ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՌԱՐԿԱՆԵՐԸ

Յա­ճախ կը փոր­ձենք խորհր­դա­ծել հա­ւատ­քի մա­սին։ Սա­կայն ըստ էու­թեան, հա­ւատ­քը բա­ցատ­րել դժուար է, քա­նի որ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ տար­բեր հաս­կա­ցո­ղու­թիւն մը ու­նի ա­նոր մա­սին, եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով հա­ւատ­քը ըմբռ­նել, ի­ւրաց­նել եւ հաս­տա­տա­պէս թա­փան­ցել ա­նոր ի­մաս­տին դիւ­րին չ՚ըլ­լար շատ ան­գամ։ Չա­փա­զան­ցած չենք ըլ­լար ը­սե­լով՝ թէ ա­մէն ան­հատ ու­նի ի­րեն յա­տուկ հա­ւատք մը, եւ ա­մէն մէկ անձ իր տե­սան­կիւ­նէն հա­ւա­տա­ցեա՛լ է։ Ար­դա­րեւ մէ­կուն հա­մար հա­ւատք կար­ծուա­ծը՝ ու­րի­շի մը հա­մար ու­րիշ բան մըն է, զոր օ­րի­նակ՝ նա­խա­պա­շա­րում, ա­ւան­դա­պաշ­տու­թիւն կամ ա­ւե­լոր­դա­պաշ­տու­թիւն, նոյ­նիսկ ու­նայ­նա­պաշ­տու­թիւն։
Ա­հա­ւա­սիկ, պարզ հար­ցում մը. «Ի՞նչ է հա­ւատ­քը»։­
Ա­մե­նա­պարզ բա­ցատ­րու­թեամբ հա­ւատ­քը՝ ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է, ո­րով մարդ ներք­նա­պէս կ՚ըն­դու­նի եւ ար­տաք­նա­պէս կը խոս­տո­վա­նի զԱս­տուած եւ Ա­նոր յայտ­նած ճշմար­տու­թիւն­նե­րը։ Այս ի­մաս­տով հա­ւատ­քը՝ ճշմար­տու­թիւ­նը ճանչ­նա՛լ է եւ երբ ճշմար­տու­թիւ­նը մէ՛կ է, ու­րեմն հա­ւատքն ալ «մէ՛կ» է։ Կա­րե­ւո­րը այդ «մէկ»ը՝ միա­կը, կամ բա­ցար­ձա­կը տես­նել, անդ­րա­դառ­նալ ա­նոր, ըն­դու­նիլ զայն եւ ա­ռանց տա­րա­կու­սան­քի յայտ­նելն է։ Այն որ կ՚անդ­րա­դառ­նայ «ճշմա­րիտ»ին, կը տես­նէ եւ կ՚ըն­դու­նի «ճշմար­տու­թիւն»ը, ան հա­ւատ­քի տէ՛ր է, իս­կա­կան ի­մաս­տով՝ հա­ւա­տա­ցեա՛լ…։
Ուս­տի ճշմա­րի՛տ հա­ւատ­քի գլխա­ւոր կէ­տերն են.
ա. Աս­տու­ծոյ Գո­յու­թիւ­նը,
բ. Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւ­նը,
գ. Աս­տուա­ծորդ­ւոյն Մար­դե­ղու­թիւ­նը,
դ. Ե­կե­ղե­ցին եւ ա­նոր Սուրբ Խոր­հուրդ­նե­րը,
ե. Մե­ռել­նե­րու Յա­րու­թիւն,
զ. Վեր­ջին Դա­տաս­տան,
է. Յա­ւի­տե­նա­կան Կեանք։
Ար­դա­րեւ այս ճշմար­տու­թիւն­նե­րուն անդ­րա­դար­ձող այս ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը որ­պէս ճշմար­տու­թիւն ըն­դու­նող ա­նոնց՝ հաս­տատ հա­մո­զու­մով փա­րող ու ա­պա­ւի­նող ա­մէն անձ «հա­ւա­տա­ցեալ» է՝ ու­րիշ խօս­քով, ճշմա­րի­տ հա­ւատ­քի տէ՛ր է։ Աս­տուած այս ճշմար­տու­թիւ­նը Յի­սուս Քրիս­տո­սի մի­ջո­ցաւ կը յայտ­նէ մարդ­կու­թեան։
Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Ե՛ս եմ ճամ­բան, ճշմար­տու­թիւ­նը եւ կեա՛ն­քը» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։ Ու­րեմն, ճշմա­րիտ հա­ւատ­քին գլխա­ւոր ա­ռար­կա­նե­րը՝ վեր­ո­յի­շեալ եօ­թ կէ­տե­րը ներք­նա­պէս ըն­դու­նող եւ ար­տաք­նա­պէս խոս­տո­վա­նող ա­մէն ան­հատ ի­րա­պէս հա­ւա­տա­ցեալ կը նկա­տուի։
«Հա­ւա­տոյ Հան­գա­նակ» կը կո­չուի քրիս­տո­նէա­կան գլխա­ւոր հա­ւա­տա­լիք­նե­րու բա­նա­ձե­ւուած ամ­բող­ջու­թիւ­նը։ Հա­ւա­տոյ ա­ռա­ջին Հան­գա­նա­կը յօ­րի­նուե­ցաւ Ա­ռա­քեալ­նե­րու ժա­մա­նակ՝ Ե­կե­ղե­ցիին կող­մէ։ Այս Հան­գա­նա­կը կը կո­չուի՝ «Ա­ռա­քե­լա­կան Հան­գա­նակ»։­
Իսկ 325 թուա­կա­նին, Նի­կիոյ Ա. Տիե­զե­րա­կան ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, 318 հայ­րա­պետ­ներ որ­դեգ­րե­ցին ա­ւե­լի ընդ­լայ­նուած Հան­գա­նակ մը՝ որ կը կո­չուի «Նի­կիա­կան Հան­գա­նակ», կամ «Հան­գա­նակ Հա­ւա­տոյ», կամ պար­զա­պէս «Հա­ւա­տամք»։ 
Իսկ 381 թուա­կա­նին, Կ. Պոլ­սոյ Տիե­զե­րա­կան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին՝ վեր­ա­հաս­տա­տուե­ցաւ Նի­կիա­կան Հան­գա­նա­կը, փոքր յա­ւե­լում­նե­րով։
«Հան­գա­նակ» կը նշա­նա­կէ՝ հա­ւատ­քի կամ դա­ւա­նու­թեան կէ­տե­րու՝ հա­ւա­նում, դա­ւա­նանք, այ­սինքն հա­ւատ­քի մա­սե­րուն ամ­բող­ջու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ան­դամ­նե­րը, ե­թէ ո՛չ ան­գիր, բայց պէ՛տք է գիտ­նան Հա­ւա­տոյ Հան­գա­նա­կը, որ­պէս­զի ո­րոշ չա­փով տե­ղե­կու­թիւն ու­նե­նան ի­րենց հե­տե­ւած Կրօն­քին հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն եւ վար­դա­պե­տու­թեան մա­սին եւ ապ­րին ա­նոնց հա­մա­ձայն։
Ար­դա­րեւ ա­ռանց գիտ­նա­լու, ա­ռանց ի­մաս­տին թա­փան­ցե­լու հա­ւա­տալ՝ կոյրզ­կու­րայն, ա­ռանց քննե­լու, կշռե­լու ու­րի­շի մը հե­տե­ւիլ մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան բո­լո­րո­վին հա­կա­ռա՛կ է. չէ՞ որ Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Քննե­ցէ՛ք գիր­քե­րը…»։­
Ուս­տի ճշմա­րիտ հա­ւատ­քը՝ ճշմար­տու­թիւ­նը ճանչ­նալ կը նշա­նա­կէ, եւ քա­նի որ միակ ճշմար­տու­թիւ­նը Աս­տուած է, ու­րեմն՝ Աստուած ճանչ­նա՛լ։ Ա­յո՛, Աս­տուած մէ՛կ է, քա­նի որ ճշմար­տու­թիւն է Ան, եւ ճշմար­տու­թիւ­նը մէ՛կ է։ Աս­տուած մէ՛կ է, սա­կայն միեւ­նոյն ա­տեն Ան «Եր­րոր­դու­թիւն» է, այ­սինքն Ա­նոր մէջ կան ե­րեք Ան­ձեր՝ Հայր, Որ­դի եւ Սուրբ Հո­գի։ «Աս­տուած բա­ռի ստու­գա­բա­նու­թիւ­նը ցոյց կու տայ՝ թէ Ան միշտ եւ ա­մէ­նու­րեք «ներ­կա՛յ» է, այ­սինքն միշտ եւ ա­մէն տեղ «աստ» է, հո՛ս է, հոս կը գտնուի. «աստուա՛ծ»։ Ու­րեմն Հայր Աստուած Ա­րա­րիչ է, ստեղ­ծած է տիե­զեր­քը եւ ա­մէն ինչ, որ գո­յու­թիւն ու­նի։ Ան ծնողն է Որ­դիին եւ բխո­ղը Սուրբ Հո­գիին։
Որ­դին Յի­սուս Քրիս­տոս ժա­մա­նակ­նե­րէ ա­ռաջ ծնած է Հօր­մէն։ Ան աշ­խարհ ե­կաւ, մարմ­նա­ցաւ ու մար­դա­ցաւ, որ­պէս­զի Ի­րեն հա­ւա­տա­ցող մար­դիկ փրկէ մեղ­քե­րէ եւ ա­նոնց հա­մար ա­պա­հո­վէ խոս­տա­ցուած «յա­ւի­տե­նա­կան կեանք»ը։
Իսկ Սուրբ Հո­գին, աղ­բի՛ւրն է շնորհ­նե­րու, ժա­մա­նակ­նե­րէ ա­ռաջ բխած է Հօր­մէն։
Սուրբ Հո­գին միշտ կեանք եւ զօ­րու­թիւն կու տայ բո­լոր մար­դոց՝ որ կը հա­ւա­տան Ա­մե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թեան եւ կ՚ըլ­լան Ե­կե­ղե­ցիի ան­դա՛մ։
Յի­սու­սի Մկրտու­թեան ժա­մա­նակ, Ս. Եր­րոր­դու­թեան ե­րեք Ան­ձե­րը յայտ­նուե­ցան աշ­խար­հի.
«Ա­սի­կա՛ է Իմ սի­րե­լի Որ­դիս, ո­րուն ես հաւ­նե­ցայ», վկա­յեց Հայր Աս­տուած վե­րէ՛ն, մինչ Սուրբ Հո­գին եր­կին­քէն ա­ղաւ­նա­կերպ ի­ջաւ Աս­տուա­ծոր­դիին՝ Քրիս­տո­սի վրայ։ Ա­հա­ւա­սիկ Որ­դիին՝ Յով­հան­նէս Մկրտի­չի ձեռ­քով, Յոր­դա­նան գե­տին մէջ մկրտուած ա­տեն այս­պէս յայտ­նուե­ցաւ Ս. Եր­րոր­դու­թիւ­նը։
Ար­դա­րեւ Աս­տուած ինք­զինք մի՛շտ յայտ­նած է սուր­բե­րու եւ ա­նոնց մի­ջո­ցաւ իր պատ­գամ­նե­րը տուած է մար­դոց։ Ա­նոնք որ անդ­րա­դար­ձած են, ե­ղած են ճշմա­րիտ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։
Աս­տուած իր Որ­դիով ինք­զինք ուղ­ղա­կի՛ կա­տա­րե­լա­պէս եւ ընդ­միշտ յայտ­նեց հա­մայն մարդ­կու­թեան։
Քրիս­տոս թէ­պէտ Հայր Աս­տուծ­մէ ծնած է, բայց Ան­կէ յե­տոյ ե­ղած չէ՛ եւ ո՛չ ալ Ան­կէ փոքր այլ «ժա­մա­նակ­նե­րէ ա­ռաջ» է եւ Հօր նման կա­տա­րեալ Աս­տուած է։ Ուս­տի Քրիս­տո­սի Հայր Աս­տուծ­մէ ծնուն­դը կա­րե­լի է բա­ցատ­րել լոյ­սին օ­րի­նա­կով՝ որ յի­շուած է Հա­ւա­տամ­քին մէջ. «Լոյս ի Լու­սոյ»։ Լոյ­սը ինչ­պէս լոյ­սէն կը ճա­ռա­գայ­թէ, այն­պէս Որ­դին ծնած է Հօր­մէն։ Քրիս­տոս իր Աս­տու­ծոյ Որ­դին ըլ­լա­լը, այս աշ­խար­հի վրայ յայտ­նեց վար­դա­պե­տու­թեամբ՝ ու­սու­ցում­նե­րով, հրաշք­նե­րով, Իր Յա­րու­թեամբ եւ Սուրբ Հո­գիին ա­ռաք­մամբ։ Մի­ջան­կեալ ը­սենք, որ «Յի­սուս» բուն յու­նա­րէն բառ մըն է, որ կը նշա­նա­կէ Փրկիչ։ Աս­տուած իր Որ­դին՝ Փրկի­չը ղրկեց, որ­պէս­զի փրկէ մար­դի­կը ի­րենց մեղ­քե­րէն եւ ա­նոնց սոր­վեց­նէ ապ­րիլ «բա­րի կեանք»։­
Իսկ «Քրիս­տոս» կը նշա­նա­կէ՝ օ­ծուա՛ծ։
Ա­մե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թեան եր­րորդ Անձն է Սուրբ Հո­գին։ Ան կը կո­չուի՝ Ճշմար­տու­թեան Հո­գին, Աս­տու­ծոյ Շուն­չը, Մխի­թա­րիչ, Աղ­բիւր Կե­նաց, Բաշ­խող Շնոր­հաց, ե­ւայլն։ Սուրբ Հո­գին Մար­գա­րէ­նե­րուն եւ Ա­ռա­քեալ­նե­րուն ներշն­չում տուած է՝ ո­րոնք քա­րո­զած են զԱս­տուած, գրած են Սուրբ Գիր­քը։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով՝ Սուրբ Գիր­քը կը կո­չուի «Աս­տուա­ծա­շունչ»։
­Սուրբ Հո­գիին Հօր­մէն բխու­մը, ինչ­պէս եւ Ա­մե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թեան եր­րորդ Ան­ձը ըլ­լա­լը չե՛ն նշա­նա­կեր, որ Ան բաժ­նուած է Հօր­մէն ու Որ­դիէն, կամ՝ նուազ կա­տա­րեալ է քան Հայ­րը կամ Որ­դին։ Այլ Սուրբ Հո­գին՝ Հօր եւ Որ­դիին հա­մա­գոյ եւ հա­մա­հա­ւա­սար կա­տա­րեալ Աս­տուա՛ծ է, ինչ­պէս կը վկա­յէ Սուրբ Գիր­քը։
Համ­բարձ­ման օ­րը, Քրիս­տոս Ա­ռա­քեալ­նե­րուն խոս­տա­ցաւ ղրկել Սուրբ Հո­գին։ Իսկ Սուրբ Հո­գիին գա­լուս­տով՝ սրբա­գոր­ծուե­ցան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը՝ ո­րոնք թիւ­ով 120 էին, եւ կազ­մե­ցին Ա­ռա­ջին Ե­կե­ղե­ցին։ Եւ Հո­գե­գա­լուս­տէն ետք Ա­ռա­քեալ­նե­րը Սուրբ Հո­գիին շնորհ­նե­րով զօ­րա­ցած՝ ձեռ­նար­կե­ցին քա­րո­զու­թեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 23, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015