ԽԵՑԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ
Քէօթահիան նշանաւոր է ո՛չ միայն Կոմիտասի ծննդավայր ըլլալու փաստով, այլեւ ծանօթ է որպէս հայկական յախճապակիի արտադրութեան միջնադարեան կեդրոն: Միջնադարուն Քէօթահիայի մէջ յառաջացած էր աշխոյժ եւ հարուստ հայկական համայնք մը, որուն մէջ զարգացած էր յախճապակեայ սալիկներ պատրաստելու արհեստը, ձեւաւորուած է Քէօթահիայի հայկական սալիկներու դպրոցը։ Այսօր Վենետիկի, Երուսաղէմի եւ հայկական հետքեր կրող այլ քաղաքներու նշանաւոր թանգարաններու եւ հայկական կեդրոններու մէջ կարելի է տեսնել Քէօթահիայի յախճապակիի նմոյշներ:
Վաղ քէօթահիական հայկական սալիկները երկգոյն եղած են՝ ճերմակ եւ կապոյտ, եւ միայն 17-րդ դարուն հայ վարպետները սկսած են գործածել դեղին, կանաչ եւ նշանաւոր հայկական կարմիր (tomato-red color armenian) գոյները։
Այսօր աշխարհի մէջ միայն մէկ ընտանիք կայ (Երուսաղեմի մէջ), որ Քէօթահիայի արհեստագործութեան աւանդոյթներու հիման վրայ պահպանած է հայկական հնագոյն խեցեգործական արուեստը: Հայաստանի Կիւմրի քաղաքը կրնայ դառնալ այդ աւանդոյթները կրող երկրորդ կեդրոնը` աշխարհի մէջ։
Կիւմրիի խեցեգործական արհեստանոց-դպրոցի տնօրէն Արփիկ Պապեան պզտիկ տարիքէն երազած է նկարիչ դառնալու մասին, սակայն ընտրած է լեզուներու ասպարէզը: Ամուսնանալով նկարիչի հետ՝ ան իր մէջ վերագտած է նկարչութեան հանդէպ սէրը եւ սկսած է զբաղիլ նկարազարդումներով: Արփիկ Պապեանը տասներեք տարի առաջ գտած է Հայաստանի մօտ Իտալիոյ պատուակալ հիւպատոս Անթոնիօ Մոնթալտօ եւ միասին որոշած են ուսումնասիրել եւ վերականգնել Քէօթահիայի խեցեգործութեան աւանդոյթները: Այսօր անոնք վստահ են, որ Կիւմրին պիտի դառնայ աշխարհի մէջ երկրորդ կեդրոնը, ուր կը հռչակուի հայկական աւանդական խեցեգործութիւնը: Արհեստանոցի աշխատողները կիւմրեցի երիտասարդներ են, որոնք դպրոցի մէջ ուսանելէ ետք անցած են իբրեւ աշխատակիցներ եւ այսօր բարձր աշխատավարձով կը զբաղին խեցեգործութեամբ: Անոնք կ՚ուսումնասիրեն եւ կը վերականգնեն հայկական նախշերը՝ նոր շունչ տալով հայկական սալիկագործութեան:
ԿԻՒՐՃԻԵՒԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Հայաստանի մօտ Իտալիոյ պատուակալ հիւպատոսի ծրագրերէն մէկն ալ Կիւմրիի «Վիլլա Կարս» պանդոկ-մշակութային կեդրոնի մէջ Կիւրճիեւեան կեդրոն ստեղծելն է:
Աշխարհահռչակ հայազգի խորհրդապաշտ իմաստասէր Կիւրճիեւ ծնած է 1866 թուականին, Աղեքսանդրապոլ (այժմ Կիւմրի)։ Ան որդին էր յոյն գուսան ուստա Ատաշի եւ կիւմրեցի հայուհի Թաւրիզ Բագրատունիի:
Կիւրճիեւ նախնական ուսում ստացած է իր ծննդավայրի դպրոցին մէջ։ Հետագային, ծնողքին ուղեկցութեամբ Կարս փոխադրուելով կրթութիւնը շարունակած է տեղւոյն վարժարանին մէջ: Կարս քաղաքի մէջ իւրացուցած է տեղացի բնակիչներու լեզուները, սահունօրէն խօսելով՝ ռուսերէն, յունարէն, թրքերէն ու հայերէն: 1924 թուականէն սկսեալ բազում ճամբորդութիւններ կատարած է Եւրոպա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ու Գանատա «Մարդու ներդաշնակ զարգացումի հաստատութիւն» անուան տակ հաստատելով հիմնարկներ, որոնք ցարդ աշխուժութեամբ կը շարունակեն գործել: Աշխարհի մէջ տարուէ տարի կ՚աւելնայ Կիւրճիեւի հետեւորդներուն թիւը, եւ անոր կիւմրեցի ըլլալու հանգամանքը նկատի առնելով, Կիւմրիի մէջ հիմնուած է Կիւրճիեան կեդրոն-սրահ: Արդէն պայմանաւորուածութիւններ կան Կիւրճիեւի գործունէութիւնը ուսումնասիրող զանազան կեդրոններու հետ` Կիւմրիի սրահին մէջ համատեղ գիտաժողովներ, քննարկումներ կազմակերպելու ուղղութեամբ: Հիւպատոսի համոզումն է, որ այս մէկը կրնայ լրացուցիչ զբօսաշրջային գրաւչութիւն դառնալ Կիւմրիի համար:
ԻՏԱԼԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ԱՆԹՈՆԻՕ ՄՈՆԹԱԼՏՕ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ԶԳԱՅ ԿԻՒՄՐԵՑԻ
Օրերս ԺԱՄԱՆԱԿ Հայաստանի երկրորդ մայրաքաղաքը նկատուող Կիւմրիի մէջ ներկայ եղաւ ուշագրաւ ձեռնարկ-ցուցահանդէսի մը, որ կազմակերպած էր Հայաստանի մօտ Իտալիոյ պատուակալ հիւպատոս, Կիւմրիի բնակիչ Անթոնիօ Մոնթալտօ: Ձեռնարկը առիթ եղաւ, որպէսզի մօտէն ծանօթա-նանք եւ զրուցենք շատ հետաքրքրական անձնաւորութեան մը հետ, որ իտալացի դիւանագէտ մըն է: Ան սիրով ընդունեց մայրաքաղաքէն ժամանած հիւրերը՝ բանալով իր հաստատութեան դռները ու պատմեց իր ծաւալած ուշագրաւ գործունէութեան մասին:
Արդէն քսանվեց տարիէ ի վեր՝ իտալացի բժիշկ Անթոնիօ Մոնթալտօ կը բնակի Կիւմրի: Հայաստան եկած է 1989 թուականին՝ մարդասիրական ծրագրի մը ծիրէն ներս իբրեւ բժիշկ օգնելու երկրաշարժէն տուժած շրջաններու բնակիչներուն եւ ատկէ ետք չէ վերադարձած Իտալիա: Ան սկսած է զանազան ծրագրեր իրականացնել աղէտի գօտիէն ներս` փորձելով ինքն ալ իր օգնութեան միջոցաւ աջակցիլ, որպէսզի մարդիկ հնարաւորինս արագ վերականգնին: 2001 թուականին Մոնթալտօ նշանակուած է Հայաստանի մօտ Իտալիոյ պատուակալ հիւպատոս եւ իր մարդասիրական աշխատանքին զուգահեռ սկսած է նաեւ դիւանագիտական աշխատանքի:
Այսօր Հայաստանի մօտ Իտալիոյ պատուակալ հիւպատոսութիւնը կը գտնուի Կիւմրիի հին շէնքերէն մէկուն մէջ, զոր գնած է Մոնթալտօ եւ զայն դարձուցած՝ հիւրատուն, մշակութային կեդրոն, ուր կը գործէ «Կիւրճիեւեան» սրահը եւ ուր, շէնքի մէկ հատուածին վրայ միաժամանակ կը գտնուի իր բնակարանը: Կառոյցը կը կոչուի «Վիլլա Կարս», որ նախեւառաջ պանդոկ է Կիւմրի այցելող զբօսաշրջիկներու եւ հիւրերու համար: Հին Կիւմրիի ճարտարապետական շունչը եւ գոյները կրող կառոյցին մէջ Անթոնիօ Մոնթալտօ միայն պզտիկ նորոգումներ կատարած է, զայն պահած է նոյն ձեւով, ինչպէս եղած է անցեալ դարասկիզբին, երբ կառուցուած է շէնքը: Ան նպատակ ունի Կարսի հնատիպ շէնքերէն մէկը կրկին դարձնել պանդոկ, այս անգամ անուանելով` «Վիլլա Կիւմրի»: Այս մէկը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան իր ծրագրերուն մէջ է:
Իտալիոյ պատուակալ հիւպատոսի ջանքերով Սպիտակ քաղաքին մէջ տասնըերկու տարի գործած է խեցեգործութեան դպրոցը, որ անցեալ տարի տեղափոխուած է Կիւմրի։ Այս դպրոցի ստեղծած հաւաքածոյի ցուցահանդէսն էր՝ Կիւմրիի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահին մէջ, որ առիթ դարձաւ ծանօթանալու Անթոնիօ Մոնթալտոյին:
Կիւմրիի Խեցեգործութեան դպրոց-արհեստանոցի տնօրէնուհի եւ խեցեգործութեան ուսուցչուհի Արփիկ Պապեանի ջանքերով Քիւթահիայի եւ Իզնիքի խեցեգործական աւանդոյթներու հիման վրայ ստեղծուած է խեցեղէն իրերու` սափորներու, ծաղկամաններու, կուժերու, լապտերներու, պտղամաններու, սրճամաններու եւ այլ կենցաղային իրերու բացառիկ հաւաքածոյ: Ճիշդ է` այդ հաւաքածոն կը պատկանի Անթոնիօ Մոնթալտոյին, բայց շուտով, յաջորդիւ ստեղծուելիք նմանատիպ աշխատանքները կը ներկայացուին Եւրոպայի մէջ: Այդ նպատակով Անթոնիօ Մոնթալտօ եւ իր գործընկեր ու աջակից, ֆրանսահայ ձեռնարկատէր Մանուկ Մանուէլ Փամուկճեան, 2015 թուականի Յունիսին, հիմնած են «Կիւմրիի ընկերներ» հիմնադրամը, որ կը զբաղի Կիւմրին պատմամշակութային կեդրոն դարձնելու համար, եւ Կիւմրիի մէջ պատրաստուած ձեռագործ աշխատանքները Եւրոպայի մէջ վաճառքի հանելով, ինչ որ կը նպաստէ Կիւմրիի տնտեսական զարգացման: Արդէն պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, 2016 թուականի Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն վարձել Լիոնի ամենամեծ ցուցա-սըրահներէն մէկը եւ հոն ցուցադրել ու վաճառել Կիւմրիի մէջ արտադրուած խեցեղէնը:
Անթոնիօ Մոնթալտօ կը խօսի հայերէն, ինքզինք կը զգայ լիարժէք կիւմրեցի, կը հասկնայ նաեւ Կիւմրիի բարբառը, բայց երբ ծանրաբեռնուած է եւ յոգնած, կը նախընտրէ իր մայրենին՝ իտալերէնը եւ իտալերէնէ հայերէն թարգմանութեան մէջ օգնութեան կը հասնի իտալերէնի թարգմանիչ, Մոնթալտոյի զանազան ծրագրերու աջակից Լուսինէ Ղազարեան:
-Պարոն հիւպատոս, ի՞նչ բան Ձեզ բերած է Կիւմրի, զոր շատ սիրած էք եւ ուր հաստատուած էք արդէն քսանվեց տարիէ ի վեր եւ այդ քսա-նըվեց տարիներու ընթացքին ի՞նչ յաջողութիւններու մասին կրնաք խօսիլ:
-Զիս Կիւմրի բերած է երկրաշարժը։ Հոս հասած եմ 1989 թուականի գարնան եւ հայ ժողովուրդի հետ ապրած եմ ատկէ ետք Հայաստանին հասած դժուար տարիները՝ ելեկտրականութեան ճգնաժամը, անկախութեան շրջանը, պատերազմը, Խորհրդային Միութեան փլուզումը... Սկզբնական շրջանին մենք կ՚աշխատէինք մարդասիրական ծրագրերու վրայ, բայց այդ ծրագրերը երկարաժամկէտ արդիւնք չեն կրնար տալ, անոնք կարծես շտապ օգնութեան պէս են եւ պզտիկ խնդիրներ միայն կրնան լուծել: Մարդիկ, որոնք սովոր են նիւթական աջակցութեան ծրագրերու, այդ ծրագրերու աւարտէն ետք անմիջապէս խուճապի կը մատնուին ու կը մտածեն երկրէն հեռանալու մասին: Եթէ վիճակագրութիւն մը իրականացնենք վերջին տարիներուն հեռացածներու առումով, ապա անոնց մէջ շատ են նիւթական օգնութեան ծրագրերով ապրած մարդիկ, որոնք այդ օգնութենէն ետք շուարած են, թէ ինչ ընեն: Այդ պատճառաւ ես մտածեցի, որ պէտք է մարդոց համար ստեղծել տնտեսական հիմքեր, կայուն աշխատատեղիներ: Այն, ինչ որ կ՚ընեն կառավարութիւնն ու տեղական մարմինները, բաւարար չէ: Մենք՝ Հայաստանի մէջ գտնուող արտասահմանցիներս ալ մեր պարտականութիւնը ունինք, մանաւանդ կրնանք գործել զբօսաշրջութեան ասպարէզին մէջ:
-Ինչո՞ւ ընտրեցիք Կիւմրին, եւ ի՞նչ կը նշանակէ Կիւմրին Ձեզի համար:
-Կիւմրին ընտրեցի իր պատմական եւ մշակութային անցեալին համար: Ան գեղեցիկ քաղաք մըն է, բայց ցաւօք, երկրաշարժը քանդած է քաղաքը, մարդիկ զոհուած են եւ ատկէ ետք շատ չէ եղած զարգացումը: Արտագաղթ եղած է քաղաքէն եւ տակաւին կը շարունակուի: Քաղաքը մեծ ներուժ ունի մշակութային զարգացման համար: Ան շատ նման է իմ ծննդավայր՝ Փալերմոյին: Եթէ ծանօթ էք Փալերմոյին, անոր կեդրոնը հնագոյն քաղաքի մշակութային հետքը կը կրէ: Փալերմոն ծնած է մնալու իբրեւ քաղաք, Կիւմրին ալ ծնած է քաղաք ըլլալու համար: Երկրորդ պատճառը, որ ես ընտրեցի Կիւմրին, քաղաքի դիրքն է. ան մօտ է սահմանին եւ իր աշխարհագրական դիրքի պատճառաւ կրնայ դառնալ կեդրոն` երկու ժողովուրդներու երկխօսութեան համար, օգնելով, որ հայերն ու թուրքերը բացուին սիրտերով եւ միտքերով: Խաղաղութեան համար ստեղծուելիք հիմքն ալ կարեւոր է քաղաքի զարգացման համար: Մենք քաղաքականութեամբ չենք զբաղիր, բայց մշակոյթով մեծ գործ կրնանք ընել խաղաղութիւն հաստատելու գործին մէջ:
Քիչ են քաղաք այցելող զբօսաշրջիկները: Մենք ցոյց պիտի տանք քաղաքին գեղեցկութիւնը, մանաւանդ հին անցեալը: Բայց միայն զբօսաշրջութիւնը բաւարար չէ: Պէտք է քաղաքին մէջ մարդոց մնալու համար պայմաններ ստեղծել, պէտք է պահել կիւմրեցի ընտանիքը, ընտանիքի կորիզը: Եթէ տան տղամարդը հեռանայ եւ արտագնայ աշխատանքի մեկնի, ապա ընտանիքը կը տկարանայ: Իբր այդ ալ այստեղ արտադրութիւններ պիտի հիմնենք: Բացի խեցեգործութեան դպրոցէն, շուտով գորգագործութեան դպրոց կը հիմնենք: Եթէ մարդը աշխատանք եւ զբաղում չունի՝ անոր իրաւունքն է հեռանալ: Մենք այդ մէկը շատ լաւ գիտենք:
-Քանի՞ աշխատատեղի ստեղծած էք Կիւմրիի մէջ:
-Ես չեմ կրնան խօսիլ շատ թիւով աշխատատեղիի մասին, բայց կրնամ խօսիլ արժանապատիւ աշխատավարձով աշխատատեղիներու մասին, զորս ստեղծած եմ: Նպատակը ոչ թէ աշխատանք տալն է շատ մարդոց, որոնք միայն օրուան հացի խնդիր կը լուծեն այդ դրամով, նպատակն է թէկուզ քիչ թիւով մարդոց տալ աշխատանք, բայց այդ աշխատանքը նպաստէ անոնց զարգացման, արժանապատիւ կեանք վարելուն: Արդէն շուրջ ութ-տասը հոգի խեցեգործական դպրոցի մէջ կ՚աշխատին, շուրջ այդքան ալ «Վիլլա Կարս»ի աշխատողներն են, մինչեւ տարուան վերջ դպրոցի մէջ աշխատողներու թիւը քսանի կը հասնի: Կը կազմակերպենք նաեւ կրթութիւն, որպէսզի կիւմրեցի երախաները կամ մեծերը գան, արհեստ ու հմտութիւն ձեռք բերեն եւ հետագային կարողանան դրամ շահիլ:
-Ի՞նչ տարածում կրնայ ունենալ Կիւմրիի խեցեղէնը` աշխարհի մէջ եւ ինչո՞ւ սկսաք խեցեգործութեան, ի՞նչ է այդ արհեստ-արուեստը Ձեզի համար:
-Խեցեգործութիւնը իմ նախընտրութիւնն է, ես շատ կը սիրեմ արհեստի այդ ճիւղը, որ մեր ուսուցչուհիի ջանքերով արուեստի վերածուած է: Կիւմրին կրնայ դառնալ Քէօթահիայի եւ Իզնիքի խեցեգործութեան աւանդոյթները պահող երկրորդ քաղաքը՝ աշխարհի մէջ: 16-րդ դարէ ի վեր աշխարհի վրայ հռչակ վայելած Քէօթահիայի խեցեգործութեան աւանդոյթները որքան գիտեմ աշխարհի մէջ միայն մէկ ընտանիք պահած է, եւ այդ մէկը Պալեան ընտանիքն է Երուսաղէմի մէջ: Կիւմրին կրնայ դառնալ երկրորդ կեդ րոնը: Մեր գործընկերներու հետ ուսումնասիրութեան սկսած ենք եւրոպական շուկայէ ներս` թէ ինչպէս տնտեսապէս կրնանք ներկայացնել դուրսը հայկական խեցեղէնը` աշխարհի մէջ: Յուսամ այդ մէկը իրականութիւն կը դառնայ: Հետագային կը մտածենք նաեւ Արցախի եւ այլ վայրերու ձեռագործ աշխատանքները եւս տանիլ: Ամէն ինչ պիտի ընենք` մարդոց կայուն աշխատանք ապահովելու համար:
-Պարոն հիւպատոս, ըսիք, որ ամենադժուար ժամանակները յաղթահարած էք Հայաստանի մէջ: Ի՞նչ բան կրնայ ստիպել, որպէսզի դուք հեռանաք Հայաստանէն:
-Չեմ ըսեր, թէ դժուարութիւններ չեն եղած: Դըժ-ւարութիւններ եղած են եւ պիտի ըլլան: Բայց այնքան ատեն, որ ես գործ ունիմ ազնիւ ու վստահելի հայերու հետ, որոնց հետ կրնամ մէկ ընդհանուր գաղափարախօսութիւն յառաջ տանիլ, ոչինչ կրնայ ստիպել զիս հեռանալ Հայաստանէն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ