ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Աշխարհի վրայ բարեկամութենէ աւելի լաւ եւ աւելի հաճելի բան չկայ։ Առանց անոր աշխարհ կարծես կը զրկուի արեւէն»։

ԿԻԿԵՐՈՆ

Բարեկամութիւնը, իր ամենալայն առումով կը նշանակէ՝ սիրով, անկեղծութեամբ, կարեկցութեամբ վարուիլ «ուրիշ»ի մը հետ։ Մարդկային հաղորդակցութեան ամենակարեւոր հիմերէն է ճշմարիտ բարեկամութիւնը։ Եւ սակայն, եւ դժբախտաբար շատերու կը պակսի ան, քանի որ բարեկամութեան ամենամեծ թշնամիները եւ արգելքներն են անձնասիրութիւնը, կեղծաւորութիւնը եւ ձեւականութիւնը…։

Մարդ «բարեկամ» կ՚ըլլայ, երբ անկեղծ է, երբ գիտէ «ուրիշ»ը սիրել իր անձին պէս։ Արդարեւ, մարդկային փոխյարաբերութիւնները առողջ կ՚ըլլան եւ կը ծաղկին բարեկամութեան մէջ։

Ընկեր, եղբայր, մերձաւոր. բոլոր այս վիճակները իսկական արժէք կը ստանան երբ բարեկամութեան ոգիով զօրացած են։ Ուստի, առանց բարեկամութեան ոգիի ո՛չինչ կ՚արժէ ընկերութիւնը, եղբայրութիւնը եւ որեւէ մարդկային փոխյարաբերութիւն։

Արդարեւ, բարեկամութիւնը ցոյց կու տայ անհատին ինչպէս ապրիլ որպէս ընկերային անձ։

«Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ գործադրէք ինչ որ կը պատուիրեմ ձեզի…», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՅՈՎՀ. ԺԵ 14)։ Արդարեւ, բարեկամութիւնը կը պահանջէ հաւատարմութիւն, վստահութիւն, հաւա՛տք։ Իսկական եւ ճշմարիտ «բարեկամ»ը այն է՝ որ վստահութիւն կը ներշնչէ եւ փոխարէն՝ հաւատարմութիւն կը վայելէ։ Յիսուս ցոյց կու տայ նաեւ ճշմարիտ բարեկամի մը ստուգանիշը եւ կ՚ըսէ. «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։ Այս հատուածին մէջ կը տեսնենք նաեւ անկեղծ սիրոյ, ճշմարիտ սիրոյ, անշահախնդիր սիրոյ չափանիշը։ Արդարեւ, սէր եւ բարեկամութիւն իրար ամբողջացնող առաքնութիւններ են. առանց սիրոյ բարեկամութիւն եւ առանց բարեկամութեան ոգիի սէր կարելի չէ՛ երեւակայել…։

Ըսուեցաւ որ սէր եւ բարեկամութիւն իրար կ՚ամբողջացնեն։ Բարեկամութիւնը հաստատող եւ ամրացնող ուրիշ մէկ վիճակ մըն է վստահութիւնը։ Արդարեւ, Սենեկա կ՚ըսէ. «Բարեկամութիւնը կ՚աւարտի այնտեղ՝ ուր կը սկսի անվստահութիւնը»։

Սուտը, որ բռնաբարում մըն է ճշմարտախօսութեան առաքինութեան, ուրիշին վրայ գործուած եւ պարտադրուած իսկական բռնութիւն մըն է։ Ան մարդը կը խոցէ ճանաչումի իր կարողութեան մէջ, որ նախապայմանն է ամէն դատումի եւ որոշումի։ Ան իր սերմին մէջ կը բովանդակէ մտքերուն պառակտումը եւ անոր յարուցած բոլոր չարիքները։ Սուտը աղէտալի է ամբողջ ընկերութեան, հասարակութեան մէջ՝ իւրաքանչիւր անհատի համար։ Ան կը քանդէ վստահութիւնը մարդոց միջեւ, մանաւանդ կարծեցեալ եւ ինքնակոչ «բարեկամ»ներու մէջ եւ կը պատռէ հիւսուածքը ընկերային փոխյարաբերութիւններուն։

Արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը կը պահանջեն անկեղծութիւն՝ որ ամուր հիմերէն է բարեկամութեան։ Բարեկամութեան շահագործումը բարոյական եւ երբեմն ալ նիւթական վնասներու պատճառ կը դառնայ։ Արդարեւ, կան «կարծեցեալ» եւ «ինքնակոչ» իբր թէ «բարեկամներ», որոնք ո՛չ թէ օգուտ, այլ մանաւանդ վնաս կը պատճառեն թէ՛ անհատին, թէ՛ ընկերութեան… Հեռո՜ւ այդպիսիներէն…։

Պուբլիլիոս Սիրոս, բարեկամութեան գոյութիւնը կը մասնաւորէ հաւատարմութեամբ եւ կ՚ըսէ. «Բարեկամներու միակ կապը հաւատարմութիւնն է»։ Ուստի եթէ ո՛չ միակ բայց կարեւորագոյն պայման մըն է հաւատարմութիւնը, ո՛չ միայն բարեկամական փոխյարաբերութիւններուն մէջ, այլեւ՝ բոլոր ընկերային յարաբերութիւններու մէջ եւ մանաւա՛նդ ընտանիքի մէջ։

Իրաւ եւ անկեղծ բարեկամը միշտ ճշմարտութիւնը կը խօսի, երբեմն կը քննադատէ, կ՚ազդարարէ, երբեմն ալ կը գովաբանէ, կը գնահատէ. բայց մի՛շտ տեղին եւ չափաւորութեամբ։ Այս մասին ալ Սոլոն կ՚ըսէ. «Բարեկամդ կշտամբէ երբ միակ էք երկուքդ, իսկ գովաբանէ հրապարակաւ»։

Ճշմարիտ բարեկամը, անկեղծ բարեկամը «բարեկամ» է առանց որեւէ ակնկալութեան, առանց որեւէ բարոյական կամ նիւթական շահ սպասելու իր բարեկամէն եւ իր բարեկամին բարեկամութենէն։ Եւ եթէ այս տեսանկիւնէն դիտենք բարեկամութիւնը, կը տեսնենք, որ անոր առաջնակարգ հիմերէն մին է Սէ՛րը եւ քանի որ Աստուած Սէ՛ր է, ապա ուրեմն բարեկամութիւնը աստուածահաճոյ վիճակ մըն է։

Բարեկամութիւնը, արդարեւ, երկկողմանի է. բարեկամութիւնը կը յայտնուի երկու «բարեկամ»ներու փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Մարդ բարեկամութիւնը կը վայելէ երբ «բարեկամ» մը ունի։

«Քեզի համար բարեկամ ընտրէ. մինակ չես կրնար երջանիկ ըլլալ։ Երջանկութիւնը մէկ մարդու գործ չէ՛», կ՚ըսէ Պիւթակորաս։

Իմ շատ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ՝ մենք իրապէս բարեկա՛մ ենք՝ ճշմարիտ եւ անկեղծ. մենք գրիչ շարժելով եւ դուք՝ սիրելինե՜ր, կարդալով զիրար կը լրացնենք։

Ես հարց կու տամ ինծի. մարդ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին քանի՞ ճշմարիտ բարեկամ կ՚ունենայ։ Վերի չափանիշներով բարեկամ ունեցողներուն երանի՜…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 17, 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2022