ՊԻՏԻ ՁՈՒԼՈՒԻՆՔ, ԲՈԼՈ՛ՐՍ ԱԼ

Յաճախ մարդիկ հարց կու տան, թէ յօդուածներուս մէջ ինչո՞ւ անցեալէն շատ մէջբերում կը կատարեմ կամ ինչո՞ւ ներկան կը փորձեմ համեմատել անցեալին հետ. չէ՞ որ կարեւորը ներկան եւ ապագան է։ Այս հարցին կ՚ուզեմ պատասխանել ո՛չ թէ իմ, այլ գրող եւ մտաւորական Շահան Շահնուրի բառերով. «Որքան որ մտածումներս ետեւ տանիմ, հայերը կը տեսնեմ միշտ այնպէս, ինչպէս որ են այսօր...»:

Սոսկալի բան է նայիլ ետեւ եւ տեսնել հայը հոն՝ ուր որ էր դար մը առաջ, իսկ աւելի սարսափելին տեսնել հայը աւելի խախուտ՝ քան դար մը առաջ:

Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մեր նախահայրերը երազեցին ստեղծել նոր Հայաստան մը՝ նոր սերունդով, որ աւելի գիտակից պիտի ըլլար՝ քան նախորդը. հաւատաց, որ այդ սերունդը ճիտին պարտք պիտի նկատէ բարգաւաճիլը, յառաջդիմելն ու զարգանալը, այն տրամաբանութեամբ որ եկեղեցի մը քանդելէ ետք տեղը աւելի՛ փառաւորը կը կառուցեն, սակայն մեր պարագային հակառակը եղաւ կարծես. փառաւորի կորուստէն ետք խարխուլ հիմերու վրայ հիմնեցինք մատուռ մը միայն՝ օտարոտի ու խորթ:

Տրամաբանութեան համաձայն, մարդ իր հին տունը կը քանդէ՝ անոր տեղ նորը կառուցելու համար, սակայն մենք քանդուած ապարանքին տեղ հիւղակ մը կրցանք շինել միայն, ու այս բոլորէն ետք փոխանակ աւելի ողջամիտ ու խոհեմ ըլլալու շարունակեցինք մնալ նո՛յն եսամոլ, անձնասէր ու անմիաբան ազգը՝ երէկ եւ այսօր եւ գուցէ յաւիտեան:

Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» գիրքին մէջ Սուրէն բազմիցս նոյն տողերը կը կրկնէ. «պիտի ձուլուինք, պիտի ձուլուինք, բոլո՛րս ալ պիտի ձուլուինք, դարման չի կայ ատոր...»։ Սուրէնի այդ խօսքը ի զօրու է նաեւ այսօր, որովհետեւ այս ընթացքով, ընդունինք թէ ոչ՝ պիտի ձուլուինք եւ ձուլումէ աւելի այդ անտարբերութիւնն է որ մեր ազգը կը կործանէ, որովհետեւ մենք կարեւորը անկարեւորէն զանազանել չենք գիտեր... չե՛նք գիտցած երբեք:

Այսօր շատեր հայրենասիրութիւն կը կարծեն բարձրանալ եւ բեմերէն «հայը կա՛յ ու պիտի մնայ» յայտարարելը։ Հայրենասիրութիւն կը կարծեն հայուն կորուստի մատնուած ըլլալու իրողութիւնը հերքելն ու ուրանալը:

Հայը հպարտանալու շա՜տ առիթ ունի, սակայն պահ մը ուսումնասիրեցէ՛ք այդ բոլորը եւ պիտի տեսնէք, որ բոլորն ալ անցեալին կը պատկանին եւ կը մնան անցեալ. կը հպարտանանք անցեալով, որովհետեւ ներկան նոր հպարտանալու պատճառներ առաջ չի՛ բերեր: Այն ազգը որ միայն հինին մէջ հպարտանալու առիթ կը գտնէ... վաղ թէ ուշ դատապարտուած է կորուստի, որովհետեւ նորն է որ ազգը կանգուն կը պահէ եւ ո՛չ թէ հինին յիշատակը եւ մեր նորը այնքա՜ն ցաւալի է:

Տակաւին քանի՞ դարեր պիտի շարունակենք կանգուն մնալ հպարտանալով Մամիկոնեանով, Չարենցով, Սեւակով, Թումանեանով եւ ուրիշներով՝ երբ անոնց տեղերը նորերը չենք ստեղծեր. թագաւորութիւն մը որ ժառանգորդ չ՚ունենար, արդէն իսկ ի սկզբանէ կորսուած է: Հիներուն տեղ նորերը չբերելով, մենք արդէն իսկ յաղթուած ենք:

Այս պատճառով է որ յաճախ կ՚ըսեմ, թէ հայուն թշնամին ՀԱՅն է, որովհետեւ թշնամին չէ յաջողած մեզ վնաս պատճառել այնքան՝ ինչքան մենք մեզի կը պատճառենք:

Թերթեցէ՛ք հայոց պատմութիւնը. պարսիկը եւ թուրքը քանի՜ցս փորձեցին մեզ դաւանափոխ ընել, փոխել մեր կրօնը՝ սակայն չյաջողեցան. իրենց ձախողածը մենք յաջողցուցինք՝ մեր մէջ սպաննելով բոլո՛ր այն արժէքները՝ որ հաւատք եւ քրիստոնէութիւն կը բուրեն: Թշնամին քանի՜ քանի անգամներ փորձեց անշնչացնել մեր լեզուն, սակայն չյաջողեցաւ. իրենց պակասը մե՛նք լրացուցինք ինքնակամ օտարութեան մէջ մոռացութեան տալով լեզուն, աղաւաղելով ու չարափոխելով: Թշնամին քանի՜ քանի անգամ փորձեց պառակտել մեր միութիւնը, սակայն մեզ գտաւ միակամ, սակայն երբ թշնամին գնաց իրենց չյաջողածը դարձեալ մենք կեանքի կոչեցինք՝ ատելով, հալածելով, հակառակելով:

Պատմութեան ընթացքին հայը հայուն դէմ շա՜տ աւելի պայքար մղեց՝ քան հակառակորդին եւ վիճակը տարբեր չէ նաեւ այսօր:

Արցախի պատերազմի ժամանակ կը մեղադրէի հակառակ կողմը՝ թշնամին, սակայն այսօր ո՛չ մէկ մեղադրանք ունիմ անոնց դէմ, որովհետեւ մեծագոյն մեղաւորները մենք ենք՝ հայերս, որ տակաւին չենք գիտեր ինչպէ՞ս կարելի է պահել ափ մը հող՝ առանց իրար «ուտելու». վերջապէս մեզի համար իրարու դէմ մրցակցիլը աւելի կարեւոր է, որովհետեւ մեր ազգին մէջ մեծագոյն յաղթանակը հային հայուն դէմ տարած յաղթանակն է:

Կը քննադատենք ներկան, վստահ ըլլալով որ գալիք անյայտը շա՜տ աւելի տխուր պատկեր մը պիտի ներկայացնէ մեր հայ ժողովուրդին համար, ա՛յն աստիճան՝ որ այսօրուան համար երանի՜ մը պիտի տանք:

Հայ ազգին նաւը արդէն իսկ տարիներէ ի վեր կ՚ընկղմի. այդ վիճակը փոխելու համար ո՛չ մէկ փորձ կը կատարենք. ընդհակառակը, կը պայքարինք տեսնելու, թէ մեզմէ ո՞վ պիտի ըլլայ առաջին խեղդուողը: Բոլորս ալ կը գտնուինք անդունդի եզրին ու փոխանակ ետդարձի ճամբան գտնելու կը մտածենք, թէ մեզմէ ո՞վ առաջինը պիտի իյնայ դէպի վար, որովհետեւ յաղթանակը անդունդէն հեռանալը չէ, այլ մէկզմէկին կորուստը տեսնելն է:

Սրտցաւ կը խօսինք այս բոլորին մասին, սակայն մեր սիրտը աւելի կ՚արիւնի տեսնելով այն հայորդիները, որոնք «բան մը չեղած»ի պէս անտարբերութեամբ կը շարունակեն ապրիլ. անձեր՝ որոնց համար հայոց լեզուին կորուստը, ազգային արժէքներու արժեզրկումը եւ մինչեւ իսկ անկախութեան խաթարումը ո՜չ մէկ իմաստ ու նշանակութիւն ունի:

Դէպի անդունդ կ՚առաջնորդուինք, որովհետեւ կը սկսինք ունենալ հայեր՝ առանց հայու արիւնի:

Թող մեր հայկական կազմակերպութիւններն ալ չհպարտանան, կարծելով թէ հայապահպանման գործ կը կատարեն, որովհետեւ «փարթի»ներ կազմակերպելով, կերուխումի սեղանի շուրջ հաւաքուելով չէ՛ որ հայապահպանում կը կատարուի. վերջերս Ամերիկայի մէջ տեսայ դպրոց մը, որով կը հպարտանանք.... Հայկական դպրոց է վերջապէս, սակայն տնօրէնը աշակերտներուն հետ անգլերէն կը խօսի, որովհետեւ աշակերտները հայերէն չեն գիտեր... բայց հիմնականը՝ հայկական դպրոց է:

Պիտի ձուլուինք, պիտի ձուլուինք, բոլո՛րս ալ պիտի ձուլուինք, դարման չկայ ատոր...

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -26-

Առաջին անգամ Յունաստան մեկնեցայ Հայր Վաչէին հետ. Յունաստան ապրող Հայր Յովհաննէսը նախաճաշի համար մեզի սրճարան մը տարաւ:

Նախաճաշի ընթացքին մատնացոյց ըրաւ աղջիկ մը. «Հայ է, բայց եթէ երթաս խօսիս հայերէնով չի պատասխաներ. փոխած է անունը եւ չ՚ուզեր ընդունիլ, թէ հայ է»: Զարմանքս մեծ էր. մինչեւ այդ օր իր հայ ըլլալուն համար ամօթ զգացող մը չէի տեսած:

Հայր Վաչէ որոշեց մօտենալ եւ ստուգել. հայերէն լեզուով բան մը խնդրեց աղջիկէն. աղջիկը լիովին հասկցաւ եւ փոխանցեց ուզուածը, սակայն բոլոր տրուող հարցերուն պատասխանեց անգլերէն լեզուով. նախաճաշն ու ապսպրանքները մոռցած սկսանք խօսեցնել աղջկան, պնդելով որ «դո՛ւն հայ ես»:

Այսօր այդ դէպքէն տարիներ ետք կը մտածեմ ինչո՞ւ պնդել իր հայութիւնը՝ երբ մարդ ինքզինք չ՚ուզեր հայ զգալ։ Վստահ եմ այսօր շատեր նոյնիսկ եթէ կարելի ըլլար իրենց արիւնը փոխել կու տային՝ հայու արեան տեղ ամերիկացիի արիւն ունենալու համար:

***

Հայը օտարանալու համար ամէ՛ն բան կ՚ընէ. Յունաստանի մէջ ծանօթացայ Մհեր անունով հացագործի մը, որ քաղաքին մէջ անուանի փուռ մը ունէր: Որպէսզի Յունաստանի կառավարութիւնը իրեն քաղաքացիութիւն շո՛ւտ տրամադրէ յանձն առած էր երթալ եւ մկրտուիլ Յունական եկեղեցւոյ կողմէ՝ հակառակ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ մկրտուած եւ դրոշմուած ըլլալուն:

Պետութեան կողմէ ըսած էին, որ անուն - մականունը փոխելու պարագային կարելի կ՚ըլլայ շուտ քաղաքացիութիւն ձեռք բերել եւ մեր հայազգի Մհերը առանց վարանելու իր անունը փոխած էր Սթեֆանիստիս-ի... մականունն ալ ամբողջութեամբ չհեռանալու համար հայկականէն Սահակեանը վերածած էր Սահակիտիս-ի...

Կեցցէ՛ Հայութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2022