ԱՐՑԱԽԷՆ ՊԱՏԱՌԻԿ ՄԸՆ ԱԼ

Ինքզինքս յոռետես չեմ համարեր, թէպէտ շատերու կը թուի, թէ ես այս օրերուն կը տառապիմ յոռետեսութեամբ: Իրատես եմ: Իսկ իրականութիւնը գորշ է ու մռայլ: Իրականութեան մէջ ոչինչ կայ ուրախալի, պանծալի: Տաղտկալի իրականութիւնը մեզ սթափութեան ու ինքնաքննութեան կոչ կ՚ընէ: Կը ստիպէ տեղի ունեցած ողբերգութիւններու մէջ փնտռել սեփական մեղքի չափը: Յաճախ կ՚ուզեմ, թէկուզ ժամանակաւոր՝ քանի մը ժամով, կտրուիլ իրականութենէն՝ ապարդիւն:

Այլեւս յոգնեցայ ծանր շնչելէն: Յոգնեցայ անդադար մահանալէն ու տառապելէն: Գիտեմ՝ ժամանակաւոր է: Կեանքը սեւ ու ճերմակ գիծերէ բաղկացեալ է: Այժմ մեր սեւ գիծը չէ լմնցած: Օր մը պիտի անցնի այս բոլորը եւ եթէ Տէրը կամենայ, լիաթոք պիտի շնչենք: Մեր արտաշնչումով պիտի թօթափենք անցեալի ծանր լուծը:

Ազգովին կը տառապինք: Բոլոր հայերը երանի կու տան հին ժամանակներուն:  Ներկան ցաւոտ է, տխուր, սակայն ես չեմ աճապարեր դէպի ապագայ: Անցեալն ալ երբեմն կը յիշեմ կարօտով, սակայն երբեք անցեալին երանի չեմ տար: Անցեալի շարունակութիւնը կը տեսնեմ ապագայի մէջ: Իսկ ներկան՝ ներկան շատ բան սորվեցուց: Ներկան ուսուցիչ մը, քայլող հանրագիտարան մըն է: Այն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ քեզի ծանօթանալ ինքզինքիդ հետ: Ան թափանցիկ կը ներկայացնէ քու կապդ հայրենիքիդ, ընտանիքիդ, հաւատքիդ հետ: Երեք պարագաներուն ալ կ՚ընկղմիմ մինչեւ յատակը: Բաց աստի, ներկան ճամբորդութիւն մըն է հայոց պատմութեան գաղտնի սենեակներուն մէջ:

Օրեր անց ժամանակաւոր հրաժեշտ պիտի տանք Արցախը Հայաստանին կապող միակ երակին՝ Բերձոր քաղաքին, իր Աղաւնոյ ու Սուս քաղաքին: Յիրաւի, գաղտնի պայմանաւորուածութեան պարագային, շաբաթներ առաջ պահանջեցին շուտափոյթ յանձնել վերոնշեալ բնակավայրերը, թէպէտ 2020 թուականի, նոյեմբերի 9-ի տխրահռչակ, ամօթալի, նուաստացուցիչ պայմանագրի մէջ այդպիսի կէտ չկար: Բերձորի, Աղաւնոյի ու Սուսի բնակչութիւնը երկրորդ անգամ կ՚անցնի դժոխքի մէջէն: Պատերազմէն վերջ, աւելի քան երկու հարիւր յիսուն բնակչութիւն ունեցող  Աղաւնոն, այսօր վերածուեցաւ գիւղ-ուրուականի: Ժամեր անց ատրպէյճանցիները ոտք պիտի դնեն Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Սուս, նաեւ փոշիացնեն հայկական բոլոր հետքերը: Վերջիններս այդպէս վարուեցան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, իրենց վերահսկողութեան տակ անցած բոլոր բնակավայրերու մէջ. կա՛մ պղծեցին կամ մաքրեցին հետքերը:

Աղաւնոյ... Իմ ուսանողական տարիներուն երբ Երեւանէն յաճախ կ՚այցելէի Արցախ, որու մուտքին կը հանդիպէի գիւղի մը: Հինաւուրց հայկական հողին վրայ նորաշունչ գիւղ մը՝ փոքրիկ, ճերմակ, գեղեցիկ ու կոկիկ, կարմրակտուր տուներով՝ քով քովի կառուցուած: Աղաւնոյ գետի ափին, փոսի մէջ ինկած գիւղը վստահաբար իւրաքանչիւր անցորդի հոգւոյն մէջ լոյս կը սփռէր, դէմքին գծելով ուրախ ժպիտ մը: Յոյսի ու լոյսի աղբիւր մըն է Աղաւնոն, չքնաղ ու հայկական: Դաժան պատերազմէն վերջ գիւղի հայրենասէր, մեծանուն ու պատուարժան գիւղապետը՝ Անդրանիկ Չաւուշեանը, առաջինը իր բազմազաւակ ընտանիքի հետ՝ հինգ մանկահասակ երեխաներով հանդերձ վերադարձաւ այլեւս հայրենի դարձած գիւղ: Սուրիահայ Անդրանիկը, որպէս առաջնորդ, իր այդ քայլով ոգեւորեց համագիւղացիները, որոնցմէ շատեր, պատերազմէն վերջ կը վախնային, կը տատամսէին վերադառնալ սիրելի Աղաւնոյ: Հերոս գիւղապետը, որ պատրաստ էր հանդերձ ընտանիքով մնալ ու պայքարիլ Աղաւնոյի համար, այսօր ստիպուած կը բարձրաձայնէ, թէ պայքարիլը անիմաստ է:

Գիւղի երեխաները շաբաթներ առաջ հաւաքուեցան գիւղամէջին եւ հրաժեշտ տուին միմեանց: Աղաւնոյ գետին մէջ վերջին անգամ միասին լողացին, կախ սրտով զուարճացան, խաղացին ու բաժնուեցան: Ո՞վ գիտէ, ե՞րբ եւ ո՞ւր օր մը իրարու պիտի հանդիպին այդ մանկութեան ընկերները:

Վերահաս բօթը, ընդհամէնը քանի մը շաբաթ առաջ գիւղացիներուն յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու նախարար՝ Հայկ Խանումեան: Արցախի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի դրածոյ նախարարը ժամանելով Աղաւնոյ, յայտնեց սոյն թուականի օգոստոսի 25-ին Բերձորը, Աղաւնոն ու Սուսը Ատրպէյճանին յանձնելու մասին բօթը: Նաեւ սպառնաց, թէ այն տնաւէրները, որոնք կը յանդգնին վառել իրենց տուները, պիտի զրկուին պետութեան կողմէ տրամադրուելիք դրամական օգնութենէն, որ կը կազմէ 20-25 հազար ամերիկեան տոլար: Մինչդեռ Հայաստանի ու Արցախի մէջ բնակարաններու վաճառքի գները կը սկսին 50 հազար տոլարէն: Շատեր անտեսեցին նախարարի յորդորը ու հրկիզեցին իրենց տուները: Մարդիկ իրենց ձեռքերով փորեցին գերեզմանները ու հարազատներու մասունքները իրենց հետ տեղափոխեցին իրենց նոր հասցէներով:

Ներկայիս պատկերը անմխիթար է ու ցաւալի: Սակայն, Աստուծոյ կամօք ու ողորմածութեամբ, Աստուծոյ դառնալով մենք կրնանք պատմութեան անիւը շրջել՝ յօգուտ Հայաստան ու Արցախ աշխարհներուն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2022