ԷՐՏՈՂԱՆ-ԼԱՓԻՏ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Եաիր Լափիտի հետ։ Հարկ է նշել, որ 4 տարուան ընդհատումէ մը վերջ երկու երկիրները որոշած են փոխադարձաբար դեսպաններ նշանակել։ Էրտողան-Լափիտ հեռախօսազրոյցը համընկնեցաւ ճիշդ այն օրուան, երբ արտաքին գործոց նախարարութիւններու մակարդակով դեսպաններու նշանակումն ալ հաղորդուեցաւ պաշտօնապէս։

Երէկուան զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանի իրադարձութիւնները։

Նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ կը խրախուսէ Թուրքիա-Իսրայէլ համագործակցութեան եւ երկխօսութեան տեւական ու զգայնութիւններու նկատմամբ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ զարգացումը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2022