութիւնները այլ միջազգային համարկման ձեւաչափերուն մէջ։ Մարտի կէսերուն Հայաստանի եւ ԵՄ-ի բանակցային խումբերը աւարտեցին ապագայ իրաւական հէնքի շրջանակին շուրջ խորհրդակցութիւնները եւ մենք կ՚ակնկալենք, որ ԵՄ-ի անդամ պետութիւնները շուտով պիտի հաստատեն լիազօրութիւնը, որպէսզի մենք կարենանք սահուն կերպով սկսիլ բանակցութիւններուն։ ԵՄ-Հայաստան ձեւաչափերու կանոնաւոր հանդիպումներուն զուգահեռ՝ Հայաստան կը շարունակէ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան բազում հարթակներուն վրայ եւ աւելի քան տասն աշխատանքային խումբերու մէջ։ Մենք զայն կը դիտարկենք լաւագոյն փորձառութիւնը բաժնելու եւ լայն համագործակցութեան նպաստելու կարեւոր եւ օգտակար հարթակ ու կ՚ողջունենք բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք կ՚ամրապնդեն ընդգրկուն համագործակցութիւնը եւ ուղղուած են բազմաթիւ շահագրգիռ կողմերու ներգրաւուածութեան շնորհիւ տարբեր մասնակիցներու միջեւ իրաւական գործընկերութիւն կառուցելը»։
Մինսքի մէջ Նալպանտեան դիտել տուաւ, թէ Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ համագործակցութեան խթանման եւ խորացման գործին մէջ նշանակելի դեր ունեցած է։ «Մենք բարձր կը գնահատենք Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս մեր երկրին ԵՄ-ի կողմէ տարիներէ ի վեր ցուցաբերուած շարունակական աջակցութիւնն ու օժանդակութիւնը, ինչ որ կարեւոր դեր խաղացած է Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու գործընթացի եւ կառոյցներու կարողութիւններու ձեւաւորման արդիւնաւէտութեան եւ շարունակականութեան համար։ Մենք հետեւողական քայլերու կը ձեռնարկենք՝ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու, հիմնարար ազատութիւնները եւ մարդու իրաւունքները պաշտպանելու ուղղութեամբ», ըսաւ Նալպանտեան եւ աւելցուց, թէ Հայաստան քաջ կը գիտակցի զանազան ձեւաչափերու մէջ ընդգրկուն համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Հայկական կողմը համոզուած է, որ հնարաւոր է առաւել հեռատես միջոցներու շնորհիւ լաւագոյնս օգտագործել զանազան համարկման շրջանակները։
Ժողովի ընթացքին Նալպանտեան խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ան այս շրջագծով միեւնոյն ժամանակ պատասխանեց Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավարի ակնարկութիւններուն։ Մինսքի մէջ Նալպանտեան այս կապակցութեամբ ըսաւ.
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կը շարունակէ կենսական նշանակութիւն ունենալ Հայաստանի համար եւ մենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ կը շարունակենք մեր ջանքերը՝ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման նպատակով։ Հակառակ համանախագահ երեք երկիրներու գործադրած ջանքերուն՝ վերջին եօթ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած շուրջ քսան գագաթաժողովներուն, նախարարներու մակարդակով քանի մը տասնեակ հանդիպումներուն, երեք համանախագահներու՝ տարածքաշրջան կատարած բազմաթիւ այցելութիւններուն, անհնար եղած է հակամարտութեան զարգացման գործին մէջ յառաջընթաց արձանագրել, որովհետեւ ատրպէյճանական կողմը իրերայաջորդ մերժած է միջնորդներուն կողմէ ներկայացուած բոլոր առաջարկները։ Մենք կը գնահատենք, որ Եւրոմիութիւնը զանազան առիթներով իր միանշանակ աջակցութիւնը կ՚արտայայտէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ ձեռնարկուող ջանքերուն։ Ռիկայի գագաթաժողովին ԵՄ-ի անդամ բոլոր երկիրները եւ Արեւելեան գործընկերութեան հինգ երկիրները, յղում կատարելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներու ղեկավարներու՝ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման նուիրուած 2009 թուականէն ի վեր ընդունուած հինգ յայտարարութիւններուն՝ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին եռանախագահներու ջանքերուն, ինչ որ արտացոլուեցաւ գագաթաժողովի եզրափակիչ հռչակագրին մէջ։ Ատրպէյճան հանդիսացաւ միակ երկիրը, որ հակադրուեցաւ այս բանին։ Լաւ կ՚ըլլար, որ Ատրպէյճան այդ հարցով լսէր Ռիկայի գագաթաժողովի մասնակից բոլոր երկիրներուն կարծիքը»։