ԵՐԲ ՏՂԱՆ ԱՂՋԻԿ… ԱՂՋԻԿԸ՝ ՏՂԱՅ ԸԼԼԱՅ
Յաճախ կան այնպիսի երեւոյթներ, որոնք նոր ըլլալ կը թուին, սակայն եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ անոնք հազարամեակներու անցեալ մը ունին, պարզապէս մեր մէջ նոր ծիլեր կը սկսին տալ, ինչ որ պատճառը կ՚ըլլայ, որ «նոր» բան մը կարծուին: Նման իրողութիւններէն մէկն է տղոց աղջիկ դառնալու, իսկ աղջիկներուն՝ տղայ դառնալու տարօրինակ, սակայն մա՛նաւանդ վերջին տասնամեակին նոյնքան տարածուած արտասովոր երեւոյթը:
Անհաւատալի բայց իրաւ... նոյնի՛սկ հազարամեակներ առաջ՝ նախքան Քրիստոս գոյութիւն ունէին այդպիսիներ. տղաք կ՚ուզէին աղջիկ դառնալ, իսկ շատ մը աղջիկներ փափաք կը յայտնէին տղայ դառնալ: Այս արտակարգ իրողութեան անցեալը փաստելու լաւագոյն ձեւը Աստուածաշունչն է. Հին Կտակարանի Բ. Օրինաց գիրքին մէջ կը կարդանք. «Կինը տղամարդու զգեստ չպէտք է հագնի, իսկ տղամարդն էլ կանացի զգեստ չպէտք է հագնի, որովհետեւ քո Տէր Աստծու առջեւ պիղծ է նա, ով անում է այդ բանը». նման «օրէնք»ի մը սահմանումը ինքնաբերաբար մտածել կու տայ, որ այդ ժամանակաշրջանին, նկատի ունենալով արդի բժշտկագիտական հը-նարգներու չգոյութիւնը, մարդիկ այդ պակասը կը լրացնէին հակառակ սեռի զգեստները հագուելով:
Այլ վկայութիւն մը կը գտնենք նաեւ Նոր Կտակարանին մէջ. Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն գրած իր Ա. Նամակին մէջ կը գրէ. «եթէ մարդը երկար մազերով է, այդ անարգանք է իրեն». յաճախ կը կարծուի, որ այս տողերը գրուած են իրեն մազը չկտրող ու երկարող տղոց համար, ինչի պատճառով ցայսօր նեղ շրջանակներու մէջ անընդունելի կը նկատուի երկար մազը, սակայն իրականութեան մէջ այս տողերը կը վերաբերին ա՛յն տղոց, որոնք աղջկայ կերպարանք կը փորձեն առնել եւ ո՛չ թէ անոնց, որոնք մազերը կ՚երկարեն. նման տողի մը դիմաց զարմանալի պիտի չըլլա՞ր, որ Յիսուս Քրիստոսի բոլոր պատկերները ընդհանրապէս երկար մազերով նկարուած են:
Գիտական ուսումնասիրութիւններ, վերծանելով սումերական կարգ մը արձանագրութիւններ կու գան այն եզրակացութեան, որ մեր թուականէն աւելի քան 3700 տարիներ առաջ սումերական կրօնի հոգեւոր ներկայացուցիչներ եղած են այլափոխուածներ: Յոյն պատմաբան Քասիուս Տիօ իր պատմութեան մէջ կը յիշատակէ 218-222 ժամանակաշրջանին իշխած հռոմէացի կայսր Էլակապալուսը (Elagabalus), որ ըստ պատմիչին կը սիրէր շպարուիլ եւ կնոջական զարդեր կրել. թագաւոր կամ տէր կոչուելու փոխարէն կը սիրէր կոչուիլ իշխանուհի, արքայուհի. պատմիչի յիշատակութեամբ նոյնիսկ հսկայական հարստութիւն մը ծախսած է, որպէսզի օրուան գիտութիւնը, իր սահմաններուն մէջ հեշտութեամբ կարենայ օժտել կայսր-կայսրուհին:
Այս այլանդակութեան հնութիւնը փաստելու համար տակաւին կրնանք բազմաթիւ փաստեր բերել պատմութենէն, որովհետեւ անոնք մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած են տարբեր տարբեր մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու մէջ:
Յաճախ մարդիկ հարց կու տան արուամոլութեան մասին. գիտնալու անոր ենթահողը. կ՚ուզեն գիտնալ, թէ Աստուածաշունչը ինչ կ՚ըսէ անոնց մասին: Արումոլութեան մասին գրուած ամենէն յստակ ու յիշատակութիւնը կը գտնենք Ղեւտացւոց գիրքի 18-րդ գլխուն մէջ. «Այր մարդու հետ չպառկես, ինչպէս պառկում ես կնոջ հետ, որովհետեւ դա պղծութիւն է» (Ղեւտացւոց 18,22):
Պարզ է, որ Աստուծոյ համար գարշելի է թէ՛ այլասեռութիւնը եւ թէ արուամոլութիւնը, սակայն ներկայ աշխարհը, իր այլանդակ ազատամտութեամբ կը փորձէ համոզել (նոյնիսկ փոքր տարիքէն), թէ այդ բոլորը բնական ու պարզ բաներ են: Մինչեւ որոշ ժամանակ ընկերային ցանցերու մէջ գրանցուելու ժամանակ սեռի որպէս տարբերակ կը դրուէր «Աղջիկ» կամ «Տղայ» տարբերակը, սակայն այսօր անոնց մօտ աւելցած է երրորդ մը. պետութիւններ արդէն իսկ կամաց կամաց կը սկսին յատուկ օրէնքներ ու իրաւունքներ սահմանել այլասեռածներուն, ինչի միջոցաւ կամաց կամաց կ՚ամրապնդուին եւ կը զօրանան: Հոգեբանութիւնը եւս ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ զանոնք:
Յայտնենք, որ մինչեւ մի քանի տարիներ առաջ՝ 2019 թուական այլասեռութիւնը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ կը դիտուէր որպէս հոգեկան խանգարման կամ հիւանդութեան արդիւնք. անոնք այլասեռուեան մասին նոյնիսկ յօդուածներ հրապարակած էին «հոգեկան խանգարումներ» անուամբ գիրքին մէջ, որմէ դուրս դրուած է այսօր այդ մէկը եւ ստացած «բնական» տեսք:
Մեր թուականէն 20-30 տարիներ առաջ արուամոլներ ալ կային այլասեռածներ ալ, սակայն այսքան շատ ու ազատ չէին շրջեր անոնք՝ ինչպէս այսօր. ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ խօսեցանք հայ գողերու եւ հայ բոզերու մասին. ահաւասիկ նոր մը... ճշմարտութիւն է, որ այսօր Հայաստանի մէջ եւս ունինք հայրենակիցներ, որոնք այլասեռած են. այսօր համացանցի վրայ բազմաթիւ են Քլարա կամ Ալեքսա դարձած Արամներն ու Սարգիսներ. անոնք այլեւս իրենց ինքնութիւնը չեն պահեր եւ այսպէս թէ այնպէս հասակ առնող մեր նոր սերունդը կը սկսի կամաց կամաց համոզուիլ, թէ նման երեւոյթի մը մէջ սխալ բան մը չկայ. անոնց ներկայութիւնը կու գայ մանուկին միտքին մէջ արթնցնելու այն միտքը, որ դուն ալ կրնաս փոխել ինքնութիւնդ եւ չմնալ այն ինքնութեամբ՝ որ Աստուած տուած է քեզի:
Նման երեւոյթներու մասին պէտք է աւելիով խօսիլ, որովհետեւ անոնց մեր հասարակութեան կողմէ պարզ դիտուիլը ժամանակի ընթացքին պատճառ ու առիթ պիտի ըլլայ անոնց բազմանալուն:
Կար ժամանակ, որ տղան տղայ էր, իսկ աղջիկը աղջիկ... Այսօր խառն է վիճակը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -17-
Հայրս երբ նոր Հայաստան հաստատուեցաւ որոշ ժամանակ զբաղուեցաւ վարորդութեամբ. առիթով մը Երեւանի մէջ ծանօթացաւ հալէպահայ մեծահարուստ մարդու մը, որ սիրելով հայրս առաջարկեց իր մօտ մնալ, խոստանալով հօրս տալ աւելի բարձր գումար՝ քան ինք կրնար աշխատիլ վարորդութեամբ:
Հայրս հալէպահայ մեծահարուստին վարորդը ըլլալէ աւելի մտերիմ բարեկամը դարձաւ. սակայն մեծահարուստը տարօրինակ մարդ մըն էր. գործի ժամերուն ամբողջութեամբ տարբեր, լուրջ ու գիտակից, իսկ գիշերները իր կեանքը զեխութեամբ ապրող անձ մը:
Հայրս գործի ժամէն ետք զինք կը տանէր ճաշարան, խաղատուն, հանրատուն, իսկ շաբաթ եւ կիրակի օրերը այդ բոլորին հակառակ սրբավայրեր, եկեղեցիներ ու սրբատեղիներ, ուր մեծահարուստը ժամերով կ՚աղօթէր:
Մեծահարուստը ամուսնացած էր, սակայն հակառակ կին ու զաւակներ ունենալուն ունէր ընկերուհիներ, որոնք վստահաբար իրմէ աւելի իր դրամը կը սիրէին:
Ունէր նաեւ մօրմէն մնացած շուն մը, որուն հանդէպ ունեցած սէրը համազօր էր մօրը հանդէպ ունեցած սիրոյն. շունը իրաւունք ունէր նստիլ հոն՝ ուր պաշտօնեաներուն արգիլուած է: Բախտաւոր շուն մըն էր՝ իր անձնական խնամակալով եւ վստահ եղէք ունեցած ճաշը... շատեր կ՚երազեն ունենալ:
Այս բոլոր տարօրինակութիւններով հանդերձ բուռն հաւատացեալ էր. կառուցած էր եկեղեցի, ուր կը փորձէր զեխութիւնը, հարստութիւնն ու արքայութիւնը մէկտեղել:
***
Լիբանան, լուսահոգի Մեղրիկ Սրբազանին հետ 2017-ին որոշեցինք օգնել լիբանանահայ աղքատներուն, որուն համար բարերարներ մեծապէս օգտակար հանդիսացան: Սրբազանը նպաստներու բաժանման գործը վստահեցաւ ինծի:
Լիբանանի Օգնութեան խաչի, տեղի ակումբներու օգնութեամբ սկսանք գնտել աղքատներ եւ փոխանցել նախապէս պատրաստուած նպարեղէնի նպաստները:
Այդ ընթացքին մուտք գործեցի տուն մը, որ մինչեւ օրս խոր տպաւորութիւն գործած է վրաս. մօտաւոր 40 տարեկան իմացապէս տկար աղջիկ մը եւ անշարժութեան մատնուած անդամալոյծ հայր մըն էին: Աղջկան կօշիկները պատռած, ոտքին մատները դուրս ցցուած էին: Հայրը, անդամալոյծ ըլլալուն եւ աղջկան անկարողութեան հետեւանքով աւելի քան 4 տարի լոգանք ստացած չէր. աղջիկը առիթէ առիթ փորձած էր լաթով սրբել ճակատը, վիզն ու ձեռքերը: Երեք տարի սափրուած չէր ո՛չ ինք եւ ո՛չ ալ աղջիկը. աղքատութեան մէջ ձեւով մը ապրիլ կը փորձէին:
Բոլորս ալ գիտէինք, որ Լիբանանի եւ տարբեր երկիրներու մէջ հայ աղքատներ գոյութիւն ունին... սակայն գիտնալը ուրիշ, տեսնելը ուրիշ բան է փաստօրէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ