ԱՆՕԹԻՆԵՐ ԿԱՆ…
Անհաւատալի... բայց իրաւ. շաբաթներ առաջ լրատուական միջոցներ յայտնեցին, որ Ափրիկէի երկիրներէն Ուկանտայի մէջ անօթութեան պատճառով մահացած է աւելի քան 600 անձ. բայց որո՞ւ հոգը հարիւրաւոր զոհերը՝ երբ անոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ չեն, երբ Եւրոպայի «զարգացած» երկիրներու մէջ չեն ապրիր: Վա՜յ թէ ամերիկացի մը ըլլար անօթութեան պատճառով մահացողը... ամբողջ աշխարհի գութը շարժելու բաւարար կ՚ըլլար, սակայն Ուկանտայի մանուկները չունին այդ Աստուածային կարողութիւնը:
Աշխարհի երեսին որպէս մարդասիրական ու բարեսիրական կազմակերպութիւններն ու անոնց ղեկավարները բարոյական ի՞նչ ներքին զգացումներով կը շարունակեն գոյատեւել եւ հպարտութեամբ ելոյթներ ունենալ, երբ 21-րդ դարուն մէջ բազմատասնեակ անձեր անօթութեան պատճառով առյաւէտ իրենց աչքերը կը փակեն:
Հաւատացէ՛ք, որ աշխարհի երեսին ամբողջ մարդկութիւնը կերակրելու համար բաւարար թէ՛ գումար եւ թէ՛ պաշար ու պարէն գոյութիւն ունի, սակայն անոնց բաժանումը եղած է անարդարութեամբ։ Ամերիկեան ուսումնասիրական կեդրոն մը վերջերս կը յայտնէր, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տարեկան աւելի քան 81,646,000 քիլօ սնդունդ կը թափուի։ Ուսումնասիրողներու համաձայն, մսխուած սնունդը կրնայ կերակրել աւելի քան 130,000,000,000 անձ ու հակառակ այս բոլորին, Ուկանտայի մէջ մինչեւ իսկ երեք տարեկան մանուկներ անօթութեամբ կը մեռնին:
Ցաւ ի սիրտ, այսօր աշխարհի բնակչութեան 10 առ հարիւր տոկոսը գիշերը անօթութեամբ կը քնանայ եւ յառաջդիմող աշխարհին մէջ այդ թիւը նուազելու փոխարէն մասնագէտներ կը յայտնեն, թէ տարուէ տարի այդ թիւը աճ կ՚արձանագրէ: Եւ տարօրինակ չէ՞ աւելի քան մի քանի տասնեակ անօթութեան մէջ տառապող Ափրիկէով չհետաքրքրուող երկիրներ, այսօր Ուքրայնայի պարագային լուրջ մտահոգութեան կը մատնուին...:
Ո՛չ մէկ պետութիւն, ո՛չ մէկ կազմակերպութիւն ինքզինք մարդասէր նկատելու իրաւունք ունի այնքա՛ն ատեն, երբ իրենք կուշտ, սակայն երկրագունդի վրայ տեղ մը անմեղներ անօթութեամբ կը տառապին:
Եթէ անցեալին սովին ու անօթութեան պատճառը սնունդի անբաւարար ըլլալն էր, այսօր կրնանք վստահ ըլլալ, որ բազմաթի՜ւ տարիներ աշխարհի ամբողջ մարդկութիւնը կերակրելու չափ բաւարար եւ աւելի՛ սնունդ գոյութիւն ունի աշխարհի երեսին, որոնց մեծամասնութիւնը այսպէս կամ այնպէս կը մսխուին:
Այս անօթութենէն մեռնողներուն դիմաց ցաւով կը յիշեմ ա՛յն մարդիկը, որոնք մեծամեծ գումարներ կը տրամադրեն փողոցը ապրող անասունները կերակրելու. վերջերս անասուններու սնունդով զբաղուող բարեգործական միութիւն մը ստացած էր աւելի քան 31 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն. ցաւ չի՞ պատճառեր ձեզի, այսօր անասունը շա՜տ աւելի արժէք ու կարեւորութիւն կը սկսի ներկայացնել՝ քան մարդը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ այսօր շատ մը շուներ ու կատուներ շա՜տ աւելի հանգիստ ու կո՛ւշտ կ՚ապրին՝ քան ափրիկեան երկիրներու մէջ շատ մը մանուկներ, որոնք կարօտ են շուներուն տրուած սնունդին փոքր մէկ մասին:
Հողը, մշակութիւնը ամէ՛ն տեղ է, սակայն հողէն աւելի կարեւոր է այսօր դրամը, որ պատճառ կը դառնայ ամերիկացիներու պարարտացման, իսկ ափրիկեցիներու հիւծման. կամաց կամաց մարդը մարդուն ցաւը կը սկսի չզգալ: Այսօր մարդիկ որքա՜ն ալ փորձեն այս կամ այն ձեւով աղքատներուն օգնել, մարդ չի՛ կրնար հասկնալ ինչ ըսել է անօթութիւն՝ եթէ չէ ապրած այդ մէկը. մանաւանդ չի կրնար գիտնալ այն զգացումը, թէ ինչ ըսել է մօր մը համար տեսնել իր հարազատ զաւակին անօթութեամբ հիւծիլը:
Հաւատացէ՛ք անոնք յարգի միսեր, եւրոպական այլանդակուած ճաշեր չե՛ն փնտռեր. կտոր մը չոր հաց եւ ումպ մը ջուր. ցաւալին որ նման երկիրներու մէջ՝ ինչպիսին է Ուկանտան, կա՛ն ու կ՚ապրին մեծահարուստներ, որոնց ունեցած հարստութեան միայն մէկ աննշմար մասով կարելի կրնայ ըլլալ կշտացնել բազմահազարներ, սակայն անոնք լռութեամբ իրենց հայրենակիցներուն անօթութիւնը դիտել ու անոնց մահուան լուրերը լսելով կը բաւարարուին:
Ամերիկայի մէջ այսօր շփացած մանուկ մը կ՚որոշէ, թէ ինք ինչ կը սիրէ ուտել եւ ի՛նչ ոչ, որովհետեւ կեանքի անարդարութիւնը մէկուն ուզածը ընտրելու կարողութիւն, իսկ ուրիշին չսիրածը անգամ չգտնելու դատապարտած է:
Հաւանաբար նմանները մխիթարելու համար է որ Տէրը ըսաւ. «մարդ միայն հացով չ՚ապրիր...». այսպիսներուն յոյսը Յայտնութիւն Յովհաննուի խօսքերն են, ուր Առաքեալը կ՚ըսէ, թէ Երկինքի Արքայութեան մէջ անոնք «պիտի չանօթենան, պիտի չծարաւնան»:
Իրապէս ալ այդպիսիները պիտի ժառանգեն Արքայութիւնը. ամերիկացին իր բոլոր կարողութիւններով անշնորհակալ ընթացք մը ունի, իսկ ափրիկեցին կտոր մը հացով անգամ գոհանալը գիտէ:
Եթէ այսքան զարգացած 21-րդ դարուն տակաւին աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին անօթիներ... տակաւին մարդը Մարդ ըլլալու շա՜տ ժամանակ կ՚ուզէ...:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -20-
Շատ դրամ ծախսել չսիրող եկեղեցական մը չե՛մ գիտեր ի՜նչ հրաշքով զիս ու ընկերներէս մէկը ճաշարան հրաւիրեց. զարմանալի իրողութիւն մըն էր, որովհետեւ գիտէինք, որ նիւթապէս ապահով, սակայն շատ ալ ծախսելու սէր չունեցող անձ մըն էր:
Գացինք Լիբանանի լաւագոյն ճաշարաններէն մէկը, ուր ընտիր ձուկ կը մատուցեն. առանց ներկայացուած ցանկին նայելու մի քանի ձուկ, աղցան եւ խմելիք ապսպրեցինք:
Մի քանի ժամ լաւ ժամանակ անցընելէ եւ կշտանալէ ետք ապսպրեցինք հաշիւը, որ այնքան ալ ուրախ չձգեց եկեղեցականը: Յանկարծ յայտնեց, որ ինք իր հետ գումար վերցուցած չէ. «դո՛ւք վճարեցէք»։ Ես ու ընկերս՝ որ նոյնպէս եկեղեցական մըն էր, շուարած նայեցանք իրարու. իրապէս հաշիւը մեր երկուքիս համար մեծ էր՝ սակայն հրաւիրողին համար այնքան ալ մեծ գումար մը պէտք չէ որ ըլլար:
Սկսաւ պնդել, որ իր մօտ գումար չկայ. նկատի ունենալով հրաւիրուած ըլլալնիս, մենք եւս գումար վերցուցած չէինք: Սկսանք երկար ժամեր համոզել եկեղեցականը, որ ինք վճարէ, մենք ետքը գումարը որ ունենանք, կը փոխեցնենք իրեն։ Մնաց անդրդուելի:
Վերջաւորութեան ստիպուած մեծահարուստ եկեղեցականը որպէս պատանդ ձգեցինք ճաշարանին մէջ եւ գացինք գումար ապահովելու եւ հաշիւը փակելու:
Հրաւիրուածի հոգեբանութեամբ ուտելը կարծես տարբեր համ մը կ՚ունենայ...:
***
Դպրեվանքի աշակերտութեան ժամանակ հեռաձայն ունենալը արգիլուած էր, սակայն հակառակ արգելքին շատեր գաղտնի կը փորձէին ունենալ՝ իրենց հարազատներուն կամ բարեկամներուն հետ կապ հաստատելու համար:
Առիթով մը աշակերտներէն մէկը կ՚ուզէ գաղտնի իր ծնողքին հետ խօսիլ, սակայն պատասխանող չ՚ըլլար: Կէս ժամ ետք աշակերտին հայրը կը զանգէ վանքի տեսունչին ու հետեւեալը կ՚ըսէ.
«Տղաս զանգեց, չկրցայ պատասխանել. հիմա ես կը փորձեմ զանգել, բայց հեռաձայնը գոց է. մտահոգեցուցիչ բան մը կա՞յ...»:
Անմեղունակ այս խօսակցութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ վայրկեաններ ետք զոհուի հեռաձայնը՝ մուրճի ծանր հարուածներով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ