ԱՌԱՆՑ ԶԱՒԱԿ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ներկայ դարուս ամուսնացող զոյգերու մեծամասնութեան քով արդէն իսկ կամաց կամաց կը սկսի աւելիով տեսնուիլ անպտղաբերութեան՝ անզաւակ ըլլալու հարցը. մեր հայկական շրջանակներուն մէջ եւս կը հանդիպինք բազմաթիւ զոյգերու, որոնք զաւակ չունենալով, որոշ ժամանակ ետք կը սկսին իրենց մէջ սպաննել սէրը եւ զաւակի կարօտը իրենց սիրտին մէջ կը սկսին քակտել ամուսնական կեանքի միութիւնը:

Նոր պսակուող զոյգեր սկզբնական շրջանին մէկզմէկով տարուած ամուսնական կեանքի քաղցրութիւնը իրենց երկուքին մէջ կը փնտռեն, սակայն որոշ ժամանակ ետք կու գայ երրորդի մը կարիքը՝ որ մարդոցմէ աւելի Աստուծոյ կամքով է որ կ՚ըլլայ:

Շատ քիչեր են որ կրնան յաղթահարել անպտղաբերութեան փորձութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով ամէ՛ն պարագայի իրար հետ մնալու անքակտելի խոստումին՝ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն:

Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր բազմաթիւ երիտասարդ զոյգեր կը փճացնեն իրենց ամուսնական կեանքը, որովհետեւ կեանքի օրէնքին համաձայն սերնդագործելու փափաքը կը սկսի աւելի ծանր կշռել՝ քան սէրը:

Անցեալին անպտղաբերութիւնը որոշ տեղ մը կը դիտուէր որպէս անէծք, որպէս անբախտութիւն ու թշուառութիւն. բոլորը կարեկցանքով կը նայէին այն զոյգին՝ որ զաւակով մը չէր բախտաւորուեր: Անպտղաբերութիւնը որպէս անէծք կը դիտուէր, որովհետեւ Աստուածաշունչի մէջ եւս կ՚ըսէ, թէ «Որդիքը Տիրոջ ժառանգութիւնն են. եւ որովայնի պտուղը՝ նորա վարձքը» (Սաղմոս 126.3). այլ խօսքով ա՛ն որ բախտաւորուած է զաւակով, իր վարձքը ստացած է Աստուծոյ կողմէ, Աստուած ողորմած եղած է իրեն հանդէպ, իսկ ան որ մնացած է անզաւակ՝ Աստուծոյ ողորմութենէն հեռու է: Անէծք, որովհետեւ Աստուծոյ հրամանն է «աճեցէ՛ք ու բազմացէք», սակայն անոնք անկարող են Աստուծոյ այդ սուրբ եւ ցանկալի հրահանգը կատարելու: Անէծքի այս հասկացողութիւնը Քրիստոնէական կրօնէն դուրս կը տեսնենք նաեւ միւս բոլոր կրօններուն մէջ. տղամարդը իր կինը անիծեալ կարծելով կը բաժնուէր անկէ եւ մինչե՛ւ օրս, մեր եկեղեցին անպտղաբերութեան պատճառով ապահարզան կը կատարէ եւ կ՚ամուսնալուծէ զոյգերը:

Այս բոլորը գոյութիւն ունէր նաեւ անցեալին. 19-րդ դարուն ապրած բանասէր եւ ազգագրագէտ Գարեգին Սրուանձտեանց իր «Համով-Հոտով» աշխատութեան 11-րդ գլխուն՝ «Անզաւակ հէր, եօթն որդւոց տէր» խորագրեալ գրութեան մէջ կը ներկայացնէ «կտրիճ» հայր մը. «Անցեր էր եօթն տարի, ու ասոնց զաւակ չէր եղեր։ Մարդը իր սրտի նեղութենէն էլաւ ինկաւ տնէն դուրս՝ աշխարհէ աշխարհ շրջելու։ Ով պատահէր, կը հարցնէր թէ՝ դու ի՞նչ կը շրջես։ Նա իր ցաւը կը յայտնէր, եւ ամէնքն ալ կ՚ըսէին, թէ Աստուած պիտի տայ». զաւակ չունենալու պատճառով մարդը հիւանդի մը պէս կը սկսի դառնալ երկիրէ երկիր ու իր ցաւը կը յայտնէր բոլորին:

Անպտղաբերութեան ու ամուլութեան նիւթը այնքա՜ն կարեւոր եղած ըլլալու էր, որ աւելի քան 900 տարիներ առաջ առակագիր եւ օրէնսդիր Մխիթար Գօշ լայն տեղ կու տայ իր «Գիրք Դատաստանի»ին մէջ: Գօշ կը յորդորէ «Ամուլ կին մի՛ արձակեսցէ զնա այր իւր, զի Աստուծոյ է տալ զորդիս։ Փորձել պարտ է, զի թէ իցաւոց իցէ՝ բժշկօք առողջասցին», սակայն հակառակ այս յորդորին, ամուլ կինը արձակելու իրաւունք ալ կու տայ մարդուն:

Այսօր զոյգեր զաւակ չունենալու պարագային կը դիմեն բժիշկի, սակայն պատմութիւնը կու գայ փաստել, որ մարդ արարածը ամուլութիւնը փորձած է բուժել տասնեակ դարեր առաջ. նման ակնարկութիւն մը կը տեսնենք 13-րդ դարու իրաւագէտ եւ պատմիչ Սմբատ Սպարապետի «ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԳԻՐՔ»ին 84-րդ գլխուն մէջ. «Կին որ ամուլ լինի եւ տղայ չբերէ՝ նա պատեհ է բժշկաւք տեսնուլ»:

Ամուլութիւնը այսօր կը սպաննէ նաեւ սէրը, որովհետեւ որոշ ժամանակ ետք թէ՛ այրը եւ թէ՛ կինը կ՚ուզեն իրենց կեանքը իմաստաւորել զաւակով մը. այդ սիրոյ կորուստին մէջ դեր ունին նաեւ ընտանիքները, որոնք թոռնիկի կարօտէ մղուած կը սկսին կողմերը մեղադրել. ամուսինին ընտանիքը անպտուղ ըլլալու համար կը մեղադրէ կինը, իսկ կնոջ ընտանիքը՝ ամուսինը եւ այսպիսով որոշ ժամանակ ետք սիրով հիմնուած ընտանիքը կը կործանի՝ անպտղաբերութեան պատճառով:

Պէտք է գիտակցիլ, որ կեանքը կը փաստէ, որ ամուսնութեան առաջին 4-5 տարիներուն զաւակ չունեցող զոյգեր նոյնիսկ որոշ ժամանակ ետք զաւակով կը բախտաւորուին. հետեւաբար որդեծնութիւնը առաջին մէկ կամ երկու տարիով սահմանափակուած իրողութիւն մը չէ. շատ անգամ անպտղաբերութիւնը կրնայ այր մարդու կամ կնոջ ամուլութեան հետ ալ աղերս չունենայ. հոգեկան ճնշուած վիճակը, նեղութիւնն ու կեանքի մտահոգութիւնները շատ անգամ պատճառ կը դառնան, որ ուշանայ որդեծնութիւնը:

Անպտղաբերութեամբ տառապող ընտանիքներու մեծագոյն մխիթարանքը պէտք է որ ըլլայ Աստուածաշունչի յայտնի դէմքերէն Աբրահամն ու Սառան. կը կարդանք, թէ «Աբրահամը եւ Սառան պահեցին իրենց խոստումը, բայց զաւակ չունեցան». Աստուածաշունչը կարեւորութեամբ կը շեշտէ անոնց «խոստում պահելը», որուն որպէս գնահատանք Աստուած զաւակ կը պարգեւէ անոնց՝ իրենց 100 տարեկան հասակին:

Բոլորս ալ գիտենք զաւակի եւ որդեծնութեան կարեւորութիւնը. մանկավարժ, թարգմանիչ եւ հրապարակախօս Երուխան կ՚ըսէ. «Վերջապէս ի՞նչ է ամուսնութեան բուն նպատակը. երկուքով սկսուած եւ երկուքով վերջացած կեա՞նք մը. ամենեւի՛ն. եթէ նորանոր էակներ, քու միսէդ, արիւնէդ ու հոգիէդ բխած, չգան քաղցրացնել կեանքը եւ անոր մահացու միօրինակութիւնը վրդովել, ամուսնական կեանքը անշուշտ ամենէն ձանձրալի ձեւն է կեանքին». Աբրահամի օրինակը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ համբերելու կոչ, որովհետեւ ինչպէս առածը կ՚ըսէ. «Համբերութիւնը դառն է, բայց քաղցր է անոր պտուղը»:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -25-

Տարիներ առաջ համագումարի մը ընթացքին ծանօթացայ անձի մը հետ, որ տակաւին 2-3 տարիներ առաջ ամուսնացած ու հարս գացած էր Հալէպ:

Համագումարէն ետք մեր խօսակցութիւնները եղան յաճախակի. գաղտնի սիրոյ վիճակ մը ստեղծուած էր կարծես իմ եւ իր միջեւ. ամուսինը երբ տունը չըլլար, կը զանգէր ու զանգը կ՚անջատէր ամուսինին տուն գալէն վայրկեաններ առաջ:

Հակառակ այս բոլորին, իր ամուսնացած ըլլալուն գիտէի որ ինք անբարոյ կին մը չէր, այլ այդ բոլորին ետեւ կար դրդապատճառ մը. ամուսնութեան երրորդ տարին էր ու տակաւին զաւակ չէր կրցած ունենալ։ Կեսուրը ամէն յարմար առիթին այդ մէկը երեսովը կու տար, ինչ որ կը վիրաւորէր աղջկան ինքնասիրութիւնը. կեսուրին վիրաւորանքը պատճառ կ՚ըլլար, որ կռիւ ծագէր իր եւ ամուսնոյն միջեւ եւ կարծես այդ բոլորը մոռնալու միջոց ընտրած էր ուրիշի հետ խօսիլը, ուրիշի կապուիլը՝ ինքզինք աւելի գնահատուած զգալու համար:

Այնպէս պատահեցաւ, որ այս կռիւներէն տարի մը ետք յղի մնաց եւ փոխան մէկի երկուորեակներ լոյս աշխարհ բերաւ:

Այդ օրուընէ ետք իր ձայնը չլսեցի. վերջ գտաւ այդ կեղծ «սէր»ը. ինք անբարոյ կին մը չէր, հաւանաբար ոչ ալ ամուսնոյն դաւաճանել միտքէն անցուցած էր, սակայն ճնշումը, նեղութիւնը տագնապը մարդուն ընել կու տան բոլոր այն բաները՝ որոնք երբեք չի մտածեր ընել:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2022