Ո՞ՒՐ ԵՍ ՊԱՐՈՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ

Բաղ­րա­մեա­նի վրայ յայտ­նուած տե­սա­րա­նը մի քա­նի կա­րե­ւոր ի­րադ­րու­թիւն­ներ պար­զեց: Մեր բո­լո­րին մտա­վա­խու­թիւ­նը ոս­տի­կա­նու­թեան ուժ կի­րա­ռե­լու վտանգն էր: Այդ վտան­գը շատ ծանր հե­տե­ւանք­ներ կրնար ու­նե­նալ ո՛չ միայն հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րուն, այլ Հա­յաս­տա­նի ար­դի շրջա­նի պատ­մու­թեան համար: Բո­լորս գի­տենք, որ մեզի չեն պակ­սիր սեւ թուա­կան­նե­րը եւ ի զուր թա­փուած ա­րիւ­նը: Յե­տոյ քա­ղա­քա­կան կարգ մը դէմ­քե­րու Բաղ­րա­մեա­նի վրայ ե­րե­ւի­լը կը խօ­սէր նաեւ վեր­ջին­նե­րուս կող­մէ ի­րա­վի­ճա­կի օգ­տա­գործ­ման մա­սին: Շար­ժու­մը իր ող­նածու­ծով քա­ղա­քա­ցիա­կան էր ու այդ­պէս պէտք է մնար մին­չեւ վերջ: Բնա­կան է, որ քա­ղա­քա­կան դաշ­տի գոր­ծիչ­ներ կրնա­յին ի­րենց կար­ծի­քը տալ: Բայց թե­լադ­րանք­ներ ը­նելը կամ հա­ւաք­նե­րուն ընդ­հա­նուր հու­նը փո­խե­լը տե­ղին չէր: Շա­տե­րուն պէս պի­տի չգրեմ, որ նոյն այն մար­դիկը, ո­րոնք տակաւին ե­րէկ թեալդ­րանք­ներ «կը բաշ­խէին», պի­տի չկա­րե­նա­յին նոյ­նիսկ հարիւր յիսուն հո­գի ցոյ­ցի դուրս բերել: Ա­յդ մէկը ի­րենց հարցն է: Հի­մա օ­րա­կար­գը ու­րիշ է: Բացի այս բո­լո­րէն, կա­րե­ւոր կը հա­մա­րեմ «Ո՛չ թա­լանին» նա­խա­ձեռ­նու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն՝ Վա­ղի­նակ Շու­շա­նեա­նի ա­րար­քը: Յստակ չէ, թէ Շու­շա­նեան որեւէ տե­ղե­կու­թեան կը տի­րա­պե­տէր կամ ոչ, սա­կայն բա­ցո­րոշ էր, որ բա­խու­մի վտան­գը առ­կայ էր: Այդ վտան­գը ա­նոր աչ­քե­րուն մէջ ան­գամ զգալի էր. անոր ե­լոյ­թին, ձայ­նի ե­լե­ւէջ­նե­րուն մէջ: Շար­ժու­մը կա­րե­լի է ը­սել պա­ռակտուե­ցաւ: Շու­շա­նեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ի­րենց ու­սե­րուն վեր­ցու­ցին ժո­ղո­վուր­դը վտան­գէն հա­նե­լու գոր­ծը: Ա­նոնք ճիշդ էին: Բաղ­րա­մեա­նի վրայ հա­ւա­քը պէտք է փո­խէր իր ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քը: Չեմ ը­սեր պէտք է ա­ւարտ տրուէր հա­ւա­քին: Բայց հասկ­նա­լի չէր ա­նի­մաստ կեր­պով շա­րու­նա­կել այդ հա­ւաք­նե­րը, տրուած ըլ­լա­լով, որ բա­խու­մի վտան­գը հա­սած էր իր գա­գաթ­նա­կէ­տին: Գե­տի­նը ինչ­պէս ե­րէկ, այ­սօր ալ պէտք է մնայ քա­ղա­քա­ցի­կա­կան բարձր ո­գիով զի­նուած այս տղոց հան­դի­սա­վայ­րը: Խառ­նա­կիչ­նե­րը տա­նե­լի չեն: Իսկ ի՛նչ հու­նով կա­րե­լի է շա­րու­նա­կել ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան տագ­նա­պի հան­գու­ցա­լու­ծու­մը, ան քննար­կե­լի է իշ­խա­նու­թեանց հետ:

Ճիշդ է, որ ընդ­դի­մու­թեան հա­մար օ­րա­կար­գի վրայ է Սերժ Սարգ­սեա­նը պաշ­տօ­նէն հե­ռաց­նե­լու խօս­քը, բայց եւ այն­պէս, այդ ծանր գոր­ծը այս տղոց ու­սե­րուն բեռց­նե­լը տա­նե­լի չէ: Ըն­դու­նե­լի չէ: Այս տղա­քը քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գով հրա­պա­րակ չիջան: Ու ճիշդ պի­տի ըլ­լար, որ ա­նոնց ու­սե­րուն չբար­դէինք Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րու լուծ­ման գոր­ծը:

Ի­րենք ի­րենց գոր­ծը ը­րին:

Զար­մա­նա­լի չեն նաեւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ ի­րարու հա­կա­սող, զի­րար վի­րա­ւո­րող, զի­րար մե­ղադ­րող կող­մե­րուն հայ­հո­յու­թիւն­նե­րը: Նոյն «հայ­կա­կան» մօ­տե­ցումն է: Նո՛յն պա­ռակ­տու­մը, նո՛յն սնա­մէջ մե­ղադ­րանք­նե­րը եւ նոյն նա­հան­ջը:

Ձա­խող ընդ­դի­մու­թեան գոր­ծօ­նը ա­ւե­լի վնա­սա­կար է երկ­րի մը համար, քան ա­նոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն սան­ձար­ձակ եւ հարս­տա­հա­րիչ քայ­լե­րը:

Այս մա­սին մտա­ծենք: Ո՞ւր ես պա­րոն ընդ­դի­մու­թիւն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015